Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Զօրակցութիւն Արցախին Եւ Հայկական Բանակին» Խորագիրով Ձեռնարկներ Եւ Քաղաքական Հանդիպումներ Ֆրանսայի Մէջ

Մարտ 16, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ԱՊԱՌԱԺ»

Marseilles_31616

Արցախի շարժման 28-ամեակի ծիրին մէջ Ֆրանսայի մէջ կազմակերպուած  է «Զօրակցութիւն Արցախին եւ հայկական բանակին» խորագիրով ձեռնարկներու շարք, որուն մասնակցելու նպատակով եւ Արեւմտեան Եւրոպայի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէին հրաւէրով Ֆրանսա կը գտնուի Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Դաւիթ Իշխանեան, որ 11 մարտին Մարսէյի, 12 մարտին Վալանսի, իսկ 13 մարտին Փարիզի մէջ մասնակցած է կազմակերպուած նախաձեռնութիւններուն, ինչպէս նաեւ քաղաքական անձնաւորութիւններու հետ հանդիպումներ ունեցած է: Ձեռնարկներուն ընթացքին Իշխանեան հանդէս եկած է «Արցախի ներկայ քաղաքական եւ տնտեսական կացութիւնը» խորագիրը կրող դասախօսութիւններով:

11 Մարտին Մարսէյ քաղաքին մէջ Դաւիթ Իշխանեան տեսակցած է Մարսէյի փոխքաղաքապետ Տիտիէ Փառաքեանին հետ` քննարկելով Մարսէյ-Արցախ համագործակցութեան հեռանկարները: Դ. Իշխանեան ներկայացուցած է այն ոլորտները, որոնց ծիրին մէջ կարելի է համագործակցութիւն ծաւալիլ ապագային:

12 մարտին Վալանսի մէջ Դ. Իշխանեան հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի Ազգային ժողովի պատգամաւոր, պաշտպանութեան յանձնաժողովի անդամ Նաթալի Նիսոնի հետ` քննարկելով հետագայ համագործակցութեան կարելիութիւնները:

Նոյն օրը Վալանսի հայ մշակութային կեդրոնին մէջ կայացած են հանդիպումներ Վալանսի քաղաքապետ Նիքոլա Տարակոնի եւ Պուրկ-լէ-Վալանսի քաղաքապետ Մարլէն Մուրիէի հետ: Հանդիպումներուն մասնակցած են Արեւմտեան Եւրոպայի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի  անդամներ Հրաչ Վարժապետեան, Տիգրան Շահմիրեան եւ Անդրանիկ Նշանեան:

Մարլէն Մուրիէ ըսած է, թէ ինք երբեք չի մտահոգուիր Ազրպէյճանի «Սեւ ցանկ»-ին մէջ ներառուելու հանգամանքով, այլ այդ մէկը աւելի քաջալերական կը նկատէ` շեշտելով, որ գոհ ու տպաւորուած է Արցախով ու Արցախի ժողովուրդով: «Ձեր ճամբան երկար է, եւ մենք ձեզի հետ պիտի քալենք», հաստատած է ան:

Վալանսի քաղաքապետը իր կարգին շեշտած է. «Ինծի ըսած են, որ Ազրպէյճան «Սեւ ցանկ» ունի, եւ որ ես ալ ընդգրկուած եմ անոր մէջ, որովհետեւ կը պայքարիմ յանուն ժողովրդավարութեան եւ ազատութեան: Զիս երբեք չի մտահոգեր այդ «Սեւ ցանկ»-ը»:

Ishkhanian_31616

14 մարտին ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանն ու ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանը Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ հանդիպում ունեցած են Ֆրանսայի խորհրդարանի Ընկերվարական խմբակցութեան ղեկավար Պրունօ Լը Ռուի եւ ծերակուտական, Արֆորվիլ քաղաքի քաղաքապետ Լիւք Քարվունազի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած է Արցախի մէջ տիրող ընդհանուր իրավիճակը, անդրադարձ կատարուած է Ղարաբաղեան հակամարտութեան, այսօրուան ընդհանուր կացութեան ու Ղարաբաղի ներքին կեանքի զարգացման հեռանկարներուն:

Փարիզի մէջ կազմակերպուած ձեռնարկին ներկայ եղած են ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան, Արեւմտեան Եւրոպայի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի անդամները եւ Ֆրանսայի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի մնայուն ներկայացուցիչ Յ. Գէորգեանը:

Ձեռնարկներ տեղի պիտի ունենան նաեւ Լիոնի, Պրիւքսէլի եւ Հոլանտայի մէջ:

Ստեփանակերտ

Նախորդը

Ասատուրի Ստեղծագործութիւնները` «Սըրսոք» Թանգարանին Մէջ

Յաջորդը

Հայկական Մանրանկարներն Ու Ազգային Տարազները Անցան Այնճարէն

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?