Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարցազրոյց` «Հարմոնի» Խօսքի Եւ Լեզուի Բուժման Եւ Ախտաբանութեան Կեդրոնի Համահիմնադիր Թալին Աշիքեանի Հետ

Փետրուար 14, 2023
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարցազրոյցը վարեց` Ն. Բ.

Թալին Գալֆայեան-Աշիքեան (MS., CCC-SLP/ASDCS) ծնած է Լիբանան, յաճախած է Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարան, աւարտած է Մելանքթոն եւ Հայկ Ասլանեան Ճեմարանը: Ուսումը շարունակած է Հայաստան` 1988-էն 1994, Խաչատուր Աբովեանի անուան մանկավարժական համալսարանը եւ աւարտած` իբրեւ խօսքի եւ լեզուի ախտաբան: 2007-2011 յաճախած է Քալիֆորնիոյ Նորթրիճ համալսարանը եւ տիրացած մագիստրոսի վկայականին` որպէս խօսքի եւ լեզուի ախտաբան:

Միացեալ Նահանգներու Լեզուի եւ լսողութեան միութեան (ASHA) կողմէ լիազօրուած մասնագէտ է: 30 տարիներէ ի վեր կ՛աշխատի երեխաներու մօտ ինքնափակումի իրավիճակներու (Autism) մարզին մէջ:  Ներկայիս կը գործէ իր անձնական գրասենեակներուն մէջ, իսկ նախապէս` Քալիֆորնիոյ նահանգային կեդրոններու եւ դպրոցական շրջածիրին մէջ:

Հիմնադիրներէն է Harmony Speech and Language Therapy & Diagnostics (Ներդաշնակ խօսուածք եւ լեզուական բուժում ու ախտաճանաչում) ընկերակցութեան, ղեկավարն ու սեփականատէրն է  Logopedics, LLC. ընկերութեան:

Լայնահուն փորձառութիւն ունի երեխաներուն մօտ լեզուական խանգարումներու եւ ուշացումներու վերաբերեալ: Բուժումի ընթացքին, ե՛ւ բուժումի ենթարկուողներուն, ե՛ւ անոնց հոգ տանողներուն հետ անձնական յարաբերութիւններ մշակելու իր ձիրքին շնորհիւ Թ. Աշիքեան նուիրեալ մասնագէտի եւ փնտռուած արհեստավարժի համբաւ կը վայելէ Լոս Անճելըսի մէջ: Ան նաեւ ինքնափակումի ախտաբանութեան մասնագէտ է, ինքնափակային եւ մասնաւոր հոգածութիւն պահանջող երեխաներուն ուղղուած եոկայի վկայուած ուսուցիչ է, նաեւ` ձայնային բուժման մարզին մէջ վկայուած բուժագէտ:

«Ազդակ» հետեւեալ հարցազրոյցը կատարեց անոր հետ`թէ՛ «Հարմոնի» կեդրոնին եւ թէ՛ խօսելու դժուարութիւն ունեցողներուն համար յատուկ յաւելուած ծրագիրի` «Արմաւ»-ի մասին տեղեկութիւններ ունենալու եւ զանոնք մեր ընթերցողներուն հետ բաժնեկցելու համար:

«ԱԶԴԱԿ».- Համահիմնադիրն էք «Հարմոնի» կեդրոնին, ինչո՞ւ, ե՞րբ եւ ի՞նչ նպատակներով ստեղծուած է այդ կեդրոնը, այսօր որո՞ւ կը ծառայէ անիկա:

ԹԱԼԻՆ ԱՇԻՔԵԱՆ.- «Հարմոնի» լեզուի եւ խօսքի կեդրոնը ստեղծուած է 2016-ին, Լոս Անճելոսի մէջ: Ունինք երկու կեդրոններ Կլենտէյլի եւ Սան Ֆերնանտօ հովիտին մէջ:

Սոյն կեդրոնին մէջ կան 8 հայ մասնագէտներ, որոնք կը զբաղին հայ եւ օտար մանուկներու ընդհանուր զարգացման, խօսքի եւ լեզուի դժուարութիւններու հետ: Մեր աշխատանքին ընթացքին յատուկ կարեւորութիւն կու տանք  մշակութային մօտեցումներուն եւ կը յարգենք իւրաքանչիւր ընտանիքի հետեւած կանոններուն: Այդպիսով, երեխաները իրենք զիրենք կը զգան ապահով եւ բնական միջավայրի մէջ:

 «Ա.».- Մեր իրականութեան մէջ խօսելու, արտայայտուելու դժուարութիւն ունեցող անձերը` ըլլան անոնք չափահաս թէ փոքր, իրենց առօրեան ապրելու տարբեր հարցերու դէմ յանդիման կը կանգնին: Ողջունելի նախաձեռնութեամբ մը կեանքի կոչուած է «Արմաւ» յաւելուածը, որուն թիրախը խօսելու հարցեր ունեցողներն են: Խնդրեմ` ընդարձակ կերպով խօսիք այս ծրագիրին կեանքի կոչման դրդապատճառներուն մասին:

Թ. Ա.- Տասնամեակներէ ի վեր, տարբեր լեզուներով գոյութիւն ունին յաւելուածային այլընտրանքային տարբեր միջոցներ` խօսքի  եւ հաղորդակցութեան դժուարութիւն ունեցող անձերու համար:

Իր տեսակին մէջ միակն է «Արմաւ» կիրարկութիւնը, որ միջոց կը հանդիսանայ հայ անհատներուն հաղորդակցելու հայերէնով:

Տարիներու փորձառութիւնը ցոյց տուաւ, որ հայերէնով հաղորդակցիլը լուրջ հարց մըն է անխօս կամ խօսելու դժուարութիւն ունեցող հայ մանուկներուն, երիտասարդներուն կամ տարեցներուն համար: Ամէն մարդ անհատ իրաւունք ունի իր պէտքերը կամ կարծիքը արտայայտելու: Հայերէնով արտայայտուելու կարելիութիւններու սահմանափակ ըլլալը նկատի ունենալով, երբ առիթը ստեղծուեցաւ, Երեւանի մէջ գործող «Արմաւ» կեդրոնը որոշեց ձեռնարկել նման ծրագիրի մը մշակման:

«Արմաւ» յաւելուածը առաջին հայալեզու կիրարկութիւնն է, որ միջոց կը հանդիսանայ անխօս հայ մարդոց հաղորդակցելու համար: Անիկա լոյս տեսաւ դեկտեմբեր 2022-ին եւ ձրիաբար հասանելի է բոլորին:

Սոյն յաւելուածին արեւմտահայերէնի բաժինը կեանքի կոչուեցաւ Միացեալ Նահանգներու մէջ, Լոս Անճելըսի մէջ գործող մեր «Հարմոն»ի խօսքի եւ լեզուի բուժման եւ ախտաբանութեան կեդրոնի ջանքերով եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հովանաւորութեամբ:

 «Ա.».- Բարեբախտութիւն է, որ «Արմաւ»-ը ունի նաեւ արեւմտահայերէն բաժինը, որուն գործադրութիւնը կը կատարէ «Հարմոնի» կեդրոնը: Խնդրեմ` նախ խօսիք տարբեր ծրագիրներ նաեւ արեւմտահայերէնով պատրաստելու կարեւորութեան մասին` յատկապէս ծանրանալով «Արմաւ»-ին վրայ:

Թ. Ա.- Արմաւ» կեդրոնը եւ «Հարմոնի»-ն ունին տարիներու համագործակցութիւն: Երբ «Արմաւ»-ի տնօրէն Արմինէ Աւագեանը ինծի դիմեց այս ծրագիրին գծով, սիրով ընդառաջեցի եւ առաջարկեցի արեւմտահայերէն բաժնի ստեղծումը նաեւ: Ըլլալով միակ կամաւոր անձը` յանձն առի այդ բաժնի իրականացման ամբողջ պարտականութիւնն ու աշխատանքը: Արեւմտահայերէնով բազմատեսակի կրթադաստիարակչական եւ մասնագիտական ծրագիրներ ստեղծելու հսկայական պահանջ կայ: Ստեղծած եմ նաեւ արեւմտահայերէնի հնչիւնային շարժուձեւային փաթեթ մը, որ շուտով կեանքի պիտի կոչուի եւ պիտի օգնէ շարժումներով սորվելու, ճիշդ հնչելու հայերէն տառերը եւ հնչիւնները: Կը հրաւիրեմ աշխարհասփիւռ հայրենակից գործընկերներս` հետեւելու մեր օրինակին եւ արեւմտահայերէնով ստեղծելու օգտաշատ աղբիւրներ` հիմնուելով նոր գաղափարներու վրայ:

«Ա.».- Ինչպէ՞ս կարելի է նախ հասնիլ այս յաւելուածին, ինչպէ՞ս կարելի է օգտագործել զայն, արդեօք բոլորին համար ալ յարմա՞ր է անիկա հաւասարապէս:

Թ. Ա.- «Արմաւ» կիրարկութիւնը հասանելի է բոլորին` ձրիաբար: App Store-ի կամ Google Play-ի միջոցով կարելի է ներբեռնել iPad-ի կամ Android սարքերու վրայ: Տպել Armav AAC, ստեղծել էջ մը, ապա` անպայման դիմել ձեր խօսքի եւ լեզուի ախտաբանին, եթէ ան մասնագիտացած է այլընտրանքային հաղորդակցութեան միջոցներ օգտագործելու եւ սորվեցնելու ծիրին մէջ:

Շատ դիւրին միջոց է սոյն կիրարկութիւնը, եթէ ճիշդ ձեւով օգտագործուի եւ անհատականացուի օգտագործող անձին համար: Կարճ տեսերիզ մը պատրաստած եմ «Եու թիուպ»-ի վրայ, կարելի է աւելի գաղափար կազմել դիտելով զայն` հետեւեալ հասցէով https://youtu.be/AJIsATzYoWQ

Յաւելուածին նպատակն է արեւմտահայ եւ արեւելահայ անխօս բոլոր անհատներուն հայերէնով հաղորդակցելու առիթ ընծայել:

Ո՞ր անհատներուն համար կրնայ օգտակար ըլլալ սոյն կիրարկութիւնը: Քանի մը օրինակներ նշեմ ստորեւ

Այն մանուկները, որոնք խօսքի եւ լեզուի զարգացման խանգարում ունին:
Այն անհատները, որոնք գլխուղեղի կաթուածի պատճառով կորսնցուցած են իրենց խօսքը:
Բերանի խոռոչի, լեզուի, կոկորդի եւ թոքերու քաղցկեղի պատճառով խօսքը կորսնցուցած անձերը:
Պատերազմի ատեն գլխու հարուածի պատճառով խօսքի կեդրոնը վնասած զինուորը:
«Քորոնա»-ի պատճառով շնչառական ուղիի մշտական կամ ժամանակաւոր վնասուածք ունեցող անձը:
Փարքինսոն եւ ALS-ի նման հիւանդութիւններու պատճառով խօսքը կորսնցուցած անձը:
Օթիզմ եւ այլ նեարդահամակարգային խանգարումներով անձերը:

Կիրարկութեան արեւմտահայերէն բաժինը կ՛ընդգրկէ գործնական բառապաշար` յատուկ ընտրուած մասնագէտներու կողմէ: Օգտատէրը կամ հոգատարը կարելիութիւնը ունի նոր բառեր եւ նկարներ աւելցնելու անհատակացնելու համար ծրագիրը` ըստ պահանջի:

Օգտատէրը նկարները սեղմելով` սարքին հրահանգ կը ղրկէ իր միտքերը արտայայտելու արեւմտահայերէնով: Կարելիութիւնը ունի նաեւ իր շարադրած միտքերը կիսուելու` ղրկելով զանոնք հեռաձայնի, ելեկտրական նամակի կամ ընկերային ցանցերու:

Իսկ թէ «Արմաւ» կիրարկութիւնը յարմա՞ր է բոլորին հաւասարապէս, ի հարկէ ո՛չ: Մասնագէտին կողմէ ստուգումը եւ որոշում կայացնելը առաջնային դեր կը կատարէ:

«Ա.».- Այս յաւելուածով դուք կը դիւրացնէք կեանքը արդէն իսկ դժուարութիւններ դիմագրաւող անհատներուն` իբրեւ մասնագէտ ձեր խօսքն ու խորհուրդը խօսելու հարցեր դիմագրաւող անձերուն պարագաներուն, որքանո՞վ օգտակար են նման նախաձեռնութիւններ հասանելի դարձնել այդ անձերուն եւ չյուսահատիլ առաջին քանի մը փորձէն իսկ:

Թ. Ա.- Իմ խորհուրդս է հայ հանրութեան` հաղորդակցելու դժուարութիւն ունեցող անձերը չդասել որպէս երկրորդական մակարդակի անձեր, այլ պէտք է յարգել անոնց բոլոր իրաւունքները հաւասարապէս: Սոյն կիրարկութիւնը մասնագէտի մը օգնութեամբ եւ ճիշդ ձեւով հրամցնել անձին եւ ուշադիր ըլլալ ու պատասխանատու մօտեցում ցուցաբերել` նուազագոյն յուսահատութիւնը չպատճառելու անձին, որովհետեւ այլապէս ան կրնայ կորսնցնել հաղորդակցելու ոսկի առիթ մը:

 

 

Նախորդը

Հիւկօ Լիորիս Շուրջ Երկու Ամիսով Պիտի Բացակայի Ֆութպոլի Դաշտերէն

Յաջորդը

Ռէալ Մատրիտ Հրաժարեցաւ Ծախել Վինիսիուսը

RelatedPosts

Սփիւռքի Եւ Հայաստանի Հայերի Միջեւ Լեզուական Խորթութիւնը, Պառակտումն Ու Երկփեղկումը Պէտք Է Վերանան
Հարցազրոյց

Սփիւռքի Եւ Հայաստանի Հայերի Միջեւ Լեզուական Խորթութիւնը, Պառակտումն Ու Երկփեղկումը Պէտք Է Վերանան

Մարտ 17, 2023
«Երաժշտութիւնը Բուժիչ Է Ու Մխիթարող, Եւ Եթէ Աւելի Մեծ Ներկայութիւն Ունենար Աշխարհի Վրայ, Չարութիւնները Նուազ Կ՛ըլլային Հոս» Հարցազրոյց Սէրուժ Գրաճեանի Հետ
Հարցազրոյց

«Երաժշտութիւնը Բուժիչ Է Ու Մխիթարող, Եւ Եթէ Աւելի Մեծ Ներկայութիւն Ունենար Աշխարհի Վրայ, Չարութիւնները Նուազ Կ՛ըլլային Հոս» Հարցազրոյց Սէրուժ Գրաճեանի Հետ

Մարտ 15, 2023
«Ազատութեան Շրջափակում Արցախը Չի Զգացել Եւ Չի Զգում»
Հարցազրոյց

«Ազատութեան Շրջափակում Արցախը Չի Զգացել Եւ Չի Զգում»

Մարտ 7, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In