Հարցազրոյց` Արուեստագէտ Տիգրան Պայաթեանին Հետ
Հարցազրոյցը վարեց` Ն. ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
Նախորդ տարուան աւարտին Քուէյթի մէջ տեղի ունեցաւ հոլանտահայ արուեստագէտ Տիգրան Պայաթեանի «The Spirit of love» խորագիրով ցուցահանդէսը, որ կը կրէր հովանաւորութիւնը Քուէյթի մշակոյթի, արուեստի եւ գրականութեան ազգային խորհուրդին եւ Քուէյթի մէջ Հայաստանի դեսպանատան: Արուեստագէտին, անոր գործերուն եւ աշխարհին ծանօթանալու համար «Ազդակ» անոր հետ ունեցաւ հետեւեալ հարցազրոյցը:
Նկարներ բացումէն
«ԱԶԴԱԿ».- Խնդրեմ` նախ անդրադառնանք ձեր կենսագրականին` ձեր ծննդավայր Հոլանտայէն մինչեւ ներկայի ձեր կեցութեան վայրը` Քուէյթ: Խօսինք նաեւ ձեր ուսման ընթացքին մասին:
ՏԻԳՐԱՆ ՊԱՅԱԹԵԱՆ.- Ծնած եմ Ահւազ, Իրան: Կրթութիւնս ստացեր եմ Ահւազի «Հայոց դպրոց»-ին մէջ, որմէ ետք աւարտած եմ տեղւոյն մետաղագործութեան հիմնարկը եւ անցած եմ աշխատանքի տարբեր մետաղագործական հիմնարկներու մէջ: Միշտ սիրած եմ մասնագիտութիւնս, մետաղներու հետ աշխատանքը, տարբեր նախագիծներու վրայ աշխատիլը, ծրագրելը, հաշուարկելն ու իրագործելը: Բայց բան մը պակաս էր, եւ այդ պակասը լրացուց Պէյրութի Համազգայինի հայագիտական հիմնարկը, ուր ընդունուեցայ 1985-ին` իբրեւ պատմութեան ճիւղի ուսանող եւ աւարտեցի 1989-ին: Հայագիտականը զիս դարձուց հայրենաճանաչ, ես առիթ ունեցայ ուսումնասիրելու մեր պատմութիւնը, մշակոյթը, մեր արուեստները եւ գրականութիւնը: Հետագային այդ ամէնը եւ յատկապէս հայ ժողովուրդի պատմութիւնն ու քանդակագործութիւնը աւելի խորութեամբ ուսումնասիրեցի Հայաստանի մէջ, Խ. Աբովեանի անուան մանկավարժական համալսարանին մէջ, զոր աւարտեցի մագիստրոսի աստիճանով, 1992-ին:
Հայաստան ուսումս աւարտելէ ետք, 5 տարի եղած եմ Թեհրանի «Արարատ» մարզամշակութային համալիր-մարզաւանի տնօրէնը, ապա կեանքի պայմաններու բերումով շուրջ 12 տարի ապրած եմ Հոլանտա, Միացեալ Նահանգներ եւ Սպանիա: 2007-էն ի վեր ընտանիքիս հետ հաստատուած ենք Քուէյթ եւ շուտով պիտի տեղափոխուինք հայրենիք` մեր վերջին հանգրուանը:
«Ա.».- Արուեստն ու դուք. խնդրեմ` խօսեցէք այս «ճամբորդութեան» մասին, որուն արդիւնքը արդէն տեսանելի է բոլորիս: Ինչպէ՞ս սկսաւ արուեստի նկատմամբ ձեր հետաքրքրութիւնը, ինչպէ՞ս զարգացաւ:
Տ. Պ.- Նկարելն ու քանդակելը իմ հոպիներս եղած են միշտ. Պէյրութէն Թեհրան, Հոլանտա, Միացեալ Նահանգներ, իսկ հիմա` Քուէյթ, ուր 15 տարի է կ՛ապրինք, միշտ ունեցած եմ յատուկ անկիւն մը ձեռային աշխատանքներուս համար: Յաճախ մասնակցած եմ խմբական ցուցահանդէսներու, յատկապէս` Եւրոպա եղած տարիներուս: Կեանքը, սակայն, երբեմն մարդը այնպէս կը կլանէ, առօրեայ գործերը իրենց կշռոյթը կը պարտադրեն, եւ արուեստի համար ազատ ժամանակ շատ քիչ կը մնայ: Բայց երբ համավարակը եղաւ եւ պարտադիր արձակուրդ ունեցայ, լրիւ ժամանակս տրամադրեցի արուեստին ու տարբեր գործերու ստեղծման ժամանակ զգացի, որ սա՛ է իմ տարերքը, զգացի, որ տարիներու ընթացքին շատ բան կուտակուած է եւ ըսելիք շատ կայ:
Մանկութենէս անշուշտ ես հաճոյքով հօրս օգնութեամբ մետաղէ խաղալիքներ եւ տարբեր իրեր շինելով ձեռք բերած էի հիմնական գիտելիքներ եւ հմտութիւններ, սակայն տարիներու հետ այդ բոլորին վրայ գումարուած է արուեստի ճաշակն ու հասունութիւնը: Համավարակը տուաւ ինծի այդ առիթը` փնտռելու եւ արտայայտելու իմ մտորումներս ու մտահոգութիւններս քանդակի ձեւով: Պատրաստեցի 65-էն աւելի գործեր, որոնք ներկայացուեցան նոյեմբերին, անհատական ցուցահանդէսի ընթացքին:
«Ա.».- Ձեր վերջին ցուցահանդէսը կը կրէր «The Spirit of love» խորագիրը, ինչո՞ւ այս խորագիրը, քանի՞ տարուան աշխատանքի արգասիք են ցուցադրուած գործերը, անոնք բաժանումներ ունի՞ն (գծանկար, քանդակ եւ այլն) եւ դժուար չէ՞ արուեստի քանի մը ոլորտի մէջ գործել ու բոլորին մէջ ալ յաջողիլ:
Տ. Պ.- Ցուցահանդէսին խորագիրը «The Spirit of Love» էր, քանի որ կեանքի մէջ ամէն գեղեցիկ բան սիրոյ արդիւնք է, սիրոյ ծնունդ է: Իմ անհատական ցուցահանդէսս ունէր վեց ենթախորագիրներ` «Ծովի պարուհիներ», «Սէր», «Գեղեցկութիւն», «Կարօտ», «Ուրախութիւն» եւ «Քո ճանապարհը»: Այդ բոլորը բնորոշողն ու ծնունդ տուողը, իմ կարծիքով, սէրն է. սէր` բնութեան, գեղեցիկի, կատարեալի, աշխատանքի, կնոջ, ընտանիքի, Աստուծոյ նկատմամբ, եւ ի վերջոյ սէր` կեանքի հանդէպ:
Իմ այս ցուցահանդէսիս գործերը, ֆիզիքական առումով, երկու տարուան աշխատանքի արգասիքն էին, բայց ես կը հաւատամ, որ այս բոլորին խմորումը երկար տարիներու փնտռտուքի եւ մտորումներու արդիւնքն էր: Կը կարծեմ, թէ նկարչութիւնը կամ քանդակը պարզապէս միջոցներ են արտայայտուելու: Եթէ մարդ ունի տարրական գիտելիքներ եւ հմտութիւններ այդ նիւթերու հետ աշխատելու, դժուար չէ տարբեր «medium»-ներ (նիւթեր) օգտագործելով ինքնաարտայայտուիլը: Կարեւորը ըսելիքն է եւ այդ ըսելիքը ճաշակով ներկայացնելը:
Իմ գործերուս պարագային նաեւ հանդիսատեսն է, որ պիտի դատէ, թէ որքանով այդ քանդակներն ու արձանները խօսուն են եւ կը փոխանցեն այն միտքերը, զորս փորձած եմ կիսել:
«Ա.».- Նկատելի է, որ ձեր գործերուն մարմնաւորած նիւթերը այլազան են, հոն կայ գեղեցիկը, բնութիւնը, ազգայինը: Խօսինք ձեր ներշնչման աղբիւրներուն, նիւթերու ընտրութեան եւ զանոնք արուեստի ճամբով հրամցնելու մասին:
Տ. Պ.- Արուեստագէտին համար որեւէ բան կրնայ ներշնչանքի աղբիւր դառնալ: Օրինակ` մարդուն կամ բնութեան մէջ ազնիւն ու գեղեցիկը տեսնելով` արուեստի միջոցով զայն որսալու եւ անշարժացնելու մղումը կը յառաջանայ:
Իմ գործերէս «Ծովի պարուհիներ», «Սէր», «Գեղեցկութիւն» շարքերը գեղեցիկը եւ ազնիւը ներկայացնելու փորձ են:
Արուեստագէտի համար ներշնչանքի աղբիւր կրնայ դառնալ նաեւ ցաւը, ափսոսանքը եւ մտահոգութիւնը: Օրինակ` իմ «Թռչունի բոյն»-ը եւ «Կարօտ» շարքը ներշնչուած են մերօրեայ, 21-րդ դարու կարեւորագոյն եւ հրատապ խնդիրներէն, որոնք են` բնութեան աւերումը եւ մարդու իր էութիւնէն հեռանալը, իր առօրեայ մտասեւեռումներուն գերի դառնալը (Obsession), չդադրող յարձակումները իր մտքի վրայ (Overwhelming), որոնք պատճառ կը դառնան, որ մարդ կորսնցնէ ամէնէն կարեւորը` իր հոգեկան անդորրը եւ իր երջանկութեան հասցնող ճամբան: Այլ խօսքով, ես կը հաւատամ, որ լաւ գործեր կը ստեղծուին, երբ արուեստով զբաղող մարդը կը պատկերէ գեղեցիկը, բարին, եւ կամ երբ կը յառաջանայ միտք ու ըսելիք:
Մենք` իբրեւ հայեր, անմասն չենք համամարդկային այդ խնդիրներէն, այլ, ընդհակառա՛կը, մեզի համար 21-րդ դարու մարտահրաւէրները շատ աւելի լուրջ են: Մեր ազգի անվտանգութեանը եւ հայրենի բնութեանը սպառնացող վտանգները շատ աւելի ծայրայեղ են ու օրհասական եւ կը պահանջեն խղճամիտ, մասնագիտական ու անմիջական ուշադրութիւն:
«Ա.».- Եթէ խնդրենք, որ այս ցուցահանդէսին ներկայացուած գործերէն հատ մը ընտրէք եւ զայն ներկայացնէք մեր ընթերցողներուն, ո՞ր մէկը պիտի ըլլայ ատիկա եւ ինչո՞ւ:
Տ. Պ.- Կ՛ուզէի առանձնացնել մէկ գործ, որ կ՛արտայայտէ այս պահուն մեր հաւաքական մտքի «անզօրութիւնը»: Կը կոչուի «Overwhelming», ամէն կողմէ յարձակումի ենթարկուող մարդն է: Հայաստանի այսօրուան գոյապայքարի ընթացքին տարաբնոյթ մօտեցումները, օրուան իշխանութեան կողմէ տարածուող կեղծ լուրերը եւ ապակողմնորոշող մեկնաբանութիւնները, հայ հասարակութեան խելագարութեան հասցուցած են: Մեզմէ ոմանք բոլորովին անտարբեր են կորուստի ցաւին եւ մեր ազգին ու հայրենիքին սպառնացող գոյութենական վտանգին. ուղղակի ապուշի վիճակի մէջ են: Ուրիշներ շփոթած` իրերայաջորդ եւ ամէն կողմէ եկող հարուածներէն չեն սթափիր եւ չեն գիտեր ի՛նչ ընել, եւ կայ փոքրամասնութիւն մը, որ ամենայն խորութեամբ կը զգայ վտանգը կամ կ՛ապրի վիշտը. այդ հատուածը նաեւ, Կոմիտասի նման, ցաւէն քարացած է:
«Ա.».- Ըսիք, որ Պէյրութի մէջ հետեւած էք Հայագիտականի դասընթացքներուն, ընդհանուր գիծերու մէջ անդրադառնանք Լիբանան ձեր կեցութեան եւ ուշագրաւ յիշատակներու:
Տ. Պ.- Լիբանանէն շատ լաւ յուշեր ունիմ, յատկապէս` հայագիտականի տարիներէն: Հակառակ երկրին մէջ տիրող պատերազմական անկայուն վիճակին, ինծի համար այդ տարիները աշխատելու, ուսանելու, հասարակական կեանքին մէջ աշխուժ մասնակցութիւն ունենալու տարիներ էին: Ինչպէս նշեցի, 1985-1989-ը Համազգայինի Հայագիտական հիմնարկի պատմութեան ճիւղի ուսանող էի, եւ միաժամանակ ուսուցիչ` Ազգային Սոֆիա Յակոբեան եւ Աբգարեան դպրոցներուն մէջ: Հակառակ անկայուն վիճակին, ջուրի, հոսանքի, պենզինի չգոյութեան, շատ կորով եւ յոյս կար, բոլորս մեծ խանդավառութեամբ կ՛ընէինք ամէն ինչ:
Հիմա երբ մտքով ետ կ՛երթամ եւ կը թերթեմ այդ օրերու յուշերս, մէկ բան ինծի համար առեղծուածային կը մնայ: Լիբանանի հայ համայնքի ոգիի ամրութիւնը եւ պայքարելու վճռակամութիւնը: Ինծի համար անմոռանալի են ընկերներուս հետ Պուրճ Համուտի թաղամասերուն մէջ մեր անցուցած անքուն գիշերները, պահակութեան ժամերը, հազար ու մէկ դժուարութիւններով գոյատեւող մեր դպրոցները, բազմաթիւ զրկանքներով ապրող, մանկութենէն զրկուած հայերէնի եւ հայոց պատմութեան մէջ գերազանց արդիւնքներ ապահովող բազմաթիւ աշակերտներուս բոցկլտացող աչքերը, մեր ուրախութիւնն ու հպարտութիւնը ամէն անգամ, երբ ռումբերու տակ ծրագրուած եւ քանի անգամ յետաձգուած մշակութային ձեռնարկներուն կու գար մասնակցելու մեր ժողովուրդը, «Յ. Տէր Մելքոնեան»-ի լեփ-լեցուն դահլիճը…
Խելագար տարիներ էին: Կը կարծեմ, թէ մարդկային եւ յատկապէս հայու ոգիի ամրութեան փայլուն դրսեւորում էր պատերազմի ամենաթէժ օրերուն Ճեմարանի նոր շէնքի կառուցումը, Համազգայինի երաժշտանոցի եւ կերպարուեստի դպրոցի, Համազգայինի «Հ. Օհանջանեան»-ի մասնաճիւղի հիմնադրութիւնը, որուն մէջ ես եւ ընկերներս ունէինք մեր համեստ ներդրումը եւ շատ ուրիշ հիմնարար ձեռնարկներ եւ կառոյցներ, որոնք յոյս եւ կորով կը ներշնչէին քաղաքացիական պատերազմի ահաւոր պայմաններուն տակ ապրող մեր ժողովուրդին:
«Ա.».- Դուք, որ արուեստին հետ այսքան սերտ կապ ու կեանք ունիք, որքա՞ն կարեւոր կը նկատէք արուեստին ներկայութիւնը մարդու կեանքին մէջ, նոյնիսկ եթէ ինք արուեստագէտ չէ:
Տ. Պ.- Կը հաւատամ, որ մարդու ամէնէն կարեւոր յատկութիւնը իր հոգիի ազատութիւնն է եւ մտքի թռիչքը: Արուեստը այն միջավայրն է, ուր կարելի է թռչիլ մտքով եւ հոգիով` «Լուալ կեանքի փոշին», ինչպէս պիտի ըսէր Փիքասոն եւ այդ բարձրութենէն կեանքին ու մեր շուրջ եղած երեւոյթներուն նայիլ աւելի զուլալ աչքերով. տարբերել մնայունն ու անցողիկը, էականն ու մանրուքը եւ հասնիլ ներդաշնակութեան: Արուեստը այն պատուհանն է, որմէ դիտուած բոլորս հաւասար ենք. ունինք նոյն տագնապները, կարիքները, ձգտումները, որոնք, ըստ մեր խառնուածքին եւ կեանքի պայմաններուն, կը գծեն կեանքի մեր ուղին, որուն վերջնակէտը բոլորիս համար նոյնն է` հասնիլ երջանկութեան: Հետեւաբար մեր կեանքին մէջ արուեստին տեղ տալով, թէկուզ` դիտողի մակարդակով, կը սկսինք գնահատել եւ ներդաշնակ ապրիլ մեր միջավայրին եւ բնութեան հետ. այդպիսով քիչ մը աւելի կը մօտենանք մեր մարդկային եւ ազգային հաւաքական նպատակներու իրականացման:
«Ա.».- Այսքան նիւթականացած աշխարհին մէջ այսօր տեղ կա՞յ արուեստին ու գեղեցկութեան:
Տ. Պ.- Ի հարկ է, մեր նիւթականացած աշխարհին մէջ շատ աւելի սուր է կարիքը վերանալու մեզ կլանող առօրեայէն, մեզ մանրացնող հոգերէն, մեզ անհոգի եւ անսիրտ դարձնող խնդիրներէն:
Արուեստի միջոցով կարելի է ոչ միայն արտայայտուիլ, այլեւ` քննական կերպով մտածել, վերլուծել, սեփական ներաշխարհը պրպտել եւ մեր էութեան խորքային ու հաւաքական եսին հետ կապը վերագտնել: Յատկապէս այսօր մեր ուշադրութիւնն ու ժամանակը անընդհատ պահանջող «media»-ն, հեռախօսը, դէպքերու արագ ընթացքը, մեզի հնարաւորութիւն չեն տար պահ մը կանգ առնելու եւ հարցերը, երեւոյթները ճիշդ գնահատելու, ամէն ինչ իր տեղը դնելու: Արուեստով զբաղիլը` ըլլայ այն գրականութիւն, երաժշտութիւն, նկարչութիւն, պար, կերպարուեստ թէ քանդակագործութիւն, մեզի կու տայ այդ հնարաւորութիւնը` խորանալու եւ առնչուելու այն ամէնուն հետ, որ ներանձնական է եւ միաժամանակ համամարդկային:
«Ա.».- Ձեր խօսքը մեր երիտասարդ հայ արուեստագէտներուն` աշխարհով մէկ տարածուած:
Տ. Պ.- Արուեստը օգտագործեցէք գտնելու եւ արտայայտելու համար այն ներքինը, որ միայն ձերն է, միայն ձեզի է հասանելի: Ձեր ստեղծածը, գրածը, նկարածը, գեղեցիկ եւ հետաքրքրական է, որովհետեւ ինքնուրոյն է, ձեր տեսակի եւ գոյնի դրսեւորումն է. մի՛ փորձէք ուրիշներուն նմանիլ կամ ուրիշներու հետ մրցիլ: Աշխատեցէք, շատ ժամանակ տրամադրեցէք ոչ միայն բարելաւելու ձեռքի աշխատանքը` թեքնիքը, այլ նաեւ վերլուծեցէք` ձեր տեսածը, ձեր շուրջ կատարուածը, ձեզ մտահոգողը, վախցնողը, ուրախացնողը, յուզողը, որովհետեւ գեղեցիկ եւ խօսուն արուեստի գործը կը ծնի միայն այն ատեն, երբ բիւրեղացած են ապրումները, եւ զուլալուած է մարդու միտքը:
Աւարտին թոյլ տուէք յատուկ շնորհակալութիւն յայտնել «Ազդակ»-ի ընտանիքին` իմ ցուցահանդէսին անդրադառնալու եւ հարցազրոյցի այս առիթը ընձեռելու համար: