Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը ծնունդ առաւ հայ ժողովուրդի ծոցէն: Ծնունդ առաւ այն ժամանակ, երբ հայ ժողովուրդը օտար լուծի տակ ենթակայ էր ամէն տեսակ հալածանքի ու ստորնացումի, երբ չկար կեանքի ու ինչքի ապահովութիւն, եւ անտեսուած ու ոտնակոխուած էին հայութեան տարրական իրաւունքները: Հայ ժողովուրդի տառապանքը հասած էր իր գագաթնակէտին, եւ ան չէր կրնար չպոռթկալ:
«Ազդակ»-ի երկարամեայ աշխատակից Նուպար Չարխուտեան 55 տարիներ առաջ «Աստղերը չեն մարիր երբեք» խորագրեալ յօդուածով գեղարուեստօրէն նկարագրած է Դաշնակցութեան երկունքը եւ բազմութիւններ փոթորկած անոր գաղափարապաշտ ոգին, որ հաւատաց ու գործեց «Մահ կամ ազատութիւն» նշանաբանով:
Մենք երեք էինք` կորսուած խաւարին գիրկը: Զուլումը մեր եղբայրն էր ու արհաւիրքը մեր քոյրը: Սեւ գիշերը կը պատէր մեզ:
Եւ հեռուներէն, հայրենի աշխարհէն, մեզի կը հասնէին աղիողորմ աղաղակներ: Կարմիր հրդեհներ կը լափլիզէին մեր աղքատիկ գիւղերը եւ մեր խրճիթներէն անդադար կը բարձրանային լաց ու կոծեր: Մայրեր իրենց պզտիկները գրկած, պարմանուհիները իրենց հօրը դիակին կառչած «Աստուա՛ծ, Աստուա՛ծ» կը պոռային: Եւ բոցերուն մէջէն դժնէ ձիաւորներ քրքջալով կը վազէին աջ ու ձախ, կը սպաննէին մայրերը ու ձիերու սմբակներուն տակ կը ճզմէին մանուկներուն գանկերը: Պարմանուհիները կը նետուէին կրակին մէջ` փրկելու համար իրենց պատիւը: Եւ արիւնը, կաթիլ կաթիլ հոսելով, կը կազմէր առուակներ, առուակները իրարու միանալով կը վերածուէին գետերու, եւ գետերը կը դառնային ծով:
Ու մենք` նստած խաւարին գիրկը, կը փետէինք մեր մազերը ու մեր անզօր եղունգներով կը ճանկէինք քարերը: Մահ ու աւեր էր ամէն կողմ, հայ ազգը կ՛ապրէր իր հոգեվարքը:
Այն ատեն մեզմէ մէկը ոտքի կանգնելով` ըսաւ.
– Ալ կը բաւէ, կը բաւէ մեր գողգոթան: Եթէ պէտք է մեռնիլ, գոնէ՛ քաջերու պէս մեռնինք: Ժամանակ է, որ գայլերը զգան մեր հարուածները ու վերադառնան իրենց որջերը. ժամանակ է, որ բորենիները թաղուին իրենց գարշահոտ փոսերուն մէջ: Հնչեցնենք փողերը, Հաւաքենք մեր շուրջը արծիւներու երամներ ու խոյանանք այս անբան անասուններուն վրայ:
Ու առնելով ճերմակ սաւան մը, որ իր պատանքը պիտի ըլլար, ան իջաւ մինչեւ արեան ծովը եւ անոր ճապաղիքներուն մէջ մխրճեց ճերմակ պատանքը ու զայն կախելով եղէգի մը ծայրը` ճօճեց օդին մէջ:
– Ահա մեր դրօշը, ըսաւ,- ան ներկուած է մեր սիրելի ժողովուրդին դարերով թափած մաքուր արեամբ:
Երկրորդը քալեց խաւարին մէջ ու հասաւ մինչեւ Օշական գիւղը, եւ հասնելով Սուրբ Մեսրոպի դամբարանը, առաւ անոր փետուրէ գրիչը ու վերադարձաւ իր ընկերներուն մօտ.
– Եւ ահա մեր առաջին զէնքը: Թող մեր բանաստեղծները յօրինեն մահուան եւ եաթաղանի երգեր եւ անոր մէջ արթնցնեն հին Արմէններու ոգին: Թող պանծացնեն մեր հերոսներուն քաջագործութիւնները, որպէսզի մեր դրօշը անսասան մնայ յաւիտեանս յաւիտենից:
Իսկ երրորդը քալեց, երկար քալեց ու հասաւ Աւարայրի դաշտը: Գիւղի մը մօտէն անցնելով` առաւ բահ մը, հողը փորեց, գտաւ քաջ Վարդանին սուրը ու վերադարձաւ:
– Ասոնք ալ աւելցնենք մեր զինանշանին վրայ: Մեր ժողովուրդը վերապրեցաւ շնորհիւ իր աշխատանքին եւ գլուխը չծռեց իր հացին համար: Եւ որովհետեւ այս աշխարին վրայ իրաւունքը միշտ զօրաւորին է, թող այս սուրը զինէ մեր քաջերուն բազուկը:
Այն ատեն խաւարը կամաց-կամաց սկսաւ աղօտիլ եւ ճերմակ այգը լուսաւորեց տարածութիւնը: Արեւը պիտի ծագէր շուտով: Եւ ահա, հայկական աշխարհի չորս կողմերէն, բազմութիւններ հաւաքուեցան մեր շուրջը. երիտասարդներ ու ծերեր, կիներ ու այրեր, եկեղեցականներ ու մտաւորականներ: Անոնց աչքերուն մէջ կար տառապանքի ու վճռականութեան բոցը: Եւ յանկարծ մէկ բերան պոռացին.
– Մահ կամ ազատութիւն: Մենք ուխտեալներն ենք նոր ժամանակներու: Եկած ենք արծարծելու վրէժի առկայծ խարոյկը: Մենք պիտի մեռնինք, որպէսզի մեր ժողովուրդին ճակատէն սրբուի դարաւոր ամօթը:
– Ակն ընդ ական,¬ պոռաց աջ կողմի խումբը:
– Ատամն ընդ ատաման,¬ արձագանգեցին ձախ կողմինները:
Մենք` շուարած, պահ մը լռեցիք: Խուլ ցնծութիւն մը կը պոռթկար մեր կուրծքերուն մէջ: Յանկարծ հեռուներէն, գետնի խորերէն մեզի հասաւ մետաղներու խշրտիւն մը: Արտաւազդը իր շղթաները կը փշրէր: Այն ատեն երեքս միասին մօտեցանք բազմութեան: Յուզումը այնքան զօրաւոր էր, որ մեր կոկորդները քարացած էին:
– Անո՛ւն մը, անո՛ւն մը,¬ գոռացին հազարաւոր բերաններ:
– Հա՜յ,- պոռաց մեզմէ առաջինը:
– Յեղափոխակա՜ն, պոռաց երկրորդը:
– Դաշնակցութի՜ւն,- աղաղակեց երրորդը:
Եւ բազմութիւնը, ծովու ալիքներուն պէս փոթորկած, ովկիանոսներու մռնչիւնէն աւելի ուժգին պոռաց.
– Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն:
Հայ ժողովուրդի անմահ հոգին կը սաւառնէր մեր շուրջը:
– Մեր արծիւի թեւերով պիտի հալածենք իտէալին կապոյտ անտարբերութիւնը եւ առիւծներու պէս պիտի մռնչենք լեռներու կատարն ի վեր, որպէսզի սուլթանն ու փաշան դողան իրենց պալատներուն մէջ:
– Մենք մեր ազգին հարուածող բազուկները պիտի դառնանք եւ մեր մարմինները պողպատէ վահաններու պիտի վերածենք` մեր քոյրերը եւ մայրերը պաշտպանելու համար:
– Մենք ոռնացող բոցը պիտի ըլլանք անյաղթներու բռունցքին մէջ, շլացուցիչ լոյս մը բանաստեղծներուն երեւակայութիւնը արգասաւորող, անթեղուած կրակը հայ բազմութիւններու սրտերուն մէջ:
Այն ատեն նարնջագոյն արեւը` սկսաւ բարձրանալ Արարատի վեհ գագաթն ի վեր: Եւ հազարաւոր ձեռքեր բարձրանալով` կատարեցին ահաւոր երդումը.
– Այնքան ատեն, որ մենք կանք, հայ ժողովուրդը պիտի չվերածուի որբերու եւ այրիներու ամբոխի մը: Մենք արդարութեան սեւ հրեշտակներն ենք:
ՄԱՀ ԿԱՄ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ: