Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կազմակերպութեամբ ՀՀՀ-ի Զրոյց-Հանդիպում Նշան Տէր Յարութիւնեանի Հետ

Ապրիլ 12, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Հայ համալսարանաւարտներու համախմբումին, ուրբաթ, 24 մարտ 2017-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Անթիլիասի մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում-զրոյց մը արաբական աշխարհի հեռատեսիլի խօսնակ, լիբանանահայ հանրածանօթ դէմք Նշան Տէր Յարութիւնեանին հետ` ներկայութեամբ համախմբումի անդամներէն անկախ, նաեւ այլ համալսարանաւարտներու եւ համալսարանական երիտասարդներու:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ համախմբումի ատենապետ Յակոբ Հանտեան, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, վեր առաւ ներկայ դարուս երիտասարդութեան դիմագրաւած դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները, որոնք օրուան զրոյց-հանդիպումին առանցքը կը կազմէին: Հանտեան իր խօսքին մէջ, անդրադառնալով ներկայ արհեստագիտութեան ընձեռած դիւրութիւններուն եւ դժուարութիւններուն, ըսաւ. «Վերջին ժամանակաշրջանին գրեթէ ամէն տեղ արհեստագիտութեան տիրապետումը մեր կեանքին մէջ, իր ընձեռած դիւրութիւններու կողքին, նաեւ ունի իր ժխտական ազդեցութիւնը, մանաւանդ երիտասարդութեան վրայ, որովհետեւ կ՛առաջնորդէ դէպի դիւրակեցութիւն եւ մակերեսայնութիւն` հեռանալով յանձնառութեան ոգիէն եւ  հարցերուն խորքը թափանցելու պատրաստակամութենէն: Երեւոյթը մտահոգիչ է սփիւռքահայ երիտասարդութեան համար, իբրեւ մայրենի հողէն հեռու կազմաւորուող անձնաւորութիւններ, որոնք անպայմանօրէն պիտի ըլլան ապագայի առաջնորդներն ու ղեկավարները»:

Յակոբ Հանտեան եզրափակեց իր խօսքը ներկաները հրաւիրելով զրոյցի` խօսելու համար թէ ինչպէ՛ս մեր երիտասարդները պիտի կարողանան յաջողիլ իրենց կեանքին մէջ, հասնիլ իրենց նպատակներուն, եւ ինչպէ՛ս մայրենի հողէն հեռու, միեւնոյն ատեն պիտի կարողանան մնալ լիովին հայ, որպէսզի երաշխաւորեն մեր գաղութին ինքնութեան անաղարտ պահպանումը: Վերջապէս ան խօսքը փոխանցեց օրուան հիւրին` Նշան Տէր Յարութիւնեանին:

Նշան Տէր Յարութիւնեան իր խօսքի առանցքը դարձուց իր անձնական փորձառութիւնները, զորս ունեցած է իբրեւ լիբանանահայ երիտասարդ, որ ունեցած է երազներ` դառնալու դէմք մը լիբանանեան ընկերութեան մէջ, եւ իբրեւ լիբանանցի տալու իր բաժինը այդ ընկերութեան, սակայն իր մէջ միշտ ամուր պահելով հայկական արմատներու, աւանդութիւններու, սովորութիւններու եւ տեսլականներու իրագործման զգացողութիւնը եւ զանոնք պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:

Իր խօսքի ընթացքին ան մանաւանդ երիտասարդներուն փոխանցեց ըլլալ «յեղափոխական»` կեանքի մէջ իրագործելու համար իրենց ունեցած նպատակները: Այլ խօսքով, կեանքի ընթացքին մարդոց կողմէ սահմանուած են օրէնքներ, որոնք կրնան ըլլալ անտեղի, հետեւաբար պէտք է ելք գտնել շրջանցելու համար մարդկային կարգ մը «անտեղի» օրէնքներ, որպէսզի կարելի ըլլայ հասնիլ իրենց հետապնդած նպատակին: Այստեղ ի յայտ եկաւ հիւրին երկրորդ կէտը, թէ երիտասարդները պէտք է ըլլան կամքի տէր: Այո՛, իբրեւ հայ երիտասարդներ բազում դժուարութիւններ պիտի դիմագրաւեն ընկերութեան մէջ, երբ անոնք կ՛ուզեն հասնիլ առաջնակարգ դիրքերու եւ դառնալ հանրածանօթ դէմքեր լիբանանեան իրականութեան մէջ: Ան շեշտեց, որ զօրաւոր կամք ունենալ կը նշանակէ, եթէ առաջին փորձին չկարողացան հասնիլ իրենց մտադրած նպատակին, դարձեալ փորձել` հաւատալով, որ անպայմանօրէն կը հասնին իրենց փայփայած երազին: Եթէ այստեղ հաւատք եւ կամք միաշաղախ առաջնորդեն երիտասարդութիւնը, անոնք անպայմանօրէն կը հասնին իրենց նպատակներուն:

Նշան Տէր Յարութիւնեան նաեւ անդրադարձաւ արաբերէն լեզուով արտայայտուելու երեւոյթին եւ ըսաւ. «Խօսիլ անթերի արաբերէն չի նշանակեր հայերէն չխօսիլ. ըլլալ արաբական աշխարհի դէմք, չի նշանակեր միայն խօսիլ արաբական ընկերութեան մասին եւ ամբողջովին մոռնալ հայկականը: Երբ մենք լիբանանցի հայեր ենք, կրնանք երկուստեք զարգանալ եւ պատրաստել մենք զմեզ` նպաստելու  լիբանանեան եւ հայկական ընկերութեանց»:

Տէր Յարութիւնեան հարցադրողի իր յատուկ կարողութեամբ հմտօրէն կարողացաւ խօսեցնել ձեռնարկին ներկայ բոլոր ուսանողները եւ երիտասարդները, որոնք տիրող մթնոլորտէն ոգեւորուած խօսեցան իրենց ունեցած փորձառութիւններուն մասին` յայտնելով, թէ ինչպէս իրենք որպէս լիբանանահայեր վերաբերած են ստեղծուած կացութիւններուն հետ:

Ձեռնարկի աւարտին հիւրասիրութեան մը շուրջ ներկաները շարունակեցին զրուցել եւ բաժնուեցան` դարձեալ հանդիպելու ակնկալութեամբ:

Նախորդը

«Լիպանիզ Միուզիք Սքուլ»-ի Աշակերտները Ներկայացուցին Մոցարթի Ստեղծագործութիւնները

Յաջորդը

Խմբագրական «Գանձասար»ի Ապրիլ Ա.- Ապրիլեան Քառօրեայ Պատերազմը Մեր Յաղթանակը Ամրագրեց Նաեւ…

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?