Գաղութային

ՔԱՀԼ-ի Տիկնանց Օժանդակ Յանձնախումբի Մայրերու Օրուան Ճաշկերոյթ

ՔԱՀԼ-ի Տիկնանց Օժանդակ Յանձնախումբի Մայրերու Օրուան Ճաշկերոյթ

Հետեւելով նախորդ տարիներու աւանդութեան` այս տարի եւս ՔԱՀԼ-ի Տիկնանց օժանդակ յանձնախումբը կազմակերպեց Մայրերու օրուան ձեռնարկ, որ տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 3 մայիս 2017-ին, կ.ա. ժամը 11:00-ին, «Լա մարինա քլապ»-ի մէջ, Տըպայէ, նախագահութեամբ Ռեբեքա Կէօզիւպէօյիւքեանի: Ձեռնարկին ներկայ էր նաեւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանին կինը` Իզապէլ  Մկրտչեան: Ներկաները եկած էին ՔԱՀԼ-ի Հայ տարեցներու տան պատսպարեալները պատուելու` իրենց աջակցութեամբ եւ օժանդակութեամբ: Հանդիսութիւնը սկսաւ Լիբանանի...

Լեւոն Զեքի Ետալեան Պարգեւատրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան «Երախտագիտութեան» Շքանշանով

Լեւոն Զեքի Ետալեան Պարգեւատրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան «Երախտագիտութեան» Շքանշանով

  Հինգշաբթի, 4 մայիսին, Դամասկոսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Արշակ Փոլատեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի անունով «Երախտագիտութեան» շքանշանով պարգեւատրեց Հայ-սուրիական գործարարներու խորհուրդի նախագահ Լեւոն Զեքի Ետալեանը` գնահատելով անոր թափած ճիգերը Սուրիոյ եւ Հայաստանի միջեւ տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման մէջ: Պարգեւատրման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Դամասկոսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ, Հայ-սուրիական գործարարներու խորհուրդի հիմնադրութեան 8-ամեակին առիթով կազմակերպուած յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին,...

Ցուցահանդէս` Յանուն Նպատակի Մը

Ցուցահանդէս` Յանուն Նպատակի Մը

Մ. ԾԻՐԱՆԻ Կազմակերպութեամբ ՀԲԸՄ-ի ՀԵԸ միութեան, իր տարողութեամբ ընդարձակածաւալ եւ բովանդակութեամբ այլազան գեղանկարչական ցուցահանդէսի մը բացումը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 19 ապրիլի երեկոյեան Զէյթունա Պէյի «Եախտ քլապ»-ի ցուցասրահին մէջ: Ցուցադրութեան դրուած էին տարբեր սերունդներ եւ արուեստի ուղղութիւններ ներկայացնող շուրջ հարիւր յիսուն ստեղծագործութիւններ, որոնցմէ տասնհինգը վերապահուած էր աճուրդի համար: Դասականացած ականաւոր գեղանկարիչներէն կային առաւել կամ նուազ չափով միջազգային համբաւի տիրացած ստեղծագործողներ, ինչպէս`...

«Դէպի Ակունք-4» Պատանիներու Գեղարուեստական Հանդէս	 Նուիրուած` Հայոց Բանակի 25-ամեակին

«Դէպի Ակունք-4» Պատանիներու Գեղարուեստական Հանդէս Նուիրուած` Հայոց Բանակի 25-ամեակին

Կիրակի, 9 ապրիլ 2017, երեկոյեան ժամը 6:00-ին,  ՔԱՀԼ-ի հանդիսասրահին մէջ, Պուրճ Համուտ, տեղի ունեցաւ միութեան «Դէպի ակունք» մանկապատանեկան գեղարուեստական չորրորդ հանդիսութիւնը: Ձեռնարկը նուիրուած էր հայոց բանակի 25-ամեակին: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ միութեան ատենադպիր Սիւզի Տէրտէրեան` յայտնելով միութեան նպատակը` համախմբելու հայրենակիցները եւ իրենց զաւակները, գեղարուեստի ճամբով շաղուելու իրենց արմատներուն հետ: Ան ներկայացուց Ս. Յարութեան խորհուրդը` ըսելով, որ հայն ալ ունեցաւ իր...

Աւելի Քան 1500 Թորոնթոհայեր Մասնակցեցան Կարօ Փայլանի Հետ Հանդիպումին

Աւելի Քան 1500 Թորոնթոհայեր Մասնակցեցան Կարօ Փայլանի Հետ Հանդիպումին

Թորոնթոհայութիւնը պատմական օր մը ապրեցաւ ապրիլ 30-ին, երբ Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան այցելեց Թորոնթօ եւ հանդիպում ունեցաւ հայ համայնքին հետ: Հանդիպման ներկայ էին աւելի քան 1500 թորոնթոհայեր: Ձեռնարկի հովանաւորն էր Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբը` կազմակերպութեամբ Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն, Հայ Աւետարանական, Ս. Աստուածածին եւ Սուրբ Գրիգոր կաթողիկէ եկեղեցիներուն, ինչպէս նաեւ Պոլսահայ մշակութային միութեան, «Նոր սերունդ» մշակութային միութեան եւ Թորոնթոյի...

Հայոց Ցեղասպանութեան 102-րդ Տարելիցին Նուիրուած Ձեռնակներ

Հայոց Ցեղասպանութեան 102-րդ Տարելիցին Նուիրուած Ձեռնակներ

Իրան Հազարաւոր Թեհրանահայեր Համախմբուեցան Թուրքիոյ Դեսպանատան Դիմաց Հազարաւոր թեհրանահայեր այս տարի եւս Հայոց ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցին իրենց խուռներամ շարքերով ապրիլ 24-ին մասնակցեցին բողոքի լուռ երթին: Ապրիլ 24-ի առաւօտեան Թեհրանի Ս. Սարգիս մայր եկեղեցւոյ մէջ, ձեռամբ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգսեանի, մատուցուեցաւ եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Ս. պատարագ եւ բարեխօսական աղօթք: Ս. պատարագէն եւ բարեխօսական աղօթքէն ետք թափօրը հայ սկաուտներուն կազմած...

Հայոց Ցեղասպանութեան 102-րդ Տարելիցին Նուիրուած Ձեռնարկներ

Հայոց Ցեղասպանութեան 102-րդ Տարելիցին Նուիրուած Ձեռնարկներ

Ֆրանսա Փարիզի եւ Ֆրանսայի այլ քաղաքներու մէջ ապրիլ 21-25-ին տեղի ունեցած են Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած բազմաթիւ ձեռնարկներ: Ապրիլ 21-ին Փարիզի մերձակայ Մետոն քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկին ներկայ եղած են եւ ելոյթներով հանդէս եկած` Մետոնի քաղաքապետ, ծերակոյտի փոխնախագահ Էրուէ Մարսելը, Շաւիլի քաղաքապետ, Օ-տը-Սեն բաժանմունքի խորհուրդի անդամ Ժան-ժաք Կիյէն, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիտեչեան, Ֆրանսայի մէջ Արցախի ներկայացուցիչ...

«Մըն Զաման-2» Խորագիրով Ցուցահանդէսին.  Չորս Հայորդիներ` Անտրէ Գալֆայեան, Արտեմիս Պոյաճեան-Թորոսեան, Ծովիկ Մանուկեան-Գազազեան Եւ Մարալ Էքմեքճեան-Ղազարեան Մասնակցեցան ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Ցուցահանդէսին

«Մըն Զաման-2» Խորագիրով Ցուցահանդէսին. Չորս Հայորդիներ` Անտրէ Գալֆայեան, Արտեմիս Պոյաճեան-Թորոսեան, Ծովիկ Մանուկեան-Գազազեան Եւ Մարալ Էքմեքճեան-Ղազարեան Մասնակցեցան ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Ցուցահանդէսին

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի մշակոյթի նախարարութեան, երեքշաբթի, 11 ապրիլ 2017-ին լիբանանեան եւ առհասարակ արուեստասէր հանրութիւնը հրաւիրուած էր ներկայ գտնուելու արուեստագէտ Մոհամետ Ալլուշի հիմնած արուեստի «Մուլթաքա ալուան» միութեան «Մըն զաման-2» խորագրեալ  լիբանանեան աւանդի գեղանկարչական ցուցահանդէսին, Պէյրութի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ: Գլխաւորաբար արուեստագէտ, գեղանկարիչ Փասքալ Մասուտի կազմակերպութեամբ իրագործուած լիբանանեան գիւղական աւանդին նուիրուած գեղանկարչական այս միօրեայ ցուցահանդէսին իբրեւ պատուոյ հիւր հրաւիրուած արուեստագէտներ դոկտ. Իսամ Խէյրալլայի եւ...

102-ամեակի Ոգեկոչումներ Սուրիոյ Մէջ

102-ամեակի Ոգեկոչումներ Սուրիոյ Մէջ

Հայոց Ցեղասպանութեան 102-րդ Տարելիցի Ձեռնարկները Դամասկոսի Մէջ Դամասկոսի մէջ 23-24 ապրիլին տեղի ունեցած են Հայոց ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցին նուիրուած շարք մը ձեռնարկներ: Այս մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութիւնը: Ապրիլ 23-ին Դամասկոսի Սուրբ Սարգիս Հայ Առաքելական առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ բակին մէջ կայացաւ յիշատակի ձեռնարկ, որուն ընթացքին տեղի ունեցան Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած բանախօսութիւն եւ...

Համազգայինի «Արեգ» Թատերական Դպրոցի Իւրօրինակ Դասերը «Վանայ Ձայն»-ի Եւ «Լ. Թիւթիւնճեան» Պատկերասրահին Մէջ

Համազգայինի «Արեգ» Թատերական Դպրոցի Իւրօրինակ Դասերը «Վանայ Ձայն»-ի Եւ «Լ. Թիւթիւնճեան» Պատկերասրահին Մէջ

Համազգայինի «Արեգ» թատերական դպրոցը թէեւ ունի տեսական եւ գործնական կանոնաւոր ծրագիր, բայց դպրոցի պատասխանատու, գեղարուեստական ղեկավար, բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեան միշտ առիթ կը ստեղծէ, որ աշակերտները մասնակցին զանազան մրցումներու, փառատօներու, հանրային ձեռնարկներու, ի հարկին դերեր ստանձնեն թատերախումբի տարեկան ներկայացումներուն մէջ: Բեմադրիչին կարծիքով, զանազան քննարկումները, հանդիպումները անուանի արուեստագէտներուն հետ, այցելութիւնները մշակութային օճախներ, կ՛ընդլայնեն աշակերտներուն մտահորիզոնը` նպաստելով անոնց գեղագիտական ճաշակի զարգացման: Շաբաթ, 29...

Անուանակոչութիւն Ժունիէի Սուրբ Յարութիւն Եկեղեցւոյ.  «Անհրաժեշտ Է Անթիլիասէն Վեր Բնակող Հայութեան Համար Նոր Եկեղեցւոյ Եւ Համայնքային Կեդրոնի Կառուցումը»   Ըսաւ Յակոբ Բագրատունի

Անուանակոչութիւն Ժունիէի Սուրբ Յարութիւն Եկեղեցւոյ. «Անհրաժեշտ Է Անթիլիասէն Վեր Բնակող Հայութեան Համար Նոր Եկեղեցւոյ Եւ Համայնքային Կեդրոնի Կառուցումը» Ըսաւ Յակոբ Բագրատունի

Կիրակի, 23 ապրիլ 2017-ին Ժունիէի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Ս. պատարագ` եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, որմէ ետք կատարուեցաւ մատաղի օրհնութիւն: Պատարագեց եւ իր հայրական պատգամը փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Սրբազան հայրը իր քարոզը սկսաւ Պօղոս առաքեալին` կորնթացիներուն ուղղած երկրորդ նամակին մէջ տեղ գտած հետեւեալ նախադասութեամբ. «Ան, որ Աստուծոյ խօսքին միացած է, նոր արարած է:...

Ապրիլեան Եղեռնագործութեան 102-րդ Տարելիցին Նուիրուած Ոգեկոչումներ` Քուէյթի Մէջ

Ապրիլեան Եղեռնագործութեան 102-րդ Տարելիցին Նուիրուած Ոգեկոչումներ` Քուէյթի Մէջ

ՄԱՐԻԱ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ * Ժողովրդային Հսկում ՀՅԴ Քուէյթի «Քրիստափոր» երիտասարդական եւ «Հրայր Դժոխք» պատանեկան միութիւններու Վարիչ կազմը, նորահաս սերունդներուն մտքերուն եւ հոգիներուն մէջ յիշողութիւնն ու պահանջատիրութիւնը վառ պահելու նպատակով, «Դէպի հատուցում` իրաւունքներու վերականգնում» կարգախօսով, կիրակի, 23 ապրիլ 2017-ի երեկոյեան ժամը 8:00ին, Ս. Վարդանանց եկեղեցին փոքրիկ Հայաստանի մը վերածելով, Ծիծեռնակաբերդի մանրակերտի խորհրդաւոր մթնոլորտին մէջ համախմբեց պահանջատէր քուէյթահայութիւնը` ժողովրդային հսկումով, ոգեկոչելու մեր մէկուկէս...

Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտը Վաւերացուց Բռնագրաւուած Հայկական Եկեղեցիներու Կալուածներուն Վերադարձի Բանաձեւը

Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտը Վաւերացուց Բռնագրաւուած Հայկական Եկեղեցիներու Կալուածներուն Վերադարձի Բանաձեւը

Քալիֆորնիոյ նահանգային ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինօ, որ ծերակոյտին մէջ նոր հաստատուած` Քալիֆորնիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի առեւտուրի, արուեստի եւ մշակոյթի փոխանակման յատուկ յանձնախումբի ատենապետն է, կը տեղեկացնէ, որ ապրիլ 17-ին Քալիֆորնիոյ ծերակոյտը վաւերացուցած է ամիս մը առաջ ներկայացուած թիւ 29 բանաձեւը, որ ոչ միայն ապրիլ ամիսը կը հռչակէ իբրեւ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման ամիս եւ կը պահանջէ ամերիկեան կառավարութենէն, որ ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը,...

Արցախցի Երեք Ուսուցիչներու Վերապատրաստման Ծրագիր Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանին Մէջ

Արցախցի Երեք Ուսուցիչներու Վերապատրաստման Ծրագիր Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանին Մէջ

Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան «Դուն ի՞նչ կ՛ընես Արցախի համար» համահայկական շարժման ծիրին մէջ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի մշակած ծրագիրով Պէյրութ ժամանեցին Մարտակերտի Վարդան Մինասեանի անուան թիւ 2 հիմնական դպրոցի տնօրէն Մելսիդա Քարդումեանը, ուսուցիչներ Լուսինէ Սաիեանը եւ Ռուզաննա Աւետիսեանը` մասնակցելու ներառական կրթութեան մէկշաբաթեայ դասընթացքին: Արդէն 3 տարիէ ի վեր Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանին մէջ ընթացք առած է ուսումնական դժուարութիւններ ունեցող աշակերտներու բաժանմունքը, հետեւաբար մեր...

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Գործունէութիւններէն.  «Երթեւեկի Ապահովութիւն» Նիւթով Նախազգուշական Արշաւ

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Գործունէութիւններէն. «Երթեւեկի Ապահովութիւն» Նիւթով Նախազգուշական Արշաւ

Ուրբաթ, 31 մարտին Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճին մէջ, երկրորդականի աշակերտութիւնը մասնակցեցաւ տնօրէնութեան առաջարկով Լիբանանի ներքին ապահովական ուժերու կազմակերպած «Երթեւեկի ապահովութիւն» նախազգուշական արշաւին: Հինգ ժամերու վրայ երկարած ծրագիրը, որ կը ներկայացուէր Լիբանանի ներքին ապահովական ուժերու եօթը անդամներու կողմէ, կ՛ընդգրկէր 6 բաժանմունքներ. երթեւեկի կանոնները, երթեւեկի նշանները, ալքոլի ազդեցութիւնը, ինքնաշարժի ապահովութեան գօտիին դերը, հրշէջ սարքը, եւ երթեւեկի ապահովութեան մասին տեսերիզ մը: Արդարեւ, երկրորդականի...

Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչում` Ռոտ Այլընտի Մէջ

Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչում` Ռոտ Այլընտի Մէջ

Ապրիլ 13-ը եղաւ պատմական օր մը Ռոտ Այլընտի հայութեան համար: Արդարեւ, յատուկ բանաձեւով մը տեղւոյն նահանգային խորհրդարանը ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Միաժամանակ նահանգը ճանչցաւ Հրէական ողջակիզումը: Այս երկու բանաձեւերը արդիւնքն էին ներկայացուցիչներ Քեթրին Գազարեանի եւ Արոն Ռուկընպըրկի հետեւողական աշխատանքներուն: Խորհրդարանի նախագահ Նիքըլաս Մաթիելօ յայտնեց, որ այս բանաձեւերը միաձայնութեամբ վաւերացուեցան: Նիստին ներկայ էին տեղի Ս. Սահակ-Մեսրոպ եւ Ս. Վարդանանց եկեղեցիներու հովիւները եւ...

Զատկուան Տօնակատարութիւններ «Հաուըրտ Գարակէօզեան» Կեդրոնին Մէջ

Զատկուան Տօնակատարութիւններ «Հաուըրտ Գարակէօզեան» Կեդրոնին Մէջ

«Գարակէօզեան» հաստատութիւնը, իր մատուցած ընկերաբժշկական ծառայութիւններու կողքին,  յատուկ կարեւորութիւն կ՛ընծայէ ազգային եւ կրօնական տօներու աւուր պատշաճի յիշատակումին. արդարեւ, Ծաղկազարդի եւ Ս. Յարութեան տօները յատուկ կերպով նշուեցան  կեդրոնի յարկին տակ: Այսպէս` Ա.- Ուրբաթ, 7 ապրիլ 2017-ին խմբակներու կիները ունեցան իրենց միացեալ տօնակատարութիւնը: 260 հայ կիներ համախմբուեցան Հայ աւետ. Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանի սրահին մէջ: Բացման խօսքը կատարեց խմբակներու պատասխանատու, ընկերային ծառայող` Քրիստին Սարգիսեանը:...

Կազմակերպութեամբ ՀՀՀ-ի Զրոյց-Հանդիպում Նշան Տէր Յարութիւնեանի Հետ

Կազմակերպութեամբ ՀՀՀ-ի Զրոյց-Հանդիպում Նշան Տէր Յարութիւնեանի Հետ

Կազմակերպութեամբ Հայ համալսարանաւարտներու համախմբումին, ուրբաթ, 24 մարտ 2017-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Անթիլիասի մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում-զրոյց մը արաբական աշխարհի հեռատեսիլի խօսնակ, լիբանանահայ հանրածանօթ դէմք Նշան Տէր Յարութիւնեանին հետ` ներկայութեամբ համախմբումի անդամներէն անկախ, նաեւ այլ համալսարանաւարտներու եւ համալսարանական երիտասարդներու: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ համախմբումի ատենապետ Յակոբ Հանտեան, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, վեր առաւ ներկայ դարուս...

«Լիպանիզ Միուզիք Սքուլ»-ի Աշակերտները Ներկայացուցին Մոցարթի Ստեղծագործութիւնները

«Լիպանիզ Միուզիք Սքուլ»-ի Աշակերտները Ներկայացուցին Մոցարթի Ստեղծագործութիւնները

2 ապրիլին «Լիպանիզ միուզիք սքուլ»-ի 2016-2017 տարեշրջանի աշակերտները «Օտէոն» թատերասրահին մէջ տուին հրապարակային ելոյթ մը` նուիրուած Մոցարթին: Աշակերտները ո՛չ միայն իրենց մեկնաբանութիւններով կատարեցին Մոցարթի ստեղծագործութիւնները եւ ապրեցան իւրաքանչիւրին հետ, այլ նաեւ փոխադրուեցան այդ ժամանակաշրջանին տիրող մթնոլորտին մէջ: Տեսերիզով ներկայացուեցան հռչակաւոր յօրինողին կեանքին ու ստեղծագործական ուղիին զանազան հանգրուանները: Հանդիսատեսները բարձր գնահատեցին ձեռնարկը ընդհանրապէս, իսկ աշակերտներուն կատարումները մասնաւորաբար: Իւրաքանչիւր տարիքի աշակերտ, իր...

Առողջապահական Նիւթերով Դասախօսութիւններ Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչին Կազմակերպութեամբ

Առողջապահական Նիւթերով Դասախօսութիւններ Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչին Կազմակերպութեամբ

Ստամոքս-աղիք նախաքաղցկեղային վիճակ եւ կանխարգիլելու միջոցներ Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի,  29 մարտ 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ստամոքս-աղիք նախաքաղցկեղային վիճակ եւ կանխարգիլում» նիւթով դասախօսութիւն, զոր ներկայացուց ստամոքսի եւ աղիքային հիւանդութեանց մասնագէտ տոքթ. Կարօ Յովսէփեան: Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց տոքթ. Սիրուն Վարդապետեան,...

Page 36 of 68 1 35 36 37 68

Արխիւներ