Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շոգիով Եփած Միսն Ու Բանջարեղէնը

July 24, 2014
| Առողջապահական - Բժշկագիտական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՔԱՐԼԱ ԵԱՐՏԸՄԵԱՆ

IMG_9211Շատեր կը կարծեն, թէ շոգիով դանդաղ եփելը կամ ճաշի հասունացման դանդաղ ընթացքը վնասակար է: Մենք պիտի ըսենք, թէ ընդհակառա՛կը, այդ մէկը շատ աւելի առողջապահական է: Ընդեղէնները, բանջարեղէնները կամ բոյսի տեսակները  դանդաղ շոգիով եփելը նախընտրելի է մասնաւորաբար դիւրամարսութեան համար, որովհետեւ անոնք մեծ քանակութեամբ բնաթել կը պարունակեն: Դանդաղ ընթացքով` շոգիով եփելը կը կակուղցնէ բնաթելը, եւ մարմինը դիւրութեամբ կ՛օգտուի անոր սնունդէն: Շոգիով դանդաղ եփելը թոյլ կու տայ, որ ուտելիքին մէջ գտնուող նշայ սննդատարրը, ինչպէս նաեւ մսեղէններուն մէջ գտնուող քոլաժեն սնունդը առաւելագոյն կերպով եւ դիւրութեամբ ընդունուին կամ իւրացուին մարմնին կողմէ:

Բոլոր բանջարեղէնները, որոնք բնաթել կը պարունակեն, ձեւով մը կը գրգռեն ստամոքսը, մասնաւորաբար դիւրազգաց ստամոքսը, հետեւաբար դանդաղ, շոգիով եփելը միշտ օգտակար է ստամոքսը խաղաղ պահելու համար: Կայ այն կարծիքը, որ  ճաշը իր ամբողջական սնունդը կրնայ կորսնցնել, եթէ դանդաղ եփենք զայն: Այս ենթադրութիւնը բացարձակապէս սխալ է, հակառակն է ճիշդը: Փաստն այն է, որ խաշած գետնախնձորին մէջ գտնուող կենսանիւթ Սէ-ին քանակը շատ աւելի բարձր է, քան` հում ստեպղինի մը մէջ գտուող կենսանիւթ Սէ-ին քանակը:

Այս բոլորէն հետեւցնելով` կրնանք ըսել, որ շոգիով խաշած միսի ու բանջարեղէնի ճաշը ամէնէն հարուստ եւ օգտակար ճաշերէն մէկն է, որովհետեւ կը հասուննայ դանդաղ եւ ինքնիրմով:

Եթէ կ՛ուզենք, որ արգանակը թանձր ըլլայ, կրնանք ուտելիքը նախ եփել` զետեղելով պաղ ջուրի մէջ եւ ապա տաք ջուրի մէջ, բացի գետնախնձորէն, որովհետեւ գետնախնձորը եթէ երկար եփի, կը փճանայ կամ կը հալի:

Զգուշ պէտք է ըլլանք, որ վայրի բոյսերը, ինչպէս` մեխակը, կասիան սկիզբէն ճաշին մէջ չդնենք, որովհետեւ եթէ զանոնք երկար տեւողութեամբ եփենք, ճաշին լեղի համ կու տան:

Զանազան տեսակի ուտելիքներ իրարու հետ դանդաղ եփելով` անոնց սննդական տարրերը միասնաբար կը հասնին սննդական իրենց առաւելագոյն արժէքին, եւ մարմինը զանոնք կ՛իւրացնէ եւ կ՛ընդունի դիւրութեամբ եւ առանց որեւէ արգելքի:

 

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Երանի՜

RelatedPosts

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն

March 14, 2025
Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Կապիկի Ծաղկախտ-Monkeypox

August 19, 2024
Գետ-Գիտութեան
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան

July 11, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.