Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լեւոն Զաքի. «Թուրքիա Եւ Իսրայէլ Սուրիայէն Եւ Արեւելքէն Քրիստոնեաներու Գաղթէն Միակ Օգտուողներն Են»

June 21, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ԹԱՀԹ ԱԼ ՄԻՃՀԱՐ»

Պէյրութի մէջ տեղի ունեցաւ «Արեւելքի քրիստոնէութիւնը իր գունեղ ներկայութեամբ» նիւթով դասախօսական երեկոյ մը, որուն ընթացքին խօսք առին` մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը, Լիբանանի խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆրզլին եւ Սուրիական-հայաստանեան գործարար խորհուրդի նախագահ Լեւոն Զաքի Ետալեանը:

Ելոյթներուն մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ Արեւելքի մէջ քրիստոնէական ներկայութեան եւ դերակատարութեան, ժամանակի թաւալումով, պայմաններու բերումով քրիստոնեաներու պատկերին կրած որոշ փոփոխութիւններուն` շեշտելով քրիստոնէութիւնը ամուր պահելու հրամայականը:

Լեւոն Զաքի Ետալեան ըսաւ, որ Սուրիայէն եւ Արեւելքէն քրիստոնեաներուն պարպումէն միակ օգտուողները թրքական վարչակազմն ու Իսրայէլն են: Ան շեշտեց, որ բոլոր անոնք, որոնք իրենց ծրագիրներու յաջողութեան գրաւը դրած են քրիստոնեաները Արեւելքէն արմատախիլ ընելու ջանքերուն վրայ, երեւակայական աշխարհի մէջ կը թաւալին:

Պէյրութի մէջ «Արեւելքի քրիստոնէութիւնը Իր գունեղ ներկայութեամբ» նիւթով տեղի ունեցած ձեռնարկին Զաքի խօսք առնելով` ըսաւ. «Սուրիոյ եւ Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներուն գոյութիւնը ջնջելու, գաղթի մղելու եւ անոնց պատմութիւնը չէզոքացնելու ծրագիրէն միակ օգտուողները տարածաշրջանէն ներս կարեւոր դեր ունեցող երկու պետութիւններ են: Առաջինը` Թուրքիան, որ ճանչուած է որպէս Սուրիոյ մէջ զինեալ գործողութիւնները հրահրող եւ Սուրիոյ ընկերութեան միասնական գոյակցութիւնը խանգարելու համար նկրտող պետութիւն` իր նորօսմանեան ծաւալապաշտութեամբ սնանող իշխանութեամբ: Երկրորդը` Իսրայէլը, որ կը հաւատայ, թէ հրէական պետութեան հիմնադրութեան գաղափարախօսութիւնը յաջողութեամբ կը պսակուի միայն այն ատեն, երբ տարածաշրջանը քրիստոնէութենէ կը դատարկուի: Տակաւին չենք խօսիր գերպետութիւններու մասին, որոնք սուրիական հարցով տարբեր օրակարգեր ունին»:

Զաքի աւելցուց. «Պէտք է խորապէս սերտել սուրիական տագնապին ծալքերը, նկատի առնելով, որ Սուրիան Շամի մեծագոյն երկիրն է եւ հնագոյն քաղաքակրթութեանց բնօրանը: Դամասկոս եւ Հալէպ կը նկատուին աշխարհի հնագոյն քաղաքները: Եւ ահա, Սուրիոյ քրիստոնեայ համայնքներուն եկեղեցիները կը հրկիզուին, անոնց խորհրդանիշները կը սրբապղծուին, քաղաքացիներ կ՛առեւանգուին, կը սպաննուին, տակաւին, հաւատադրժողական ահաբեկիչներուն կողմէ անոնք անհաւատ կը համարուին, իրենց արիւնն ու ունեցուածքն ալ թալանի կ՛ենթարկուին»: Զաքի յայտնեց, որ քրիստոնեաներն ու մահմետականները հաւասար իրաւունքներ կը վայելեն այս երկրին մէջ:

Լեւոն Զաքիի համաձայն, չափաւոր իսլամութիւնը քրիստոնէութեան գոյատեւման երաշխիքը կրնայ ըլլալ: Միջին Արեւելքի քրիստոնէութիւնը մեծ դերակատարութիւնը ունեցած է արաբական քաղաքակրթութեան զարգացման մէջ: Մահմետականներն իսկ կը վկայեն, որ քրիստոնեաները նպաստած են արաբական քաղաքակրթութեան յառաջացման` մահմետականութեան ծագումէն իսկ առաջ: Անոնցմէ շատեր արաբական ազգայնականութեան ռահվիրաներն են: Ուստի պէտք չէ լոկ կրօնի պիտակով արժեւորել անոնց ներկայութիւնը, յատկապէս նկատի առած, որ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէութեան ներկայութիւնը մահմետականներուն իսկ նախընտրութիւնն է` միջազգային ընտանիքին իբրեւ քաղաքակիրթ երկիրներ ներկայանալու: Երկիրներ, որոնք կը յարգեն մարդկային եւ փոքրամասնութիւններու իրաւունքները:

Զաքի հարց տուաւ, թէ ո՛ւր են արթուն խղճի տէր մարդիկ` քրիստոնէութեան ուղղուած սպառնալիքներուն վերջ տալու համար: Մինչեւ ե՞րբ Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներուն իրաւունքները անտեսուած պիտի մնան ծայրայեղ հաւատադրժողականներու կողմէ: Պէտք է յստակօրէն մերժել ու դատապարտել նման սանձարձակութիւնները` երեւան հանելով ահաբեկչական խմբաւորումներուն եւ անոնց հովանաւորներուն իսկական նպատակը:

Ըստ Զաքիի, առողջ դատող մահմետականներն իսկ պէտք է ըմբոստանան, միացեալ կեցուածք ունենան քրիստոնեաներուն հալածանքին դէմ: Ոմանք աշխատանք կը տանին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու եւ մահմետականներու պատմական յարաբերութիւնները խզելու` վնաս հասցնելով չափաւոր մահմետականներուն եւս: Հետեւաբար տագնապը միայն քրիստոնեաներուն յատուկ չէ, ան ուղղուած է յատկապէս մահմետական քաղաքակրթութեան քանդումին:

Զաքի կարեւոր համարեց Արեւելքի քրիստոնեաներուն պահպանումը, որպէսզի անոնք իրենց նախնիներու հողերուն կառչած մնան: Ան երեք առաջարկ ներկայացուց: Առաջինը` պաշտպանութեան դիրքէն անցնիլ մտաւոր, մշակութային եւ քաղաքական յարձակումի, որուն կողքին, արաբական, մահմետական եւ միջազգային մակարդակներով միջազգային քարոզարշաւի մը ձեռնարկել հաւատադրժողական գաղափարախօսութեան դէմ: Երկրորդը` օգտուիլ Սուրիոյ սփիւռքէն` արեւմտեան շրջանակներու հետ հաղորդակցութիւն հաստատելու համար, իսկ երրորդը` ուժերը մէկտեղելով` բարենորոգչական շարժում մը յառաջացնել կրօնական եւ քաղաքացիական հաստատութիւնները տարանջատելու համար:

Զաքի եզրափակելով` ըսաւ. «Հակառակ քրիստոնէութեան կրած վնասներուն, անոր ուղղուած սպառնալիքներուն, թալանին եւ հակառակ մեծաթիւ քրիստոնեաներու գաղթին` հաւատադրժողական այս շարժումը չյաջողեցաւ աղաւաղել քրիստոնեային պատկերը եւ սեպ խրել փոխադարձ յարգանքի մթնոլորտին մէջ ապրող քրիստոնեաներուն ու մահմետականներուն միջեւ: Քրիստոնեաները արմատախիլ չեղան ու պիտի չըլլան Միջին Արեւելքէն»:

 

 

 

Նախորդը

Այստե՞ղ Է Գրաւոր Սպաներէնի Ծննդավայրը

Յաջորդը

Յովսէփ Պարազեան (1949 — 2019)

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.