Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Ներծոր Գեղձեր» Նիւթով

March 19, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

LOKH05858

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, հինգշաբթի, 17 ապրիլ 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ներծոր գեղձեր» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց շաքարախտի եւ գեղձերու մասնագէտ տոքթ. Սերժ Տուլեան:

Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը ներկայացուց ատենապետ Սոնա Եափուճեան: Ան ներկայացնելէ ետք դասախօսը նշեց, որ ներծոր գեղձերու համակարգը ունի իր կենսական դերը ընդհանուր մարմնի աշխատանքին եւ համակարգման մէջ, եւ անոնց աշխատանքին խանգարումով կը յառաջանան զանազան բարդութիւններ, ինչպէս նաեւ հիւանդութիւններ:

Տոքթ. Սերժ Տուլեան դասախօսութեան սկսաւ նախ բացատրելով գեղձերու համակարգը ու զանոնք բաժնեց գլխաւորաբար երկու մասի`

1.- Ներծոր գեղձեր, ուր անոնց արտադրութիւնը կը ծորի դէպի ներս արեան մէջ, հասնելով մարմնի զանազան մասերուն:

2.- Արտածոր գեղձեր, ուր անոնց արտադրութիւնը կը ծորի դուրս, անոնք ունին նաեւ տեղական ազդեցութիւն, ինչպէս` լորձունքի, քրտինքի գեղձերը:

Դասախօսը յաջորդաբար թուեց շատ մը ներծոր գեղձեր, բացատրելով անոնց դերը, աշխատանքը եւ խանգարումները:

– Կոնագեղձ (Pineal Gland): Կ՛արտադրէ մելաթոնին հորմոնը: Այս հորմոնին պարտականութիւնն է կարգաւորել քուն-արթուն կշռոյթը, ինչպէս նաեւ սեռային կարգ մը հորմոններ:

– Մաղասային գեղձ (Pituitary gland) կամ մակուղեղային գեղձ: Այս գեղձը կը կառավարէ մնացեալ շարք մը գեղձերու աշխատանքը: Անիկա կ՛արտադրէ զանազան հորմոններ, ինչպէս`

1.- ADH- Միզելու դէմ հորմոնը

2.- Օքսիթոսին- Յղութեան վերջին հանգրուանին արգանդի պրկումները յառաջացնող հորմոնն է` նպաստելով երեխայի ծնունդին: Օքսիթոսինը նաեւ կ՛օժանդակէ ծննդաբերութենէն ետք կաթին դուրս գալուն գործընթացին:

3.- Աճման հորմոնը: Անոր գլխաւոր պարտականութիւնը ոսկորներու եւ մկաններու աճման, իսկ աւելի ուշ` անոնց պահպանման մէջ է:

4.- Ձուարան եւ ամորձիք: Մաղասային գեղձը կ՛արտադրէ երկու սեռային գործարաններու հետ կապուած հորմոններ LH եւ FSH: Կիներու պարագային այս հորմոները կը նպաստեն ձուարաններու աշխատանքին եւ ձուիկներու արտադրման: Իսկ անոնք իրենց կարգին կ՛արտադրեն Էսթրոճին եւ Փրոճեսթերոն հորմոնները:

Տղամարդոց պարագային LH հորմոններուն իբրեւ արդիւնք ամորձիքները յաջորդաբար կ՛արտադրեն թեսթոսթերոնը, իսկ FSH-ը կը նպաստէ սերմի արտադրութեան:

– Մակերիկամային գեղձեր (Adrenal Glands)- Երկու երիկամներու քով գտնուող գեղձերը, որոնք կ՛արտադրեն քորթիզոն հորմոնը: Այս գեղձերը եւս կը կառավարուին մաղասային գեղձի կողմէ: Պէտք է նշել, որ քորթիզոն-ի բարձր արտադրութիւնը կը նուազեցնէ մարմնի դիմադրողականութիւնը, կը բարձրացնէ արեան շաքարի քանակը եւ այլ բարդութիւններ կրնայ յառաջացնել :

– Ալտոսթերոն – Այս հորմոնին պարտականութիւնն է կարգաւորել արեան ճնշումը, ինչպէս նաեւ աղի քանակը:

– Վահանագեղձ (thyroid Gland)- Մաղասային գեղձը կ՛արտադրէ TSH հորմոնը ղեկավարելով վահանագեղձի աշխատանքի ու T3, T4 հորմոններու արտադրութիւնը:

Վահանագեղձը ունի գլխաւոր պարտականութիւն մարմնի նիւթափոխանակութեան եւ յատկապէս անոր արագութեան մէջ: Երբ վահանագեղձը ծոյլ է ու դանդաղ կ՛աշխատի, ենթական աւելի կը գիրնայ, յոգնած կը զգայ, ընդհանրապէս քունոտ: Ան կ՛ունենայ բարձր քոլեսթերոլ, հերաթափութիւն, մկանային ցաւեր, պնդութիւն, ինչպէս նաեւ ընկճուածութիւն: Իսկ վահանագեղձի արագ աշխատանքի պարագային ենթական կ՛ունենայ սրտի արագ զարկեր, արեան բարձր ճնշում, փորհարութիւն, դաշտանի խանգարում կամ դադար, կշիռքի նուազում:

– Հարվանագեղձեր (Parathyroid Gland)- Այս գեղձերը կը գտնուին վահանագեղձին ետեւը: Անոնք ունին գլխաւոր պարտականութիւն մարմնի քալսիոմի քանակի կարգաւորման մէջ:

– Ուրցագեղձ (Thymus)- Կուրծքի ոսկորի կեդրոնը գտնուող գեղձ մըն է: Կենսական դեր ունի մարմնի դիմադրողականութիւնը մարզելու մէջ:

– Շարոյրը (Pancreas)- Այս գեղձը ունի երկու աշխատանքներ` իբրեւ ներծոր եւ արտածոր: Արտածոր` մարսողական համակարգին մէջ, իսկ իբծեւ ներծոր գեղձ անիկա կ՛արտադրէ Ինսիւլին, Կլուքակոն եւ կարգ մը ուրիշ հորմոններ: Այս երկու հորմոնները կ՛աշխատին մարմնի շաքարի քանակի եւ անոր պահեստի պահպանման գործընթացին մէջ:

Վերջին բաժինով տոքթ. Սերժ Տուլեան նշեց մարսողական համակարգին մէջ իրենց որոշադրիչ դերը ունեցող հորմոնները, ինչպէս Կայսթրինը, Սեքրեթինը եւ ճարպային հիւսկէններու կողմէ արտադրուող Լեփթին հորմոնը:

Աւարտին տոքթ. Սերժ Տուլեան բացատրութիւններով եւ զանազան օրինակներով պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն:

 

Նախորդը

Սերժ Սարգսեան. «Մեզի` Հայերուս Համար, Խաչը, Եկեղեցին Բացառիկ Պատմական Դերակատարութիւն Ունեցած Են»

Յաջորդը

Խմբավարին Խօսքը. Անհաշտ Մտերմութեամբ…

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.