Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ 134-Ամեակ. Այժմէական Եւ Թելադրական Խոհեր Անցեալէն

January 30, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը ծնունդ առաւ ու գործեց մէկ հայութեան եւ մէկ ու Միացեալ Հայաստանի տեսլականով: Կուսակցութիւնը այդ իտէալին շուրջ համախմբեց արուեստական սահմաններով իրարմէ բաժնուած եւ օտար տիրապետութիւններու ենթակայ հայութեան տարբեր հատուածները:

Դաշնակցութիւնը իրաւազուրկ հայը դարձուց պահանջատէր եւ այդ պահանջներու, մարդկային ու ազգային անսակարկելի իրաւունքներու ձեռքբերման ի խնդիր, արհամարհելով ամէն տեսակի դժուարութիւն, վիշտ ու տառապանք, եւ յաղթահարելով բոլոր դժուարութիւնները, յանձնառու եղաւ մեծամեծ զոհողութիւններու:

Դաշնակցութեան ծոցէն ծնունդ առին անմահանուն նուիրեալներ, գաղափարապաշտ անձնուրացներ, որոնք անհաւասար կռուի ճամբուն վրայ իրենց արիւնն ու կեանքը մատաղ ըրին ազգին ու հայրենիքին եւ արժանացած նահատակութեան փառքի պսակին:

Գառնիկ Բանեանի աւելի քան կիսադար մը առաջ գրած «գաղափարական աւանդը» յօդուածը լաւագոյնս կ՛արտացոլացնէ անաղարտ պահուած գաղափարական այն աւանդը, որուն միշտ հաւատարիմ մնացած է դաշնակցութիւնը:

***

Իրաւազրկուած, անիրաւուած եւ անազատ ըլլալու զգացումէն ծնունդ կ՛առնէր հայ յեղափոխութիւնը, որ առաջին իսկ օրերէն կը դառնար դաւանանք, կը դառնար միս ու արիւն իր դրօշին տակ համախմբելով պայքարի պատրաստակամ բոլոր տարրերը: Անկերպարան հայ իրականութենէն ծնունդ կ՛առնէր նոր հայը – յեղափոխական հայը: Առաջ կու գար նոր սերունդ մը` աւելի՛ ինքնագիտակից, աւելի՛ պայծառատես ու վճռակամ, որ հայութիւնը առաջնորդելու եւ հայ կեանքին նոր ուղղութիւն տալու հաստատ որոշումը ունէր:

Հայ կեանքին մէջ կը ստեղծէր նոր կացութիւն եւ առաջ կու գար նոր աշխարհահայեացք.- Մէկ հայութիւն եւ մէկ հայրենիքի գաղափարով, որ կը քանդէր բռնի եւ արուեստականօրէն պարտադրուած բոլոր պատնէշներ, կը լեցնէր բոլոր խրամատները` նոյն իտէալին շուրջ համախմբելով` տարբեր դասերու, տարբեր դաւանութիւններու եւ տարբեր տիրապետութիւններու հարկատու հայերը: Կ՛անհետանային աշխարհագրական սահմանագծերը հայ մտածողութեան մէջ, կ՛ամրապնդուէր մէկ հայութեան գաղափարախօսութիւնը: Երէկի իրաւազուրկ հայը կը դառնար պահանջատէր եւ իր պահանջներու իրականացման համար կը մտնէ, նոր կենսաձեւի մէջ: Դիւրին եւ հարթ ճամբաներու վրայ չէր բացուեր այդ նոր կենսաձեւը, անիկա իր դէմ ունէր թուրքն ու ռուսը, իրենց պետական եւ զինական անհաշիւ միջոցներով, իր դէմ ունէր պայքարի անընդունակ ներքին տարրերը, բայց ունէր նաեւ իր մէջ հայօրէն ապրելու բուռն տենչը, որ պիտի գիտնար արհամարհել բոլոր վտանգները, պիտի գիտնար յաղթահարել բոլոր արգելքները` լայն դուռ բանալով իր հայրենասիրական ձգտումներուն առջեւ:

Սակաւաթիւ էին անոնք սկիզբը` եկած հայոց աշխարհի հեռու եւ մօտիկ անկիւներէն, թարմ ու կենսախայտ հոգիներ, որոնք ուխտ եւ երդում կ՛ընէին ծառայելու ազգին եւ հարենիքին, պատրաստ` զոհելու ամէն ինչ եւ ի հարկին` իրեն կեանքը: Գաղափարական սերունդն էր ան. նոր տիպի հայը իր գոյութեան իմաստը կը փնտռէր ժողովրդանուէր ծառայութեան մէջ: «Անձինք նուիրեալք»-ն էին անոնք վերազարթնած ժառանգորդները իրենց նախահայրերուն, որոնք, անցեալին, շղթայ կազմած` իմաստաւորեր էին հայ կեանք, լուսաւորեր էին Հայաստան աշխարհը` բանի եւ անձնուրաց գործի սպասարկուները դառնալու անկորնչելի փառապսակին, արժանանալով:

Այդ սերունդն էր, նոր հայը, որ` հիներու աւանդով զինուած, կը նետուէր անհաւասար կռուի մէջ հայոց աշխարհի մէկ ծայրէն միւսը` իր անձին, պատուին, ինչքին, իր անկախ գոյութեան համար: Կռիւը` Դաւիթին եւ Գոզիաթին միջեւ, որ դադար պիտի չունենար, որ նահանջ եւ պարտութիւն պիտի չճանչնար ամբողջ երկու տասնամեակ, կռիւը` անողոք, մշտաբորբ, որուն թատերաբեմը պիտի հանդիսանար մերթ Տարօնն ու Վասպուրականը, մերթ Պոլիսն ու Պաքուն եւ դեռ մեծ ոստաններէն մինչեւ յետին անկիւնները հայրենի հողին:

Երէկի ուրացուած Սարդարապատը այսօր արդէն յաղթանակի կոթողով յաւերժացած է. յեղափոխական երգերը` երէկ արգիլուած, այսօր բարձրահունչ կ՛արձագանգեն Հայաստանի լուսաւոր կեդրոններէն մինչեւ ետին խուլ անկիւնները: Գաղափարական նոյն աւանդն է, որ հեղեղային յորձանքով սկսած էր վերստին փոթորկել հայ հոգիները:

Գաղափարական այդ աւանդը, յիսուն տարի առաջ, կը դառնար տարագիր իր ժողովուրդի կարեւոր մէկ մասին հետ: Կը դառնար տարագիր` հայ ժողովուրդի հայրենիքի դէմ նիւթուած դաւերու հետեւանքով: Յիսուն տարի կը շրջէր երկրէ երկիր` հաւատք եւ յոյս ներշնչելով, բաժնեկից դառնալով խռովքներուն բոլոր այն բազմութիւններուն, որոնք բնակութիւն կը հաստատէին նոր հայրենիքներու մէջ, կը դառնային Սփիւռք` ամուր պահելով սակայն իրենց հոգիներուն մէջ իրենց պապենական հայրենիքին կարօտն ու յիշատակը:

Նոր հայրենիքներուն մէջ հայութիւնը, իր պապերու սովորութեամբ, իր բնակարաններուն քովիկը կը կառուցէր դպրոց ու եկեղեցի եւ ակումբ, կը կազմակերպէր իր կեանքը` հիմնելով մշակութային, երիտասարդական, մարզական եւ բարեսիրական հաստատութիւններ, կը հիմնէր հրատարակչութիւններ, մամուլ եւ բեմ` ի խնդիր հայ բանի տարածման եւ հայ հոգիի պահպանման:

Եւ այս բոլորին մէջ, անկասկած, գաղափարական նոյն աւանդն է, որ ինչպէս երէկ, այնպէս ալ այսօր, կազմակերպող, համադրող, ձեւ, բովանդակութիւն եւ ուղղութիւն տուողը սփիւռքահայ կեանքին: Այդ աւանդն է, որ հայ բազմութիւններու հանապազորդ հացին հետ դարձած է հոգեկան սնունդ եւ գոյութեան նպատակ:

Սփիւռքը հայրենիք չէ. սփիւռքը օտար հող, օտար ժողովուրդ եւ օտար մթոլորտ կ՛ենթադրէ իր պաղ իրականութեամբ եւ եղերական հեռանկարով: Սփիւռք իր ժողովուրդի մայր երակէն եւ պապենական հողէն կտրուած` օտար երկիրներու, օտար լեզուներու, օտար բարք ու կենցաղի հարկատու մռայլ իրականութիւն կը նախատեսէ: Կարճ խօսքով` սպիտակ ջարդ` կարճ թէ երկար ժամանակաշրջանի մը վրայ փռուած:

Այդ պատճառով հարկ է` լարել ճիգերը, խթանել կամքերը, հարկ է` գօտեպնդուիլ գաղափարական նո՛յն աւանդով, որովհետեւ այդ աւանդն է, որ երէկ կը կռուէր բռնատիրութեան դէմ յանուն ազատ եւ անկախ կեանքի մը, այսօր կը կռուի յանուն հայապահպանման եւ ընդդէմ կլանող, խաթարող օտարացման չարիքին, հարկ է պայքարիլ վտանգին ամբողջական գիտակցութեամբ, պայքարիլ նոր ժամանակներու թելադրած միջոցներով, որքան ալ բազմազան ըլլան խոչընդոտները եւ աննպաստ` տիրող պայմանները: Ներկայ ժամանակներու հրամայական է ասիկա, ինչպէս նաեւ կտակը այդ աւանդին համար զոհուածներուն:

Նախորդը

«1921 Թ.ին Գէորգ Ե. Կաթողիկոսի Կողմից Ապրիլ 24-ը Սահմանուել Է Հայոց Եղեռնի Զոհերի Յիշատակի Օր». Մայր Աթոռ

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Ֆիլատելֆիա 3-րդ Յաջորդական Յաղթանակը Տարաւ Լէյքըրզի Դէմ

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.