Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաղցկեղի Կանխարգիլման Դասախօսութիւններու Շարք Թիւ 4

Յունիս 15, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Տոքթ. Համբիկ Քուրիէ Եւ Սննդագէտ Նարէ Պուրսալեան
Դասախօսեցին «Սննդականոն Եւ Քաղցկեղ» Նիւթը

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսի, կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանի ընկերային յանձնախումբին եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին, քաղցկեղի կանխարգիլման նիւթով դասախօսութիւններու շարքին չորրորդը` «Սննդականոն եւ քաղցկեղ» նիւթը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 13 յունիսին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ: Դասախօսութիւնը ներկայացուցին քաղցկեղի մասնագէտ տոքթ. Համբիկ Քուրիէ եւ սննդագէտ Նարէ Պուրսալեան:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի ընկերային ծառայող Գէորգ Փոնթիկեան: Ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ յայտնեց, որ «Սննդականոն եւ քաղցկեղ» դասախօսական այս նիւթով դասախօսները պիտի ներկայացնեն սպառիչ գիտելիքներ` կանխարգիլելու համար քաղցկեղի հիւանդութիւնը:

Ապա հրաւիրեց առաջին դասախօսը` քաղցկեղի մասնագէտ տոքթ. Համբիկ Քուրիէն, ներկայացնելու «Սննդականոն եւ քաղցկեղ» նիւթը:  Ան նշեց, որ նախորդ դասախօսութիւններուն ընթացքին ինք ներկայացուց քաղցկեղին պատճառները եւ կանխարգիլման միջոցները: Ան ըսաւ, որ քաղցկեղի հիւանդներ շատ հարցումներ կ՛ուղղեն, թէ ի՞նչ է այս հիւանդութեան առնչութիւնը սննդականոնին հետ: Ի՞նչ բաներ պէտք է ուտել եւ ի՞նչ բաներ պէտք չէ ուտել: Ան ընդգծեց, որ վստահաբար լաւ սննդականոնով կարելի պիտի ըլլայ առաջքը առնել քաղցկեղին:

Այնուհետեւ խօսք առաւ սննդագէտ Նարէ Պուրսալեան: Ան յայտնեց, որ սննդականոնը 30-35 առ հարիւր ազդեցութիւն ունի քաղցկեղի հիւանդութեան կանխարգիլման վրայ, եւ առողջ սննդականոնը կրնայ օգտակար դառնալ նոյնիսկ բուժումի ժամանակ: Առողջ անձ մը քաղցկեղի բջիջներ ունի իր մարմնին մէջ: Իր ստացած սնունդը, ապրելակերպը, շարժումը պատճառ կ՛ըլլան, որ այս բջիջները մեծնան, շատնան եւ ուռի վերածուին:

Ան թուեց քաղցկեղի պատճառները, ինչպէս` ծխելը (ծխախոտը, կլկլակը), օդի ապականումը, ոգելից ըմպելիները, մարմնի յաւելեալ կշիռքը եւ իւղը, նստակեաց կեանքը, աղքատ սննդականոնը, քիչ համեմատութեամբ ժառանգականութիւնը, կերպընկալի գործածութիւնը, ճառագայթային գործօնը: Նարէ Պուրսալեան նշեց, որ ընդհանրապէս տղամարդոց մօտ միզամանի եւ շագանակագեղձի քաղցկեղը տարածուած է: Այս անհատը կաթնեղէնէն հեռու պէտք է մնայ, որովհետեւ անոնց մէջ գտնուող իւղը լաւ տեսակ չէ: Այս հիւանդները կրնան մեծ քանակութեամբ սոխ եւ սխտոր գործածել, որոնք անթիպայոթիք են եւ կրնան նուազեցնել շագանակագեղձի քաղցկեղը: Կիներու պարագային տարածուած են կուրծքի եւ արգանդի քաղցկեղները: Ասոր գլխաւոր պատճառը կարմիր միսին մէջ գտնուած իւղն է: Պէտք է կարմիր միս, հաւ եւ ձուկ ուտել: Աղիքներու քաղցկեղին պարագային պատճառը պնդութիւնն է, երբ պէտք եղած չափով բանջարեղէն չենք ուտեր եւ ջուր չենք խմեր: Ստամոքսի  քաղցկեղին պատճառը շատ կծու եւ աղի կերակուրներն են, ինչպէս նաեւ պահածոյ տուփեղէններն ու տապկոցները: Լեարդի քաղցկեղին պատճառը այն է, երբ անհատը իր հասակին համեմատ շատ աւելի կշիռք ունի եւ երբ պէտք եղած չափով ինսիւլինը իր պարտականութիւնը չի կատարեր:

Ապա ան խօսեցաւ քաղցկեղի յառաջացման փուլերուն մասին եւ ըսաւ, որ քաղցկեղի բջիջները կը դանդաղին եւ արագօրէն չեն աճիր, երբ հիւանդը լաւ սննդականոնի կը հետեւի: Սակայն տարածուելու պարագային սննդականոնը ոչ մէկ ձեւով օգտակար կը դառնայ: Նոյնիսկ լաւ ուտելիքները քաղցկեղի բջիջները իրենք կը սկսին ուտել:

Նարէ Պուրսալեան ըսաւ, թէ տայեթ օշարակները եւ  զովացուցիչները թելադրելի չեն, որովհետեւ, ըստ կարգ մը ուսումնասիրութեանց, անոնց մէջ գտնուող շաքարը քաղցկեղ կը պատճառէ:

Քաղցկեղի հիւանդութիւն չպատճառելու եւ բջիջները չաճելու համար պէտք է անթիօգսիտընծ ուտելիքներ ուտել, վիթամին տի եւ հատիկեղէններ սպառել:

Մենք պէտք է աշխուժ կեանք մը ապրինք, մեր կշիռքը մեր հասակին համեմատ պէտք է  ըլլայ, ամէն խումբերէ ուտելիքներ եւ լաւ տեսակ իւղերով պատրաստուած ճաշեր պէտք է ուտել, մէկ գաւաթ կարմիր գինի խմել, աղ չաւելցնել ճաշերուն մէջ: Ան ներկայացուց փաուըր փոյնթով իւրաքանչիւր անհատի իտէալ ճաշի պնակը:

Հիւանդութեան յայտնաբերման պարագային ըստ տարիքի եւ կշիռքի կը ճշդուի սննդականոնը:

Ժխտական անդրադարձներու մասին ան յայտնեց, որ ենթակային մազերը կը թափին, ան սիրտ խառնուք, փսխուք, ախորժակի կորուստ, փորի պնդութիւն կ՛ունենայ: Ան նշեց նաեւ այն ուտելիքները, որոնք պէտք է ուտէ եւ  խմէ հիւանդը այս փուլին:

Աւարտին ներկաները հարցումներ ուղղեցին տոքթ. Համբիկ Քուրիէին եւ սննդագէտ Նարէ Պուրսալեանին, որոնք սպառիչ լուսաբանական պատասխաններ տուին այս նիւթին շուրջ: Ապա տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

 

Նախորդը

Փանամայի Մէջ, Կերպընկալէ Շիշերէ Տուներ

Յաջորդը

ՔՈՆԻՖԱ-ի Գնդակը Պաքուի Քաղաքական Դարպասում. Կո՛լ

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?