Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

Յունիս 24, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 14 յունիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Նորսիկեան մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը` ներկայութեամբ Ճեմարանի անձնակազմին, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան, Ճեմարանի խնամակալութեան, ծնողներու, բարեկամներու եւ շրջանաւարտներու:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ մանկապարտիզպանուհի Թալին Եահնիյեանը, որ ողջունեց ներկաները եւ ըսաւ, որ շատ արագ անցան մանկապարտէզի երեք տարիները, որոնց ընթացքին փոքրիկները զարգացուցին զանազան կարողութիւններ, ունեցան ընկերային կեանք եւ կերտեցին իրենց ազգային նկարագիրը: Ան իր խօսքը ուղղեց աշակերտներուն եւ ըսաւ. «Սիրելի՛ երեխաներ, պիտի ըլլաք ուսուցիչներ, երկրաչափներ, բժիշկներ, հրշէջներ, ղեկավարներ, ազգային գործիչներ… քիչ ետք բեմէն պիտի յայտարարէք այս բոլորը ինքնավստահ ու բարձրաձայն, եւ վստահ ենք, որ պիտի տարածէք հայ լեզուն ու մշակոյթը, ո՛ւր որ ըլլաք»: Ապա Եահնիյեան շեշտեց, որ առանց ծնողներուն` հայ մանկապարտէզը չի յաջողիր իր առաքելութեան մէջ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց մանկապարտէզի անձնակազմին եւ դաստիարակներուն, որոնք գուրգուրանքով եւ նուիրումով հետեւեցան երեխաներուն աճին, ինչպէս նաեւ` ծնողներուն, որոնք համագործակցեցան եւ իրենց զաւակները վստահեցան մանկապարտէզին: Մանկապարտիզպանուհին շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ նկարչութեան ուսուցիչ Գրիգոր Արբաճեանին` բեմայարդարումին համար:

Այս տարուան հանդէսին բնաբանն էր պարը: Փոքրիկները ներկայացուցին զանազան պարեր: Այսպէս, անոնք պարեցին` սամպա, ռումպա,  չաչաչա, ռոք էնտ ռոլ, թուիսթ, ֆլամինկօ, թանկօ եւ տիսքօ:

Պարերէն անմիջապէս ետք ելոյթ ունեցաւ աշակերտական նուագախումբը` զանազան նուագարաններով, որմէ ետք ցուցադրուեցաւ երեխաներուն կողմէն պատրաստուած տեսերիզ մը, ուր իւրաքանչիւր երեխայ ներկայացուց, թէ ի՛նչ է պարը:

Տեսերիզէն ետք ներկայացուեցաւ հայկական պարը: Փոքրիկները յաջորդաբար խօսեցան եարխուշտայի, քոչարիի, լորկէի եւ վերվերիի մասին, որմէ ետք երգեցին Հայաստանի երգը եւ պարեցին ղափաման, ապա անոնք իջան բեմէն եւ հայկական գոգնոցները տուին իրենց ծնողներուն, որպէսզի իւրաքանչիւր ընտանիք ունենայ զայն իբրեւ յիշատակ:

Ամբողջ հանդէսի տեւողութեան ուշագրաւ էին բեմին ետին պաստառի վրայ ցուցադրուած նկարները` իւրաքանչիւր պարի կամ երեխաներուն առօրեային առնչուող:

Գեղարուեստական յայտագրին աւարտին երեխաները բեմ հրաւիրեցին Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեանը` արտասանելու համար իր սրտի խօսքը: Ան շնորհաւորեց փոքրիկները, որոնք յաջողեցան հանդէսին ներկաները փոխադրել դէպի ուրախ, խանդավառ եւ գունաւոր աշխարհ մը: Շնորհաւորանքի արժանացան նաեւ երեխաներուն ծնողները` վկայականներուն առիթով: Փաուլա Եղիայեան յոյս յայտնեց, որ 12 տարիներ ետք անոնց զաւակները դարձեալ միասին բեմ բարձրանան ստանալու համար Ճեմարանի աւարտական վկայականը: Եզրափակելով իր խօսքը` տնօրէնուհին շնորհաւորեց մանկապարտէզի անձնակազմը եւ Ճեմարանի մեծ ընտանիքը, որոնք իրականացուցին այդ օրուան գեղեցիկ հանդէսը:

Հանդէսին աւարտին Կանաչ դասարանի աշակերտները ստացան իրենց վկայականները:

Վկայական ստացան հետեւեալ աշակերտները.

Աբգարեան Լեւոն, Աբրահամեան Կալի, Աբրահամեան Արէն, Աղասարգիսեան Միքայէլ, Անտոնեան Լոռի, Գայապալեան Սերժիօ, Գապաքեան Ալիք, Դարբինեան Նարեկ, Էլ Նաշեֆ Գարել, Թահմիզեան Կերի, Ժագմագեան Մարիլին, Լօշխաճեան Յակոբ, Ճէրէճեան Սոֆի, Մարատեան Սէրլի-Ժիւլիա, Մարթայեան Նանար, Նեմշեհրիլեան Ալեք, Շագըլեան Նարեկ-Կերի, Չափարեան Լալէ, Չիֆճեան Ռուբէն, Պալթաճեան Լիլա, Պետրոսեան Միքայէլ, Պոյաճեան Քամի, Սէյիսեան Ռաֆայէլ, Տեմիրճեան Վայք, Տեմիրճեան Հրակ, Տէր Մաթոսեան Ժաք, Տիշչէքէնեան Սոֆի, Քեպապճեան Արթիւր, Քիւրքճեան Նանէ, Քուսաօղլի Լոռի:

Նորսիկեան մանկապարտէզէն վկայեալ աշակերտները հանդէսը փակեցին Ճեմարանի քայլերգով:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (24 Յունիս 1969)

Յաջորդը

Անդրադարձ. Հայաստանի Հանրապետութիւն. 100-ամեակ. Գիւղատնտեսութեան Եւ Թեթեւ Ճարտարարուեստի Զարգացումը Հայաստանի Մէջ- Ա.

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?