2 ապրիլին «Լիպանիզ միուզիք սքուլ»-ի 2016-2017 տարեշրջանի աշակերտները «Օտէոն» թատերասրահին մէջ տուին հրապարակային ելոյթ մը` նուիրուած Մոցարթին:
Աշակերտները ո՛չ միայն իրենց մեկնաբանութիւններով կատարեցին Մոցարթի ստեղծագործութիւնները եւ ապրեցան իւրաքանչիւրին հետ, այլ նաեւ փոխադրուեցան այդ ժամանակաշրջանին տիրող մթնոլորտին մէջ: Տեսերիզով ներկայացուեցան հռչակաւոր յօրինողին կեանքին ու ստեղծագործական ուղիին զանազան հանգրուանները:
Հանդիսատեսները բարձր գնահատեցին ձեռնարկը ընդհանրապէս, իսկ աշակերտներուն կատարումները մասնաւորաբար:
Իւրաքանչիւր տարիքի աշակերտ, իր ստացած գիտելիքին համապատասխան, ներկայացուց Մոցարթը, նոյնիսկ ձայնամարզութեան աշակերտները հանդէս եկան քառաձայն արիաներու մեկնաբանութեամբ: