Ընթացիկ շաբթուան տեւողութեան, երկրորդ անգամ ըլլալով, Ֆրեզնոյէն Լիբանան ժամանեցին առողջապահութեան խումբ մը մասնագէտներ, որոնք կամաւորաբար ծառայեցին եւ յառաջիկայ շաբաթ ալ պիտի շարունակեն իրենց աշխատանքը ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան»-ի կեդրոնին մէջ: Առանց որեւէ տեսակի խտրականութեան` Լիբանանի մէջ ապրող ժողովուրդը կրցաւ օգտուիլ անոնց ընձեռած մարդասիրական մասնագիտական օժանդակութենէն եւ ունեցած փորձառութենէն: Այս աշխատանքին աւելի մօտէն ծանօթանալու համար «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ նախաձեռնող, գործակցող ու գործող կողմերուն հետ:
Ֆրեզնոյի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան
Պատուոյ Հիւպատոս Եւ Առաքելութեան Նախագահ
Պերճ Աբգարեանին Հետ
«ԱԶԴԱԿ».- Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ձեր ծառայութիւններուն կողքին, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք Լիբանանը նաեւ եղաւ ձեր առաքելութեան կայաններէն մէկը: Այսօր երկրորդ անգամն ըլլալով լիբանանանահայութեան հետ էք եւ անոր կողքին կանգնելու համար եկած էք: Նախ խօսինք ձեր նախորդ փորձառութեան տպաւորութեան մասին, ապա ըսէք, թէ ի՞նչն է ձեզ այս քայլին մղողը:
ՊԵՐՃ ԱԲԳԱՐԵԱՆ.- Նաւահանգիստի պայթումէն ետք իմ մէջ աշխատանքի եւ ծառայութեան մղում մը կար դէպի Լիբանան: Տեսնելով Լիբանանի տնտեսական, առողջապահական եւ քաղաքական անձուկ պայմանները` կարելի չէր ձեռնածալ մնալ: Ուստի այս նպատակով դիմեցի երեսփոխան պարոն Բագրատունիին, որուն երախտապարտ եմ, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներէն մեզի հետ մեծաքանակ սարքաւորումներ ու դեղորայք բերելով` մենք կրնայինք օրին հարցերու առջեւ գտնուիլ, սակայն անոր, Ազգային առաջնորդարանի եւ կազմակերպութիւններու ջանքերուն շնորհիւ` մենք ունեցանք շատ աւելի հեզասահ այց եւ առաքելութիւն մը Լիբանանի մէջ:
Բոլորը ջերմութեամբ դիմաւորեցին մեզ անցեալ տարի: Այդ ժամանակ թիւով եօթը հոգի էինք եւ մեզի հետ բերած էինք մէկ թոն սարքաւորում, դեղորայք ու պիտոյքներ:
Հարազատօրէն պէտք է ըսել, որ անցեալ տարի փորձառական շրջան մըն էր մեզի համար: Տեղական պայմաններուն ծանօթ չէինք բաւարար չափով, այլ միայն լսողաց էինք: Բայց եւ այնպէս, մենք վերադարձանք` մեր սիրտերը այստեղ ձգած: Արդարեւ, ցուցաբերուած հարազատ ընդունելութիւնն ու գործակցութեան բարձր ոգին մեր հոգիները ողողեցին:
Յիշեմ, որ անցեալ տարի մեր առաքելութիւնը սկսաւ Անթիլիաս մայրավանք այցելութեամբ, վեհափառ հօր հետ տեսակցութեամբ եւ անոր օրհնութիւնը ստանալով: Այդ բոլորը ինծի համար սոսկ խորհրդանշական չեն, այլ կարեւոր կէտեր են, առանց որոնց` բժշկական առաքելութիւնը թափ չէր կրնար առնել:
Անցեալ տարուան յաջողութիւնը այնքան դրական պատկեր մը ստեղծեց, որ մենք չկրցանք բաւարարուիլ անով: Օրին, «Ազդակ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին, երբ հարցուեցաւ այս առաքելութեան նպատակին մասին, անդրադարձայ, որ մենք չէինք եկած պարգեւատրուելու, այլ` ծառայելու, եւ այդ մէկը վերնագիրը եղաւ մեր առաքելութեան:
Այսօր եւս նոյնն է: Այս տարի մեր երկրորդ այցն է Լիբանան, եւ ասիկա ո՛չ պարտաւորութիւն, ո՛չ ալ պարտականութիւն է, այլ` ծառայութեան ճանապարհին վրայ սրտի գոհունակութիւն մը:
Մեր վերադառնալէն ետք սերտ կապերը պահուեցան, եւ բժիշկներու մտքերուն մէջ թարմ կը մնար տակաւին այդ փորձառութիւնը:
Աւելցնեմ, որ երբ Արամ Ա. հայրապետին հետ երկրորդ անգամ հանդիպեցանք նախորդ այցելութեան օրերուն, ան ըսաւ. «Պիտի չհարցնեմ գալ տարի ձեր գալու մասին, այլ միայն` անոր ժամանակի՛ն մասին»: Այդ օրէն իսկ խոստացած էինք մարտին վերադառնալ: Մարտ, որովհետեւ մենք այս ամիսը կը մեկնինք Հայաստան առաքելութեամբ եւ կը շաղկապենք այդ մէկը Լիբանանին նաեւ:
Ֆրեզնոյի համայնքն ու լիբանանահայութիւնը մեծապէս կը նպաստեն այս աշխատանքի իրականացման, եւ մենք շնորհակալ ենք անոնց վստահութեան ու հաւատքին համար: Այս առթիւ ես կ՛ուզեմ վստահեցնել անոնց, որ տրուած բոլոր օժանդակութիւններն ու նպաստները ամբողջովին կը հասնին իրենց նպատակին: Մեր բոլոր աշխատանքները եղած են ու կը շարունակեն մնալ բացարձակ թափանցիկ:
Բժիշկները մեծամասնութեամբ լիբանանահայ էին, կային նաեւ մէկ ամերիկահայ եւ երկու սուրիահայ: Անոնք մեծ մասամբ բաւարարութիւն ապրեցան, որովհետեւ անձամբ եւ գործնականօրէն տեսան ու զգացին կարիքը եւ կրցան ձեւով մը գոհացնել զայն: Եւ այս բոլորին կարեւորագոյնը, բացի բժշկական խնամք հայթայթելէ, պէտք էր փոխանցել ապրելու եւ գոյատեւելու յոյս, շեշտել, որ անոնք առանձին չէին, եւ մենք իրենց կողքին էինք:
«ԱԶԴԱԿ».- Այսօր քանի՞ բժիշկ ժամանած է Ֆրեզնոյէն Լիբանան` այս առաքելութեան համար: Անոնք ի՞նչ տեսակի ծառայութիւններ կը մատուցեն ժողովուրդին:
Պ. Ա.- Անցեալ տարուան մեր առաքելութիւնը կեդրոնացաւ բժշկական` վիրահատական ու ատամնաբուժական խնամքին վրայ, սակայն մեր վերադարձէն ետք մենք ստեղծեցինք կապ մը Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին հետ, եւ այդ մէկը յառաջացուց կայծ մը, որուն շնորհիւ կրցանք Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներուն դեսպանին հետ այցելել Պէյրութի ամերիկեան համալսարան, որուն ղեկավարները պահ մը շշմեցան այդ արագընթաց յառաջխաղացումէն:
Դեկտեմբերին Լիբանան էի. այդ այցելութեան ընթացքին անգամ մը եւս հանդիպեցայ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի ղեկավարներուն հետ եւ անոնց յայտնեցի մեր ծրագիրը զարգացնելու փափաքի մը մասին: Առաջարկեցի հրաւիրել նաեւ արտերկրի ֆիզիոթերափիստները, (physiotherapist), որպէսզի տեղական մակարդակի ֆիզիոթերափիստներ օգտուին անոնց մատուցած գիտելիքներէն ու փորձառութենէն: Ուրախ եմ յայտնելու, որ վեց բնաբուժներ այսօր մեր մէջ կը գտնուին: Անոնք երկուշաբթի օրուընէ` առատօրէն մինչեւ կէսօրէ ետք կը դասաւանդեն կեդրոնին մէջ, կը քննեն հիւանդներ եւ ցուցմունքներ կու տան:
Երէկ ստացայ հեռաձայն մը, որով մասնակիցներէն մէկը շնորհակալական խօսք կ՛ուղղէր` նշելով ներկայ մասնագէտ ֆիզիոթերափիստներուն վաստակն ու մտային պաշարը: Անոնք կու գան` Մայամիէն, Շիքակոյէն, Աթլանթայէն ու Քոլորատոյէն:
Անոնց կողքին, մենք ունինք` ատամնաբուժ մը, ներքին հիւանդութիւններու երեք մասնագէտ, վիրահատութիւն կատարող մը, մանկաբուժ մը, ոսկրաբան մը եւ միզանցքներու հիւանդութիւններու մասնագէտ մը: Ունինք նաեւ բժշկութեան ճիւղի երկու ուսանողներ: Խորհրդանշական է այս վերջին կէտը, որովհետեւ նոր սերունդը այստեղ կը սորվի ոչ միայն բժշկական խնամքի մատուցում, այլ նաեւ` ծառայութեան ոգի:
«ԱԶԴԱԿ».- Նախքան Լիբանան ժամանելը` ինչպիսի՞ մթնոլորտ մը կը տիրէր այնտեղ` Ֆրեզնոյի մէջ: Կազմակերպական աշխատանքները ինչպէ՞ս ընթացան:
Պ. Ա.- Խանադավառ մթնոլորտ մը կը տիրէր, հաճոյքով ու մեծ ակնկալութեամբ մասնագէտները կը մեկնէին Լիբանան: Անկեղծօրէն ըսենք, որ այս թիւը դիւրաւ կրնար հասնիլ մինչեւ 30-35-ի, քանզի փափաքը մեծ էր, սակայն պէտք էր գործնական ըլլալ եւ առարկայական: Այսօր խումբին ընդհանուր թիւը 24 է, որոնց մէջ կան երկու ՀՕՄ-ուհիներ, որոնք եկած են տնօրինման աշխատանք տանելու, ինչպէս նաեւ` ամերիկեան լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ, որոնք առօրեայ դրութեամբ արձանագրութիւններ կը կատարեն` առաքելութեան աւարտին յայտագիր մը ներկայացնելու համար:
«ԱԶԴԱԿ».- «Ազդակ»-ի ճամբով ձեր խօսքը` հանրութեան եւ իրենց մասնակցութիւնը բերող կամաւորներուն:
Պ. Ա.- Ի սրտէ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ մեր ազգի բոլոր զաւակներուն` անխտիր: Առանց անոնց աջակցութեան` կարելի պիտի չըլլար այս ծրագիրը իրականացնել: Երախտապարտ եմ մեր կամաւոր «զինուորներուն», որոնք իրենց տունն ու ընտանիքը ձգած` սիրայօժար կը ծառայեն առանց տուայտանքի ու դժգոհութեան, հաւատալով իրենց առաքելութեան վսեմութեան:
Բարձրագոյն գնահատանքս` լիբանանահայութեան ղեկավարութեան, Յակոբ Բագրատունիին, ԼՕԽ-ին, «Ազդակ»-ին, «Վանայ ձայն»-ին եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներդրումը բերին այս աշխատանքը իրականացնելու, քաջալերելու եւ տարածելու:
Մենք միասնաբար զօրաւոր ենք եւ միասնաբար կ՛ամբողջացնենք պատկերը: Հսկայական հոգեկան գոհունակութիւն կը պատճառեն ինծի այս բոլորը, եւ մենք պիտի շարունակենք մեր այս առաքելութիւնը:
ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Ատենապետ
Սիլվա Մոմճեան–Սապունճեանի Հետ
«ԱԶԴԱԿ».- Երկրորդ տարին ըլլալով` Ֆրեզնոյի հայ բժշկական առաքելութեան բժշիկները Լիբանան կը գտնուին եւ, ինչպէս նախորդ տարի, այս տարի եւս իրենց ծառայութիւնը կը մատուցեն ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ: Ինչո՞ւ այս ընտրութիւնը, ինչպիսի՞ համագործակցութեան ծնունդ է այս աշխատանքը:
ՍԻԼՎԱ ՄՈՄՃԵԱՆ-ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ.- Այս աշխատանքը սկսաւ օգոստոս 4-ի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք, երբ ժողովուրդը մեծապէս տուժեց, մեծաթիւ հայորդիներ զոհուեցան ու վիրաւորուեցան: Այդ աղէտին յաջորդող օրերուն ստացանք ե-նամակ մը Ֆրեզնոյի հայ համայնքի բժիշկներէն, որոնք յայտնեցին Լիբանան այցելելու իրենց փափաքին մասին: Անոնք ընտրած էին մեր կեդրոնը` որպէս կայան: Անկեղծօրէն պէտք է ըսել, որ ՀՕՄ-ը իր աշխարհասփիւռ համակարգով ծանօթ է ամբողջ աշխարհի հայութեան` իր կազմակերպուած աշխատանքով եւ ամէն տեսակի կարիքաւորի հասնելու իր ջանասիրութեամբ, ուր ալ գտնուի ան: Գուցէ այդ իսկ պատճառով անոնք որոշեցին մեր ճամբով իրենց ծառայութիւնը մատուցել Լիբանանին եւ լիբանանահայութեան:
Անցեալ տարի 11 բժիշկներ, գլխաւորութեամբ Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Պերճ Աբգարեանի, ժամանեցին Լիբանան: Անկեղծօրէն ասիկա այս առումով մեր ալ առաջին փորձառութիւնն էր, չէինք գիտեր, թէ ի՛նչ տեսակի կապեր պիտի հաստատուին, ի՛նչ աշխատանքի կարիք պիտի ըլլայ եւ այլն: Սակայն, փա՛ռք Աստուծոյ, ամէն ինչ հեզասահ ընթացաւ, եւ ժողովուրդը մեծապէս գնահատեց մատուցուած ծառայութիւնը, որուն իսկապէս կարիք ունէր: Բժշկական խնամքի այդ աշխատանքը կը կատարուէր անվճար` տրամադրելով ժողովուրդին դեղորայք եւ ամէն տեսակի պիտոյքներ:
Այս տարի եւս ստացանք նամակ մը խումբէն: Խոստումը տրուած էր մեզի անցեալ տարուընէ իսկ, այս անգամ խումբին միացած մասնագէտներուն թիւը բարձրացած է եւ հասած` 24-ի: ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը կրկին մեղուաբոյնի վերածուած է, եւ Ֆրեզնոյի առաքելութեան բժիշկները տարբեր ծառայութիւններ կը մատուցեն արդէն` կարելի եղածին չափ մեծաթիւ անձերու բժշկական հոգատարութիւն կատարելով:
«ԱԶԴԱԿ».- Լիբանանահայութեան ապրած այս տագնապալի օրերուն ԼՕԽ-ը, գիտենք, բազմաթիւ ձեւերով նեցուկ կը փորձէ կանգնիլ մեր ժողովուրդին, Ֆրեզնոյի բժիշկներու առաքելութեան այս աշխատանքը որքանո՞վ կու գայ համալրելու ձեր ծրագիրները:
Ս. Մ. Ս.- Երկիրը արդէն իսկ ամէն իմաստով տագնապալի վիճակի մէջ է, մեծ են հարցերը, նաեւ տիրական է դեղերու տագնապը: ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» կեդրոնը ունէր մեքենաներու կարիք մը, որ գոհացում ստացաւ շնորհիւ այս աշխատանքի նուիրատուներու աջակցութեան` անոնց կարելիութեան սահմաններէն ներս:
Մենք ստացանք նաեւ մեծաքանակ դեղորայք, զորս կրցանք ձրիօրէն բաժնել ժողովուրդին եւ օժանդակել անոնց ամիսներով` անոնց մեկնումէն ետք իսկ:
Այս առիթով մեր շնորհակալութիւնը` Միացեալ Նահանգներէն մինչեւ Պէյրութ եկող եւ ուրախութեամբ իրենց մասնագիտութիւնները ի սպաս մեր ժողովուրդին դնող բժիշկներուն, այս նախաձեռնութեան մղիչ ուժը եղող Պերճ Աբգարեանին եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներդրումը ունեցան եւ կ՛ունենան ծրագիրը իրականութիւն դարձնելու եւ անգամ մը եւս մեր ժողովուրդին կարիքները հոգալու մեր աշխատանքին մասնակից ըլլալու:
ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Կեդրոնի
Տնօրէն Նազելի Աւագեանին Հետ
«Ա.».- Մնայուն ներկայութիւն մը ըլլալով կեդրոնին մէջ եւ հետեւելով անոր աշխատանքներուն` վստահօրէն կրնաք տարբերութիւններ գտնել այս օրերուն: Այսօր Ֆրեզնոյի բժիշկներու ժամանումով կեդրոնին մէջ ի՞նչ փոխուած է, որքա՞ն կարեւոր է անոնց տարած աշխատանքը:
ՆԱԶԵԼԻ ԱՒԱԳԵԱՆ.- Մնայուն ներկայութիւն ըլլալով` երկու տարբերութեան մասին պիտի խօսիմ: Առաջինը այն է, որ նախապէս (նախքան տնտեսական սուր տագնապը) մեր ունեցած թիւը բազմապատկուած է վերջին քանի մը տարիներուն քանի մը անգամով, որովհետեւ մարդիկ, անճրկած ըլլալով, չեն կրնար անձնական բուժարաններ երթալ, բժշկական կամ տարրալուծարանային քննութիւններ կատարել եւ շողանկարներ ստանալ. մէկ խօսքով, զգալի փոփոխութիւն մը կայ դիմորդներու թիւի աճի իմաստով: Երկրորդը տարբերութիւնը Ֆրեզնոյի խումբի ժամանումէն ետք է, այլ խօսքով բաղդատութիւնը այս օրերուն` անցնող քանի մը շաբաթներուն հետ: Այսօր մեր թիւը շատ աւելի բարձրացած է, որովհետեւ մենք կը խօսինք խումբի մը մասին, որ եկած է ովկիանոսներ կտրելով եւ մեզի անվճար օժանդակութիւն կը ցուցաբերէ: Եթէ անցեալին, մենք հիւանդներէն կը գանձէինք չնչին գումար մը, այսօր, այս բժիշկներուն նուիրումին շնորհիւ, նոյնիսկ չնչին գումարը չի գանձուիր: Իրենց ներկայութիւնը շատ մեծ վստահութիւն եւ ապահովութիւն կը ներշնչէ մեզի եւ հիւանդներուն:
«Ա.».- ԼՕԽ-ը ի՞նչ ձեւերով կ՛օժանդակէ բժիշկներուն եւ կը նպաստէ անոնց գործին:
Ն. Ա.- Մեզի ներկայացող պարագաներուն ծանօթ ենք: Ունինք պարագաներ սակայն, որոնք մեր քով առկայ բժիշկներու քննութենէ անցնելով հանդերձ, յաւելեալ քննութիւններու եւ հմուտ մասնագէտի կարծիքի կը կարօտին, իսկ Ֆրեզնոյի բժիշկները իւրաքանչիւրը իր բնագաւառէն ներս բացառիկ մասնագէտ է: Չեմ ուրանար արժէքը մեր բժիշկներուն, բայց տարբեր ոճով ու դիւտանկիւնէ դիտուած խորհուրդներ կու տան Ֆրեզնոյի բժիշկները: Այս աշխատանքը համակարգելու եւ ժամադրութիւնները դասաւորելու գործին մեծապէս կը նպաստէ ԼՕԽ-ը:
«Ա.».- Նախորդ տարուան փորձառութիւնը արդեօ՞ք հիմք հանդիսացաւ աւելի եւս դիւրացնելու այս առաքելութեան գործն ու ձեր աշխատանքը:
Ն. Ա.- Բնականաբար` այո՛: Անցեալ տարի մենք իրարու ծանօթ չէինք: Անցեալ տարուան իրենց ունեցած ներդրումը եւ գետնի վրայ բոլոր իրադարձութիւններուն իրազեկ դառնալը խթան հանդիսացան, որ այս տարի եւս ներկայանան աւելի մեծ վստահութեամբ: Այսօր մենք ա՛լ աւելի մտերիմ ենք, եւ իրենք շատ աւելի գոհունակ են այս անգամ, որովհետեւ եթէ խօսինք թիւերու առումով, այս տարի թիւերը կրկնապատկուած են (անցեալ տարի չորս օրուան ընթացքին 250 պարագաներու հանդիպած էին, այս տարի երկու օրուան ընթացքին 250-ը գերազանցած են անոնք): Այս մէկը մեծ գոհունակութիւն կը պատճառէ թէ՛ մեզի եւ թէ՛ իրենց:
«Ա.».- Կրնա՞ք նշել ժողովուրդէն ձեզի հասած քանի մը դրական արտայայտութիւններ` այս նուիրական աշխատանքին կապուած:
Ն. Ա.- Բնականաբար մեզի հասաւ ժողովուրդին օրհնութիւնը, մամիկներու, պապիկներու եւ մանկաբուժին դիմող իր զաւկին ձեռքը բռնած մօր աղօթքը: Բոլորն ալ աղօթեցին անոնց համար, շնորհակալութիւն յայտնեցին անհատ առ անհատ: Պարզեցին իրենց այն ջերմութեան զգացումը, երբ կը զգային, որ իրենց մասին մտածող ու հոգացող ունին: Դիմատետրի էջին վրայ նաեւ զգալի է այդ մէկը, սակայն բառերը միշտ ալ չեն կրնար բացատրել եւ արտայայտել զգացումներուն մասին:
«Ազդակ» նաեւ հարցազրոյց ունեցաւ Ֆրեզնոյի բժիշկներէն տոքթոր Կարօ Խաչիկեանի հետ: Ան Հայաստանի Մխիթար Հերացի անուան բժշկական համալսարանի շրջանաւարտ է: Նիւ Եորք` Ամերիկայի մէջ մասնագիտացած է ներքին հիւանդութիւններու բնագաւառին մէջ, ապա 10 տարի գործած է Մինիսոթայի մէջ եւ վերջին 15 տարիներուն կը գործէ Ֆրեզնոյի «Քայզր» հիւանդանոցէն ներս, ուր հիմա կը վարէ ներքին հիւանդութիւններու ամպիոնի վարիչի պարտականութիւնը` աւելի քան 10 տարի է ի վեր:
«Ա.».- Անմիջական կապի մէջ ըլլալով լիբանանցի քաղաքացիին հետ` ի՞նչ կարելի է այստեղ տեսնել, սակայն` ոչ այլուր:
ԿԱՐՕ ԽԱՉԻԿԵԱՆ.- Մեր մօտ ոչ թէ քիչ, այլ մեծ տարբերութիւն կայ այն իմաստով, որ այն հիւանդները, որոնց մենք կը հանդիպինք արդէն իսկ ապահովագրուած են: Այնտեղ մենք աւելի կը կեդրոնանանք կանխարգելիչ բժշկութեան վրայ, քան թէ` հիմնական ծանր հիւանդութիւններու բուժման: Նպատակը այն է, որ երբ կանխարգելիչ միջոցներու ձեռնարկենք, հիւանդը աւելի առողջ կը պահենք եւ այդ ձեւով հիւանդը հիւանդանոցի դիմելու բարդութիւններէն զերծ կը մնայ եւ այդպէս հանրութեան ա՛լ աւելի կը նպաստես: Այդ փիլիսոփայութեան է, որ մենք կը հետեւինք: Տարբերութիւնը այստեղ նաեւ այն է, որ ժողովուրդը հոս շատ ծանր նիւթական պայմաններու մէջ է: Մարդիկ հազիւ իրենց ապրուստը կրնան հոգալ եւ իրենց համար բժշկութիւնը արդէն երկրորդական ու երրորդական դիրքի վրայ է, հետեւաբար այն հիւանդները, զորս կը տեսնենք այստեղ, անոնցմէ շատեր անկողնային վիճակ ունեցողներ են, շատեր դեղ առնելու դրամ չունին, եւ շատ ցաւալի է այդ մէկը, որովհետեւ անոնք դժբախտ որոշում մը տալու պէտք ունին` իրենց ապրո՞ւստի, թէ՞ դեղերու ծախսը հոգալ: Պարզ է, որ պիտի ընտրեն առաջինը, քան թէ` իրենց բժշկական հոգատարութիւնը: Խնդիր մըն է, զոր դժուար է դիմակայել:
«Ա.».- Կը զգա՞ք, որ այն առաքելութիւնը, որուն համար եկած էք, բաւարար ձեւով կատարած էք: Որո՞նք եղան այս գործին նպաստողները:
Կ. Խ.- Ես Լիբանանի ծնունդ եմ, սակայն այս անգամ մարդասիրական նպատակներով եկած եմ այստեղ, բայց նաեւ այս մէկը վերադարձ մըն է դէպի արմատներ, նկատի առնելով, որ ես հոս ծնած ու մեծցած եմ: Ձեւով մը կ՛ուզեմ օգտակար դառնալ իմ ժողովուրդիս, ա՛յն միջավայրին, ուր հասակ առած եմ: Ի՛նչ աստիճանի կամ դիրքի ալ հասած ըլլամ, պէտք էր վերադարձնել այդ նոյն համայնքին յարգանքի տուրքն ու ճիտին պարտքը:
Գործին նպաստողը ընդհանրապէս եղաւ Ֆրեզնոյի հայ համայնքը: Մենք մեծ թիւով նուիրատուներ ունինք` ոմանք մեծ, ուրիշներ նաեւ փոքր գումարներով: Անոնք բոլորը մտահոգուած են Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայութեան տնտեսական վիճակով:
Ասիկա առաջին անգամը չէ, որ մենք այս նպատակներով կու գանք այս տարածաշրջան: Ճիշդ է, որ ասիկա երկրորդն է Լիբանանի պարագային, բայց այս մէկը 10-րդ առաքելութիւնն է, զոր մենք կը կատարենք: Նախապէս Հայաստան եւ Արցախ գացած ենք 8 անգամ եւ ժողովուրդը արդէն ծանօթ է մեր գործունէութեան եւ ցուցաբերած օժանդակութեան տեսակին ու որակին: Ուստի, երբ տեսանք Լիբանանի մեր հայութեան վիճակը եւ քննարկեցինք համայնքի ներկայացուցիչներու հետ Լիբանանի մէջ նոյն առաքելութիւնը կատարելու կարելիութիւնը, անոնք մեծ խանդավառութեամբ ընդունեցին այդ առաջարկը եւ իրենց քսակները բացին ու տրամադրեցին այն, ինչ որ պէտք էր մեզի, որպէսզի իրականացնէինք այս առաքելութիւնը:
«Ա.».- Տնտեսական բաւական ծանր պայմաններու մէջ ապրող լիբանանցիին եւ յատկապէս լիբանանահայուն ուղղուած այս ձեր ծառայութիւնը իսկապէս կարեւոր է եւ գոհունակութիւն պատճառող, բայց արդեօք անիկա ձեզի համար ինչպիսի՞ բաւարարութիւն է:
Կ. Խ.- Այս քանի մը օրուան ընթացքին մենք տեսանք հիւանդներուն վիճակը: Այստեղ կան մեծ թիւով մարդիկ, որոնք դեղերու կարիք ունին, անոնք կը մօտենան մեզի իրենց դեղերու ցանկերով եւ օժանդակութիւն կը հայցեն: Մեզի համար մեծ բաւարարութիւն կը պատճառէ, երբ կրնանք անոնց օգտակար դառնալ նոյնիսկ կաթիլ մը ջուրով եթէ ըլլայ այդ մէկը: Մեծ բան մը չէ մեր ըրածը, բայց ձեւով մը գոհունակութիւն կը զգանք եւ բաց մը կը գոցենք : Մենք այնտեղ փափուկ բարձերու կը դնենք մեր գլուխը, բայց այստեղ կան մարդիկ, որոնք իսկապէս մեծ դժուարութեան մէջ են: Եթէ փորձեմ անգլերէնով ամփոփել եւ արտայայտել միտքս, աւելի լաւ կ՛ըլլայ: We understand the difficulties, the pain and suffering and when we bring up what we can to be able to help that՛s self-gratifying: