Պատրաստեց` ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ
Նախագահական պալատ վերադառնալու յոյսով 1990-ին Պաապտան լքած զինուորականը` զօր. Միշել Աուն երէկ իրականացուց իր երազը եւ հանրապետութեան նախագահ ընտրուելէ ետք վերադարձաւ «Ժողովրդի տուն»` հաւատարիմ մնալով Լիբանանը կազմող բոլոր շերտերուն հանդէպ բաց քաղաքականութիւն վարելու եւ համայնքայնութիւնը մերժելու իր սկզբունքներուն եւ անոնց ի խնդիր որդեգրած իր ռազմավարութեան:
Շուրջ երեք տասնամեակ այս երազով ապրած աունականներուն եւ զօր. Աունի վրայ համարում ունեցող մեծ թիւով լիբանանցիներուն համար այս մէկը պատմական նուաճում է, ինչպէս նաեւ յուսադրիչ իրականութիւն` աւելի կայուն, բարգաւաճ եւ նուազ փտած երկիր մը ու սահմանադրական հաստատութիւններ ունենալու առումով:
Ո՞վ է հանրապետութեան նոր նախագահը:
Բուն անունով` Միշել Նայիմ Աուն: Ծնած է 17 փետրուար 1933-ին: Ամուսնացած է Նատիա Շամիի հետ եւ ունի երեք դուստրեր` Միրէյ, Քլոտին եւ Շանթալ: Եղած է զինուորական, ապա` քաղաքական անձնաւորութիւն, Ազգային ազատ հոսանքի ղեկավար: 23 յունիս 1984 – 27 նոյեմբեր 1989 եղած է լիբանանեան բանակի հրամանատար, ինչպէս նաեւ` 1988-ի զինուորական կառավարութեան վարչապետ:
Միշել Աուն իբրեւ կամաւոր յաճախած է Սպայից վարժարանը 1 հոկտեմբեր 1955-ին: Լիբանանի, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ հետեւած է զինուորական ծառայութեան եւ ստացած` բազմաթիւ մետալներ: Իբրեւ զինուորական` բազմաթիւ աստիճանաւորումներէ եւ 29 տարուան ծառայութենէ ետք նշանակուած է բանակի հրամանատար:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին հանրապետութեան նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլի յաջորդող այլ նախագահի մը չգոյութեան պատճառով Ժեմայէլ զօր. Աունը, որ օրին բանակի հրամանատար էր, նշանակեց վարչապետ:
Զօր. Աուն ստանձնեց իշխանութիւնը` կազմելով զինուորական կառավարութիւն, ընդդէմ` քաղաքացիական կառավարութեան մը, որ կը գլխաւորէր Սելիմ Հըս: Այդպիսով Լիբանան ունեցաւ երկու կառավարութիւն:
Զօր. Աունի նպատակը սկիզբէն ի վեր եղած է լիբանանեան համայնքներուն միջեւ բախումներուն եւ տագնապներուն վերջ տալ, ինչպէս նաեւ` Լիբանանը ազատագրել սուրիական զինուորական եւ քաղաքական լուծէն:
Այս առումով, 14 մարտ 1989-ին զօր. Աուն Պաապտայի նախագահական պալատի իր նստավայրէն «Ազատագրումի պատերազմ» յայտարարեց սուրիական բանակին դէմ:
Զօր. Աուն պատերազմի յայտարարութիւնը կատարեց մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, որուն լոյսին տակ 1975-էն ի վեր քաղաքացիական պատերազմի մէջ գտնուող լիբանանցիները` բոլոր շրջաններէն եւ բոլոր համայնքներէն, միասնաբար ուղղուեցան Նահատակաց հրապարակ եւ միաբերան պահանջեցին սուրիական ուժերուն Լիբանանէն հեռացումը: Անոնց որդեգրած հիմնական լոզունգն էր ազատութիւն, անկախութիւն եւ գերիշխանութիւն կարգախօսը, որ 16 տարի ետք դարձեալ հնչեց նոյն հրապարակին վրայ, 14 մարտ 2005-ին:
«Ազատագրումի պատերազմ»-ը մղելէն ամիսներ ետք, 22 հոկտեմբեր 1989-ին, Սէուտական Արաբիոյ միջնորդութեամբ, կարելի եղաւ յանգիլ Թաէֆի համաձայնագիրին, որով պիտի աւարտէր Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը:
Զօր. Աուն մերժեց Թաէֆի համաձայնագիրին արտաքին պայմանները, որոնց համաձայն, ամբողջ Լիբանանի տարածքին պիտի տեղակայուէին սուրիական ուժեր` առանց յստակ ժամկէտ մը ճշդելու, թէ անոնք ե՛րբ պիտի հեռանան Լիբանանէն:
«Ազատագրուած շրջաններուն» մէջ զէնք կրելու իրաւունքը միայն բանակին իրաւասութիւնը նկատելու շրջագիծին մէջ 31 յունուար 1990-ին զօր. Աուն «Ջնջումի պատերազմ» յայտարարեց Լիբանանեան ուժերուն դէմ:
Մղուած բուռն պատերազմէն ետք, 13 հոկտեմբեր 1990-ին զօր. Աուն ձայնագրուած յայտարարութեամբ մը զինուորական պարտութիւն յայտարարեց եւ լիբանանեան բանակէն պահանջեց հրահանգները ստանալ զօր. Էմիլ Լահուտէն:
Նոյն օրն իսկ սուրիական օդուժին եւ Լիբանանեան ուժերուն թնդանօթներուն կողմէ ռմբակոծուեցաւ նախագահական պալատը, ամերիկեան եւ իսրայէլեան օրհնութիւնը վայելող լիբանանեան-սուրիական միացեալ գործողութեամբ մը զօր. Աուն Պաապտայէն փոխադրուեցաւ ֆրանսական դեսպանատուն, ուրկէ ան մեկնեցաւ Ֆրանսա` իբրեւ քաղաքական ապաստանեալ:
Ֆրանսա մեկնելէ առաջ գրաւոր նամակի մը մէջ ան իր հետեւորդներուն հաստատեց, որ անոնց սկսած աշխատանքը անպայման պիտի արդիւնաւորուի:
Լիբանանեան քաղաքական կեանքին մէջ զօր. Աուն կը նկատուի քաղաքական կարեւոր անձնաւորութիւն եւ իբրեւ այդպիսին` ան 15 տարի ետք` 2005-ին, Փարիզի իր աքսորավայրէն վերադարձաւ Լիբանան:
Մէկուկէս տասնամեակ գաղտնօրէն գործած, սուրիական ուժերու գոյութեան դէմ պայքարած եւ 14 մարտ 2005-ին, Մայրիներու յեղափոխութենէն ետք, 26 ապրիլ 2005-ին սուրիացի վերջին զինուորին Լիբանանէն հեռացումը վկայած, իրենց ղեկավարին սկզբունքներուն հաւատարիմ եւ ուղեգիծին յանձնառու, ինչպէս նաեւ լիբանանեան գրեթէ բոլոր շրջաններու պատերուն վրայ «Աունը պիտի վերադառնայ» արձանագրութիւններ ձգած աունականներու ծովածաւալ բազմութիւն մը 7 մայիս 2005-ին ողողեց երկրին փողոցները, յատկապէս Պէյրութի միջազգային օդակայանի ճամբան ու Նահատակաց հրապարակը` դիմաւորելու համար զօր. Աունն ու անոր ընտանիքը:
Աունականները կը նկատեն, որ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութենէն ետք, 14 մարտ 2005-ին արձանագրուած Մայրիներու յեղափոխութիւնը բոլոր լիբանանցիներուն կողմէ զօրակցութիւն էր 15 տարի շարունակ իրենց առանձինն մղուած պայքարին:
Հարիւր հազարաւոր աունականները իրենց ղեկավարին համար ջերմ հիւրընկալութիւն ապահովեցին` անոր վերադարձին տալով հետեւեալ բանաձեւումը. «Հայրենիքին վերադարձը դէպի հայրենիք»:
7 մայիս 2005-ին զինք դիմաւորող հարիւր հազարաւոր լիբանանցիներու ուղղած իր խօսքին մէջ զօր. Աուն ըսաւ. «Ձեզի խոստացած էի, որ աշխարհը կրնայ ճզմել զիս, սակայն չի կրնար ձեռք ձգել իմ ստորագրութիւնս: Ահա այսօր կը գտնուիմ ձեր մէջ եւ կը հաստատեմ, որ աշխարհը չկրցաւ զիս ճզմել եւ ոչ ալ կրցաւ ստորագրութիւնս ձեռք ձգել»:
Նախքան Պէյրութ ժամանումը, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ զօր. Աունը որակեց ծովաշարժ (ցունամի):
Լիբանան ժամանումէն կարճ ժամանակ ետք զօր. Աուն մասնակցեցաւ Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն: Երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցած անոր վեց ընտրացանկերէն երեքը պարտութեան մատնուեցան Հըզպալլա-Ամալ-Մուսթաքպալ-Ժոմպլաթ քառակողմ ընտրական դաշինքին պատճառով:
Զօր. Աուն խորհրդարան մուտք գործեց 21 երեսփոխան հաշուող պլոքով մը, որ խորհրդարանին երկրորդ ամենամեծ պլոքն էր:
Հոս նշենք, որ 2005-էն ի վեր ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն զօր. Միշել Աունի քաղաքական դաշնակիցն է եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքը մաս կը կազմէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումին:
Ապա ան հիմնեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը եւ ղեկավարեց զայն մինչեւ 2015, երբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար դարձաւ զօր. Աունի փեսան` Ժըպրան Պասիլ:
2005-ի ընտրութիւններէն ետք Ֆուատ Սինիորա նշանակուեցաւ վարչապետ եւ ստանձնեց ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը կազմելու պարտականութիւնը:
Զօր. Աուն մերժեց Սինիորայի կառավարութեան մաս կազմել` տարբեր պատճառներով: Անոր մերժումին լոյսին տակ, Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրի այցելեց զօր. Աունի եւ փորձեց զայն համոզել, որ մասնակցի կառավարութեան: Սակայն Հարիրի չյաջողեցաւ համոզել զօրավարը, եւ կառավարութիւնը կազմուեցաւ առանց անոր մասնակցութեան:
6 փետրուար 2006-ին զօր. Աուն Մար Մխայէլ եկեղեցւոյ մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի հետ:
Այդ հանդիպումին ընթացքին զոյգ ղեկավարները ստորագրեցին Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Հըզպալլայի միջեւ փոխըմբռնումի համաձայնագիր մը, որուն շնորհիւ` Լիբանանի մէջ կարելի եղաւ իրականացնել իսլամ-քրիստոնեայ յաւելեալ մերձեցում եւ համերաշխութիւն:
21 մայիս 2008-ին զօր. Աուն մասնակցեցաւ Տոհայի խորհրդաժողովին, որուն ընթացքին ան մասնակցեցաւ ընտրական օրէնքի բարեփոխումին, ինչպէս նաեւ մաս կազմեց ազգային միասնականութեան կառավարութեան:
3 դեկտեմբեր 2008-ին զօր. Աուն արձանագրեց պատմական հսկայ նուաճում մը, երբ ան բարելաւեց Սուրիոյ հետ իր յարաբերութիւնները` այցելելով Դամասկոս եւ հանդիպում մը ունենալով Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ:
Այսպիսով, զօր. Աուն իրականացուց զինուորական կառավարութիւնը ղեկավարած օրերուն իր կատարած այն յայտարարութիւնները, թէ Սուրիոյ հետ ինք հեզասահ եւ շատ լաւ յարաբերութիւններ կ՛ուզէ հաստատել, պայմանաւ որ սուրիական ուժերը հեռանային Լիբանանէն:
2009-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին զօր. Աունի նախագահած Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումին թիւը բարձրացաւ 27 երեսփոխանի: Համախմբումը 5 նախարարներով մաս կազմեց 2009 նոյեմբերին վարչապետ Սաատ Հարիրիի գլխաւորած կառավարութեան:
2011 յունիսին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կողմէ կազմուած կառավարութեան մէջ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը մասնակցեցաւ 11 նախարարով:
2014 փետրուարին, վարչապետ Թամմամ Սալամի նախագահած կառավարութեան մէջ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախարարներուն թիւը 4 էր:
2 յունիս 2015-ին Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններուն միջեւ կատարուեցաւ նպատակներու մօտեցման յայտարարութիւն:
Այդ յայտարարութեան մէջ երկու կողմերը յանձնառութիւն յայտնեցին` հսկելու Լիբանանի ազատութեան, անկախութեան եւ գերիշխանութեան, Թաէֆի համաձայնագիրին, երկրին սահմանադրութեան նկատմամբ յարգանքին, շրջանային եւ միջազգային առումով գերիշխանական սկզբունքներու որդեգրումին, օրէնքի միջոցով հարցերու լուծման` առանց զէնքի ուժի դիմելու, լիբանանեան բանակին նիւթական եւ բարոյական զօրակցութեան, Լիբանանի ամբողջ տարածքին բանեցնելու լիբանանեան պետութեան գերիշխանութիւնը, Լիբանանի նկատմամբ յարգանք պարտադրող արտաքին քաղաքականութեան նախանձախնդրութեան, բոլոր երկիրներու` յատկապէս արաբական երկիրներուն հետ լաւ եւ բարեկամական յարաբերութիւններ մշակելու, Իսրայէլը թշնամի պետութիւն նկատելու եւ անշեղ մնալու պաղեստինցի գաղթականներուն տունդարձի իրաւունքը պահանջելէ, միջազգային օրէնքներն ու ՄԱԿ-ի բանաձեւերը յարգելու, ազգային երկխօսութեան նիստին որոշումները գործադրելու եւ իսկական հաւասարութիւն ու ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն ապահովող ընտրական օրէնք մը մշակելու:
Զօր. Աունի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի միջեւ մղուած արիւնալի եւ եղբայրասպան պատերազմին, պատերազմական ոճիրներուն եւ սպանդներուն պատկերները իր յիշողութեան մէջ վառ պահած լիբանանցին,
18 յունուար 2016-ին գտնուեցաւ այլ պատկերի մը դիմաց, երբ Սամիր Ժահժահ զօր. Աունը հրաւիրեց Մեհրապ եւ պաշտօնապէս առաջադրեց անոր թեկնածութիւնը` նախագահական ընտրութեան: Ժահժահ կոչ ուղղեց նաեւ, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը որդեգրեն զօր. Աունի թեկնածութիւնը:
Ժողովուրդին համար այս քայլը նկատուեցաւ գերիրապաշտ կեցուածք մը, սակայն քաղաքական երկու ուժերուն միջեւ յայտարարուած նպատակներուն հիման վրայ վերջ գտաւ թշնամանքը:
Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու հիմնասիւներէն Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրի Ժահժահի կատարած կոչէն 9 ամիս ետք այցելեց Ռապիէ եւ հանդիպում մը ունեցաւ զօր. Աունի հետ:
20 հոկտեմբեր 2016-ին նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին պաշտօնապէս որդեգրեց զօր. Աունի թեկնածութիւնը` հաստատելով, որ այդ իմաստով կան շրջանային եւ միջազգային երաշխիքներ:
Արդէն իսկ Հըզպալլայի զօրակցութիւնը վայելող զօր. Աունի թեկնածութիւնը պաշտօնապէս որդեգրուեցաւ նաեւ Հարիրիի կողմէ:
Այդ քայլին յաջորդեց քաղաքական այլ ուժերու կողմէ զօր. Աունի թեկնածութեան նկատմամբ զօրակցութիւնը եւ 31 հոկտեմբեր 2016-ին զօր. Միշել Աուն դարձաւ Լիբանանի 13-րդ նախագահը:
Հինգերորդ նկարը Տպայէի մէջ է , 2006-ին , իր վերադարձի օրը չէ: