Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գլխապտոյտ (ԳԴՆ Գլխապտոյտ) Paroxysmal Position Vertigo (PPV)

Օգոստոս 5, 2015
| Առողջապահական - Բժշկագիտական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Vertigo-or-Dizziness_8-05-15Գլխու դիրքաւորման նոպայական գլխապտոյտը (ԳԴՆ գլխապտոյտը) յաճախ պատահող գլխապտոյտի (vertigo) տեսակ մըն է:

Գլխապտոյտ ըսելով` կը հասկնանք մարմինի հաւասարակշռութեան խանգարում եւ մարմնական անբնական թաւալումի զգացում, ինչպէս նաեւ` շրջապատի թաւալում ու տեղաշարժ: Գլխապտոյտը շարժումի եւ թաւալումի խաբկանք է:

Մեր մարմինի ֆիզիքական հաւասարակշռութիւնը կը պահուի շնորհիւ մեր մարմինի երեք հիմնական կեդրոններու բնական գործունէութեան: Այս կեդրոնները հետեւեալներն են.

Ա. Ներքին ականջները

Բ. Աչքերը-տեսողութիւնը

Գ. Մարմինի մկաններու եւ յօդերու զգացողականութիւնը (sensation)

F3_8-05-15Լաւապէս հասկնալու համար գլխապտոյտը ընդհանրապէս եւ «ԳԴՆ գլխապտոյտ»-ը` մասնաւորապէս, նախ ամփոփ ձեւով պիտի անդրադառնանք վերոնշեալ երեք կեդրոններու կազմախօսութեան (anatomy) եւ գործունէութեան:

Ա. Ներքին ականջ.

Անիկա կազմուած է`

ա. Երեք կիսաբոլոր խողովակներէ (semicircular canals), որոնց մէջ զետեղուած են հաւասարակշռութեան ջիղի սկզբնական մազմզուքները: Ասոնք շրջապատուած են իւրայատուկ հեղուկով մը, որ կը կոչուի ներաւիշ (endolymph): Մազմզուքներուն միացումով կը կազմուի հաւասարակշռութեան ջիղը, որ լսողութեան ջիղին հետ կ՛ուղղուի դէպի ուղեղ: Կիսաբոլոր խողովակները ուղեղին կը հայթայթեն որոշ տեղեկութիւններ` մարմինի դիրքին, կացութեան եւ գլխու շարժումներուն մասին. հետեւաբար ուղեղը կ՛որոշէ համադրել մարմինին յարմարագոյն ձեւը եւ դիրքաւորումը.

բ. Խխունջէ (cochlea), որուն մէջ զետեղուած են լսողութեան ջիղին սկզբնական մազմզուքները: Լսողութեան ջիղը կը կազմուի այս սկզբնական մազմզուքներով.

գ. Անդաստակէ (vestibule), ուր կը գտնուին երկու պզտիկ տոպրակներ`

1. Պարկիկ (saccule)
2. Արգանդիկ (utricle)

Կիսաբոլոր խողովակները անմիջական հաղորդակցութեան մէջ են պարկիկի եւ արգանդիկի հետ: Պարկիկին եւ արգանդիկին մէջ կը գտնուին ականջակրաքարեր (otoliths), որոնք ուղեղին հաղորդումներ կը ղրկեն մարմինի ուղղաձիգ (vertical) դիրքին մասին:

Ականջակրաքարերը բնական պայմաններու մէջ կը մնան անշարժ, սակայն գլխու որոշ շարժումներով անոնք կրնան տեղափոխուիլ եւ ուղղուիլ դէպի կիսաբոլոր խողովակներ ու խանգարել անոնց գործունէութիւնը եւ յառաջացնել նոպայական գլխապտոյտ:

Բ. Աչքեր եւ տեսողութիւն`

Ուղեղին հասած տեղեկութիւնները կը համադրուին աչքերուն եւ տեսողութեան հայթաթած տեղեկութիւններով:

Գ. Մկաններու եւ յօդերու զգացողականութիւն (sensation)`

Սրունքներու, բազուկներու եւ վիզի մկաններէն ու յօդերէն որոշ զգացողական հաղորդումներ կ՛ուղղուին դէպի ուղեղ: Այս հաղորդումները կը նպաստեն մարմինի հաւասարակշռութեան պահպանման:

Այս երեք կեդրոններու ներդաշնակ գործելակերպը կը նպաստէ մեր ամէնօրեայ շարժուձեւերուն եւ մեր շրջապատին հետ ունեցած կապակցութեան: Վերոյիշեալ կեդրոնները կը գործեն անկախ, սակայն միասնաբար անհատը կը պահեն ոտքի եւ արթուն: Որեւէ խանգարում այս երեքէն մէկուն մէջ` կը պատճառէ անհաւասարակշռութիւն եւ թաւալումի խաբկանք: «ԳԴՆ գլխապտոյտ»-ը ամէնէն յաճախակի գլխապտոյտն է: Անիկա կը սկսի գլխու անակնկալ շարժումով եւ մանաւանդ անկողինին մէջ ուժգնօրէն մէկ կողմէն միւսը դառնալու ընթացքին: Անիկա նոպայական, ժամանակաւոր եւ անցողակի գլխապտոյտ է: Անիկա մտահոգիչ չէ, սակայն ահազանգի կը մատնէ ենթական: Գլխապտոյտը կը տեւէ քանի մը երկվայրկեանէն մինչեւ քանի մը վայրկեան:

Գլխապտոյտը կը վերադառնայ ամէն անգամ, երբ գլուխը շարժի եւ կամ որոշ դիրքի մը վրայ պահուի: «ԳԴՆ գլխապտոյտ»-ը կը պատահի ընդհանրապէս տարեցներու մօտ, սակայն անիկա կրնայ պատահիլ որեւէ տարիքի:

«ԳԴՆ գլխապտոյտ»-ը բնախօսականօրէն (physiologically) կը զարգանայ հետեւեալ ձեւով.

ներքին ականջի կեդրոնի պարկիկին եւ արգանդիկին մէջ գտնուող շատ մանր ականջակրաքարերը գլխու արագ շարժումով մը կը ձգեն իրենց նստավայրը եւ կը տեղափոխուին կիսաբոլոր խողովակներուն մէջ, ուր ազատօրէն կը շարժին վեր-վար եւ կամ աջ-ձախ, կը կը գրգռեն կիսաբոլոր խողովակներու հաւասարակշռութեան սկզբնական մազմզուքները եւ կը յառաջացնեն անակնկալ, նոպայական, ուժգին, ժամանակաւոր եւ անցողակի գլխապտոյտ:

«ԳԴՆ գլխապտոյտ» ունեցող անձերէն մէկը կը նկարագրէ իր գլխապտոյտը հետեւեալ ձեւով.  «Անկողնին մէջ  պառկած էի, մարմինով եւ գլուխով կողմնակի դարձայ ու պատահեցաւ անսպասելի, անակնկալ եւ անբնական վիճակ մը: Զգացի, որ առանցքիս վրայ կը թաւալէի եւ զօրաւոր ուժ մը զիս կը քաշէր եւ կամ կը հրէր դէպի անդունդ: Այս զգացումը տեւեց մօտաւորապէս 30 երկվայրկեան, ապա նողկանք ունեցայ եւ փսխեցի»:

Իսկ ուրիշ մը կը նկարագրէ հետեւեալ ձեւով. «Ոտքի կեցած էի, անակնկալ գլուխս ծռեցի դէպի վար եւ փորձեցի գետնէն առարկայ մը վերցնել, անակնկալ գլուխս դարձաւ, հաւասարակշռութիւնս կորսնցուցի եւ անգիտակից ինկայ գետին»:

«ԳԴՆ գլխապտոյտ»-ին կ՛ուղեկցին` նողկանք, փսխունք, ուժասպառութիւն եւ քրտինք, բայց` ոչ լսողական տկարութիւն կամ ականջաբզզիւն:

Անոր պատճառով ենթական կրնայ գետին իյնալ եւ ունենալ մարմնական զանազան տեսակի վնասուածքներ, մասնաւորապէս` ոսկրային կոտրուածք:

Յաճախ «ԳԴՆ գլխապտոյտ»-ը կը կրկնուի քանի մը անգամներ մէկ օրուան ընթացքին եւ կրնայ տեւել օրեր եւ շաբաթներ:

«ԳԴՆ գլխապտոյտ»-ի ախտաճանաչումը կը կատարուի լսելով հիւանդը եւ իմանալով գլխապտոյտին նկարագրութիւնը:

«ԳԴՆ գլխապտոյտ»-ին դարմանումը տեղի կ՛ունենայ հետեւեալ միջոցառումներով.

1. Գլխու յատուկ մարզանքներ, որոնք կը կիրարկուին մասնագէտ բժիշկներու կողմէ: Այս մարզանքներէն յատկանշական է Epley գլխամարզանքը: Ենթական պառկած կ՛ըլլայ կռնակին վրայ եւ բժիշկը կը կիրարկէ գլխու յատուկ շարժումներ, որպէսզի ականջակրաքարերը վերադառնան եւ հանգչին պարկիկին եւ արգանդիկին մէջ:
2. Յատուկ ջղահանգստացուցիչ դեղեր,
3. Գլուխը անշարժ պահել եւ նստած քնանալ,
4. Արագ շարժող առարկաներու չնայիլ,
5. Հեռատեսիլ չդիտել եւ գիրք չկարդալ:

 

 

 

 

 

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Ես` Մորոյեան

RelatedPosts

Գետ-Գիտութեան
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան

Յունուար 31, 2023
Գետ-Գիտութեան. Սայլոսայպին (Կախարդական Սունկերը)
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան. Սայլոսայպին (Կախարդական Սունկերը)

Յունուար 26, 2023
Գետ-Գիտութեան. Սայլոսայպին (Կախարդական Սունկերը)
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան. Սայլոսայպին (Կախարդական Սունկերը)

Յունուար 17, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In