Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մամլոյ Լսարան Թիւ 114. «Գրքարուեստը Հայ Ինքնութեան Ցուցիչն Է», Ըսաւ Անի Մարգարեան

Մարտ 17, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

25162362404_73218235c8_o

«Ազդակ»-ի խմբագրատան կազմակերպած մամլոյ լսարաններու ծիրին մէջ երկուշաբթի, 14 մարտ 2016, երեկոյեան ժամը 7:30-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական մանրանկարչութեան վերաբերող մամլոյ 114-րդ լսարանը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Սիլվի Աբէլեան: Ան ողջունեց ներկաները, ապա` անդրադառնալով հայ գրչութեան արուեստի եւ մատենական գեղանկարչութեան զարգացման, ըսաւ, թէ հայկական մանրանկարչութիւնը իր բացառիկ ինքնատպութեամբ, զարդանկարչական յօրինուածքներու գեղեցկութեամբ ու համաչափութեամբ, գոյներու ներդաշնակութեամբ ուրոյն տեղ ունի գեղարուեստի համաշխարհային գանձարանին մէջ, բայց ուսումնասիրման գծով մինչեւ օրս կատարուած աշխատանքը կարելի չէ բաւարար համարել: Ապա հրաւիրեց օրուան զեկուցաբեր Անի Մարգարեանը ներկայացնելու հայկական մանրանկարչութեան մասին իր նիւթը:

Արուեստաբան Անի Մարգարեան դասախօսութեան առաջին բաժինով ներկայացուց հայ մանրանկարչութեան ծագման եւ զարգացման ընթացքը: Ան ըսաւ, թէ գրքարուեստը հայ ինքնութեան ցուցիչն է եւ կը ներկայացնէ հայ ազգի դիմագիծը` պարփակելով արուեստի տարբեր ճիւղեր: Ապա սահիկներու ցուցադրութեամբ օրինակերով պատմեց, թէ ինչպէ՛ս Հայոց եղեռնին գաղթականները կեանքի գնով փրկած են ձեռագիրները:  Անի Մարգարեան խօսեցաւ ձեռագիր մատեաններու կազմերուն մասին, անոնց դաջուածքներուն, ապա օրինակներով ներկայացուց իւրաքանչիւր ժամանակաշրջանի գրչութեան արուեստի առանձնայատկութիւնները, նկարազարդման ընդունուած կարգ ու կանոնը, առիթները, պայմանները: Անի Մարգարեան ըսաւ, թէ ձեռագիր մատեանները առաւելաբար հոգեւոր բովանդակութիւն ունին, իսկ աշխարհիկ պատկերներով ձեռագիրներ աւելի ակնյայտ են ուշ միջնադարուն:

Ան օրինակներով դիտել տուաւ,  թէ ինչպէ՛ս զարդանախշերով կարելի է տարբերել հայ մանրանկարիչներու եւ արեւմտաեւրոպական մանրանկարիչներու աշխարհայացքները եւ ուղղութիւնները:

Դասախօսը խօսեցաւ ձեռագիր մատեաններու լուսանցքի զարդերուն եւ խորաններուն մասին, նշեց նաեւ, թէ որոշ մանրանկարներ հեթանոսական վերարտադրութիւն են, բուսական, երկրաչափական եւ մարդակերպային նախշերով: Իսկ գլխատառերու պարագային ան ըսաւ, թէ անոնք մարդագիր, զարդագիր կամ կենդանագիր եղած են, երբեմն ալ երեքը միասին հանդէս եկած են:

Անի Մարգարեան թուեց նաեւ աշխարհի տարածքին բոլոր այն թանգարանները, ուր կը պահուին հայկական ձեռագիր մատեաններ: Ան խօսեցաւ նաեւ Կիլիկիան թագաւորութեան շրջանի մանրանկարչութեան մասին, որ հասած է զարգացման գագաթնակէտին:

Ան օրինակներով ցոյց տուաւ  բիւզանդական, մոնկոլական եւ չինական գրքարուեստի ազդեցութիւնը հայ մանրանկարչութեան վրայ: Խօսեցաւ նաեւ Թորոս Ռոսլինի գրչութեան արուեստին առանձնայատկութիւններուն, ոճին, կարողականութեան մասին: Վասպուրականի եւ Արցախի մանրանկարներու յօրինուածքներուն եւ ոճին, ինչպէս նաեւ ընդհանրութիւններուն անդրադարձաւ:

Ա. Մարգարեան խօսեցաւ նաեւ գրչութեան կեդրոններուն եւ անոնց կատարած դերին մասին:

Դասախօսութեան երկրորդ բաժինով ան անդրադարձաւ հայկական մանրանկարչութեան վերածնունդին եւ անոր կիրառման` ժամանակակից արուեստի տարբեր ճիւղերուն մէջ, ինչպէս նաեւ ներկայացուց տարազներու, յուշանուէրներու եւ տարբեր բնոյթի առարկաներուն վրայ պատկերազարդուած մանրանկարներու տարբեր նախշերն ու ձեւեր:

Պէտք է նշել, թէ սրահին մուտքին ներկայացուած էր «Տէրեան» մշակութային կեդրոնի արտադրած ձեռագործներ, տարազներու եւ ասեղնագործերու նմուշներ եւ յուշանուէրներ:

Նախորդը

Ականջապնդագարութիւն Otosclerosis

Յաջորդը

Գաղութէ Գաղութ

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?