Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տուրմի` Շոքոլայի Օգուտները. Կարելի՞ Է Ներդաշնակել Հաճոյքն Ու Առողջութիւնը

May 14, 2015
| Առողջապահական - Բժշկագիտական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՔԱՐԼԱ ԵԱՐՏԸՄԵԱՆ 

deconstructingyourself-comՄեզմէ շատեր չեն կրնար ձերբազատիլ հաճոյքով տուրմ ուտելէն, մասնաւորաբար` ցուրտ  եւ անձրեւային եղանակներուն: Ինչո՞ւ դժուարութիւն կ՛ունենանք դիմադրելու տուրմին: Ուսումնասիրողներ կը յայտնեն, որ տուրմը հոգեկանին վրայ դրական ազդեցութիւն ունեցող բաղադրութիւններու գանձ է, որ կարելի չէ անտեսել:

Տուրմը հարուստ է թէոպրոմին տարրով, որ կ՛ազդէ տրամադրութեան վրայ: Միւս կողմէ` ան կը պարունակէ սերոթոնին, որ ջղագրգռութիւնը կ՛անհետացնէ: Տուրմը կը պարունակէ նաեւ քաֆէին: Իւրաքանչիւր 40 կրամ լեղի տուրմին մէջ կայ 28 միլլիկրամ քաֆէին, հետեւաբար աշխուժ եւ առոյգ կը պահէ մարմինը: Տուրմը կը պարունակէ նաեւ անանտամիտ, որ հանդարտեցնող յատկութիւն ունի եւ ուրախութիւն ու հաճոյք կը պատճառէ:

Այս բոլոր տուեալներէն զատ, տուրմը կը պարունակէ նաեւ ֆենիլեթիլամին եւ թիրամին, որոնք ամֆեթամինի նման գոհունակութիւն եւ հանգստութիւն պատճառելու յատկութիւնը ունին: Այս բոլորին վրայ կրնանք աւելցնել Անտորֆիններուն մեծ քանակը, որ մեր մարմինը կ՛արտադրէ, ամէն անգամ որ տուրմ սպառենք: անտորֆինները կը հանգչեցնեն մարմինը` նուազեցնելով ջղագրգռութիւնը: Իսկ տակաւին կարելի՞ է հարց տալ, թէ ինչո՞ւ չենք կրնար դիմադրել տուրմին, եւ երբ  առաջին կտորը ուտենք, կ՛ուզենք անցնիլ երկրորդ, երրորդ կտորին եւ` շարունակաբար:

Տուրմը ոչ միայն հոգեկան բաւարարութիւն կու տայ կամ հոգեբանականօրէն դրական կ’ազդէ, այլ նաեւ օգտակար է մարմնին, որովհետեւ կը պարունակէ մեծ քանակութեամբ հանքային աղեր, ինչպէս` քալսիոմ, մակնիզիոմ եւ ֆոսֆոր: Հիանալին այն է, որ նաեւ կը պարունակէ բնաթել, որովհետեւ հարուստ է քաքաոյով, մօտաւորապէս` 30 առ հարիւր:  Կտոր մը տուրմը կը պարունակէ 19 կրամ բնաթել, որ հաւասար է 100 կրամ լուբիայի կամ 270 կրամ ամբողջական հացի մէջ գտնուող բնաթելին:

Տուրմը Ծերութեան Դէմ

Այս բոլոր յատկութիւններու կողքին, տուրմը կը պարունակէ նաեւ բաւարար քանակութեամբ ֆենոլ տարրը, որ կը նուազեցնէ ծերութեան յատկանիշները, ինչպէս նաեւ կը պաշտպանէ մարմինը սրտանօթային հիւանդութիւններէ եւ քաղցկեղէ` մարմնին բջիջները հականեխելու ճամբով: Ճարպային թթուները, որոնք կը գտնուին տուրմին մէջ, չեն բարձրացներ արեան քոլեսթերոլի քանակը:

Տուրմին միակ անպատեհութիւնը այն է, որ հարուստ է ջերմուժով, հետեւաբար պէտք է չափաւոր քանակութեամբ սպառել:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ուրբաթ, 15 Մայիսին` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ռիատի Պէյրութ 4-րդ Մրցումը

Յաջորդը

Անի Պալապանեանի Բարձրորակ Նուագահանդէսը «Փիեռ Ապու Խաթեր» Հանդիսասրահին Մէջ

RelatedPosts

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն

March 14, 2025
Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Կապիկի Ծաղկախտ-Monkeypox

August 19, 2024
Գետ-Գիտութեան
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան

July 11, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.