Պատրաստեց ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ
1 օգոստոս է. բանակը պիտի նշէ իր հիմնադրութեան 71-ամեակը, սակայն երրորդ տարին ըլլալով` ան իր տօնը պիտի յիշէ առանց աւանդական զինուորական տողանցքին ու սպայից վարժարանի աւարտական հանդիսաւոր արարողութեան:
Ճիշդ է, որ տհաճ ու անախորժ է կացութիւնը, սակայն հակառակ երկու տարիէ ի վեր ինքզինք պարտադրած նախագահական թափուր աթոռի կացութեան` բանակը տիրական դարձուց իր «Պատիւ, զոհողութիւն եւ հաւատարմութիւն» նշանաբանը, որմէ անշեղ մնաց, նոյնիսկ երբ սուղ վճարեց անոր գինը:
Բանակը կը պաշտպանէ երկրին արեւելեան լեռնաշղթան, հիւսիսային եւ հարաւային Լիբանանի սահմանները, ինչպէս նաեւ կը դիմադրէ հաւատադրժողական ահաբեկչութեան, եւ ներքին իմաստով կը պայքարի ահաբեկչական, ինչպէս նաեւ իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութեան ծառայող բջիջներուն դէմ:
Այս իմաստով, ներկայիս բանակը իր հսկողութեան թիրախը դարձուցած է գաղթակայանները, ըլլան անոնք պաղեստինեան թէ սուրիական: Այդ գաղթակայաններուն վրայ կ՛աւելնան նաեւ սահմանամերձ գիւղաքաղաքները, յատկապէս` քրիստոնէական գիւղաքաղաքները, ուր կրնայ Քաայի բեմագրութիւնը կրկնուիլ ՏԱՀԵՇ-ի եւ կամ Ժապհաթ Նուսրայի (նոր անունով` Ժապհաթ Ֆաթհ Շամ) կողմէ:
Լիբանանեան բանակին առաջնահերթութիւնն է այս հանգրուանին ահաբեկչութեան դէմ պայքարը եւ հաւատադրժողական ահաբեկիչները տապալելու հրամայականը:
Բանակին զինուորները արեան գնով կը պահպանեն լիբանանեան տարածքները, երկրին ապահովական կայունութիւնը եւ քաղաքացիական անվտանգութիւնը:
Սակայն օր ըստ օրէ այս պարտականութիւնը աւելի կը դժուարանայ` հետզհետէ բարդացող ահաբեկչական արարքներուն, ինչպէս նաեւ ահաբեկչական դաւադիր ծրագիրներու բացայայտման ու վնասազերծման առումով:
Լիբանանին սպառնացող արտաքին վտանգներուն կողքին, բանակը պատասխանատու է նաեւ ներքին ապահովական կայունութեան պահպանումին, յատկապէս` նկատի ունենալով երկրին մէջ տիրող համայնքային եւ յարանուանական գրգռութիւնները, որոնք սովորաբար կը հրահրուին այս կամ այն քաղաքական անձնաւորութեան օգտագործած եզրերով եւ արտայայտութիւններով, ու անոնք անմիջապէս կը վերածուին գետնի վրայ արձանագրուող ընդհարումներու:
Այս բոլորին հասնելու համար բանակը կարիքը ունի հսկայական կարողութիւններու, սակայն բոլորին համար ծանօթ է, որ բանակին կարողութիւնները սահմանափակ են, իսկ կարիքները` հսկայական: Բայց եւ այնպէս ան կը տոկայ, կը հանդուրժէ եւ կը գոյատեւէ` հակառակ արտաքին թէ ներքին մարտահրաւէրներուն, ըլլան անոնք ապահովական սպառնալիքներ, թէ ներքին լիբանանեան առումով «լարուած ականներ»:
Այս բոլորին դիմաց կանգուն մնալու լիբանանեան բանակին գաղտնիքը կը կայանայ անոր միասնականութեան, ինչպէս նաեւ իր նշանաբանը բարձր պահելու անոր յանձնառութեան մէջ:
Իսկ այս իրականութեան դիմաց բանակը կը վայելէ բոլոր լիբանանցիներուն զօրակցութիւնը եւ իր հրամանատարին հոգատարութիւնը:
Այս առիթով անկարելի է մոռնալ նաեւ մէկ այլ կէտ. բանակին համար ցաւ պատճառող եւ օրական դրութեամբ արիւնող վէրք մը, որ կը մարմնաւորուի ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ առեւանգուած բանակայիններով:
24/24/10452
Իր հիմնադրութեան 71-ամեակին առիթով բանակը այս տարուան իր կարգախօսը դարձուցած է վերոնշեալ թիւը. 24/24/10452, այլ խօսքով` շուրջօրեայ հսկողութիւն եւ պատրաստ վիճակ ամբողջ Լիբանանի տարածքին:
Այս մասին լիբանանցի լրագրող Հուտա Շտիտ «Նահար» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ գրած է, թէ բանակի հրամանատարութեան պարագային թափուր կացութիւնը անընդունելի է, հաստատելով, որ բանակին գործունէութեան հովանաւորութիւնը պէտք է ապահովուի լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն կողմէ:
«Քաղաքական երկփեղկումէն եւ սահմանադրական հաստատութիւններուն մէջ կառավարութեան գործունէութեան անկարողութենէն, ինչպէս նաեւ բանակի հրամանատարութեան եւ ապահովական կառոյցներու պետերու նշանակումները կատարելու պարտականութենէն հեռու կը մնայ բանակը, որ այս օրերուն ամբողջական նուիրումով կը պայքարի ահաբեկչութեան դէմ»:
Կառավարութիւնը որեւէ ատեն կրնայ նիստ մը գումարել` նշանակումներ կատարելու նպատակով, իսկ պաշտպանութեան նախարարը կրնայ որեւէ ատեն ներկայացնել իր առաջարկը` բանակի հրամանատարութեան կամ սպայակոյտի պետի նշանակման հարցով, սակայն բանակը առանց հրամանատարութեան ձգելը խիստ մերժելի է` նկատի ունենալով, որ անիկա է երկրին ապահովական կայունութեան ողնաշարը:
Սակայն հակառակ երկրին մէջ տիրող քաղաքական երկփեղկումին, որ կը վերաբերի բանակի նոր հրամանատար նշանակելու կամ ներկայ հրամանատարին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու որոշումներուն, բանակը կը վայելէ անխտիր քաղաքական բոլոր ուժերուն զօրակցութիւնն ու հովանաւորութիւնը:
Բանակը կազմ ու պատրաստ կը հսկէ երկրին ապահովութեան եւ քաղաքացիներուն անվտանգութեան: Ան կը հետապնդէ ահաբեկիչներն ու անոնց բջիջները` կանխարգիլելու համար ահաբեկչական որեւէ յարձակում:
Երկրին սահմաններուն կողքին, բանակը մնայուն կերպով կը հսկէ նաեւ Այն Հելուէն եւ հետախուզական ու հետապնդումի լուրջ աշխատանք կը տանի պաղեստինեան այդ գաղթակայանին մէջ, յատկապէս` ստանալէ ետք այնպիսի տեղեկութիւններ, թէ ՏԱՀԵՇ եւ Ժապհաթ Նուսրա կը մտածեն գաղթակայանին մէջ ահաբեկչական գործողութիւններ կատարել` պայմանաւորուելով գաղթակայանէն դուրս գտնուող այլ ուժերու հետ, որպէսզի անոնք օժանդակեն ահաբեկչական խմբակներուն եւ յարձակում գործեն բանակին դէմ:
Այն Հելուէի մէջ գտնուող եւ հոն գործող ահաբեկչական այս խմբակներուն մասին շրջանառութեան մէջ դրուած տեղեկութիւնները, որոնք վերագրուեցան դիւանագիտական աղբիւրներու, հաստատեցին, որ հաւատադրժողական այս խմբակներուն նպատակն է գաղթակայանէն դուրս գալ, փակել դէպի հարաւ տանող ճամբան եւ ուղղակի բախումներ ունենալ Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումի զինեալ թեւերուն, ինչպէս նաեւ լիբանանեան խաչակիր բանակին հետ:
Այդ պատճառով ալ նշուեցաւ, որ ահաբեկչական խմբակներուն պատասխանատուները գաղթակայանին մէջ զէնք ու զինամթերք բաժնած են մեծ թիւով գաղթականներու, որոնք իրենց շարքերուն զինուորագրուած են:
Ինչ կը վերաբերի բանակին աղբիւրներուն, անոնք կը հաստատեն, որ վերոնշեալ տեղեկութիւնները պարզապէս բեմագրութիւններ են` գաղթակայանին մէջ ահաբեկչութիւնը եւ գաղթակայանին անդորրը խանգարող դէպքերը մերժող յայտարարութիւններուն դիմաց:
Բանակին հրամանատարութեան համաձայն, պաղեստինեան զինեալ թեւերու խմբակներու պատասխանատուներուն կողմէ կատարուած այն յայտարարութիւնները, թէ իրենք կը մերժեն Այն Հելուէն նոր Նահր Պարետի մը վերածել, կը մղեն ահաբեկիչները` տարածելու այլ տեղեկութիւններ, որոնք կ՛ազդեն ամբողջ երկրին վրայ:
Բայց եւ այնպէս պէտք է նկատի ունենալ այլ բաժին մը, ըստ որուն, վերջին քանի մը օրերուն կարգ մը յանցագործներ անձնատուր եղած են բանակին: Այս իրականութեան դիմաց ահաբեկչական խմբակները ճիգ չխնայեցին արգելք հանդիսանալու, որ յանցագործներէն ոմանք անձնատուր չըլլան բանակին:
Այս քայլերուն դիմաց եւս բանակին կեցուածքն ու պատգամը յստակ էր: Բանակը Այն Հելուէի մէջ գործող պաղեստինեան ուժերէն պահանջեց յանցագործները յանձնել իր հրամանատարութեան եւ խոստացաւ զանոնք հարցաքննելէ ետք ազատ արձակել, որպէսզի անոնք փրկուած ըլլան նաեւ գաղթակայանին մէջ իրենց վրայ ճնշում բանեցնող ահաբեկչական խմբակներէն:
Այս շրջագիծին մէջ, պաղեստինեան խմբաւորումներուն հետ գործակցելու միտումով, բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ կատարեց պաղեստինցի պատասխանատուներու հետ, որոնց շարքին էր նաեւ Ֆաթհ շարժումի կեդրոնական յանձնախումբի անդամ Ազզամ Ահմետ, որ մէկ շաբթուան մէջ երկու անգամ այցելեց Լիբանան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ լիբանանեան քաղաքական ուժերու պատասխանատուներուն, ինչպէս նաեւ ապահովական կառոյցի պետերուն հետ:
Ինչ կը վերաբերի Արսալի, բանակը կարելի եղածին չափ խստացուց այդ շրջանին մէջ իր հսկողութիւնը, հակառակ անոր որ տակաւին այդ շրջանին մէջ զօրանոցներ ունենալու որոշումներ գոյութիւն չունին:
Բանակի շրջուն ջոկատները մնայուն հսկողութիւն կը կատարեն ամբողջ Արսալի տարածքին: Անոնք կազմ ու պատրաստ են` միջամտելու գիւղաքաղաքին մէջ, յատկապէս` սուրիական գաղթակայաններուն շրջակայքը արձանագրուող իւրաքանչիւր շարժումի:
Բանակին կողմէ անցեալ շաբթուան մէջ կատարուած ձերբակալութիւնները յստակ փաստեր էին, թէ ան տեղեկութիւններ ունի ահաբեկչական խմբակներու անդամներուն եւ անոնց մեղսակիցներուն մասին:
Աւելի՛ն. բանակի հրամանատարութիւնը հաստատեց, որ Արսալի մէջ գտնուող սուրիական գաղթակայանները կը գտնուին լիբանանեան բանակին տեղակայուած դիրքերուն մօտակայքը, հետեւաբար անոնք ուղղակիօրէն ենթակայ են բանակին հսկողութեան:
Սակայն Արսալի բարձունքներուն վրայ գտնուող գաղթակայանները, ուր շուրջ հինգ հազար սուրիացի գաղթականներ կ՛ապրին, բանակէն հեռու կը գտնուին եւ ուղղակի անոր հսկողութեան ենթակայ չեն: Նոյնն է պարագան նաեւ հիւսիսային Լիբանանին, ուր մեծաթիւ գաղթակայաններ կան»:
***
Իբրեւ եզրակացութիւն` կարելի է հաստատել, որ բանակը պիտի շարունակէ հաւատարիմ մնալ իր նշանաբանին ու կարգախօսին եւ դիմադրել ապահովական որեւէ խախտումի, ըլլայ ան ահաբեկչական արարք, թէ այլ:
Բանակին պատրաստ վիճակը կը փաստէ, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը ցարդ կը մնայ աշխարհի տարբեր երկիրներէն շատ աւելի լաւ: