«Հորիզոն» Թմրամոլութեան Նախազգուշական Կեդրոնի 10-Ամեակ
«Ընդունինք, Ուղղենք, Դաստիարակենք» Նիւթով Միօրեայ Համագումար «Հորիզոն» թմրամոլութեան նախազգուշական կեդրոնի 10-ամեակին առիթով կազմակերպուած «Ընդունինք, ուղղենք, դաստիարակենք» նիւթով միօրեայ համագումարը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 15 հոկտեմբեր 2016-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ: Համագումարին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին դպրոցներու տնօրէններ, հոգեբաններ, ընկերային ծառայողներ, բաժանմունքներու պատասխանատուներ, դաստիարակներ, պատանեկան, երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ ընկերային-բժշկական, կրօնական, ազգային հաստատութիւններու պաշտօնեաներ: Բացման խօսքը «Հորիզոն» նախազգուշական գրասենեակի...




















