Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Սուրիոյ Դիմագրաւած Մարտահրաւէրները

Յունուար 30, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիոյ նոր իշխանութիւնները անցումային այս շրջանին կը դիմագրաւեն կարեւոր մարտահրաւէրներ, յատկապէս նկատի ունենալով յետ-պատերազմեան Սուրիոյ պարզած տնտեսական կաթուածահար վիճակն ու ծառայողական դաշտին ողբերգական պատկերը` գրեթէ բոլոր նահանգներուն մէջ:

Իշխանութիւններուն առջեւ ծառացած այլ մարտահրաւէր մըն է նաեւ անցումային փուլի հիմքերուն ստեղծումը, որ ճամբայ պիտի հարթէ ներկայ ժամանակաւոր իրավիճակէն դէպի վերջնական քաղաքական կառավարման համակարգ անցումին: Սուրիական ընկերութեան տարբեր բաղադրիչներուն միջեւ կայ համընդհանուր համոզում, որ քաղաքական անցումային գործընթացի հիմքերը հնարաւորինս արագ պէտք է հաստատել` երաշխաւորելու համար երկրի կայունութիւնը:

Սուրիոյ նոր վարչակազմը քանիցս յայտարարեց անցումային փուլի հիմքերը դնելու համար ազգային երկխօսութեան համաժողով մը գումարելու իր մտադրութիւնը: Սակայն այս համաժողովը յետաձգուեցաւ հաւանաբար սուրիական ընկերութեան կարգ մը բաղադրիչներու հետ առանձին երկխօսութեան անհրաժեշտութեան համար, յատկապէս անոնց, որոնք զինեալ ներկայութիւն են երկրին մէջ, եւ հարկաւոր է նախ հասնիլ այդ հարցերու լուծման, որպէսզի ըստ այնմ կարելի ըլլայ անցնիլ վերջնական քաղաքական կառավարման համակարգին շուրջ երկխօսութեան, ապա` սահմանադրութեան մշակման եւ նոր կառավարութեան ընտրութեան:

Այլ մարտահրաւէր մըն է սուրիացի գաղթականներու վերադարձը, որուն համար անհրաժեշտ է բարելաւել երկրի ծառայողական ոլորտն ու տնտեսութիւնը, որպէսզի վերադարձողները շահագրգռուած ըլլան եւ բնակարանի ու աշխատանքի դժուարութեան դէմ յանդիման չկանգնին:

Առկայ է նաեւ սուրիական բանակին կազմութեան եւ տարբեր զինեալներ անոր մէջ համարկելու մարտահրաւէրը, որուն համար, ըստ պաշտօնական լրատուամիջոցներու, բանակցութիւններ կ՛ընթանան տակաւին:

Բնականաբար նոր Սուրիոյ մէջ սուրիական ընկերութեան բոլոր բաղադրիչները իրենց իրաւունքներն ու իւրայատկութիւնները պաշտպանուած պիտի ուզեն տեսնել սահմանադրութեան եւ երկրի քաղաքական կառավարման վերջնական համակարգին մէջ, սակայն բոլորը ունին նաեւ պարտաւորութիւն` սատարելու Սուրիոյ մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատման եւ երկրի վերակառուցման առաջին քայլերուն:

Երկրի տնտեսական եւ յատկապէս ծառայողական ոլորտի բարելաւման մէջ մեծ ներդրում պիտի ունենայ նաեւ Սուրիոյ դէմ Միացեալ Նահանգների եւ արեւմտեան երկիրներու սահմանած պատժամիջոցներու չեղեալ համարումը, որոնց վերացման համար սուրիացիներ եւս` իշխանութիւն եւ ժողովուրդ,  ամուր ենթահող կրնան ստեղծել` գործակցելով, փոխադարձ յարգանքի եւ վստահութեան մթնոլորտի մէջ երկրի վերակառուցման նուիրուելով եւ սուրիական ընկերութեան իւրայատկութիւնը օրինակ ծառայեցնելով:

Կը սպասենք եւ կը հաւատանք…

Նախորդը

Նորընտիր Նախագահ Թրամփի Լուծո՞ւմը Կազայի Մարդկային Ողբերգութեան. Ցեղասպանութեան Շարունակութիւնը` Կազան Բնիկ Ժողովուրդէն Ամբողջութեամբ Մաքրել

Յաջորդը

Փաշինեան Կը Կրկնէ Ցեղասպանութեան Ժխտման` Թուրքիոյ Կրկնուող Թեզը. Օսկանեան

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?