Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մեր Ազգին Ու Հայրենիքին Տագնապները Պէտք Է Միասնաբար Դիմագրաւենք»* Արամ Ա. Կաթողիկոս

Յունուար 23, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարցազրոյց Cilicia Tv-ին Հետ

Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մասին խօսիլը սովորական երեւոյթ մը չէ ու պէտք չէ ըլլայ: Եռամիութիւնը այսօր, աւելի քան երբեք, լուրջ տագնապներու ու մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը գտնուի: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. 2023 տարին դարձեալ հռչակեց «Սփիւռքի տարի», սակայն` շեշտը դնելով ինքնաքննութենէ վերակազմակերպման վրայ: Յաջորդական նման հռչակում կատարելու համար վեհափառ հայրապետը վստահաբար լուրջ եւ նոյնիսկ մտահոգիչ պատճառներ ունէր: Սփիւռքը արդէն իսկ մաշումի ու գունաթափման ընթացքի մէջ է եւ անմիջական կարիքը ունի վերակազմակերպման: Ան սկսած է անտարբեր ըլլալ ինքն իր նկատմամբ եւ յուսախաբ` Հայաստանի նկատմամբ, յատկապէս` վերջին տարիներուն, Արցախի 44-օրեայ պատերազմէն ետք: Արցախի հարցը կը յամենայ, եւ մեր սիրելի Արցախը կը գտնուի շրջափակման մէջ:

Ինչ կը վերաբերի երիտասարդութեան, ան բաւականին հեռու է մեր եկեղեցական ու ազգային կեանքէն, մեր հաւաքակա՛ն կեանքէն:

Արդարեւ, 2022 տարուան աւարտին եւ նոր տարուան` 2023-ի սեմին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Cilicia TV-ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ յիշեալ բոլոր մտահոգութիւններուն` ի մասնաւորի շեշտը դնելով սփիւռքի վերակազմակերպան անհրաժեշտութեան վրայ:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Վեհափա՛ռ տէր, մեծապէս շնորհակալ ենք, որ այս տարի եւս մեզի առիթ ընծայեցիք տարուան աւարտին հարցազրոյց ունենալու ձերդ սրբութեան հետ: Երբ յետադարձ ակնարկ մը նետէք անցնող տարուան հայ կեանքին վրայ, ի՞նչ արժեւորում կրնաք կատարել:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Բնականաբար անցնող տարուան ընթացքին հայ կեանքի զանազան բնագաւառներէն ներս եղան իրագործումներ եւ դրական քայլեր առնուեցան. սակայն ընդհանրապէս հայ կեանքը շարունակեց դիմագրաւել լուրջ տագնապներ, հիմնահարցեր ու մարտահրաւէրներ: Իրապաշտ մօտեցումը երբեմն մեզ կրնայ յոռետես արժեւորումներու առաջնորդել: Անհրաժեշտ է ըլլալ առարկայական ու իրատես` կարենալ յստակօրէն տեսնելու մեր բացթողումներն ու ձեռքբերումները, եւ ապա` վերանորոգ հաւատքով ու յառաջատեսիլ կամքով մշակել նոր ծրագիրներ: Ազգերու ու կազմակերպութիւններու կեանքին մէջ տագնապները բնական են, սակայն անհրաժեշտ է զանոնք դիմագրաւելու քաջութիւնը ու իմաստութիւնը ունենալ: Ա՛յս կը պահանջէ մեր ազգի կեանքին ներկայ հանգրուանը:

Հ.- Վերջին Ազգային ընդհանուր ժողովը կարեւոր փուլ մըն էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան մէջ: Ի՞նչ հեռանկար ունիք ապագային նկատմամբ:

Պ.- Մեր Սուրբ Աթոռի կեանքին ու առաքելութեան մէջ Ազգ. ընդհանուր ժողովները կը գումարուին նախ յետադարձ ակնարկով կատարուած աշխատանքը արժեւորելու, եւ ապա` յառաջիկայ շրջանի աշխատանքի առաջնահերթութիւնները ճշդելու: Գոհունակութեամբ կ՛ուզենք հաստատել, որ հակառակ անցնող տարիներու իրերայաջորդ տագնապներուն` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը իր առաքելութեան առնչուած զանազան մարզերէն ներս յատկանշական իրագործումներ ձեռք բերաւ: Շուրջ 400 էջերու վրայ տարածուած Ազգ. ընդհանուր ժողովին ներկայացուած տեղեկագրին մէջ հակիրճ կերպով պարզուած են մեր Սուրբ Աթոռի առաքելութեան կարեւոր երեսները: Յառաջիկայ շրջանը ծրագրելու իմաստով, թէ՛ Մեր պատգամին եւ թէ՛ յատուկ նիստերու ընթացքին կատարուած քննարկումներուն ճամբով լուսարձակի տակ բերինք հետեւեալ գլխաւոր հարցերը. հայ ընտանիք, հայակերտում, երիտասարդութիւն, սփիւռք, Արցախ, Հայաստան: Անոնց հետ աղերս ունեցող մտահոգութիւններն ու առաջադրութիւնները կարեւոր տեղ պիտի գրաւեն յառաջիկայ շրջանի մեր առաքելութեան օրակարգին վրայ: Այսօր աշխարհը տարբեր է իր պայմաններով ու մարտահրաւէրներով,  եւ անոնց անդրադարձը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս սկսած է դառնալ տիրական: Չենք կրնար անտեսել այս երեւոյթը: Մեր եկեղեցւոյ մօտեցումը պէտք է ըլլայ համահունչ` մեր ժողովուրդը դիմագրաւող ներկայ տագնապներուն ու մարտահրաւէրներուն:

Հ.- Անցնող տարին հռչակեցիք «Սփիւռքի տարի»: Նոյնպէս նաեւ` ներկայ տարին: Ի՞նչ պատճառներ ու մտահոգութիւններ ձեզ մղեցին դիմելու այս քայլին:

Պ.- Ինչպէս քիչ առաջ նշեցինք, կ՛ապրինք համաշխարհայնացման շրջանի մը մէջ: Համաշխարհայնացումը իր զանազան երեւոյթներով սկսած է շեշտուած ներկայութիւն դառնալ մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս: Այլեւս չենք կրնար մեր համայնքներուն շուրջ պատեր հիւսել ու կղզիացած ապրիլ: Անցեալին մեր լեզուն, մշակոյթը եւ աւանդութիւնները երաշխաւորեցին մեր ինքնութիւնն ու ամրացուցին մեր գոյութիւնը` մեր շրջապատէն մեզ պաշտպանող պատեր հանդիսանալով: Համաշխարհայնացումը քանդած է ամէն տեսակ պատնէշ ու սահմաններ բոլոր ազգերու կեանքէն ներս. կ՛ապրինք բազմացեղ, բազմակրօն, բազմագոյն ընկերութիւններու մէջ: Ներկայ պայմաններուն մէջ սեփական ինքնութիւն ու կառոյց, աւանդութիւն ու արժէք պահելն ու պաշտպանելը փաստօրէն դարձած են ամէնօրեայ պայքար, յատկապէս` փոքր ազգերու համար: Հետեւաբար սփիւռքը չի կրնար այլեւս եղածը եւ ունեցածը պաշտպանել. անհրաժեշտ է նոր ժամանակներու ու նոր հրամայականներուն համապատասխան մօտեցումներ որդեգրել` բնականաբար հաւատարիմ մնալով մեր հիմնական արժէքներուն ու իտէալներուն: Եթէ հայապահպանումը ուղղուած ըլլայ միայն եղածը պահելու, մեզ պիտի առաջնորդէ դէպի ինքնակղզիացում ու լճացում: Հայապահպանումը պէտք է ուղղուած ըլլայ մեր ունեցածը վերակազմակերպելու, վերանորոգելու, վերաշնչաւորելու եւ զայն դարձնելու համապատասխան` ներկայ ժամանակներու պահանջին: Ա՛յս կը նպատակադրէ սփիւռքի վերակազմակերպումը: Այս նպատակը իրագործելու համար անհրաժեշտ է դիմել գործնական քայլերու` նախ քննական ու առարկայական մօտեցումով արժեւորել սփիւռքի պարզած ներկայ գոյավիճակը, ճշդել ընդհանրական եւ տեղական մտահոգութիւնները, եւ ապա վերակազմակերպումի ընթացք մը ճշդել` բնականաբար նկատի ունենալով տարբեր համայնքներու ներքին դրուածքներն ու շրջապատի պայմանները: Այս ծիրէն ներս պէտք է յատուկ կարեւորութիւն տրուի ինքնութեան հարցին: Ի՞նչ կը նշանակէ հայ ըլլալ սփիւռքի մէջ, ի՞նչ է հայուն ինքնաճանաչումը եւ անկէ յառաջացող հրամայականները, ինչպէ՞ս կարելի է մէկ կողմ հայու ինքնութիւնը պահել ամուր, եւ միւս կողմէն` մաս կազմել տուեալ ընկերութեան հաւաքական ինքնութեան: Անհրաժեշտ է, որ այս եւ նման հարցերու քննարկումը շարունակուի ո՛չ տեսական ու զգացական, այլ իրատես ու գոյութենական մօտեցումով:

Հ.- Սփիւռքի գծով ձեր պատգամներուն ու խօսքերուն մէջ, վեհափա՛ռ տէր, շեշտը կը դնէք «վերակազմակերպումի» վրայ: Ի՞նչ է ձեր պատկերացումը այս մասին: Ինչպէ՞ս կարելի է լայնատարած սփիւռքը վերակազմակերպել:

Պ.- Անցնող տարուան, ինչպէս նաեւ ներկայ տարուան Մեր հռչակագիրներուն մէջ շեշտած ենք սփիւռքի վերակազմակերպման հրամայականը: Վերակազմակերպումը պէտք չէ ըմբռնել իր նեղ առումով: Վերակազմակերպում` կը նշանակէ ոչ թէ եղածը քանդել ու նորը շինել, այլ` վերանորոգել, վերաշխուժացնել, վերակառուցել, վերադասաւորել, վերակենսաւորել, բարեփոխել` միշտ համահունչ ներկայ պայմաններուն ու իրականութիւններուն եւ համապատասխան տուեալ համայնքի կարիքներուն ու սպասումներուն: Այս իմաստով սփիւռքը իր բոլոր կառոյցներով անյետաձգելի կարիքը ունի վերակազմակերպումի: Տեղքայլ` կը նշանակէ նահանջ: Մենք չենք կրցած քայլ պահել ներկայ աշխարհի արագընթաց փոփոխութիւններուն ու զարգացումներուն հետ: Կարծրատիպերով առաջնորդուած ենք: Անհրաժեշտ է, որ մեր կառոյցները, պահելով հանդերձ իրենց ինքնութիւնը, նպատակն ու արժէքներու համարկարգը, կարեւորութեամբ նկատի ունենան իրենց շրջապատին մէջ տեղի ունեցող զարգացումները,  այլապէս վիհը պիտի խորանայ հինին ու նորին, մեր կառոյցներուն ու երիտասարդութեան միջեւ: Հարկ է ըլլալ զգուշ:

Հ.- Վեհափա՛ռ տէր, սփիւռքի վերակազմակերպման ծիրին մէջ յատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն թեմերը: Ինչպէ՞ս կը տեսնէք թեմերու վերակազմակերպման գործընթացը:

Պ.- Եկեղեցին կեդրոնական տեղ ու իւրայատուկ դեր ունի համայնքներու կեանքին մէջ: Որպէս ազգային եկեղեցի` մեր եկեղեցւոյ կեանքին մէջ լայն չափով ներառուած են տուեալ համայնքի կեանքին զանազան տարածքները: Հետեւաբար կարելի չէ բաժանման յստակ գիծ մը ճշդել եկեղեցւոյ ու համայնքին միջեւ. սակայն անհրաժեշտ կը նկատենք եկեղեցին զանազանել համայնքէն ներս գործող միւս կառոյցներէն` թէ՛ առաջնահերթութիւններու եւ թէ՛ մտածելակերպի ու գործելակերպի իմաստով: Թեմի մը վերակազմակերպումը բնականաբար իր դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ տուեալ համայնքի վերակազմակերպման մէջ: Հետեւաբար հարկ է սկսիլ թեմերով: Այս ուղղութեամբ Մեր պատկերացումը փոխանցած ենք մեր թեմերուն եւ ներկայ տարուան հռչակագրին մէջ լայնօրէն անդրադարձած ենք այս մասին ճշդելով թեմերու վերակազմակերպման գործընթացը` զանազան հանգրուաններով ու հիմնական շեշտաւորումներով: Այս տարուան ընթացքին որոշած ենք այցելել մեր թեմերը եւ առաջնորդ սրբազաններուն ու թեմական իշխանութիւններուն հետ քննել տուեալ թեմի վերակազմակերպման առնչուած հարցեր, մտահոգութիւններ ու կարելիութիւններ: Անկէ ետք, յաջորդ տարի, թեմերը Ազգ. Կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներուն պիտի ներկայացնեն իրենց կատարած աշխատանքներու տեղեկագրերը ու մշակած ծրագիրները, որպէսզի կարելի ըլլայ հանգրուանային կերպով իրագործել զանոնք: Յիշեալ աշխատանքը դիւրին չէ, դժուարութիւններ պիտի դիմագրաւենք, մեր կեանքէն ներս որեւէ բան փոխելը, նոյնիսկ բարեփոխելը, հեզասահ ընթացք մը չ՛ենթադրեր. սակայն երբ ունինք հաւաքական կամքը եւ մանաւանդ համոզումը` մեր համայնական կեանքը բարեփոխելու ու վերակազմակերպելու, պէտք է զայն կատարենք հաւաքական ճիգով ու ամբողջական նուիրումով:

* Արամ Ա. կաթողիկոս սոյն հարցազրոյցը տուաւ Cilicia TV-ին 30 դեկտեմբեր 2022-ին:

(Շար. 1)

Նախորդը

Մեր Ակումբները (ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կառոյցին Հիմնադրութեան 120-Ամեակին Առիթով)

Յաջորդը

Զօրաշարժ Ի Խնդիր Արցախի Պաշտպանութեան

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Մայիս 13, 2025
Լիբանանցիներուն Քուէյթ Մուտքը, Իսկ  Քուէյթցիներուն Լիբանան Վերադարձը Դիւրացնելու  Եւ Տարբեր Ոլորտներու Մէջ Համագործակցութիւնը  Ամրապնդելու Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանցիներուն Քուէյթ Մուտքը, Իսկ Քուէյթցիներուն Լիբանան Վերադարձը Դիւրացնելու Եւ Տարբեր Ոլորտներու Մէջ Համագործակցութիւնը Ամրապնդելու Համաձայնութիւն

Մայիս 13, 2025
Քոռնելիուս. «Եւրոպական Միութիւնը Պիտի Սկսի  Ռուսիոյ Դէմ Նոր Պատժամիջոցներ Պատրաստել,  Եթէ Մոսկուան Մինչեւ Օրուան Վերջը  Զինադադարի Չհամաձայնի»
Գլխաւոր լուրեր

Քոռնելիուս. «Եւրոպական Միութիւնը Պիտի Սկսի Ռուսիոյ Դէմ Նոր Պատժամիջոցներ Պատրաստել, Եթէ Մոսկուան Մինչեւ Օրուան Վերջը Զինադադարի Չհամաձայնի»

Մայիս 13, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?