Կիրակի, 13 մարտին, Միացեալ Նահանգներու Էնսինօ շրջանին մէջ գտնուող Ֆերահեան ազգային վարժարանի «Աւետիսեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ նահատակ հերոսներու յիշատակը ոգեկոչող հանդիսութիւն մը:
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ կուսակցութեան հիմնադրութեան 125-ամեակին առիթով կազմակերպուած այս ձեռնարկին ներկաները սրահին մուտքին առիթ ունեցան խոնարհելու նահատակ հերոսներուն նկարներուն առջեւ, որոնց դիմաց վառած մոմեր շարուած էին:
Օրուան հանդիսավարն էր յայտնի մանկավարժ, Շամլեան ազգային վարժարանի նախկին տնօրէն, հասարակական գործիչ Վազգէն Մատէնլեանը:
Իր բացման խօսքին մէջ Մատէնլեան ըսաւ. «Աւելի քան 125 տարիներու վրայ երկարող իր գոյութեան ընթացքին ՀՅԴ-ն զոհած է իր լաւագոյն զաւակները` մեր ազգային ազատագրական պայքարի արիւնոտ ճանապարհին վրայ: Արդարեւ, սկսած Օսմանեան պետութեան ու անոր ձեռքին մէջ խաղալիք դարձած քիւրտ աշիրեթներու ու աւելի ուշ, երիտթուրքերու կառավարութեան հարստահարումներէն ու ջարդերէն մինչեւ Ցարական Ռուսիոյ կողմէ հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն ոտնակոխումներն ու շղթայազերծած հալածանքները, հայ-թաթարական պատերազմը, իսկ աւելի ուշ անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան կերտումը, Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի եւ Բաշ Ապարանի հերոսամարտերը` բիւրաւոր եղած են մեր նահատակները, որոնք առանց իրենց կեանքը սակարկելու` նուիրաբերեցին ամէ՛ն, ամէ՛ն ինչ` ի սէր մեր ազգին:
Տակաւի՛ն Փետրուարեան ապստամբութեան ընթացքին հայանուն կայեններու կացինի հարուածներուն տակ խոշտանգուած դաշնակցական գործիչները կու գային աւելցնելու թիւը ազատութեան ճանապարհին վրայ ինկած մեր զոհերուն:
Աւելի ուշ` սփիւռքի մէջ, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն, երբ անարգ ձեռքեր կը փորձէին ճնշել ու հարուածել հայ զանգուածները, հին օրերու ֆետայիներ նոյն խիզախութեամբ կը նետուէին կռիւի դաշտ` պաշտպանելու համար հայուն կեանքն ու արժանապատուութիւնը:
Նոյն օրերուն ահաւոր մարտերը բաժան-բաժան ըրած էին հայ ընտանիքներ` մեր տղաքը, մեր «խենթերը» անվարան կը նետուէին կրակներու մէջ ու փամփուշտներու եւ ռումբերու տարափին տակ հաց ու ջուր կը հասցնէին մեր հայրենակիցներուն եւ մէկ կողմէ միւսը կ՛անցընէին տարտղնուած հայ ընտանիքներու անդամներ:
80-ական թուականները հայ ժողովուրդի պատմութեան ամէնէն ցաւալի ու ձեւով մը ամօթալի օրերը եղան, երբ ոճրագործ ձեռքեր, որոնց կարգին հայանուն վարձկաններ, կ՛առեւանգէին ու կ՛ահաբեկէին մեր ղեկավար ընկերները, որոնց շարքին` Աբօ Աշճեան, Սարգիս Զէյթլեան, Սարգիս Ազնաւուրեան, Լեւոն Պէրպէրեան, Վարդգէս Տէր Կարապետեան եւ ուրիշներ: Ու չմոռնանք մեր Լիզպոնի աննման տղաքը ու մեր օրերու վրիժառու բազուկները:
Եւ վերջապէս` Արցախեան պատերազմին քիչ չեղաւ թիւը մեր ընկերներուն` Թաթուլներու, Բաշխեաններու, Սիմոն Աջիկոզեաններու ու շատերու, որոնք եղան թէժ մարտերու առաջին զոհերէն: Բաւարար է այսօր այցելել Եռաբլուրի գերեզմանը ու հաշուել նահատակ ազատամարտիկներու շիրիմներուն վրայ Դաշնակցութեան զինանշանը` գաղափար մը կազմելու Շուշիի, Գելբաջարի ու Խոջալուի ազատամարտերու ընթացքին ինկած մեր ընկերներու թուաքանակին մասին:
Այսօր հաւաքուած ենք ոգեկոչելու մեր նահատակ ընկերներու յիշատակը եւ յայտարարելու, որ մենք զիրենք չենք մոռցած: Այսօր մեր մէջ են մեր նահատակներէն շատերու ազգականներն ու պարագաները: ՀՅԴ ժլատ է իր ընկերները իրենց ողջութեան պարգեւատրելու: Այս սովորութիւնը մաս կը կազմէ մեր աւանդական մշակոյթին:
Բայց Դաշնակցութեան համար իր նահատակները` սկսեալ պարզ մարտիկէն մինչեւ ղեկավար ընկերը, Սրբութեան Սրբոց են:
Մատէնլեան ապա բեմ հրաւիրեց Թուխման Խաչատուրեանը, որ կատարէ Միացեալ Նահանգներու, Հայաստանի եւ ՀՅԴ-ի քայլերգները:
Ապա Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան ու տէր Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեան հոգեհանգստեան պաշտօն կատարեցին ի յիշատակ հայրենիքի ու ազգի համար նահատակուած հերոսներուն: Յեղափոխական երգերով հանդէս եկաւ Քրիստափոր Արապեան:
Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան խօսքը փոխանցեց Դաւիթ Առաքելեան, որ լուսարձակի տակ առաւ այն իրողութիւնը, թէ հայ ժողովուրդին երկար ու դժուար պատմութիւնը լի է մեր ազգի նուիրեալ զաւակներուն անձնազոհութեան եւ նահատակութեան օրինակներով, որոնք եղած են «Մահ կամ ազատութիւն» կարգախօսին պատգամաբերները: Ան հաստատեց, որ ՀՅԴ-ին հիմնաքարերը եղան նահատակութեան եւ անձնազոհութեան գաղափարները, որոնց կրողներն ու գործադրողները մեծաթիւ են` սկսելով Արամէն ու Նժդեհէն, մինչեւ Սարդարապատի հերոսներ, վրիժառու բազուկներ, մինչեւ Արցախ եւ ներկայիս սահմանը պաշտպանող հայ երիտասարդները: Դաւիթ Առաքելեան նշեց, որ այսօրուան երիտասարդ սերունդը պարտաւոր է դուրս գալ դիւրին ու յարմարաւէտ, բայց վտանգաւոր կացութենէն եւ նոր համարձակութեամբ շարունակել մեր նախնիներէն մեզի ժառանգ մնացած սրբազան գործը` գիտակցելով, որ նոյնիսկ եթէ փոխուած են ժամանակները, մեր թշնամիները բնաւ չեն փոխուած:
Խօսքի աւարտին Դաւիթ Առաքելեան կոչ ուղղեց երիտասարդութեան` վերանորոգելու նուիրուելու ուխտը, լաւապէս գիտակցելու, որ հայրենիքը կարիք ունի նուիրեալ ու ազնիւ զաւակներուն, ընդունելու, որ ի՛նք է ժողովուրդին պայծառ ապագան կերտելու կոչուածը:
Սան Ֆերնանտօ Հովիտի Համազգայինի «Սայաթ Նովա» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ վաստակաւոր խմբավար, երաժիշտ Նորա Պայրամեան-Ռումեանի, կատարեց հայրենասիրական երգերու շարք մը:
Օրուան պատգամը փոխանցեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ դոկտ. Վիգէն Եագուպեան, որուն խօսքը ամբողջութեամբ ներկայացուցած ենք մեր երէկուան թիւով։ https://www.aztagdaily.com/archives/286300
Երեկոն աւարտեցաւ Քրիստափոր Արապեանի կողմէ «Արիւնոտ Դրօշ» երգով: