Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեւան-Վան` Ուղիղ Թռիչք

June 17, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ԺԱՄԱՆԱԿ»

«Սփութնիք Արմէնիա»-ն հաղորդեց, որ երէկ (երկուշաբթի, 10 յունիս-խմբ.) Երեւանի եւ Վանի միջեւ տեղի ունեցաւ մասնաւոր թռիչք մը: Անիկա թէեւ չարթըր թռիչք մը եղած է, սակայն կը համարուի շատ յատկանշական: Ինչպէս ծանօթ է, քանի մը տարի առաջ խնդրոյ առարկայ դարձած էր Երեւանի եւ Վանի միջեւ ուղիղ թռիչքներու կազմակերպումը, սակայն աւելի ուշ, վերջին պահուն, այդ ծրագիրը ձախողած էր: Ներկայիս, բացառութեան կարգով, տեղի ունեցած է այդ ուղղութեան վրայ թռիչք մը:

Յատուկ թռիչքը փոխադրեց Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Իշխան Զաքարեանի: Օդանաւի ուղեւորներու շարքին էին նաեւ խումբ մը մտաւորականներ եւ հասարակական գործիչներ: Համակրելի մեներգչուհի Սիպիլ նոյնպէս այդ ուղեւորներու շարքին էր:

Երեւանէն Վան հասնող թռիչքին ուղեւորները, Իշխան Զաքարեանի գլխաւորութեամբ,  օդակայանի մէջ դիմաւորուեցան պաշտօնատարներու կողմէ: Անոնք այցելեցին Վան եւ Իգդիր: Այս երկու քաղաքներուն մէջ Իշխան Զաքարեան եւ ընկերակիցները հիւրընկալուեցան համաքաղաքապետներուն կողմէ: Պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ Աղթամար կղզի, ուր Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ անոնք կատարեցին ուխտի աղօթք մը:

Վանի համաքաղաքապետներուն հետ զրուցելու ատեն Իշխան Զաքարեանը օրակարգի վրայ բերաւ յաջորդ համահայկական խաղերը Վանի եւ Երեւանի մէջ կազմակերպելու գաղափարը: Իշխան Զաքարեանը նոյն ժամանակ Վանի եւ Իգդիրի համաքաղաքապետներուն հրաւէրներ յանձնեց մասնակցելու համար յառաջիկայ Համահայկական խաղերու բացման:

Ինչպէս ծանօթ է, յառաջիկայ օգոստոսին նախատեսուած են Համահայկական 7-րդ խաղերը, որոնց բացումը տեղի պիտի ունենայ Ստեփանակերտի մէջ եւ ծրագիրը պիտի շարունակուի Երեւանի մէջ:

Համահայկական 7-րդ խաղերուն ընդառաջ, Համաշխարհային կոմիտէի անդամները Երեւան-Վան թռիչքով Թուրքիա եկան Մուսա Լերան մէջ մօտալուտ խաղերուն ջահը վառելու նպատակով:

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (17 Յունիս 1969)

Յաջորդը

ԼՕԽ-ականներ Կ՛այցելեն Պէյրութի Ազգային Թանգարան

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

May 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.