ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Լսողութեան անակնկալ կորուստ ըսելով` կը հասկնանք լսղութեան այն կորուստը, որ բնական լսողութիւն ունեցող անձի մը կը պատահի անակնկալօրէն.
Խօսելէ առաջ այս նիւթի մասին` պարտք կը զգամ ամփոփ ձեւով անդրադառնալ ականջի կազմախօսութեան (anatomy) եւ լսողութեան կենսաբանական (physiological) գործընթացին:
Ականջը կազուած է երեք բաժիններէ`
Ա. Արտաքին ականջ
Բ. Միջին ականջ
Գ. Ներքին ականջ
Ա. Արտաքին ականջը կազմուած է ականջակոնքէ-ականջախեցէ (pinna) եւ արտաքին անցուղիէ-ցնցուղէ (external canal), որ ունի 25-28 մմ երկարութիւն եւ կը վերջանայ բարակ եւ մասամբ մը թափանցիկ թմբկաթաղանթով (ear drum): Ան ունի 9 քառակուսի մմ տարածութիւն եւ 0.1 մմ հաստութիւն:
Բ.Միջին ականջը կազմուած է օդով լեցուն թմբախոռոչէ (middle ear cavity) եւ լսափողէ-Եւստաքեան խողովակէ (Eustachian tube), որ 3.5 սմ երկարութեամբ բարակ եւ առաձգական խողովակ մըն է եւ կը բացուի քթաըմբանին (nasopharynx) մէջ: Լսափողը բնական պայմաններու մէջ հաղորդակցութեան մէջ է շարունակ արտաքին աշխարհին հետ քթաըմբանին միջոցով: Ան կ՛օդաւորէ միջին ականջը եւ կը նպաստէ միջին ականջի հեղուկի արտաքսումին դէպի քթաըմբան: Թմբկախոռոչին արտաքին պատն է թմբկաթաղանթը, իսկ անոր ներքին պատին վրայ կան երկու պզտիկ բացութիւններ` պատուհաններ, որոնք կը կոչուին ձուաձեւ պատուհան (oval window) եւ կլոր պատուհան (round window): Թմբկախոռոչին մէջ կը գտնուին երեք ոսկրիկներ, որոնք կը կոչուին` մուրճ (maleus), սալ (incus) եւ ասպանդակ (stapes): Երեք ոսկրիկները միացած են իրարու շարժական յօդերով: Մուրճը առաջին ոսկրիկն է եւ նստած է թմբկաթաղանթին վրայ, իսկ ասպանդակը երրորդ ոսկրիկն է եւ նստած է ձուաձեւ պատուհանին վրայ, որ ներքին ականջին սկզբնաւորութիւնն է:
Ներքին ականջը բարդ կառուցուածք մըն է եւ անոր համար կը կոչուի բաւիղ-Եւստաքեան խողովակ (labyrinth): Ան կազմուած է ոսկրային եւ թաղանթային բաժիններէ: Ոսկրային բաւիղին մէջ կը գտնուի թաղանթային բաւիղը: Երկու բաւիղներուն միջեւ եղած տարածութիւնը լեցուն է արտաքին աւիշով (perilymph), իսկ թաղանթային բաւիղը լեցուն է ներաւիշով (endolymph): Ներքին ականջը կազմուած է անդաստակէ (vestibule), խխունջէ (cochles) եւ երեք կիսաբոլոր խողովակներէ (semicircular canals): Խխունջը ինքն իր վրայ պարուրուած է 2.5 անգամ եւ ան իր կարգին կազմուած է ոսկրային եւ թաղանթային հատուածներով: Թաղանթային բաժնին մէջ կը գտնուի լսողութեան Քորթեան օրկանը (organ of Corti), որ ծածկուած է տարբեր երկարութեամբ եւ հաստութեամբ շուրջ 30000 լարերով, որոնց վրայ կը գտնուին ձայնազգաց թելանման մազային եւ յենարան բջիջները: Այս բջիջներու միացումով կը կազմուին լսողութեան ջղային թելիկները, որոնց միացումով կը կազմուի լսողութեան ջիղը: Բարձր ձայները կ՛ընկալուին խխունջի յատակի լայն բաժինէն, իսկ մեղմ ձայները կ՛ընկալուին խխունջին գագաթի բաժինէն:
Կիսաբոլոր խողովակներուն մէջ զետեղուած են թելանման բջիջներ, որոնք մարմնի շարժման ուղղութիւնը եւ արագութիւնը փոխուելու միջոցին կը գրգռուին: Ասոնք հաւասարակշռութեան ջիղի սկզբնական բջիջներ են:
Այս բջիջներու միացումով կը կազմուի հաւասարակշռութեան ջիղը, որ միանալով լսողական ջիղին` կ՛ուղղուի դէպի ուղեղ: Կիսաբոլոր խողովակները ուղեղին կը հայթայթեն որոշ տեղեկութիւններ` մարմնին դիրքին, կացութեան եւ գլխու շարժումներու մասին. Հետեւաբար ուղեղը կ՛որոշէ համադրել մարմնին յարմարագոյն ձեւը եւ հաւասարակշռութիւնը: Կիսաբոլոր խողովակներուն կ՛օժանդակեն անդաստակին երկու տոպրականման բաժինները` պարկիկը (saccule) եւ արգանդիկը (utricle), որոնք բարակ անցքերով կը միանան խխունջին եւ կիսաբոլոր խողովակներուն:
Բնական լսողութիւն ունենալու համար ունենալու ենք ականջի բնական ձեւով գործող արտաքին, միջին եւ ներքին բաժիններ, առանց որեւէ ձայնի փոխնցման արգելքներու, ինչպէս նաեւ` բնական ուղեղային կառուցուածք եւ գործելակերպ: Բարձր հնչիւնները ներքին ականջ կը հաղորդուին նաեւ գանկի ոսկորներուն միջոցով:
Ծանօթանալէ ետք ականջին կազմախօսութեան, կարելի է հասկնալ լսողութեան կենսաբանական գործելակերպը: Ականջը ունի ձայն-հնչիւն հաղորդող-փոխադրող (conductor ) եւ ընդունող-ընկալող (receptor) բաժիններ: Ականջի արտաքին եւ միջին բաժինները հնչիւն հաղորդող մասերն են, իսկ ներքին բաժինը հնչիւն ընկալող մասն է: Արտաքին աշխարհէն թմբկաթաղանթին հասնող ձայնի ալիքները, այլ խօսքով` ձայնային ուժը կը փոխուի մեքենական ուժի. թմբկաթաղանթը կը շարժի` իրեն հետ շարժելով երեք ոսկրիկներու շղթան. Ասպանդակը կը խրուի ձուաձեւ պատուհանին մէջ եւ կը փոխանցէ հնչիւնը ներքին ականջի ներաւիշին, որ իր կարգին շարժման կ՛ենթարկէ լսողութեան ջիղի յենարան եւ մազային բջիջները: Հոս է, որ մեքենական ոյժը կը փոխուի ելեկտրական ուժի եւ ձայնալիքները իբրեւ ելեկտրական ուժ կ՛ուղղուին դէպի ուղեղ, ուր լսողութիւնը կը մեկնաբանուի առողջ ուղեղաբջիջներու կողմէ:
Լսողութեան անակնկալ կորուստ տեղի կ՛ունենայ երեք ախտաբանական գործընթացներով.
Ա. Արտաքին ձայնալիքներու փոխանցման անակնկալ խանգարում-ընդմիջում,
Բ. Արտաքին ձայնալիքներու ընկալման անակնկալ խանգարում-ընդմիջում.
Գ. Ուղեղաբջիջային լսողութեան մեկնաբանական խանգարում.
Ա. Արտաքին ձայնալիքներու փոխանցման խանգարում տեղի կ՛ունենայ թմբկաթանթի եւ միջին ականջի ախտաբանական հետեւեալ երեւոյթներով`
ա. Թմբկաթաղանթի անակնկալ մեծ վնաս եւ ամբողջական ծակում, որ կը յառաջանայ երկու պատճառներով.
1. Գանկային զօրաւոր հարուած-վնաս (trauma),
2. Մթնոլորտի ճնշումի անակնկալ փոփոխութիւն, որ տեղի կ՛ունենայ լեռ բարձրանալու եւ լեռնէն վարէջքի ընթացքին, ինչպէս նաեւ` օդանաւային ճամբորդութեան ընթացքին:
Թմբկաթաղանթի ամբողջական վնասումով արտաքին ձայնալիքները ամբողջութեամբ չեն փոխացուիր դէպի միջին եւ ներքին ականջ եւ կը յառաջանայ լսողութեան անակնկալ մասնակի կորուստ:
բ. Միջին ականջին երեք ոսկրիկներու անակնկալ քայքայում եւ իրարմէ անջատում, որ կը յառաջանայ երկու պատճառներով`
1. Գանկային զօրաւոր հարուած-վնաս
2. Շիճուկային հեղուկի (serous fluid) անակնկալ կուտակում թմբկախոռոչին մէջ, որ կը յառաջանայ`
– Վերին շնչառական համակարգի անակնկալ սուր ժահրային (viral) բորբոքումէ
– Մթնոլորտի ճնշումի անակնկալ փոփոխութենէ, որ տեղի կ՛ունենայ լեռ բարձրանալու եւ լեռնէն վարէջքի ընթացքին, ինչպէս նաեւ` օդանաւային ճամբորդութեան ընթացքին:
Ոսկրիկներու քայքայումով եւ իրարմէ անջատումով արտաքին ձայնալիքներու փոխանցումը դէպի ներքին ականջ ամբողջովին տեղի չ՛ունենար եւ կը յառաջանայ լսողութեան անակնկալ մասնակի կամ ամբողջական կորուստ:
Բ. Արտաքին ձայնալիքներու ընկալման անակնկալ խանգարում-ընդմիջումը տեղի կ՛ունենայ հետեւեալ պատճառներով.
ա. Լսողութեան ջիղի հատում եւ խխունջի վնասում, որոնք կը յառաջանան գանկային զօրաւոր վնաս-հարուածի պատճառով.
բ. Լսողութեան ջիղի տկարացում-փճացում, որ կը յառաջանայ հետեւեալ ախտապատճառներով`
1. Մարմնական ժահրային ընդհանուր սուր հիւանդութիւններ, ինչպէս` հարբուխ (cold), կրիփ (influenza), ջրծաղիկ (varicell), ունկնանկ (mumps), սողնախտագօտի (herpes zoster), սողնախտ (herpes simplex).
2. Վերին շնչառական համակարգի սուր ժահրային եւ մանրէական (bacterial) բորբոքումներ.
3. Լսողութեան ջիղի թթուածինով յագեցած անբաւարար արեան մատակարարում, որ տեղի կ՛ունենայ` լսողութեան ջիղի զարկերակներու խցումի, արեան յառաջացած գերճնշումի (hypertension), շաքարախտի եւ արեան ճարպերու բարձրացման պատճառներով.
4. Որոշ դեղերու գործածութիւն, որոնք նկատուած են ականջաթունաւորիչ դեղեր (ototoxic drugs): Այս դեղերէն են` միզամղիչ (diuretic) դեղերը, ցաւաբեկ դեղեր` ասփրոն, ասփիրինը, հակամանրէական դեղեր neomycine-ը, kanamycine-ը, streptomycine- եւ հակամալարեայի դեղ` քինինը:
5. Տարեցութիւն (aging).
6. Մենիերեան (Meniere’s disease) հիւանդութեան անակնկալ սուր զարգացում: Մենիերեան հիւանդութիւնը ընդհանրապէս կը յայտնուի նոպայական (paroxismal) գլխապտոյտով եւ ականջաբզզիւնով ու լսողութեան ընկալական կորուստով: Մենիերեան հիւանդութեան ախտաբանական զարգացումը տեղի կ՛ունենայ ներաւիշի կուտակումով ներքին ականջին մէջ, որ կը յառաջացնէ ներքին ականջի ընդլայնում եւ լսողական ու հաւասարակշռութեան ջիղի ճնշուածութիւն: Այս փոփոխութիւնները կը յառաջացնեն վերոնշեալ երեք ախտանշանները: Մենիերեան հիւանդութեան անակնկալ սուր զարգացման ճշգրիտ պատճառը անորոշ է: Սակայն անոր զարգացումով տեղի կ՛ունենայ լսողութեան անակնկալ մեծ կորուստ:
7. Շատ բարձր, ուժգին եւ անակնկալ ձայներու ենթակայութիւն-վնաս (acoustic trauma), որ կը պատահի անակնկալ եւ զօրաւոր պայթումներով, ռումբերու արձակումով, որսորդութեան ընթացքին փամփուշտներու արձակումով եւ եւ շատ բարձր աղմկարար երաժշտութիւն ունկնդրութեան ընթացքին:
Գ. Ուղեղաբջիջային լսողութեան մեկնաբանական խանգարումները կը յառաջանան ուղեղաբջիջային վնասումով, որ տեղի կ՛ունենայ հետեւեալ պատճառներով.
ա. Ներուղեղային անակնկալ արիւնահոսութիւն
բ. Գանկային զօրաւոր հարուած
գ. Ներուղեղային անակնկալ գերճնշում
դ. Ուղեղի զարկերակներու անակնկալ խցում
Լսողութեան անակնկալ կորուստ կը պատահի որեւէ տարիքի, առաւելաբար` յառաջացած տարիքի:
Լսողութեան անակնկալ կորուստի ախտաճանաչումը կը կատարուի հետեւեալ գործընթացով.
Ա. Լսել հիւանդը եւ իմանալ անկէ լսողութեան կորուստին նկարագրականը.
Բ. Կատարել`
ա. Բժշկական ընդհանուր քննութիւն եւ ականջային մանրակրկիտ քննութիւն` ականջդիտակի (otoscope) օգտագործումով.
բ. Լսելաչափութիւն (audiometry)` գիտնալու համար լսողութեան կորուստին տարողութիւնը.
գ. Արեան շաքարի եւ ճարպերու տարրալուծարանային քննութիւն.
դ. Գլխու եւ մասնաւորապէս ականջի զանազան նկարահանումներ`
Ք. ճառագայթային (X-ray) նկարահանում եւ համակարգչային շերտագրական նկարահանում (CT Scan).
Լսողութեան անակնկալ կորուստը կրնայ ըլլալ մասնակի կամ ամբողջական` համաձայն ախտապատճառին տարողութեան: Անոր կրնան ուղեկցիլ ականջաբզզիւն (tinnitus) եւ ակնաշարժ (nystagmus):
Անոր դարմանումը կախեալ է ախտապատճառէն: Հիմնական ախտաճանաչումը կատարուելէ ետք կը կատարուի ախտապատճառին դարմանումը որոշ պարագաներուն:
Փոխանցման անակնկալ խանգարումներու եւ ուղեղաբջիջային լսողութեան մեկնաբանական խանգարումներու պատճառով յառաջացած լսողական կորուստը ընդհանրապէս կարելի է վերականգնել մասամբ կամ ամբողջովին դարմանելով հիմնական ախտապատճառը: Իսկ ընկալական խանգարումներով յառաջացած լսողական անակնկալ կորուստը ընդհանրապէս կարելի չէ վերականգնել: