«Երիտասարդութիւնը Միայն Ապագան Բնորոշողը Պէտք Չէ Ըլլայ, Այլ` Այդ Բնորոշուածը Ծրագրի Վերածողը, Իրականացնողը» «Ռազմիկ»-ին Ըսաւ Յակոբ Խաչերեան
Հարցազրոյցը վարեց եւ արտագրեց` ՅԱՐՈՒԹ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Ռազմիկ» յանձնախումբը հետեւեալ հարցազրոյցը կատարեց ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին անդամ Յակոբ Խաչերեանին հետ, որ անդրադարձաւ Հայաստանի Ա. անկախութեան պատմական նշանակութեան եւ երիտասարդութեան` անկէ քաղելիք դասերուն: «ՌԱԶՄԻԿ».- Ի՞նչ է Հայաստանի Ա. անկախութեան պատմական նշանակութիւնը: ՅԱԿՈԲ ԽԱՉԵՐԵԱՆ.- Մայիս 28-ի խորհուրդը եւ պատմական նշանակութիւնը լաւագոյնս գնահատելու համար պէտք է վերադառնանք անկախութեան նախորդող...