Տրուած ըլլալով, որ վերջին տարիներուն մեր ընթերցողները անտեղեակ մնացին «Նոա՛զ Արք» ցուցասրահի մշակութային գործունէութենէն, հետաքրքրական եւ միաժամանակ շահեկան զրոյց մը ունեցանք անոր տէր եւ տնօրէն, արուեստաբան դոկտ. Մովսէս Ծիրանիին հետ: Ստորեւ` հարցազրոյցը:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Բացայայտ է, որ համաճարակը եւ միջազգային քաղաքական ու տնտեսական լուրջ տագնապները իրենց աւերը գործեցին նաեւ մշակոյթի բնագաւառին մէջ: Իբրեւ միջազգայնօրէն յաջողած ցուցասրահ` այս վերջին տարիներուն դուք եւս «ձմեռեցի՞ք» շատերու նման, թէ՞ կրցաք դիմանալ ու շարունակել ձեր գործը…
ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ.- Հարցը այն է, որ մեզի համար համաճարակի եւ միջազգային տագնապներուն վրայ կ՛աւելնար նաեւ Լիբանանի տնտեսական ու քաղաքական վհատեցուցիչ կացութիւնն ու Հայաստանի պարտուողական անփառունակ վիճակը: Հակառակ այս բոլորին, սակայն, այո՛, մենք անգործ չմնացինք, ոչ միայն կրցանք շարունակել մեր աշխատանքները, այլ նաեւ որոշ նուաճումներ եւս արձանագրեցինք:
Հ.- Ինչպէ՞ս, աւելի ճիշդը` ի՞նչ ըրիք այս վերջին երեք տարիներու ընթացքին:
Մ. Ծ.- Թէեւ երեք տարիներու մասին խօսիլը սխալ չէ, սակայն միջազգային տնտեսական տագնապը սկսած էր աւելի շուտ: Երբ մենք 2018-ի դեկտեմբերին մասնակցեցանք Մայամիի մէջ կայացած «Red Dot-Spectrum Mayami» միջազգային ցուցահանդէսին, Միացեալ Նահանգները արդէն իսկ տնտեսական լուրջ տագնապի մէջ էին: Թէեւ ռիսկը մեծ էր, սակայն անգամ մը եւս յաջողեցանք մեր առաքելութեան մէջ, որովհետեւ ամերիկացի գործարարներէն շատեր կ՛աճապարէին իրենց խնայած գումարներուն մէկ մասը կապել արուեստին… իբրեւ համեմատաբար աւելի ապահով ներդրում: Այնուամենայնիւ, այդ ցուցահանդէսի ամենամեծ նուաճումը եղաւ այն, որ առաջին անգամ ըլլալով մեր հետ տարած էինք նաեւ քանատահայ գեղանկարիչ Պերճ Չաքէճեանի (որ անձամբ ներկայ էր) ստեղծագործութիւնները, որոնք ոչ միայն արուեստասէր հանրութեան կողմէ արժանացան ջերմ ընդունելութեան, այլ նաեւ միջազգային արուեստաբաններ բարձր գնահատանքով անդրադարձան անոր արուեստի բնոյթին ու որակին: Այս մէկը պատճառ եղաւ, որ Չաքէճեանի արուեստով սկսան հետաքրքրուիլ մինչեւ իսկ Ծայրագոյն Արեւելքի մէջ:
Ի հեճուկս յայտնի խիստ աննպաստ պայմաններուն, մենք յաջողեցանք Պէյրութի մէջ լոյս ընծայել երկու պատկերագիրք` «Pertian» եւ «Dali Universe»: Առաջինը, որ նուիրուած է Բերդեանի ստեղծագործական կեանքին, հրատարակեցինք այն յոյսով, որ նոյն տարուան մայիսին պիտի կարողանայինք անոր անհատական ցուցահանդէսը կազմակերպել Պէյրութի մէջ: Նկատի առած իր տարիքն ու առողջական վիճակը նախ` կ՛ուզէինք մեծարել զինք եւ ապա նաեւ ծանօթացնել Լիբանանի արուեստասէր հանրութեան: Հակառակ անոր որ ան մասնակցած է բազմաթիւ Միջազգային ցուցահանդէսներու (Նիւ Եորք, Մոնրէալ, Պուէնոս Այրես, Մոնաքօ, Թորոնթօ, Փեքին, Փարիզ, Մարսէյ, Սինկափուր, Մայամի եւ այլն) ու արձանագրած` շօշափելի յաջողութիւններ, տակաւին անոր անունը գրեթէ անծանօթ կը մնայ թէ՛ հայրենիքի, թէ՛ սփիւռքի մէջ:
Հ.- Իսկ ե՞րկրորդը…
Մ. Ծ.- Երկրորդը լոյս տեսաւ «Dali Foundation-ի պատուէրով, գործակցութեամբ Art Evolution արուեստի ընկերութեան եւ Noah՛s Ark Art Gallery-ի եւ խմբագրութեամբ էլօ Հերկելեանի: Այս պատկերագիրքին մէջ ներկայացուած են նաեւ իբրեւ Տալիի արուեստին համահունչ եւ անոր «տիեզերքին» մաս կազմող երեք հայ ժամանակակից գեղանկարիչներ` Վահրամ Դաւթեան, Սուրէն Ոսկանեան եւ Դաւիթ Դաւթեան:
Հ.- Այդ ինչպէ՞ս պատահեցաւ որ «Dali Foundation»-ի նման կազմակերպութիւն մը, որուն կեդրոնը Ցիւրիխ է եւ ունի նաեւ Սալվատոր Տալիի նուիրուած թանգարան մը Փարիզի մէջ, յանկարծ կ՛որոշէ Պէյրութի մէջ հրատարակել Տալիի մահուան երեսունամեակին նուիրուած պատկերագիրք մը:
Մ. Ծ.- Մենք 2003-էն ի վեր կը գործակցինք «Art Evolution» արուեստի կազմակերպութեան հետ, որ իր հերթին տարիներէ ի վեր կը գործակցի «Dali Foundation»-ի հետ, որուն տնօրէնը մեր հրատարակութիւններէն որոշ նմուշներու կը ծանօթանայ «Art Evolution»-ի մօտ: Ան նկատի առնելով հրատարակչական որակն ու յատկապէս ձեւաւորման մեր իւրայատուկ ոճն ու մօտեցումը` անմիջապէս կ՛ուզէ կապուիլ մեզի հետ: Որոշ բանակցութիւններէ ետք վստահեցան մեզի եւ այնքան գոհ մնացին, որ մենք իրաւունք ստացանք Սալվատոր Տալիի քանդակները վաճառելու եւ գործակցութիւնը շարունակելու:
Հ.- Եթէ գաղտնիք չէ, կրնա՞ք բացատրել, թէ ձեւաւորման ի՞նչ տեսակ ոճի կամ սկզբունքի մասին է խօսքը:
Մ. Ծ.- Ձեւաւորման գլխաւոր երկու սկզբունք կայ: Որպէսզի յստակ ըլլայ ընթերցողին համար, օրինակը տանք հագուստի ձեւաւորման (Fashion) արուեստէն: Ոճաբաններուն մեծ մասը գեղեցիկ հագուստներ կը կարէ ու կը հագցնէ գեղուհիներու, ուր իրենց ոճն ու անհատականութիւնը աւելի ի յայտ կու գայ, քան` կնոջ գեղեցկութիւնն ու հմայքը: Միւս կողմէ, սակայն, կան այլ ոճաբաններ, որոնք ուսումնասիրելէ ետք կնոջ խառնուածքն ու մարմնի առանձնայատկութիւնները, այնպիսի հագուստներ կը ձեւաւորեն, որով նախ ի յայտ կու գայ կնոջ գրաւչութիւնն ու հմայքը, եւ ապա միայն` իրենց անհատականութիւնը: Մեր նպատակը պճնուած պչրուհիի նման պատկերագիրք հրատարակել չէ, այլ արուեստի ստեղծագործութիւնը մատչելի ու գեղեցիկ ձեւով ներկայացնելն է, ուր պատկերագիրքէն առաջ արուեստն է, որ ուշադրութեան պէտք է արժանանայ ու գնահատուի: Այս մէկը մեր յաջողութեան բանալիներէն մէկը կրնանք համարել:
Հ.- Յաջողութեան ուրիշ յատկանշական ի՞նչ «բանալիներ» կրնաք յիշել:
Մ. Ծ.- Թէեւ յաջողութեան գլխաւոր ու հիմնական գրաւականը Արուեստի Որակի գործօնն է, սակայն ժամանակի մաշումին դիմացող իսկական արուեստ ընտրելն ու համապատասխան մակարդակով ու տեղին ցուցադրելը իր հերթին առանձին արուեստագիտական մասնագիտութիւն կ՛ենթադրէ: Արուեստի առեւտուրը ունի փոխյարաբերութեան ու վարուելակերպի այնպիսի «նրբութիւններ», որոնք մէկ կողմէ հիմնուած պէտք է ըլլան թափանցիկ ու բարոյական սկզբունքներու վրայ, եւ միւս կողմէ` հարկաւոր է հասու ըլլալ այդ «սկզբունքներուն» եւ անոնց գործադրելու կերպը իմանալ: Անհրաժեշտ է հնարաւորին չափ հեռու մնալ նաեւ գովազդային առեւտրական բնոյթի ծանուցումներէն, որոնց հանդէպ դիմադրողականութիւն ձեռք բերած կը թուին ըլլալ իսկական արուեստասէրներն ու հաւաքորդները (collectionner):
Հ.- Եթէ պիտի հրաժարինք գովազդներէն, փոխարէնը ի՞նչ կ՛առաջարկէք:
Մ. Ծ.- Արուեստասէրներու եւ կամ յատկապէս հաւաքորդներու վստահութիւնը շահելու համար արուեստի վերլուծումներն ու մեկնաբանութիւնները պէտք է որ ըլլան թափանցիկ, մասնագիտականօրէն պատճառաբանուած ու համոզիչ: Իրաւ արուեստը կեղծիք չի հանդուրժեր: Դժբախտաբար շատեր կ՛անգիտանան այս բոլորը եւ կը զարմանան, թէ ինչո՞ւ անելի կը հանդիպին եւ չեն կրնար շարունակել:
Հ.- Բացի ասկէ` յաջողելու համար ուրիշ միջոցներ չկա՞ն:
— Անշուշտ տոկալու եւ շարունակելու համար այլ գործօններ եւս կան, որոնք պէտք է նկատի առնուին: Օրինակի համար, շատ կարեւոր է նիւթաբարոյական կողմը: Թէեւ որակն ու անոր համապատասխան մասնագիտական մօտեցումները կը գնահատուին, սակայն միաժամանակ արուեստը խնայել չի սիրեր: Միջազգային արուեստի ցուցահանդէսներուն մասնակցութիւնը այնքան ալ դիւրին չէ: Թէ՛ ծախսալից են եւ թէ՛ բարդ: Տրուած ըլլալով, որ արուեստի բնագաւառէն ներս եւս գոյութիւն ունին «խաղեր», որոնց մէջ յաջողութեամբ խուսանաւելու եւ յարատեւելու համար հարկաւոր է ըլլալ նաեւ զգաստ, համբերատար ու «ճկուն»:
Հ.- Իբրեւ միջազգային արուեստի անցուդարձերուն հետեւող արուեստաբան` ի՞նչ կրնաք ըսել վերջին քանի մը տարիներուն ընթացքին մեծ ցնցումներու ենթարկուած արուեստի շուկայի մասին:
Մ. Ծ.- Եթէ խօսքը կը վերաբերի միջազգային ցուցահանդէսներուն, ապա թէ անոնց թիւը պակսեցաւ եւ թէ՛ աշխուժութիւնը նուազեցաւ: Անցնող տարուան հոկտեմբերին «Art Toronto» միջազգային ցուցահանդէսին հրաւիրուած էինք իբրեւ այցելու: Թէեւ որակը պահպանուած կը թուէր ըլլալ (յատկապէս` կարգ մը ժամանակակից արուեստի թանգարաններու մասնակցութեամբ), սակայն քանակը զգալօրէն պակսած էր: Ամերիկաներէն ու Եւրոպայէն համեմատաբար շատ քիչեր միայն կը մասնակցէին: Այդ իսկ պատճառով մեր օրերուն աւելի ուժ կը տրուի համացանցային առեւտուրին, զոր որդեգրած ենք նաեւ մենք:
Հ.- Ի՞նչպէս:
Մ. Ծ.- Մեր կայքը (noahsark-gallery.com) կատարելագործման եւ վերաթարմացման ընթացքի մէջ է: Տրուած ըլլալով, որ միջազգային մրցակցութիւնը թէժ է ու զօրաւոր, հարկաւոր է ոչ միայն քայլ պահել բարձր արհեստագիտութեան հետ, այլ նաեւ ոչինչ խնայել` ժամանակէն առաջ անցնելու եւ գործելու նաեւ ապագայի հաշուոյն: Ի վերջոյ, մեր կամքէն անկախ, համացանցը թափանցած է եւ կը տիրապետէ մարդ անհատի ճակատագրին: Մեր յաջողութեան կարեւոր բանալիներէն մէկն ալ այս է:
Հ.- Այսինքն…
Մ. Ծ.- Փորձել կռահել ապագան ու գործնապէս ժամանակէն առաջ անցնիլ:
ԹՂԹԱԿԻՑ
(Շար. 1)