Պատրաստեց` ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ
18 տարուան զինուորական եւ քաղաքական դիմադրութիւնը, որուն կողքին նաեւ ժողովրդային եւ ազգային գոյութենական պայքարը պսակուեցան յաջողութեամբ, երբ 25 մայիս 2000-ին իսրայէլեան ուժերը հեռացան հարաւային Լիբանանէն:
25 մայիս 2000-ը դարձաւ Դիմադրութեան եւ ազատագրութեան ազգային տօն մը, ինչպէս նաեւ լուսաւոր էջ մը Լիբանանի եւ արաբական ու իսլամական աշխարհի պատմութեան մէջ:
Դիմադրութեան մղած պայքարին եւ անոր հաւատացող ժողովուրդին գոյամարտը օրինակ դարձաւ կարգ մը երկիրներու, որոնք պայքարեցան եւ անոր օրինակով կը շարունակեն պայքարիլ բռնագրաւումին դէմ:
Լիբանանի մէջ Դիմադրութիւնը կարելի չէ սահմանափակել որոշ թուականով եւ որոշ վայրերով: Անիկա սկսած է կազմուիլ բռնագրաւուած Պաղեստինի մէջ սիոնական գոյացութեան կազմութեան զուգահեռ: Դիմադրութիւնը ո՛չ միայն պաքարած է իսրայէլեան բռնագրաւումին եւ գործած բռնարարքներուն դէմ, այլ նաեւ ուղղուած է Լիբանանին իշխել եւ տիրել փորձող բոլոր ուժերուն դէմ:
Դիմադրութեան առաքելութիւնը եղած է պայքարիլ բոլոր անոնց դէմ, որոնք Լիբանանի վրայ քաղաքական եւ զինուորական իշխանութիւն բանեցնելու նպատակ կը հետապնդեն: Այսպիսով Դիմադրութիւնը կը դառնայ պատմական ուղեգիծի մը դրսեւորումը եւ գետնի վրայ անոր տարած աշխատանքները կը վերածուին մշակութային եւ կրթական ծրագիրի մը, որուն հետեւած են եւ ուսանած իրերայաջորդ բազմաթիւ սերունդներ: Այդ սերունդներուն մէջ եղած են փայլուն դէմքեր, հերոսներ, անձնաւորութիւններ, որոնք իրենց անունը դրոշմած են լիբանանեան գոյամարտի պատմութեան մէջ, անոր քաղաքական կեանքի եւ անձնակազմի ձեւաւորման մէջ, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ընկերային գունաւորումի կազմաւորման մէջ:
Այս շրջագիծին մէջ կարելի է լուսարձակի տակ առնել հիմնական կամ գլխաւոր հանգրուաններ, որոնց արդիւնքը եղաւ 2000-ի մայիս ամսուան ազատագրումը: Ասիկա կարելի եղաւ շնորհիւ կարգ մը իրականութիւններու, որոնցմէ են.
Ժողովրդային Դիմադրութիւն.- Իսրայէլեան ներխուժումին դիմաց հարաւային Լիբանանի մէջ ապրող Դիմադրութեան շրջանակները տոկացին եւ դիմադրեցին այդ բռնագրաւումին, առանց օրինակ ունենալու այն անձերը, որոնք իրենց գնդացիրները հողին տակ թաղելով փախուստ տուին իսրայէլեան հրասայլերէն: Դիմադրութեան ռահվիրաներէն եղաւ անոր հիմնադիրներէն` նահատակ շէյխ Ռաղեպ Հարպը, որ ժողովուրդը կ՛առաջնորդէր հետեւեալ կարգախօսով. «Կեցուածքը զէնք է, իսկ ձեռք թօթուելը` ճանաչում»: Այս կարգախօսին շնորհիւ ժողովուրդը մերժեց իսրայէլեան բռնարարքները եւ պայքարեցաւ բռնագրաւումին դէմ, եւ իբրեւ այդպիսին ժողովուրդը դարձաւ Դիմադրութեան մարտիկներ տրամադրող ուժը եւ զանոնք հիւրընկալող ու անոնց զօրակցող շրջանակը: Այդպիսով է, Դիմադրութեան մարտիկները յաջողեցան կատարել իրենց գործողութիւնները` բռնագրաւուած գօտիներուն մէջ:
Անձնասպանական գործողութիւններ.- Այդ հանգրուանը իսրայէլացիներուն դէմ սկսաւ Ահմետ Քասիրի կատարած գործողութեամբ, որ իսրայէլեան բռնագրաւումին վրայ ունեցաւ իր հզօր ազդեցութիւնը: Ահմետ Քասիրի գործած անձնասպանական գործողութիւնը ուղղակի հարուած մըն էր թշնամի Իսրայէլի ապահովութեան, եւ այդ պատճառով ալ ան իր ուժերը վերադասաւորեց եւ խստացուց հարաւային Լիբանանի գիւղաքաղաքներուն շուրջ իր պարտադրած շրջափակումը:
Սակայն անձնասպանական գործողութիւնները շարունակելով Դիմադրութիւնը տկարացուց Իսրայէլը եւ անոր շարքերուն մէջ յառաջացուց ճեղք մը, որուն արդիւնքը միայն փուլ գալն էր եւ քայքայուիլը, յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ իբրեւ պատնէշ թշնամիին օգտագործած աւազապարկերը, որոնք կը պատրաստուէին գործակալ միլիսներուն կողմէ, անբաւարար էին այլեւս պաշտպանելու իսրայէլացի զինուորները:
Գերեվարութիւն եւ գերիներու փոխանակում.- Դիմադրութեան ծանօթ եւ բազմաթիւ անգամ կիրարկուած միջոցներէն է գերավարութիւնը, որով կարելի եղած է հակակշռել թշնամիին կողմէ յաճախ կատարուող ձերբակալումները: Այս միջոցը դարձած է յաջող քաղաքականութիւն` ազատ արձակելու համար մեծ թիւով գերիներ եւ վերադարձնելու նահատակներու աճիւններ, որոնք կը գտնուէին Իսրայէլի մօտ: Գերեվարութիւններու շրջագիծին մէջ Քաունին-Պէյթ Եահունի մէջ իսրայէլացի երկու զինուորներ գերեվարելու գործողութիւնը 1987 փետրուարին կը մնայ Դիմադրութեան գործած ամէնէն զօրաւոր գործողութիւններէն մէկը` ազատագրումը կանխող ժամանակաշրջանին համար:
Եօթնօրեայ պատերազմ (յուլիս 1993).- Թշնամին կարծած էր, թէ Լիբանանի դէմ պատերազմի մը սանձազերծումը պիտի տկարացնէ Դիմադրութիւնը, որ հզօրացումի հանգրուանին մէջ էր, մինչդեռ Իսրայէլի գործակալ միլիսները իսկական վախի եւ քայքայումի դիմաց կը գտնուէին` նկատի ունենալով, որ Դիմադրութիւնը մահացու հարուածներ հասցուցած էր անոնց ղեկավարներուն:
Իսրայէլի կողմէ մղուած եօթնօրեայ պատերազմին ընթացքին Դիմադրութեան մարտիկները ցուցաբերեցին սխրագործութիւններ, որոնցմէ էր առաջին անգամ ըլլալով գործածութիւնը «Քաթիուշա» տիպի հրթիռներու, որոնց շնորհիւ պատերազմը ճակատէն ալ անդին հասած էր, եւ այդ իսկ պատճառով թշնամին ստիպուած կասեցուցած էր պատերազմը` վերջ տալով իր բռնարարքներուն: Այս միջոցով Դիմադրութիւնը արդէն իսկ քայլ մը առաջ էր եւ անցած վախը հակակշռելու հանգրուան:
«Բարկութեան ողկոյզներ»-ու պատերազմ (ապրիլ 1996).- Այդ թուականին էր, երբ աշխարհը համախմբուեցաւ Եգիպտոսի Շարմ Շէյխ զբօսավայրին մէջ եւ գումարեց խորհրդաժողով մը, որուն ընթացքին որոշուեցաւ պաղեստինեան ինթիֆատան եւ լիբանանեան Դիմադրութիւնը հարուածել: Այդ որոշումը գործադրութեան դրուեցաւ 1996-ի ապրիլին, երբ շղթայազերծուեցաւ Լիբանանի դէմ իսրայէլեան «Բարկութեան ողկոյզներ»-ու պատերազմը: 16 օր տեւած այս պատերազմը յատկանշուեցաւ արիւնալի բախումներով, որոնցմէ կը մնայ Կանայի սպանդը: Սակայն Դիմադրութեան մարտիկներուն քաջութիւնը եւ ժողովուրդին մղած` գոյապայքարը դարձեալ յաղթական դուրս եկան ուրիշ պարտութեան մատնելով Իսրայէլը: Այս պատերազմը աւարտեցաւ վախը հակակշռելու մէկ այլ զէնքով, որ կը կոչուէր արաբական եւ միջազգային պաշտօնական ճանաչում` իր հողերը պաշտպանելու եւ բռնագրաւումին դէմ պայքարելու Դիմադրութեան իրաւունքին: 1996-ի պատերազմէն ետք էր, որ ՄԱԿ իր կարգին պաշտօնապէս ճանչցաւ Դիմադրութեան այդ իրաւունքը:
Մայիսէն յուլիս.- 18 տարուան Դիմադրութիւնը աւարտեցաւ 2000-ի մայիսի ազատագրումով, սակայն պէտք չէ մոռնալ նաեւ, որ Դիմադրութիւնը հերոսական նոր էջեր ընծայեց Լիբանանի արդի պատմութեան, երբ ան 33 օր անդադար կռուեցաւ իսրայէլեան ուժերուն դէմ, Իսրայէլի սանձազերծած յուլիսեան պատերազմին ընթացքին, 2006-ին: Այս թուականը դարձեալ ունեցաւ իր իւրայատկութիւնը` դառնալով Դիմադրութեան սկզբունքը ամրապնդող կայարան մը, ու դարձեալ փաստուեցաւ թշնամիին յաղթելու կարողութիւնը եւ բռնագրաւումը թօթափելու ուժը:
Սակայն անկարելի է 2006-ի յուլիսեան պատերազմին արձանագրուած յաղթանակին մասին խօսիլ, առանց նկատի ունենալու «2000-ի մայիսեան երկրաշարժը», որուն շնորհիւ կարելի եղաւ ներքին եւ արտաքին իմաստով քաղաքական դասեր քաղել, ինչպէս նաեւ ապահովական եւ զինուորական ուսանելի դասեր տալ:
Մայիսեան յաղթանակին շնորհիւ կարելի եղաւ շօշափելի դարձնել շարք մը տուեալներ, որոնցմէ են հետեւեալները.-
Դիմադրութիւնը
Զինուորական Ծրագիր Է
Հաստատել, որ Դիմադրութիւնը զինուորական ծրագիր մըն է, զայն նկատելով լաւագոյն ընտրանքը` լիբանանեան իրաւունքները վերստանձնելու: Այդ իրաւունքներուն գլխաւորը կը նկատուի բռնագրաւուած լիբանանեան հողերու ազատագրումը: Հակառակ Դիմադրութիւնը «մահուան մշակոյթ» նկատող ամբաստանութիւններուն, կառչած մնալ անոր եւ չհամոզուիլ, որ զայն կարելի է փոխարինել դիւանագիտական ընտրանքներով: Դիւանագիտութիւնը եւ քաղաքական միջոցները փաստած են բազմիցս, թէ առանց Դիմադրութեան եւ զինուորական ընտրանքին անոնք անբաւարար են յաջողութիւն արձանագրելու համար:
Դիմադրութեան ընտրանքին յաջողութիւնը նաեւ կայացաւ այն ճշմարտութեան մէջ, որ ան վայելեց լիբանանեան բանակին եւ լիբանանցիներուն զօրակցութիւնը:
Դիմադրութիւնը
Քաղաքական Ուղեգիծ Է
Ընդգծել Հըզպալլայի ղեկավարութեան քաղաքական ուղեգիծը, ինչպէս նաեւ Դիմադրութեան վարուելակերպը ներքին եւ արտաքին կացութեան հետ, նկատի ունենալով, որ Դիմադրութեան հանդէպ կան զօրակցական եւ ընդդիմադիր կեցուածքներ` ներքին լիբանանեան եւ արտաքին առումով: Դիմադրութիւնը արտաքին առումով միշտ ալ փաստած է, որ Իսրայէլի զօրակցող Արեւմուտքը անարդար է եւ սիոնական գոյացութեան նկատմամբ անոր հովանաւորութիւնը պատճառ կը դառնայ շրջանին մէջ Իսրայէլը յղփացնելու հոլովոյթին:
Այս առումով լիբանանեան եւ մասամբ նաեւ արաբական ընկերութիւնը կը զօրակցին Դիմադրութեան` քաջ գիտնալով, որ Իսրայէլ ամերիկեան զօրակցութեան իբրեւ արդիւնք տակաւին բազմաթիւ անարդարութիւն եւ անիրաւութիւն կրնայ գործել շրջանին մէջ:
Դիմադրութիւնը Ազատագրական
Շարժումներու Ռահվիրայ Է
Լիբանանի մէջ Դիմադրութեան արձանագրած յաղթանակը եւ գետնի վրայ անոր պարտադրած ուժը աշխարհի բոլոր վայրերուն մէջ գտնուող անիրաւուած շրջաններուն մէջ յառաջացուց ազատութեան եւ ազատագրման շարժումներ յառաջացնելու ալիք մը: Այս իմաստով շօշափելի դարձան պաղեստինեան հողերուն վրայ եւ Իրաքի մէջ որդեգրուած քայլերը` իսրայէլեան եւ ամերիկեան բռնագրաւումներուն դէմ:
Իսրայէլ Դադրեցաւ
Առասպել Ըլլալէ
Դիմադրութիւնը յաջողեցաւ թշնամի Իսրայէլի մէջ յեղաշրջում իրականացնել` ընկերային, տնտեսական եւ զինուորական առումով: Իսրայէլի բնակեցման վայրերու բնակիչները համոզուած էին, որ Իսրայէլ ապահով եւ պաշտպանուած գոյացութիւն մըն է, զոր անկարելի է տապալել: Անյաղթ ըլլալու այդ վարկը Իսրայէլ շահած էր արաբները տապալելու իր տարիներու փորձառութեամբ: Սակայն Լիբանանի մէջ հիմնուած Դիմադրութիւնը կրցաւ տոկալ Իսրայէլի դիմաց, չթուլցաւ 1982-ին իսրայէլեան ներխուժումին դիմաց եւ նուազ քան երկու տասնամեակի ընթացքին կրցաւ իրականացնել զինուորական այնպիսի նուաճումներ, որոնցմով ջրեց իսրայէլեան բանակին անյաղթ ըլլալու յատկանիշը եւ իսրայէլացի անպարտ զինուորին առասպելը:
Իսրայէլի Գոյութիւնը`
Քննարկումի Առարկայ
Իսրայէլի դէմ Դիմադրութեան արձանագրած յաղթանակը քննարկումի լայն դռներ բացաւ իսրայէլեան քաղաքական, զինուորական եւ ընկերային ներքին շրջանակներուն մօտ եւ վերածուեցաւ իսրայէլեան ուսումնասիրական կեդրոններու եւ հիմնարկներու մէջ ուսուցանուող ռազմավարական թեմայի մը: Իսրայէլէն բացի աշխարհի բոլոր անկիւններուն մէջ այս քննարկումները կատարուեցան, յատկապէս, արաբ մտաւորականութեան եւ պատմաբաններու շրջանակներուն մէջ, որովհետեւ արձանագրուած յաղթանակը համաշխարհային իմաստով ուժ նկատուող երկիրի մը եւ բանակի մը դէմ էր: Այդ քննարկումները ընդհանրապէս կեդրոնացան Իսրայէլի գոյութիւնը երաշխաւորելու շուրջ` նկատի ունենալով, որ Իսրայէլ կորսնցուց բռնագրաւումի իր կարողութիւնը` Դիմադրութեան մղած գոյապայքարին դիմաց:
Այդ քննարկումները ցարդ կը շարունակուին` նկատի ունենալով, որ Լիբանան փոքր երկիր մըն է, սակայն իր ուժգնութեամբ եւ Դիմադրութեամբ կրցած է պայքարիլ արաբական եւ արեւմտեան երկիրներուն հովանաւորութիւնը վայելող եւ հսկայ կարողութիւններով ու գերարդիական զինամթերքով օժտուած Իսրայէլի դէմ, յաղթել անոր եւ վախի հակակշիռ ստեղծել անոր հետ:
Իսրայէլը «Պարտուած
Ամերիկացի Զինուոր» Մըն Է
Լիբանանի մէջ Դիմադրութեան արձանագրած յաղթանակներուն ամէնէն յատկանշականը այդ էր, որ ան ուժերը, հակակշռելու ռազմավարութիւն մը կրցաւ պարտադրել եւ թշնամի Իսրայէլին ստիպեց իր հաշիւները վերատեսութեան ենթարկել` համոզուելով, որ բռնագրաւումի եւ բռնարարքներու իր քաղաքականութիւնը օժանդակած է տագնապի խորացման եւ ձախողութեան:
Այդ իրականութիւնը մղած է Իսրայէլը հասկնալու, թէ յառաջիկային առնուելիք որեւէ քայլ կրնայ պատճառ դառնալ Իսրայէլի ապահովութեան, որովհետեւ այդ պարագային ո՛չ միայն հարաւային Լիբանանի ճակատը պիտի բռնկի, այլ նաեւ կրնան բռնկիլ այլ ճակատներ եւ տապալել Իսրայէլը: Հաւանաբար այդ իսկ պատճառով Միացեալ Նահանգներ իրենց նաւատորմերն ու զինուժը կեդրոնացուցած են շրջանին մէջ` պաշտպանելու համար Իսրայէլը, որ այս պարագային Միջին Արեւելքի մէջ արեւմտեան շահերը հսկող «պարտուած ամերիկացի զինուոր» մըն է:
Օգտագործուած աղբիւրներ`
«Ալ Ահըտ» եւ «Ալ Ինթիքատ» կայքեր