Պատրաստեց` ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ
Վերջերս Լիբանան վերածուած է ուխտավայրի մը, ուր կ՛այցելեն օտար դիւանագէտներ եւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, ինչպէս` ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունը, Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինին: Կը նախատեսուի, որ անոնց վրայ աւելնայ նաեւ ֆրանսական բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը, որ պիտի ընդգծէ նախագահական ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը:
Անկախ անկէ, որ այս այցելութիւնները առիթներ էին գնահատելու սուրիացի գաղթականներուն հանդէպ Լիբանանի ցուցաբերած սրտբաց ընդունելութիւնն ու առատաձեռնութիւնը, ինչպէս նաեւ` յանձնառութիւն յայտնելու երկրին ապահովական կայունութեան, սակայն անոնք նաեւ առիթներ էին ընդգծելու նախագահական ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը` փրկելու համար Լիբանանի ժողովրդավարական վարչակարգն ու Լիբանանի գոյութիւնը:
Վերոնշեալ զոյգ պատասխանատուներն ալ հաստատեցին Լիբանանի հեղինակութիւններուն, որ միջազգային ընտանիքը կը պահանջէ Լիբանանէն անյապաղ նախագահական ընտրութիւն կատարել:
Քի Մունի, Մոկերինիի, ֆրանսական պատուիրակութեան եւ ռուս պետական պաշտօնեաներու Պէյրութ այցելութեան հաւանականութեան կողքին, ուշագրաւ էր լիբանանեան ելեկտրոնային մամուլին հետեւեալ սպրդասացութիւնը. «Կը նախատեսենք, որ Լիբանան իր երկրորդ տարին բոլորէ առանց հանրապետութեան նախագահի, եւ կը յուսանք, որ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նոր դեսպան Էլիզապէթ Ռիչըրտ ժամանէ Լիբանան, որովհետեւ անոր մօտ պիտի ըլլայ երկրին հարցերուն մեծ մասին լուծման բանալին»:
Վերոնշեալ խօսքը վերագրուած է լիբանանցի բարձրաստիճան քաղաքական անձնաւորութեան մը, իսկ այս առիթով կը ներկայացնենք Պէյրութի ամերիկեան դեսպանատան կողմէ հրապարակուած, Ռիչըրտի արտասանած խօսքը` Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին նիստին ընթացքին:
«Ինծի համար պատիւ է, որ նախագահ Պարաք Օպամա զիս Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան կը նշանակէ, եւ իբրեւ այդպիսին` այս յանձնախումբին հետ պիտի գործակցիմ Լիբանանի մէջ մեր քաղաքականութիւնը իրականացնելու նպատակով:
«Ամերիկեան արտաքին գործերու անձնակազմին ծիրին մէջ երեսուն տարուան ծառայութեան ընթացքին մաս կազմած եմ մարտահրաւէրներով լեցուն շրջաններու մէջ, ինչպէս` Աֆղանիստանի, Փաքիստանի եւ վերջերս նաեւ Եմէնի մէջ: Դիւանագիտական այս աշխատանքներուն ընթացքին վկայած եմ, թէ ինչպէս կարելի կ՛ըլլայ ամերիկեան քաղաքականութեան նպատակները իրականացնել: Այդ նպատակներուն կողքին, կը կատարուին նաեւ ապահովական օժանդակութիւններ, ինչպէս նաեւ` թմրամոլութեան դէմ արշաւներ եւ տնտեսական մարզի բարգաւաճման յատուկ ծրագիրներ: Միջին Արեւելքի մէջ բռնկած տագնապներուն ունեցած հետեւանքները` ամերիկեան ազգային շահերուն վրայ, պատճառ կը դառնան, որ շրջանին մէջ Միացեալ Նահանգներու ներկայութիւնը աւելի կարեւորութեամբ շեշտուի:
«Միջին Արեւելքը այս հանգրուանին կ՛ապրի ապակայունութեան արտակարգ փուլ մը, իսկ այդ ապակայունութեան արմատները խոր են հետեւեալ պատճառներով. քաղաքական օրինականութեան տկար հիմեր, պետական հաստատութիւններու ապարդիւն աշխատանք, դիւրաբեկ տնտեսական իրավիճակ եւ կրօնական իմաստով համայնքային դրութիւն: Սակայն անգիտակից ըլլալու այս ենթահողին զուգահեռ, կը դրսեւորուի լիբանանցիներուն մղած գոյութենական պայքարը: Դարեր շարունակ Լիբանան եղած է կրօններու եւ քաղաքակրթութիւններու հարուստ հիւսուածք մը ներկայացնող երկիրը:
Կրօնի ազատութիւնը եւ համայնքային հանդուրժողութիւնը մաս կը կազմեն լիբանանեան ինքնութեան: Մենք ամէն ջանք ի գործ պէտք է դնենք օժանդակելու համար Լիբանանին, որպէսզի ան իր ընթացքը շարունակէ` կառչած մնալով այդ սկզբունքներուն: Իբրեւ դեսպան` իմ առաքելութիւնս պիտի ըլլայ Լիբանանի հետ մեր համագործակցութիւնը ամրապնդել:
«Ներկայիս Լիբանան կը դիմագրաւէ հիմնական երեք մարտահրաւէրներ. անոնք են. ա) Սուրիոյ տագնապին հետեւանքները, որոնց պատճառով Լիբանան հասած են աւելի քան մէկ միլիոն սուրիացի գաղթականներ, բ) քաղաքական տագնապ մը, որ սառեցուցած է կառավարութեան եւ պետական հաստատութիւններուն աշխատանքը, ինչպէս նաեւ լիբանանցիները զրկած է հիմնական ծառայութիւններէ, եւ գ) Հըզպալլայի ընթացքը եւ այն իրականութիւնը, որ անիկա ահաբեկչական կազմակերպութիւն է, որ ինքն իր շահերը աւելի բարձր կը դասէ, քան` լիբանանցիներուն շահերը: Հետեւաբար Լիբանանի օրինական եւ պետական հաստատութիւններուն հետ մեր համագործակցութիւնը եւ լիբանանցիներուն տրամադրելիք մեր օժանդակութիւնը անհրաժեշտ են լուծելու վերոնշեալ երեք մարտահրաւէրները:
«Լիբանանի տարբեր գիւղաքաղաքներուն եւ շրջաններուն մէջ միլիոնաւոր սուրիացի գաղթականներուն նկատմամբ ցուցաբերուած անհաւատալի առատաձեռնութիւնը զարմացուցած է զիս: Ես հպարտ եմ նաեւ ամերիկացի ժողովուրդին առատաձեռնութեամբ: Սուրիացի գաղթականներուն նկատմամբ մեր ցուցաբերած հնգամեայ օժանդակութիւնը նպաստած է, որ Լիբանանի ուսերուն բեռցուած հսկայ ծանրութիւնը թեթեւնայ: Անցեալ ամսուան ընթացքին, Լոնտոնի մէջ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերի 133 միլիոն տոլարի գումար մը խոստացաւ` իբրեւ բարեսիրական նպատակներու իրագործման նիւթական նպաստ: Այդ նուիրատուութեամբ Մ. Նահանգներուն կողմէ Լիբանանին կատարուած օժանդակութիւնները կը գերազանցեն 1,1 միլիառ տոլարի գումարը, Սուրիոյ տագնապին սկիզբէն ի վեր:
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնէ ծերակոյտին, որ նեցուկ կանգնած է կատարուած այս նպաստին, որ կը փաստէ, թէ Ուաշինկթըն անշեղ կը մնայ աշխարհին սիրտը ցաւցնող եւ զայն յուզող ամէնէն բարդ տագնապներէն մէկուն լուծման: Իբրեւ դեսպան` պիտի աշխատիմ օժանդակելու Լիբանանին, որպէսզի դիմագրաւէ երկրին սպառնացող մարդկային այս հսկայ մարտահրաւէրը:
«ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի նման ծայրայեղական խմբաւորումներ Լիբանանի եւ շրջանին մէջ Միացեալ Նահանգներու շահերուն վտանգներ կը սպառնան: Սակայն լիբանանեան ապահովական ուժերուն հետ մեր գործակցութիւնը իր յստակ ազդեցութիւնը ունեցաւ այդ սպառնալիքներուն դէմ Լիբանանի ապահովական կայունութեան պահպանումին իմաստով: Լիբանան անդամ է նաեւ Մ. Նահանգներու գլխաւորած այն դաշինքին, որ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կը պատերազմի: Իբրեւ դեսպան` ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեմ, որպէսզի Մ. Նահանգներու եւ լիբանանեան բանակի ու ներքին ապահովութեան ուժերուն միջեւ յարաբերութիւնները աւելի եւս ամրապնդուին: 12 նոյեմբերին Պէյրութը ցնցած ահաբեկչական գործողութիւնը, որուն պատճառով 41 քաղաքայիններ զոհուած են եւ տասնեակ ուրիշներ վիրաւորուած, ողբերգական յիշեցում մըն է` ՏԱՀԵՇ-ի ներկայացուցած սպառնալիքին:
Ինծի համար շատ յուզիչ էր իմանալ, թէ ամերիկեան ծերակոյտը Պէյրութը ցնցած ահաբեկչական այդ արարքին զոհերուն յիշատակը յարգած էր մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ: Այս իրականութիւնը ապացոյց մըն է, որ ամերիկացի ժողովուրդը կը զօրակցի լիբանանցիներուն` ՏԱՀԵՇ-ի եւ ծայրայեղական այլ կազմակերպութիւններու դէմ անոր մղած պայքարին մէջ:
«Ամերիկեան ծերակոյտին կողմէ կատարուած այս առատաձեռն օժանդակութեան ընդմէջէն մենք լիբանանեան բանակին կ՛աջակցինք` անոր տրամադրելով զէնք ու զինամթերք, ռազմափորձ, ինչպէս նաեւ ամէն ինչ, որուն կարիքը ունի` պատերազմելու համար ծայրայեղականներուն դէմ: 2015-ի ընթացքին լիբանանեան բանակին մեր կատարած օժանդակութիւնները, որոնց արժէքը աւելի քան 150 միլիոն տոլար էր, գետնի վրայ իսկական փոփոխութիւն մը արձանագրած է: Լիբանանեան բանակը Սուրիոյ հետ Լիբանանի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ ապահովութիւն հաստատած է, այնպէս որ, Լիբանանի հիւսիսարեւելեան շրջանը զերծ կը մնայ ծայրայեղական խմբաւորումներուն վտանգներէն: Այս առումով անհրաժեշտ է նշել, որ լիբանանեան բանակը սկսած է օգտագործել ամերիկեան տիպի «Հելֆայըր» հրթիռներ` ռմբակոծելու համար ահաբեկչական թիրախները: Ներքին ապահովութեան ուժերուն հետ Միացեալ Նահանգներուն սերտ գործակցութիւնը իր կարգին շշմեցնող է այն իմաստով, որ այդ ուժերը վարժանքի կ՛ենթարկուին ամերիկեան գաղտնի սպասարկութեան եւ «Էֆ. Պի. Այ.»-ի պատասխանատուներուն կողմէ, որպէսզի մասնագիտանան քրէական հետաքննութեան աշխատանքին մէջ եւ իրենց յանգելիք արդիւնքներուն շնորհիւ արդարութիւն բանեցնեն լիբանանցիներուն համար` ահաբեկչական արարքներուն պարագային:
«Երկրի մը մէջ իսկական ապահովութիւնը կարիքը կ՛ունենայ քաղաքական աշխուժ ղեկավարութեան: Իսկ Լիբանանի նախագահական աթոռը կը մնայ թափուր վիճակի մէջ շուրջ երկու տարիէ ի վեր, ինչ որ երկար ժամանակաշրջան կը նկատուի: Ժամանակն է արդէն, որ Լիբանան կառչած մնայ ժողովրդավարական իր սկզբունքներուն եւ լիբանանեան սահմանադրութեան համաձայն ընտրէ հանրապետութեան նախագահ մը: Լիբանանցիները արժանի են ունենալու կառավարութիւն մը, որ իրենց կը մատուցէ տարրական ծառայութիւնները, կ՛ամրապնդէ երկրին տնտեսական իրավիճակը եւ կը դիմագրաւէ երկրին դէմ ծառացող ապահովական մարտահրաւէրները: Այս իմաստով Միացեալ Նահանգներուն կեցուածքը եղած է յստակ ու անխախտ. Լիբանան կարիքը ունի հանրապետութեան նախագահի մը, անյապաղ նախագահական ընտրութեամբ, ամբողջական կերպով գործող կառավարութեան եւ խորհրդարանի: Իսկ այս բոլորէն առաջ ան կարիքը ունի լիբանանեան պատասխանատուութեան, որովհետեւ լիբանանցիները ամէնէն աւելի շահաւոր դուրս պիտի գան իրենց երկրին յաջողութեամբ:
Այս անհրաժեշտութենէն մեկնելով` Լիբանանի օժանդակութեան միջազգային խմբակի խորհրդաժողովին ընթացքին Մ. Նահանգներ կարեւորութեամբ շեշտեցին նախագահական ընտրութեան անհրաժեշտութիւնը, իսկ իբրեւ դեսպան` պիտի աշխատիմ եւ զօրակցիմ լիբանանցիներուն` գործող կառավարութիւն մը ունենալու անոնց ջանքերուն մէջ:
«Իբրեւ դեսպան` կ՛ուզեմ նաեւ աշխատիլ լիբանանցի այն պատասխանատուներուն հետ, որոնք կը ձգտին չափաւորականութեան եւ երկրին ամբողջական անկախութեան ու գերիշխանութեան հաստատման:
Սուրիոյ տագնապին եւ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգին իբրեւ զօրակցութիւն Հըզպալլայի միջամտութիւնը, որ ինքնագլուխ քայլ մըն է եւ լիբանանցիներուն համաձայնութիւնը չի վայելեր, կը հակադրուի 2012-ի Պաապտայի յայտարարութեան, որուն մէջ յստակօրէն ընդգծուած է, թէ Լիբանան ինքզինք չէզոք կը պահէ շրջանային տագնապներէն:
Սուրիոյ մէջ Հըզպալլայի գործողութիւնները ապահովական հսկայ մարտահրաւէրներու դուռ կը բանան Լիբանանին: Իբրեւ դեսպան` պիտի աշխատիմ ի խնդիր Լիբանանի ամբողջական գերիշխանութեան հաստատումին, ինչպէս նաեւ` բանակը վերածելու երկրին օրինականութիւնը պաշտպանող զինուորական միակ հաստատութեան:
«Ամերիկեան վարչակազմը ամբողջական զօրակցութիւն կը յայտնէ Մ. Նահանգներու ծերակոյտին կողմէ անցեալ դեկտեմբերին վաւերացուած այն օրէնքին, որ կ՛արգիլէ Հըզպալլայի միջազգային ֆինանսաւորումը: Մենք բոլորին յստակացուցինք, որ մեր նպատակն է Հըզպալլայի միջազգային նիւթական ցանցը քայքայել եւ զօրակցիլ լիբանանեան հաստատութիւններուն եւ լիբանանցի ժողովուրդին: Այդ քայլը ուղղակիօրէն պիտի ծառայէ Լիբանանի տնտեսական կայունութեան իրականացման: Իսկ լիբանանեան դրամատնային մարզը, որ երկրին տնտեսութեան ողնասիւնն է, կը վստահի իր վայելած վարկին, որ խորքին մէջ բացառիկ է: Հետեւաբար Լիբանանի եւ Միացեալ Նահանգներու շահերը կ՛երաշխաւորեն, որ Հըզպալլա լիբանանեան ելեւմտական մարզը չքանդէ: Հետեւաբար, իբրեւ դեսպան, պիտի աշխատիմ լիբանանեան ելեւմտական մարզին հետ եւ պիտի ամրապնդեմ լիբանանեան-ամերիկեան գործակցութիւնը` պայքարելու համար դրամի լուացումի եւ ահաբեկչութեան ֆինանսաւորումի դէմ:
«Լիբանանի մէջ տնտեսական բարգաւաճման նկատմամբ յանձնառութիւնը երկկողմանի յարաբերութիւններուն հիմքը կը կազմէ: Մեր տրամադրած օժանդակութիւնները, ինչպէս` համալսարանական կրթանպաստ, գիւղերու մէջ ըմպելի ջուրի մատակարարման եւ կոյուղիներու հաստատման ծրագիրները, կը նպաստեն Լիբանանին` դիմակայելու շրջանային տագնապներուն պատճառած տնտեսական հետեւանքներուն: Իբրեւ դեսպան` պիտի աշխատիմ ընդարձակել Լիբանանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ առեւտուրը` բարելաւելով ամերիկեան արտադրութիւններու Լիբանան արտածումը: Իսկ եթէ Լիբանան անդամակցի Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութեան, ապա այդ քայլը պիտի ըլլայ դրական զարգացում մը, եւ մենք պատրաստ պիտի ըլլանք համաշխարհային տնտեսութեան հետ Լիբանանի կապը ամրապնդելու:
«Կարեւորագոյնը սակայն այն է, որ ամերիկացի դիւանագէտներուն եւ մեր բարեկամ զինուորականներուն համար Լիբանան սուրբ հող է: Մենք բնաւ պիտի չմոռնանք ամերիկեան դեսպանատան եւ ծովուժին դէմ գործուած ահաբեկչութիւնները, որոնք արձանագրուեցան 1983-ին, Պէյրութի մէջ: Իբրեւ դեսպան` Լիբանանի մէջ բոլոր ամերիկացիներուն ապահովութիւնն ու անվտանգութիւնը ինծի համար առաջնահերթութիւններ պիտի ըլլան»: