Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ – Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

Յունիս 20, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 15 յունիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին տեղի ունեցաւ Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը, Զալքայի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Պետողլեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ վարժարանի տնօրէնութեան, քոյր վարժարաններու տնօրէնութեան եւ ներկայացուցիչներու, ընկերային բարեսիրական եւ լրատուական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու, պատուարժան հիւրերու, ինչպէս նաեւ վարժարանիս անձնակազմի անդամներու, ծնողներու, հարազատներու եւ բարեկամներու:

Հանդէսը սկիզբ առաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանի քայլերգներով, որոնցմէ ետք քսաներկու Ծաղիկները մուտք գործեցին սրահ` ծնողներու բուռն ծափահարութեամբ եւ մեկնաբանեցին «Ծնողների երգը», որմէ ետք հնչեցուցին «Հիլուա եա պալատի» երգը:

Ապա խօսք առաւ վարժարանի վարչական մեծաւոր Արամ Գարատաղլեանը, որ ըսաւ. «Երեսուն տարիներ առաջ, 1989-ին, երեք տարեկան հասակիս, առաջին անգամ ըլլալով ելոյթ ունեցայ այս բեմին վրայ`որպէս այս վարժարանի բողբոջ դասարանի աշակերտ: Ամչկոտ, դողդոջուն ծունկերով, թերեւս ալ` արցունքոտ աչքերով… Այսօր ձեր դիմաց ինքնավստահ կանգնիլս կը պարտիմ այս վարժարանին եւ յատկապէս այս մանկապարտէզին… Կրնայ ըլլալ, որ այսօր Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ – Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի համեստ պատասխանատուներէն մէկն եմ, բայց կը մնամ յաւերժ անոր հպարտ շրջանաւարտը»:

Գարատաղլեան շարունակեց` ըսելով. «Պատահական չէ, որ մեր մանկապարտէզի դասարանները կը կոչուին Ծիլ, Բողբոջ, Կոկոն եւ Ծաղիկ, որովհետեւ անոնք են գարունը ոչ միայն վարժարանիս, այլ նաեւ` գաղութին, երկրին ու ազգին… Հայկական վարժարանի մանկապարտէզը միակ տեղն է, ուր ձեր եւ մեր զաւակներուն փոքրիկ ձեռքերը կը սորվին հայերէն գրել, անոնց անուշ շուրթերը կը սորվին հայերէն աղօթել եւ արտասանել ու անոնց միտքերը կը լուսաւորուին հայկական գիտելիքներով եւ արժէքներով… »:

Ան նաեւ շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլոր այն անհատներուն եւ կազմակերպութիւններուն, որոնք նեցուկ կանգնեցան վարժարանին` 2018-2019 դպրոցական տարեշրջանի ընթացքին, ինչպէս նաեւ` բոլոր անոնց,որոնք նպաստեցին սոյն ձեռնարկի յաջողութեան: Գարատաղլեան նաեւ յայտնեց, որ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն` ունեցան բարիքներով բեղուն տարի մը, շնորհիւ Աստուծոյ հովանիին, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց  Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս-պատրիարքի հայրական խնամքին, ինչպէս նաեւ`  Գաբրիէլ թ. ծ. վ. Մուրատեանի գլխաւորած Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան Վարժարաններու Վարչական խորհուրդի ցուցմունքներուն եւ հետեւողութեան: Ան նաեւ բարձր գնահատեց վարժարանի մանկապարտիզպանուհի Լենա Տէրտէրեանը եւ անոր ուսուցչակազմը, որոնք ամբողջ տարուան ընթացքին կարելին անկարելիին խառնելով` փոքրիկներուն տուին լաւագոյնը:

Այնուհետեւ 22 Ծաղիկները ստացան իրենց վկայականները` ձեռամբ վրաժարանի տնօրէն  Գրիգոր վրդ. Պատիշահի, ակադեմական մեծաւոր Նելլի Տէր Ղազարեանի, վարչական մեծաւոր  Արամ Գարատաղլեանի եւ մանկապարտիզպանուհի Լենա Տէրտէրեանի:

Յայտագրի երկրորդ բաժինով Ծաղիկ դասարանը սքանչելի կերպով ներկայացուց 20 վայրկեան տեւողութեամբ «Թզուկ-մզուկը» թատերախաղը, որուն նիւթը մտայղացումն է  Հայաստանի Առաջին տիկին մանկավարժ Նունէ Սարգիսեանի: Թատրոնին բարոյախօսութիւնն էր. «Բարիները իրենց չարիք ընողներու բարիքով կը փոխադարձեն… իսկ բարին միշտ կը յաղթահարէ չարին»: Թատերախաղէն ետք Կոկոն դասարանը ելոյթ ունեցաւ հայկական պարով մը, որմէ ետք անոնք մեկնաբանեցին «Միլի եա ժաննաթ պիլատի» եւ Շարլ Ազնաւուրի «Փուր թուա Արմենի» երգերը: Ապա Ծաղիկ դասարանը ներկայացուց «Պելլա չաու» պարը: Բողբոջ դասարանը ելոյթ ունեցաւ «Թաքա թաքա» պարով, որմէ ետք Ծիլ դասարանը ներկայացուց «Պալքան» պարը: Այնուհետեւ Ծիլ եւ Բողբոջ դասարանները մեկնաբանեցին «Մէկ փոքրիկ աշխարհ» երգը, որմէ ետք Ծաղիկ դասարանը ներկայացուց «Պատնա նուալիի էլ ժաու»: Յայտագիրը փակուեցաւ բոլոր դասարաններուն կողմէ «Հայաստան» երգի կատարողութեամբ:

Աւարտին վարժարանի տնօրէնութիւնը ծաղկեփունջերով պատուեց մանկապարտէզի ամբողջ անձնակազմը, որմէ ետք վարժարանի տնօրէն Գրիգոր վրդ. Պատիշահը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց նախ Ամենակալ Աստուծոյ, ապա Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի մեծ ընտանիքին, ինչպէս նաեւ ծնողներուն, որոնք իրենց ամենաթանկագինը վստահած են վարժարանին, եւ երեկոն փակեց «Պահպանիչ»-ով:

 

 

 

 

 

Նախորդը

Եղանակի Հիւանդութիւններ. Արեւահարութիւն

Յաջորդը

Առողջութիւն Եւ Առողջապահական Գիտելիքներ

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?