Պատրաստեց` ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ
Վերջերս շրջանառութեան մէջ դրուած են լուրեր, թէ միջազգային ընտանիքը Լիբանանի տնտեսութեան պիտի զօրակցի` սուրիացի գաղթականները Լիբանանի մէջ բնակեցնելու ծրագիրին գործադրութեան դիմաց:
Այս առումով, ամբաստանութեան հիմնական թիրախը դարձաւ Սուրիոյ տագնապին հետեւանքները կրող պետութիւններուն համար Լոնտոնի մէջ նուիրատու երկիրներուն խորհրդաժողովը:
Սակայն անկախ այդ տարաձայնութիւններէն, գետնի վրայ տակաւին ոչինչ յստակ է Լոնտոնի խորհրդաժողովին լոյսին տակ Լիբանանի տրամադրուելիք օժանդակութեան իմաստով:
Մինչդեռ Լիբանան շարունակեց անշեղ մնալ բնակեցումը մերժելու իր պաշտօնական կեցուածքէն, իսկ ՄԱԿ-ը եւ միջազգային ընտանիքը ներկայացնող պատասխանատուներ վկայեցին, թէ Լիբանանի համար բաւական ծանր է սուրիացի գաղթականներուն բեռը:
Լիբանանեան մամուլին մէջ տեղ գտած կարգ մը տեղեկութիւններու համաձայն, Լոնտոնի խորհրդաժողովին նախօրեակին շրջանառութեան մէջ դրուած են ծրագիրներ, որոնց համաձայն, եւրոպացիներն ու Արեւմուտքը կը միտին սուրիացի գաղթականները բնակեցնել այն երկիրներու մէջ, ուր անոնք կը գտնուին, որպէսզի արգիլեն անոնց Եւրոպա հասնելու հաւանականութիւնը:
Այս միտումներուն փաստը Բրիտանիոյ վարչապետին եւ միջազգային այլ պատուիրակներու կողմէ գաղթակայանները այցելելու քայլն է:
Նոյն աղբիւրներուն համաձայն, նախքան Լոնտոնի խորհրդաժողովին գումարումը` Լիբանան հասած է բրիտանական պատուիրակութիւն մը, որ պահանջած է դիւրացնել սուրիացի գաղթականներուն առօրեան եւ բարելաւել անոնց պայմանները` անոնց շնորհելով աշխատանքի եւ այլ իրաւունքներ:
«Ախպար» օրաթերթին համաձայն, Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մէկ պատուիրակութիւնը 16 յունուարին այցելած է Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի եւ անկէ պահանջած` սուրիացի գաղթականներուն նիւթական դիւրութիւններ ընծայող երկու որոշումներ տալ: Այդ որոշումներէն մէկը պիտի ըլլար այն, որ սուրիացի գաղթականներու աշխատանք հայթայթող ընկերութիւններուն կամ գործարաններուն ելեւմտական դիւրութիւններ տրամադրուին, իսկ երկրորդ որոշումը պիտի ըլլար Լիբանանի մէջ գործ հաստատել կամ տնտեսական ծրագիրներ գործադրել փափաքող սուրիացի գործարարներուն նիւթական դիւրութիւններ ընձեռել:
Սալամէի մօտիկ աղբիւրներ շեշտեցին, որ անոր պատասխանը ժխտական էր եւ հասած էր այն աստիճանի, որ Սալամէ պիտի ջնջէր Լոնտոնի խորհրդաժողովին իր մասնակցութիւնը:
Նոյն օրաթերթը հաստատեց, որ Սալամէ մերժած է բրիտանական այդ պահանջը` ընդգծելով, որ ոչինչ իրեն կը պարտադրէ նման որոշումներ տալու:
«Ինձմէ կը պահանջէք լիբանանցիներուն գումարները փոխանցել սուրիացի գործարարներուն` առանց երաշխիքներու կամ օրէնքի: Այդ կացութիւնը կրնայ դրամատնային լուրջ վտանգներ յառաջացնել: Կարծէք` մեզմէ կը պահանջէք անձնասպան ըլլալ», եղած էր Սալամէի պատասխանը:
Սալամէ աւելցուցած էր, որ իրմէ պահանջուածը սուրիացի գաղթականներուն անուղղակի բնակեցումն է եւ` հաստատած, որ եթէ լիբանանցիները կը մերժեն պաղեստինցիներուն բնակեցումը, բնականաբար անոնք կը մերժեն նաեւ սուրիացի գաղթականներուն բնակեցումը` ժողովրդագրական համեմատութիւններու մտահոգութեամբ:
«Այս իրականութիւնը կրնայ քաղաքացիական պատերազմ պատճառել: Յունուար ամսուան ընթացքին Եւրոպա Թուրքիոյ միլիառաւոր տոլարներ յատկացուց, հակառակ անոր որ անիկա հզօր պետութիւն է եւ Լիբանանէն աւելի քիչ թիւով սուրիացի գաղթական հիւրընկալած է: Լիբանան շուրջ մէկուկէս միլիոն գաղթական կը հիւրընկալէ եւ իբրեւ այդպիսին` անկէ պէտք չէ որոշումներ պահանջել, այլ` անոր նուազագոյնը 10 միլիառ տոլար յատկացնել:
Լիբանանեան մամուլին տրամադրած տեղեկութիւններուն համաձայն, Լոնտոնի խորհրդաժողովը Լիբանանի մէջ սուրիացի գաղթականները բնակեցնելու նախաքայլ մըն է, ինչպէս նաեւ` լիբանանեան ժողովրդագրական իրավիճակը փոփոխութեան ենթարկելու փորձ մը:
Սուրիացի գաղթականներուն ներկայութիւնը լիբանանեան գոյացութեան սպառնացող վտանգ մըն է, յատկապէս նկատի ունենալով, որ գաղթականներուն մեծամասնութիւնը Սուրիոյ վարչակարգին ընդդիմադիրներուն մաս կը կազմէ, եւ հետեւաբար սուրիական գաղթակայանները, այլ խօսքով` վրանաքաղաքները կրնան վերածուիլ ռազմակայաններու, այնպէս` ինչպէս եղած է կացութիւնը Արսալի բարձունքներուն վրայ:
Սալամ – Տը Միսթուրա Հանդիպում
Միւնիխի մէջ շաբաթավերջին գումարուած ապահովութեան յատուկ խորհրդաժողովի ծիրին մէջ վարչապետ Թամմամ Սալամ հանդիպում մը ունեցաւ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրայի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Սուրիոյ տագնապին լուծման նպատակով ի գործ դրուած ջանքերը:
Վարչապետ Սալամ տը Միսթուրայի ներկայացուց Լիբանանի համար ծանր բեռ նկատուող սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարը եւ անոր դիմաց Լիբանանի ստացած խորհրդանշական օժանդակութիւնները:
Տը Միսթուրա գնահատեց Լիբանանի ցուցաբերած մարդասիրական մօտեցումը եւ գաղթականներուն սրտբաց հիւրընկալումը: Ան ողջունեց Լիբանանի որդեգրած` ինքզինք Սուրիոյ տագնապէն հեռու պահելու պաշտօնական կեցուածքը եւ կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն` պահպանելու երկրին ապահովական կայունութիւնը:
Պասիլ. «Լիբանանի Սահմանադրութիւնը
Կը Մերժէ Բնակեցումը»
Սուրիացի գաղթականներուն տունդարձի մասին միջազգային բեմերէն մնայուն կերպով շեշտող արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ Միւնիխի մէջ շեշտեց, որ Լիբանանի սահմանադրութիւնը կը մերժէ բնակեցումը, աւելցնելով, որ այս հանգրուանին միջազգային ընտանիքը կը փորձէ Լիբանանին պարտադրել միջազգային նոր բառամթերք, ինչպէս` «գաղթականներու կամովին տունդարձ», եւ այս սկզբունքը Լիբանանին չի կրնար համապատասխանել, որովհետեւ Լիբանան գաղթականները դուրս չդրաւ իր երկրէն եւ անոնց հանդէպ խիստ վերաբերմունք չցուցաբերեց:
Պասիլ հաստատեց, որ «գաղթականներու կամովին տունդարձ»-ին մասին միջազգային քաղաքականութիւնը խիստ վերաբերում կը նկատուի եւ անիկա մերժելի է:
Մուսա. «Հարկ Է Գործակցիլ Միջազգային
Ընտանիքին Հետ` Մեղմացնելու Համար
Գաղթականներուն Բեռը»
Մարդկային իրաւունքներու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Միշել Մուսա հանդիպում մը ունեցաւ Եւրոպական խորհրդարանի գաղթականներու յանձնաժողովի նախագահ Անեթ Կրոթի հետ, որուն հետ քննարկեց Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն պարզած իրավիճակն ու անոնց կարիքները հոգալու իմաստով Լիբանանի դիմագրաւած հարցերը:
Մուսա շեշտեց, որ հանդիպումին ընթացքին ընդգծած է գաղթականներուն պարզած վտանգները, աւելցնելով, որ միջազգային ընտանիքը պատասխանատու է փոքր երկիրներուն վրայ գաղթականներուն պարտադրած բեռը թեթեւցնելու:
Ժողովուրդներն են, որոնք սուղ կը վճարեն Սուրիոյ տագնապին գինը, հետեւաբար պէտք է գործակցիլ միջազգային ընտանիքին հետ` մեղմացնելու համար գաղթականներուն բեռը:
Ապու Սաապ. «Միջազգային Ընտանիքը Պէտք Է
Օժանդակէ Մեզի, Որպէսզի Մենք Մեր Կարգին
Օգնենք Գաղթականներուն»
Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ Սուրիոյ տագնապին հարցով նուիրատու երկիրներուն Լոնտոնի խորհրդաժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ պատմեց սուրիացի գաղթական երեխայ Մոհամետի մահուան դէպքը:
«Սուրիացի գաղթական երեխայ մը, որուն անունը Մոհամետ էր Ռաֆիք Հարիրիի անուան դպրոցը կը յաճախէր, երբ օր մը դասապահի ընթացքին ան իր գրասեղանը լքելով ուղղուեցաւ կողքի դասարանը, ուր կը գտնուէին իր քոյրն ու եղբայրը: Մոհամետ անոնց ժպտաց եւ վերադարձաւ իր գրասեղանը, ուր աւանդեց իր հոգին», ըսաւ Ապու Սաապ յուզումով:
Ապու Սաապ շեշտեց, որ իրենք կը հպարտանան, որ Լիբանանի մէջ կրցած են Մոհամետի եւ անոր նմաններուն ուսում ջամբել, «սակայն միջազգային ընտանիքը իր կարգին պատասխանատու է հոգալու այդ երեխաներուն ուսման կարիքը, աւելցնելով, որ կան տակաւին երկու հարիւր գաղթական երեխաներ, որոնք դպրոց չեն յաճախեր: Հետեւաբար միջազգային ընտանիքը պէտք է օժանդակէ այդ գաղթականները հիւրընկալող Լիբանանին, որպէսզի ան իր կարգին կարենայ ուսում ապահովել այդ երեխաներուն», նշեց Ապու Սաապ:
Լազարինի. «Լիբանանի Մէջ
Սուրիոյ Տագնապին Հետեւանքները
Մեր Պատկերացումէն Շատ Աւելին Են»
Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի ներկայացուցիչ Ֆիլիփ Լազարինի հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ Սուրիոյ տագնապին, Լիբանանի վրայ անոր ունեցած հետեւանքներուն, ինչպէս նաեւ` սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարին:
Լազարինի յայտնեց, որ Սուրիոյ տագնապը արդէն իսկ թեւակոխած է իր վեցերորդ տարին, եւ երկիրը կը պարզէ ամբողջապէս քայքայուելու իրավիճակ մը:
«Լիբանանի մէջ Սուրիոյ տագնապին հետեւանքները մեր պատկերացումէն շատ աւելին են: Լիբանանի տարածքին ներկայի բնակիչներուն չորսէն մէկը սուրիացի գաղթական է, իսկ երկրին ընկերային կառուցուածքն ու ժողովրդագրական դիւրաբեկ հաւասարակշռութիւնը օրական դրութեամբ վտանգուած է», ըսաւ ան:
Լազարինի յայտնեց, որ Լիբանան մնայուն կերպով շրջանային տագնապներու զոհ գացած է, նշելով, որ մշակութային ազատութիւն, բազմազանութիւն եւ ժողովրդավարութիւն վայելող այս երկիրը Միջին Արեւելքի մէջ իւրայատուկ է: «Լիբանան ի վիճակի չէ գաղթականներու տագնապը երկար հանդուրժել, նկատի ունենալով, որ գաղթականները վտանգ կը սպառնան անոր քաղաքացիական անվտանգութեան: Հետեւաբար Միջին Արեւելքի մէջ համերաշխութեան եւ ազգային համակեցութեան միակ օրինակը նկատուող երկիրը կրնայ քանդուիլ», նշեց ան:
Լազարինի աւելցուց, որ լիբանանցին կը տառապի անգործութենէ, աղքատութենէ եւ ընկերային շարք մը այլ հարցերէ, որոնք աւելի եւս կը բարդանան սուրիացի գաղթականներուն ներկայութեամբ: «Այս կացութիւնը կրնայ օր մը պատճառ դառնալ, որ լիբանանեան հիւրընկալ ընկերութիւնը վերջ տայ հիւրընկալութեան եւ վերածուի լիբանանեան ընկերութեան մօտ լարուածութեան», ըսաւ ան:
Լազարինի հաստատեց, որ միջազգային ընտանիքը պէտք է բարելաւէ Լիբանանի տնտեսական կարողութիւնները, որպէսզի ան կարենայ հանդուրժել սուրիացի գաղթականներուն հսկայ հարցը:
«Չկայ գաղթական մը, որ կը փափաքի գաղթական մնալ, իսկ դէպի ապահով վայրեր կամովին տունդարձը կը մնայ գաղթականներուն համար լաւագոյն լուծումը», ըսաւ Լազարինի` եզրափակելով, որ սուրիացի գաղթականները պիտի վերադառնան իրենց երկիրը եւ վերստին պիտի կառուցեն իրենց բնակարաններն ու կազմեն իրենց ընտանիքները:
Քաակ Այցելեց Պեքաայի Գաղթակայանները
Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակ այցելեց Պեքաայի մէջ կեդրոնացած սուրիացի գաղթականներուն գաղթակայանները, ուր ան շեշտեց, որ մինչ Լիբանան կը շարունակէ դիմագրաւել Սուրիոյ տագնապին հետեւանքները, ՄԱԿ պատասխանատու է օժանդակելու Լիբանանին, որպէսզի ան կարենայ պահպանելու իր ապահովական կայունութիւնը:
Քաակ ընդգծեց նաեւ Լիբանանի ընկերային կայունութեան անհրաժեշտութիւնը` հաստատելով գաղթականներուն յատկացուելիք նիւթական յաւելեալ օժանդակութեան կարեւորութիւնը:
Օգտագործուած աղբիւրներ` «Նահար»,
«Ախպար», «Ազգային լրատու գործակալութիւն»