Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նորընտիր Նախագահ Թրամփի Լուծո՞ւմը Կազայի Մարդկային Ողբերգութեան. Ցեղասպանութեան Շարունակութիւնը` Կազան Բնիկ Ժողովուրդէն Ամբողջութեամբ Մաքրել

January 30, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Քանի մը օր առաջ` 26 յունուար 2025-ին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Թրամփ օդանաւին մէջ թղթակիցներուն եւ տեսախցիկներուն առջեւ, ամենայն պաղարիւնութեամբ, Կազայի բնակչութեան տեղահանութեան եւ ցեղային մաքրագործումի իր մտադրութիւնը յայտնեց:

«Մենք կը խօսինք շուրջ մէկուկէս միլիոն ժողովուրդի մասին, զորս բոլորովին կը մաքրենք»… Նախապէս շինարարութեամբ զբաղող նախագահը հիացմունքով արտայայտուեցաւ Կազայի ծովեզերեայ դիրքին եւ կլիմային, ուր հիանալի ծրագիրներ կարելի է իրականացնել,  ըսաւ ան (1): «Պարզապէս շուրջ մէկուկէս միլիոն ժողովուրդ Յորդանան եւ Եգիպտոս կը ղրկենք…»:

Իսրայէլի կողմէ Կազայի բնակուած թաղամասերու բնաջնջումը:

Նոյն օրը Թրամփ կը վերցնէ նախորդող նախագահ Պայտընի ժամանակաւոր արգելքը` ամէնէն կործանիչ եւ ամբողջ թաղամասեր կործանող 2000 լիպրա ռումբերուն առաքումը Իսրայէլին (2)... Ինչո՞ւ համար են այդ ռումբերը… Ամերիկացիները կ՛ըսեն` հրթիռի գիտնական ըլլալու պէտք չկայ, որ կռահենք: Կանգուն մնացած թաղամասերն ալ քանդելու համար:

Որպէսզի Թրամփին նման մարդիկ հասկնան, թէ ի՛նչ կ՛ընեն, օրինակով մը բացատրեմ իրեն. երկրի մը նախագահը Ֆլորիտայի նկարները տեսնելով` հիացեր է անոր կլիմային ու ծովեզերքին, եւ այդ շրջանի մէկուկէս միլիոն բնակիչները, առանց իրենց կարծիքը առնելու, ամենամօտ դրացի երկիր` Քուպա կը ղրկէ եւ Ֆլորիտայի շինութիւնները 2000 լիպրա ռումբերով գետնին կը հաւասարեցնէ, որպէսզի իր ճաշակով ծրագիրներ կառուցէ…

Պայտըն, Թրամփ, Նեթանիահու, Էրտողան եւ Ալիեւ անմարդկային արիւնարբու հրէշներ են, որոնց համար ուրիշին երազը, տունը, հայրենիքը, մշակոյթը, ընտանիքը, ծերերը, կիներն ու երեխաները կարելի է փճացնել:

Այս բոլորը տեղի կ՛ունենան, Թուրքիոյ կողմէ մէկուկէս միլիոն հայերուն ցեղասպանութիւնը 110 տարի է անպատիժ կը մնայ:

28 յունուար 2025

chekijian.wordpress.com

  1. https://edition.cnn.com/2025/01/25/politics/trump-gaza-strip-jordan-egypt/index.html
  2. https://www.reuters.com/world/us/white-house-makes-2000-pound-bombs-available-israel-undoing-bidens-pause-2025-01-25/
Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Սուրիոյ Դիմագրաւած Մարտահրաւէրները

RelatedPosts

Սփիւռքի Ազգային Զօրաշարժի Խորհրդաժողովի Կլոր Սեղաններու Համառօտագիրներ (Գ.)
Անդրադարձ

Սփիւռքի Ազգային Զօրաշարժի Խորհրդաժողովի Կլոր Սեղաններու Համառօտագիրներ (Գ.)

October 5, 2026
Անթերի Գեղեցկութեան Թակարդը
Անդրադարձ

Անթերի Գեղեցկութեան Թակարդը

October 5, 2026
Լիւսի Թիւթիւնճեան.    Ինչո՞ւ Տիկին, Եւ Ո՛չ` Լիւսի
Անդրադարձ

Լիւսի Թիւթիւնճեան. Ինչո՞ւ Տիկին, Եւ Ո՛չ` Լիւսի

October 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.