Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Փայտէ Պեճ»-ի Գիտելիքներու Տեսական Սեմինար

November 1, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

woodbadge4_92416

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային սկաուտական խորհուրդն ու խմբապետական կազմը, լաւապէս գիտակցելով համաշխարհային սկաուտական կարգերուն մէջ «փայտէ պեճ»-ի (Վուտպէճ) կարեւորութիւնը, ծրագրեց կազմակերպել համաշխարհային առաջին կարգի` «փայտէ պեճ»-ի գիտելիքներու տեսական սեմինար մը (հարկ է յիշել, որ այս կարգերուն գործնական հանգրուանները կը կազմակերպուին միայն Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնին կողմէ):

Պէյրութի, Պուրճ Համուտի, Այնճարի, Անթիլիասի, Ժտէյտիի եւ Ռաուտայի մասնաճիւղերէն 50 խմբապետներ մասնակցեցան Շրջանային սկաուտական խորհուրդին հովանաւորութեամբ եւ Շրջանային խմբապետութեան կազմակերպած «Փայտէ պեճ»-ի գիտելիքներու տեսական սեմինարին, որ տեղի ունեցաւ շաբաթ 24 եւ կիրակի, 25 սեպտեմբեր 2016-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ:

Սեմինարը ընթացք առաւ յետմիջօրէի ժամը 2:00-ին: Դրօշակի արարողութենէն առաջ խմբապետները իրենց ճիւղերուն համապատասխան խումբերու բաժնուեցան` գայլիկ, արծուիկ եւ մոկլի ճիւղերու խմբապետները կազմեցին վոհմակին կարմիր, կապոյտ եւ կանաչ վեցեակները, արի-արենուշներու  խմբապետները կազմեցին սկաուտական խումբի` առիւծ եւ աղուէս խմբակները, իսկ երէց-պարմանուհիներու խմբապետները կազմեցին փաղանգին 2 տասնեակները: (Հարկ է յիշել, որ նախապէս 2 փայտիկի տիրացած քոյրեր ու եղբայրներ ստանձնած էին սեմինարի ընթացքին խումբերու պատասխանատւութիւնը.  Լոռի Պիլալեան նշանակուած էր պատասխանատու վոհմակին, Մենար Պոյաճեան` սկաուտական խումբին, Մելքոն Պապէեան` փաղանգին, իսկ Մկրտիչ Գէորգեան` օժանդակ սիմինարի գործադրութեան): Ապա 4 փայտիկի տիրացած եւ սեմինարի պատասխանատու,  շրջանային պարմանուհի ճիւղի խմբապետ Ռուբինա Խայեաթ խմբապետներուն բացատրեց համաշխարհային «փայտէ պեճ»-ի կարգերուն ու անոնց կարեւորութեան մասին: Ապա տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն:

woodbadge1_92416

Դրօշակի արարողութեան յաջորդեց դասախօսական շարք մը. առաջին դասախօսն  էր Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնի նախկին ընդհանուր խմբապետ Հասան Համուտը, որ ներկայացուց «Սկաուտական գործելակերպ» նիւթը: Անոր յաջորդեց 4 փայտիկի տիրացած, շրջանային արծուիկ ճիւղի խմբապետ Լենա Գրիգորեանին ներկայացումը` «Սկաուտական` գայլիկական, արիական եւ երէցական շրջանները» նիւթը, ապա ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային ընդհանուր խմբապետ  Արտա Զէյթունլեան զրոյցի մը ընթացքին ներկայացուց համաշխարհային սկաուտութեան պատմութիւնն ու համաշխարհային սկաուտութեան կառոյցը, իսկ Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնի գայլիկ-արծուիկ ճիւղերու խմբապետ Ռուբինա Խայեաթ ներկայացուց արաբական աշխարհի սկաուտական եւ յատկապէս Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնի կազմութեան պատմութիւնը:

Դադարէ մը ետք շարունակուեցան դասախօսական շարքերը. Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնի ներկայ ընդհանուր խմբապետ Ճորճ Նիսի ներկայացուց «Սկաուտական շարժման սկզբունքներն ու նպատակը», ապա ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային ընդհանուր խմբապետ Արտա Զէյթունլեան խմբապետներուն բացատրեց սկաուտութեան ամէնէն կարեւոր հիմքերէն 2-ը` խմբակային դրութիւնն ու կարգապահութիւնը, որմէ ետք  3 փայտիկի տիրացած շրջանային արի ճիւղի խմբապետ Պետիկ Գասպարեանին հետ միասին  կատարեցին գործնական կարգապահական հրահանգներ:

Երեկոյեան ընթրիքին յաջորդեց 3 փայտիկի տիրացած նախկին շրջանային լրատուական եւ հաղորդակցութեան պատասխանատու խմբապետ Թամար Քէշիշեանին դասախօսութիւնը` «Բանակցութեան եւ հաղորդակցութեան» մասին, որմէ ետք խումբերը պատրաստուեցան խարուկահանդէսին եւ հաճելի պահեր անցուցին` երգելով, կանչերով, հանելուկներ լուծելով եւ խաղերով:

woodbadge3_92416

Սեմինարին երկրորդ օրուան առաջին դասախօսն էր Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնի նախկին ընդհանուր խմբապետ Ուասիմ Զէյնը, որ խօսեցաւ սկաուտական յայտագիրներու կազմակերպումի եւ  նպատակներ ճշդումին մասին, ապա «Սքութ տիւ Լիպան»-ի խմբապետ Մարի Քլոտեւ Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնի անդամ Ֆարես Խալիֆէ ներկայացուցին ինչպէս պատրաստել սկաուտական տարեկան ծրագիրը եւ խմբակներու հետ գործնական աշխատանքներէ ետք կատարեցին իրենց ցուցմունքները:

Յայտագիրը կ՛ընդգրկէր նաեւ սկաուտական կարգ մը գիտելիքներու վերաքաղ, ինչպէս` մորսի այբուբենը, կապեր ու հանգոյցներ, նաեւ` խմբակային խաղեր:

Դասախօսութիւններու շարքին էր նաեւ աշխատանքներու քննարկում ու տեղեկագիր պատրաստելու կարեւորութեան մասին նիւթը, որ ներկայացուց քոյր Ռուբինա Խայեաթ:

Ճաշի դադարէն ետք ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի նախկին Շրջանային ընդհանուր խմբապետ, 4 փայտիկի տիրացած Ժանօ Քեչեճեան դասախօսեց «Անհատի մը տարիքային շրջաններու» մասին:

Հարկ է յիշել նաեւ, որ սեմինարին ընթացքին ներկայ էին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչները եւ Շրջանային խորհուրդի անդամներ, ինչպէս նաեւ այցելութիւն տուին մասնաճիւղերու սկաուտական խորհուրդները:

Սեմինարի աւարտին տեղի ունեցաւ սեմինարի արժեւորում եւ վկայականներու բաշխում: Սեմինարը պաշտօնապէս աւարտեցաւ դրօշակի արարողութեամբ ու «Յառա՛ջ, նահատակ» քայլերգի երգեցողութեամբ:

Այս սեմինարը կը միտէր քաջալերել մասնակիցները եւ վերաքաղ մը կատարել խմբապետներու գիտելիքներուն մասին, որպէսզի խմբապետները աւելի  ինքնավստահ մասնակցին ու տիրանան համաշխարհային կարգերուն` «փայտէ պեճ»-ի փայտիկներուն:

 

Նախորդը

Որակական Նոր Փուլ` Իրան-Հայաստան Յարաբերութիւններում

Յաջորդը

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շեփորախումբի Սեմինար

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.