ԴՈԿՏ. ՎԻԳԷՆ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ
Ասպետի պէս երազային, գեղեցիկ էր ու դեռատի: Կը տողանցէր իր վաշտին հետ, այնպէս հպարտ ու քաջարի, կարծես կեանքի նժոյգը խենթ, լոկ իր կամքին կ՛ըլլար գերի:
Բաւեց փշուր մը տաք ռումբի, որ կործանի հիմնայատակ, տառապանքի ու պայքարի այնքա՜ն կորով, այնքան վաստակ:
Դաշնակցութիւնը իր լաւագոյններն է տուած ազատութեան Բագինին: Հպարտն ու քաջարին, հասունն ու դեռատին, արհեստաւորն ու մտաւորականը, գիւղացին թէ քաղաքացին: Զոհաբերութիւնը թարգմանն է դաշնակցականի գաղափարական տեսլականին, իսկ պայքարի ճամբուն վրայ նահատակութիւնը` այդ զոհաբերութեան սրբագոյն արտացոլումը: Զոհաբերութիւնը դաշնակցական շարքերու համեստութիւնը երաշխաւորող, անոր ակունքները խարսխող, զայն անքակտելիօրէն իր ժողովուրդին շաղկապող շղթան է: Դասակարգային տարբերութիւնները, նախապատուութիւնները, նուիրապետական աստիճանները չէզոքացնող անպարտելի ուժն է այդ: Գաղափարի զինուորագրման ամէնէն ստուգելի խորհրդանիշն է զոհաբերութիւնը եւ Դաշնակցութեան գաղափարական ուղին դրոշմուած է իր նահատակներու սուրբ արեամբ:
Դաշնակցականին համար նահատակութիւնը կամ նահատակութեան պատրաստակամութիւնը բացարձակապէս կապ չունին կոյր ծայրայեղութեան կամ գինով մոլեռանդութեան հետ: Իր ժողովուրդին արդար իրաւունքներու պայքարին ի խնդիր գերագոյն նուիրաբերումը տարածուած է Դաշնակցութեան կենսագրութեան մէջ, որովհետեւ զայն ղեկավարողը միշտ եղած է գաղափարը եւ գաղափարն է, որ առաջնորդած է անոր երթը: Հետեւաբար, դաշնակցականը միշտ ինքզինք տեսած է իբրեւ գաղափարի զինուոր, որուն իբրեւ արդիւնք` հաւաքական իղձը միշտ ալ նկատուած է աւելի գերադաս` անհատական նկրտումներէ: Եւ Դաշնակցութեան պատմութեան մէջ յաճախ դժուար եղած է զատորոշել ղեկավարը զինուորէն: Բաւարար է ակնարկ մը նետել Դաշնակցութեան հիմնադիրներու եւ ղեկավարներու կեանքին վրայ` գնահատելու համար այս իրողութիւնը: Ցուրտ լերան ստորոտին Քրիստափորի նահատակութիւնը նուիրականացուց Դաշնակցութեան ծնունդը, իսկ բազմաթիւ պատասխանատու եւ ղեկավար դաշնակցական մարտիկներու զոհաբերումը Արցախի ազատագրական կռիւներուն` եկաւ գրեթէ 90 տարի վերջ ամրագրելու Քրիստափորի կտակած պատգամը իրերայաջորդ դաշնակցական սերունդներուն: Զոհուիլը գաղափարի համար` ժողովուրդի ազատատենչութեան ոգիին վերածնունդն է:
Մեր նահատակուած հերոսներուն համար մահը դրախտ հասնելու միջոց չէ եղած: Ան եղած է ազատագրական պայքարի նկատմամբ ամբողջական յանձնառութեան արտացոլումը. պայքարելու աննկուն կամքի ծայրագոյն արտայայտիչը: Դաշնակցական Խեչոն, հռչակաւոր ֆետային, որ ճանչցուած էր իր խիզախութեամբ, բայց ո՛չ իր պերճախօսութեամբ, ինքզինք կը գտնէ իր զոհուած զինուորներէն մէկուն դամբանականը խօսելու անբաղձալի իրավիճակին մէջ: Կռուիլ գիտցող, բայց խօսիլ չգիտցող Խեչոն դագաղին շուրջ հաւաքուած զինուորներուն դառնալով` կ՛ըսէ. «Երէկ Յովակիմն ու Առաքելը զարնուեցան, այդ ալ իմ հոգս® այսօր Հայրապետը զարնուեցաւ, ա՛յդ ալ իմ հոգս® վաղը ե՛ս կրնամ զարնուիլ, այն ատեն ալ` ձե՛ր հոգը: Ժամանակ չկայ, հիմա երթանք, կռիւ կայ®»: Նահատակ մեր ընկերներուն համար, նպատակը տկարութիւն չէր ճանչնար եւ դրախտը հոս էր` նպատակասլաց իրենց աշխարհին մէջ:
Կ՛ըսեն, թէ ուղեղը, ահազանգային րոպէներուն, օժտուած է շատ արագ որոշումներ կայացնելու կարողութեամբ` առանց երկար բարակ հաշիւներ կամ արժեւորումներ ընելու, որպէսզի մարմինը պաշտպանէ իրեն սպառնացող ֆիզիքական անմիջական վտանգներէ: Մեր նահատակ ընկերները կարծէք շրջանցած են նաեւ մարդկային եղափոխութեան այս հոլովոյթը, որպէսզի կարենան ամբողջականօրէն ծառայել իրենց ազգին:
Յիշենք ընկեր Սերժ Թովմասեանը, որ ասկէ քառասուն տարիներ առաջ, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն, Անթիլիասի «Աղբալեան» ակումբին մէջ, երբ խումբ մը տղոց ականի մասին բացատրութիւններ կու տար, յանկարծ արկածով մը ականին պահպանակը կը քակուի: Սերժը ամբողջ մարմնով կը նետուի ականին վրայ: Իր այդ արարքին շնորհիւ պայթումէն միայն ինք կը նահատակուի, իսկ տղաքը կը մնան անվնաս:
Նպատակը տկարութիւն չի ճանչնար եւ անոր արժէքը աւելի բարձր է նոյնիսկ կեանքէն: Եւ ես ըսեմ Սերժը, դուք հասկցէք Պետիկը, Գրիգորը, Լեւոնը, Աբոն, Ներսէսը, թէ Սարգիսը:
Անունները չեն կարեւորը: Նահատակներուն համար անունները չէին կարեւորը: Գերիշխողը նպատակն էր, երդումը, նուիրաբերման թելադրած յաւիտենականութիւնը: Բան մը, որ այս օրերուս երբեք պէտք չէ բացակայի մեր իմացական շրջագիծէն:
Ազատատենչութիւնը եւ ազատագրական պայքարը ո՛չ անխուսափելի են, ո՛չ ալ ինքնազօր: Արդարութեան համար պայքարը կը պահանջէ զոհաբերութիւն, կը պահանջէ նուիրաբերում: Իսկ մեր մակարդակով ազգային ազատագրական պայքարը կը պահանջէ նոյնիսկ զոհաբերութեան գերագոյնը` կեանքի գնով նուիրումը: Փաստ` այն բոլորը, որոնք ինկան ազատութեան ճամբուն վրայ, ազատագրման պայքարին համար, Չորրորդ գունդի հրամանատար Քեռիէն մինչեւ խմբապետ Խեչոն, Յ. Քաջազնունիի եւ Յ. Թումանեանի զաւակներէն մինչեւ Սասունի Փեթար գիւղի Իսրոն, մինչեւ նորօրեայ Սերժերն ու Յովհաննէսները, եւ տակաւին քանի քանիներ, որոնց անունները չենք գիտեր, եւ որոնց տապանաքարը դեռ չէ գտած իր արդար տեղը հողին մէջ:
Ա՛յս է մեր տեսակը, եւ ուրիշ ձեւ ալ չի կրնար ըլլալ: Ազգային ազատագրական պայքարին մասնակցութիւնը կը պահանջէ ա՛յդ տեսակը, իսկ պայքար, ուր ուժերու անհաւասարութիւնը առկայ է ամէն մակարդակի վրայ, այդ տեսակը, դաշնակցականի տեսակը, յաջողութեան եւ յաղթանակի գրաւական է: Այդ տեսակը իւրաքանչիւր օրը կ՛ապրի այնպէս, որ իր կեանքին վերջին օրն է. առանց զառանցանքի, առանց մոլեգնութեան, առանց անտարբերութեան դոյզն նշոյլի, առանց յաւակնութեան կամ արդարացնող պատրուակներու: Անոնց այդ տեսակը վէրքերուն սպիները, համաչափութիւնը կորսնցուցած դիմագիծները, խոցուած սիրտերն ու հոգիները, անօգ զոհեր ըլլալու նշաններ չե՛ն: Մարտնչողի, վերապրողի, աննկուն պայքարողի յաղթանշաններ են անոնք: Ա՛յս է տեսակը դաշնակցականին:
Այսօր հոս չենք եկած համեստանալու: Չենք եկած չքմեղանքի պատկերներ հիւսելու: Եկած ենք վերանորոգելու այն ուխտը, որ ինկած ընկերները պատգամեցին մեզի` իրենց դեռ նոր ծաղկող կեանքերու ընդհատումով: Ոչ մէկ աղօթք աղերսական, ոչ մէկ կաթիլ արտասուքի կրցան փրկել այդ սէգ տղաքը: Բայց նահատակուած ոգին անոնց փրկեց մեզմէ շատերուն թմրած խիղճերը եւ սթափեցուց մեզ նորէն, վերանորոգուելու, նորէն մարմնաւորելու մեր յանձնառութիւնը մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքներուն հանդէպ եւ նորէն ըլլալու ազատատենչ ոգիի անշէջ ձայնը: Անտարազ զինուորները պատեցին մեզ համազգեստով զօրականի եւ հրաւիրեցին մեզ վերցնելու ջահը, որպէսզի երբեք մեր ժողովուրդը չմնայ խաւարի մէջ եւ չմարի անոր մարտնչող ոգին: Մէկ խօսքով, իրենց մահով մեզ լեցուցին կեանքով:
Մեր նահատակներուն գծած ուղին ո՛չ միայն պարտաւորեցնող է, այլ է նաեւ միաւորող, ըլլալով խօսուն օրինակը այն համոզումին, որ մեր փրկութիւնը մեր հաւաքական ուժին մէջն է: Նուիրելով գերագոյնը` իրենց կեանքը, մեր ժողովուրդին պատգամեցին անոնք, որ անձը լոկ ստուեր մըն է միայն ազգային իղձերու վիթխարի երազին դիմաց: Կը գաճաճնայ, պէ՛տք է որ գաճաճնայ անհատը այդ մեծ երազին քով: Այս իմաստով, մեր պատմութեան մէջ կայ խօսուն օրինակ եւ այդ պէտք է ծառայէ մօտեցման իբրեւ շարժառիթ այսօր, երբ տակաւին բազմաթիւ վտանգներ կը սպառնան մեր հայրենիքի ապահովութեան:
1895-96-ի համիտեան կոտորածներուն Վանի հայութիւնը միասնական ուժերով է, որ դիմեց խիզախ ինքնապաշտպանութեան: Միացած էին դաշնակցական Պետոյի, հնչակեան Մարտիկի եւ արմենական Աւետիսեանի խումբերը, դիմադրելու համար թշնամիին վայրագ յառաջխաղացքին: Ի վերջոյ, օտար հիւպատոսներու միջամտութեամբ, կը կայանայ համաձայնութիւն, որ զինեալ խումբերը ազատ անցք ունենան դէպի Պարսկաստան: Սակայն ճամբան, դաւադրութեամբ, ֆետայիները կը պաշարուին եւ մինչեւ վերջին փամփուշտը կրակելէ ետք, բոլորն ալ կը նահատակուին: Այս դէպքին պատասխանն էր 1897-ի Խանասորի արշաւանքը Մազրիկ ցեղախումբին դէմ, որ հիմնական դերակատարն էր ֆետայիներու կոտորածին: Ինչպէս երգը կ՛ըսէ` «Մի ժամուան մէջ Մազրիկ ցեղը ջնջուեցաւ»:
Ինկած այս նահատակներու խորհուրդը մեզի նոյնքան պատշաճ է այսօր` հայութեան ներկայ բարդ իրադրութեան մէջ: Անհրաժեշտ է հիմնական ու առաջնահերթութիւն ներկայացնող խնդիրներու շուրջ ստեղծել միասնականութիւն, կառուցել անթափանց շղթայ, ուր մեր ազգային գերխնդիրներուն նկատմամբ կարելի չէ ունենալ որեւէ տեսակի ներքին տարանջատում: Իրենց մահով այս է, որ մեզի պատգամեցին դաշնակցական Պետոն, հնչակեան Մարտիկը եւ արմենական Աւետիսեանը:
Հերոսը չի հերոսանար հրահանգներու հետեւելով: Հերոսը այն է, որ իր կամքով, վեհանձնութեամբ եւ խիզախութեամբ պատրաստ է զոհուելու գաղափարի մը համար:
Չկան հերոսութեան ուղեցոյցներ, կամ ճշգրտօրէն կառուցուած նախատիպեր: Չկայ հերոսութեան դասընթացք, ո՛չ ալ զայն նուաճելու քարտէս: Խորքին մէջ, հեզաբարոյ անձը, հերոսութենէ խուսափողն է, որ ընդհանրապէս ի վերջոյ կը հերոսանայ: Գաղափարական պարարտ դաշտն է, որ կը հրահրէ ազատատենչութեան ոգին, եւ այդ ոգին է, որ կը մղէ գաղափարի նուիրեալը մարտնչելու: Այս իմաստով հերոսութիւնը լոկ զուգադիպութիւն մըն է, իսկ նահատակութիւնը պատրաստակամութիւն է կեանքի գնով գաղափարին նուիրուելու` ի խնդիր ժողովուրդին, ի խնդիր Դատին, բայց երբե՛ք անձին համար:
Դաշնակցութիւնը հերոսներ եւ նահատակներ պատրաստելու դպրոց չէ: Ան ազգային գաղափարախօսութիւնը աշխարհահայեացքի վերածող ուսումնարան է, ազգային արժէքներ պահպանող շտեմարան է, ազգային արժանապատուութիւնը, նոյնիսկ ամէնէն թէժ ու հիասթափեցնող օրերուն, աչքի լոյսի պէս բարձր պահող փարոսն է: Դաշնակցութեան այս պարարտ հողն է ահաւասիկ, որ, ի միջի այլոց, կը ծնի նաեւ հերոսներ, խոնարհ զինուորներ, մահուան դիմադրող եւ ինչու չէ` իրենց նահատակութեամբ մահը նուաճող նուիրեալներ: Պարարտ էր հողը երէկ, պարարտ է տակաւին գաղափարական հողը այսօր: Կան այդ տղաքն ու աղջիկները, ամէն տեղ են, հայրենիք թէ Լիբանան, Շուէտ թէ Սուրիա, Ֆրանսա թէ Աւստրալիա: Կան այդ տղաքն ու աղջիկները: Անոնք ամէն տեղ են: Հոս են նաեւ, այս սրահին մէջ: Եւ տակաւին պիտի ծնին մինչեւ այն օրը, երբ մեր տեսլականը, մեր մեծ երազը, իր ամբողջական եւ բացարձակ իմաստով իրականանայ:
Վստահ եղէք, սիրելինե՛ր, տակաւին պիտի ծնին անոնք:
Կեցցէ՛ մեր նահատակ հերոսներու յիշատակը: Կեցցէ՛ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը:
Լոս Անճելըս
13 մարտ 2016