Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կա՛յ Ու Կը Մնայ…

January 31, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼՈՌԻ ԶԷՅԹԼԵԱՆ
ՀՅԴ «Յառաջ» ՊՄ

ԳԼԱՐԻԹԱ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ
ՀՅԴ «Հրայր Դժոխք» ՊՄ

Քրիստափորեան աննկուն կամքով, Ռոստոմեան կազմակերպ ծրագիրով եւ Զաւարեանական մտաւոր փայլքով լոյս աշխարհ եկած է հաստատ կանգնած Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, որ ահա կը թեւակոխէ իր հարիւր երեսունչորսերորդ տարին:

Իր գործած տարիներու հազարապատիկ գործօն համակիրներու եւ ընկերներու շարքին, որպէս ՀՅԴ «Յառաջ» պատանեկան միութեան անդամ, համեստօրէն կու գամ` հպարտութիւնս արտայայտելով ըսելու, որ հպարտ եմ արեանս մէջ կրելու Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան անբիծ երիզը, որուն հաւատացած եմ ու պիտի մնամ անոր փառքը հիւսողը եւ հիմնադիրներուն բացած քարքարոտ ճամբէն յառաջացող հաւատաւոր զինուորը:

134 տարուան հարուստ պատմութիւն կերտած Դաշնակցութիւնը իր զինանշանով` փետուրով արձանագրած է «Դրօշակ»-ի համարներ, բահով մշակած է հող ու արդար քրտինքով շաղախած է իր արտերը եւ սուրով մղած է զինեալ պայքար` հասնելու արդարութեան ու պաշտպանելու ժողովուրդին պատիւը: Մենք` պատանիներս, թրծուած ենք վերոնշեալ գաղափարաբանութեամբ եւ հաւատացած` «Մահ կամ ազատութիւն» կարգախօսին: Ուխտած ենք կռուիլ բոլոր տեսակի անիրաւութիւններուն դէմ եւ հասնիլ մեր մէկ ու միակ նպատակին` ազատ, անկախ եւ միացեալ մեր հայրենիքին:

Փա՛ռք բոլոր հայ ազատամարտիկներուն, որոնք իրենց կեանքը զոհեցին` ի շահ ժողովուրդին բարօր կեանքին:

Կ՛երդուենք, որ մենք պիտի հետեւինք մեր նահատակ հերոսներուն բացած արահետին, որոնք Արցախ հայրենիքի փրկութեան համար իրենց կեանքերը նուիրաբերեցին` որպէս պատուաւոր դաշնակցական երիտասարդներ:

Դաշնակցութիւնը` որպէս արծիւ, իր թեւերուն տակ կը պահպանէ հայութիւնը եւ չ՛արտօներ, որ որեւէ «սողուն» մօտենայ ու վնաս հասցնէ անոր:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը կա՛յ ու կը մնայ հայ ժողովուրդին կողքին, որովհետեւ ծնած է ժողովուրդէն եւ կը գործէ ժողովուրդին համար:

Այո՛, կա՛յ ու կը մնայ Դաշնակցութիւն:

Դաշնակցութեան 134-րդ տօնը շնորհաւոր,  գաղափարակից ընկերներ եւ համակիներ:

ԼՈՌԻ ԶԷՅԹԼԵԱՆ
ՀՅԴ «Յառաջ» ՊՄ

—————-

134-րդ ամեակն է Դաշնակցութեան:

Այսքան տարիներէ մեր ֆետայիները պայքարած են եւ տակաւին կը պայքարին` կանգնելով մեր ազգին կողքին: Մենք` նոր սերունդի պատանիներս, պէտք է շատ հպարտ զգանք մեր պատմութեամբ ու իրագործումներով: Ես անձամբ շատ հպարտ կը զգամ, որ այսքան հերոսներ ունինք: Ամէն մէկ պատանի պէտք է օրինակ առնէ մէկ ֆետայիին կեանքը եւ անոր ճամբէն քալէ, ներկայացնէ մեր դատը օտարներուն, որոնք չեն գիտեր մեր իրաւունքները: Ես` իբրեւ դաշնակցական պատանի, կ՛ուզեմ սորվիլ ամէն մէկ ֆետայիի կեանքը եւ օրինակներ առնեմ իրենց տարած աշխատանքէն:

ԳԼԱՐԻԹԱ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ
ՀՅԴ «Հրայր Դժոխք» ՊՄ

 

 

 

Նախորդը

Յաջորդը

Հայութեան Գոյատեւման Պատճառը

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.