ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Կռնակի ցաւը լաւապէս հասկնալու եւ անոր ախտաճանաչումը կատարելու համար պէտք է գիտնաք ողնայարին (spinal column) կազմաւորումը: Ողնայարը կազմուած է 33 ողներէ (vertebra), որոնցմէ առաջին եօթն կը կոչուին պարանոցային-վիզի (cervical) ողներ, ասոնց կը յաջորդեն 12 լանջային (thoracic) ողները, 5 գօտկային կամ մէջքի (lumbar) ողները, 5 սրբանային (sacral) ողները եւ 4 պոչային (coccygeal) ողները: Ընդհանրապէս սրբանային եւ պոչային ողները առանձնաբար միաձուլուած կ՛ըլլան եւ կը ներկայանան որպէս երկու ամբողջութիւններ: Մէջքի 5 ողներէն վերջինը յաճախ միաձուլուած կ՛ըլլայ սրբանային առաջին ողնին հետ: Իւրաքանչիւր ողն կազմուած է հաստատուն մարմինէ մը, կեդրոնական մեծ բացուածքէ մը եւ կողմնակի ցցուն ոսկրային թեւերէ: Ողներուն կեդրոնական շարունակական բացուածքները կը կազմեն երկար խողովակ մը` ողնայարին ամբողջ երկարութեան, իսկ ոսկրային կողմնակի թեւերու շարունակականութիւնը կը ստեղծէ ողնային կողմնակի պզտիկ ծակտիկներ: Ողնածուծը (spinal cord), որ շարունակութիւնն է ուղեղին, զետեղուած է ողնայարի կեդրոնական խողովակին մէջ: Ողնայարի կողմնակի ծակտիկներէն դուրս կու գան ողնածուծի 30 ջիղերը, որոնք կը տարածուին դէպի մարմինին բոլոր մասերը: Այս ջիղերէն 8 հատը կը կոչուին պարանոցային ջիղեր, 12 հատը` լանջային ջիղեր, 5 հատը` գօտկային-մէջքի ջիղեր եւ 5 հատը` սրբանային ջիղեր:
Ողներու հաստատուն մարմիններուն միջեւ կը գտնուին յատուկ բոլորակաձեւ սալեր (discs), որոնք կը պաշտպանեն ողները հարուածներէ եւ ողնայարին կու տան շարժումի որոշ ազատութիւն: Ողները իրարու կապուած են աճառային (cartilaginous) յօդերով, մկաններով, մկանային լարերով եւ մաշկային հիւսուածքներով: Ողնայարը կը գործէ որպէս յենարան եւ կը շալկէ ամբողջ իրանը ուղղաձիգ վիճակի մէջ:
Ողնայարի երկու ողներուն միջեւ գտնուող աճառային սալը կազմուած է արտաքին օղակաձեւ թելաւոր հիւսուածքէ (annular fibrosis) եւ ներքին-կորիզային կակղանէ (nucleus pulposis): Հարուածային կամ ոչ հարուածային հիւծիչ փոփոխութիւններ (degeneration) տեղի կ՛ունենան ներքին-կորիզային բաժինին մէջ: Այս փոփոխութիւններուն որպէս հետեւանք` տեղի կ՛ունենան երկու անբնական երեւոյթներ. սալին ներքին կորիզային բաժինը կ՛արտացցուի (protrude) եւ կամ կը ճեղքուի եւ, հետեւաբար, դուրս կ՛ելլէ արտաքին օղակաձեւ թելաւոր հիւսուածքէն: Ասիկա առաւելաբար կը պատահի գօտկա-սրբանային (lumbosacral) եւ պարանոցային ողներուն մէջ: Սալի ներքին բաժինը կը տեղադրուի (displaced) դէպի ետկողմ (posterolateral) կամ ետեւ ու ճնշում կը բանեցնէ հոն գտնուող ջիղերուն վրայ: Դէպի ետեւ ըլլալու պարագային կը ճնշէ ողնածուծին վրայ:
Գօտկային սալաթափութեան 80 տոկոսը կը պատահի հինգերորդ գօտկային ողնոսկրին եւ կամ առաջին սրբանային ողնին մէջ:
Միջողնային սալաթափութիւնը յաճախակիօրէն տեսնուած հիւանդութիւն մըն է, որ երբեմն կը մնայ առանց ախտանշանի:
Այս հիւանդութեան ախտանշանները կը յայտնուին, երբ սալը կը ճնշէ ողնածուծէն դուրս ելլող ջիղերուն վրայ: Սալաթափութեան յաճախակի ախտանշաններն են` ելեկտրանման ցաւ, թմրութիւն, թռթրացումի անբնական զգացում-ասղնտոց (tingling) եւ մկանային տկարութիւն սրունքի որոշ բաժիններուն մէջ:
Ախտանշաններու զօրութիւնը կախեալ է տեղադրուած սալի յառաջացուցած ջիղերու ճնշումէն:
Միզապահութիւն (urinary retention) եւ անպահութիւն (incon-tenance) կը յառաջանայ, երբ ողնածուծի վերջին բաժինը ճնշուի: Այս ճնշումին պատճառով միզապարկի մկանային սեղմիչ օղակի (sphincter) գործունէութիւնը կը խանգարուի, եւ տեղի կ՛ունենայ միզապահութիւն կամ անպահութիւն:
Սալաթափութեան յառաջացուցած սրնքային ցաւը միակողմանի է, երբ սալաթափութիւնը դէպի մէկ կողմ է: Ցաւը երկկողմանի է, երբ սալաթափութիւնը դէպի կեդրոն է:
Պարանոցային սալաթափութեան պարագային տեղի կ՛ունենայ արմուկներու ցաւ, որ կը յառաջանայ գլխու դէպի վար, աջ ու ձախ շարժումով:
Սալաթափութեան ախտապատճառներն են.
- Միջողնային սալի տեղադրում դէպի առջեւ, աջ կամ ձախ, որ կը պատահի առջեւ ծռելով եւ ծանր իրեր շալկելու ընթացքին.
- Միջողնային սալի առաձգականութեան եւ փափկութեան կորուստ ծերութեան պատճառով: Այս պարագային սալը կը վերածուի կարծր հիւսուածքի մը, որ հակամէտ կ՛ըլլայ ճեղքուելու նուազագոյն հարուածով մը.
- Ողնայարի անմիջական հարուած-վնաս:
Սալաթափութեան ախտաճանաչումը կ՛իրականանայ կատարելով`
- Ողնայարի համակարգչային շերտագրական նկարահանում (CT Scan).
- Ողնայարի մագնիսարձագանգային նկարահանում (MRI):
Սրունքներու եւ բազուկներու մկաններու համակարգչային նկարահանումը (muscle Scan) եւ մկանանկարահանումը (myelography ) կ՛օգնեն ախտաճանաչումին:
Սալաթափութենէ տառապող հիւանդներուն 90 տոկոսը 3 ամիսներու ընթացքին կը վերադառնայ բնականոն վիճակի` առանց վիրաբուժական միջամտութեան:
Միջողնային սալաթափութիւնը կը դարմանուի զանազան դարմանամիջոցներով:
Պարզ եւ թեթեւ պարագաներուն, ցաւաբեկ դեղեր եւ ժամանակաւոր մարմնական-ֆիզիքական հանգիստ որոշապէս կ՛օգնեն: Սառով պաղ թրջոց առաջին օրերուն եւ տաք թրջոց հետագային` յանձնարարելի է: Երկար ժամանակ անկողինի մէջ հանգիստը եւ անշարժութիւնը յանձնարարելի չեն: Իսկ ծանր աշխատանքը վնասակար է ցաւի անյայտացումէն ետք: Անկողինը պէտք է ըլլայ կարծր:
Վիրաբուժական միջոցառումը` սալահատում (diskectomy) եւ ողնուղեղի թիթեղահատում (laminectomy) կը դառնան պարտաւորիչ` յառաջացած պարագաներուն, երբ ցաւը եւ մկանային թմրութիւնը ուժգին են:
Կան դարմանումի այլ միջոցներ. օրինակի համար` ջղախցում-ջիղի անանցանելիութիւն (nerve block) որոշ զգայազրկիչ դեղերով եւ ողնածուծի քորթիզոնով ներարկում: Սալահատում կը կատարուի նաեւ ողնայարի ուժգին եւ արագ ջրացայտումով ((hydrodiskectomy with spinal water jet): Այս դարմանամիջոցը նոր է եւ ունի որոշ առաւելութիններ: Անիկա կը կատարուի տեղական զգայազրկումով, մորթին վրայ պզտիկ ճեղք մը բանալով, առանց ոսկրահատումի եւ մկանահատումի: Ամբողջ գործողութիւնը կը տեւէ 20-30 վայրկեան: Ջրացայտումէն քանի մը ժամ ետք հիւանդը կը վերադառնայ տուն: Ապաքինման ժամանակամիջոցը կարճ է, եւ ենթական գործի կը վերադառնայ շուտով: Այս դարմանամիջոցը կը կիրարկուի անոնց, որոնք միայն սալաթափութիւն ունին` առանց ողնածուծային ճնշումի, դեղերով եւ 4-5 շաբաթ հանգիստ ընելով չեն բարելաւուած ու ողնածուծի խողովակի նեղացում չունին: Ներողնոսկրային սալի ջրացայտումէն ետք հիւանդը պէտք չէ ժամերով նստած մնայ, ծռի դէպի առջեւ եւ ոլորուի աջ կամ ձախ (twist):