Հարաւային Լիբանանի Ազատագրման 17-ամեակ. Ռազմավարական Հաւասարակշռութեան Հաստատում Եւ Դիմադրութեան Առանցքի Յաղթանակ
ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ 25 մայիս 2000-ը կը խորհրդանշէ հարաւային Լիբանանի ազատագրութեան եւ Իսրայէլի դէմ արձանագրուած յաղթանակի օրը, որ վերածուած է ազգային տօնի, եւ որուն անբաժանելի մէկ մասնիկը կը մնայ Դիմադրութեան անունը: Հարաւային Լիբանանի ազատագրութեան եւ Դիմադրութեան տօնը Լիբանանի մէջ վերածուած է աւանդութեան եւ կ՛ընդգրկէ տօնակատարութիւններ, որոնց շրջագիծին մէջ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա անպայման կ՛արտասանէ իր խօսքը` կենդանի ելոյթով կամ...




















