Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զատկուան Տօնակատարութիւններ «Հաուըրտ Գարակէօզեան» Կեդրոնին Մէջ

Ապրիլ 19, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Գարակէօզեան» հաստատութիւնը, իր մատուցած ընկերաբժշկական ծառայութիւններու կողքին,  յատուկ կարեւորութիւն կ՛ընծայէ ազգային եւ կրօնական տօներու աւուր պատշաճի յիշատակումին. արդարեւ, Ծաղկազարդի եւ Ս. Յարութեան տօները յատուկ կերպով նշուեցան  կեդրոնի յարկին տակ: Այսպէս`

Ա.- Ուրբաթ, 7 ապրիլ 2017-ին խմբակներու կիները ունեցան իրենց միացեալ տօնակատարութիւնը:

260 հայ կիներ համախմբուեցան Հայ աւետ. Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանի սրահին մէջ: Բացման խօսքը կատարեց խմբակներու պատասխանատու, ընկերային ծառայող` Քրիստին Սարգիսեանը:

Օրուան խորհուրդն ու իմաստը ներկայացուց տեղեկատուական գրասենեակի պատասխանատու Ժանին Դանիէլեանը. ապա տեղի ունեցաւ հաւկթախաղ եւ կոկիկ հիւրասիրութեամբ եւ նուէրներու բաշխումով վերջ գտաւ հաւաքը:

Բ.- Շաբաթ, 8 ապրիլ 2017-ին տեղի ունեցաւ մանուկներու Ծաղկազարդի տօնակատարութիւնը:

Այստեղ նշենք, որ շաբաթ մը առաջ 230 հայ մանուկներ «Գարակէօզեան» հաստատութենէն ստացան հագուստի կտրօններ, որպէսզի գնեն Ծաղկազարդի իրենց նախասիրած հագուստները:

Ապրիլ 8-ին այս 230 մանուկները հաւաքուեցան հաստատութեան կեդրոնական սրահին մէջ` ծաղկազարդուած գունաւոր հագուստներով եւ այնտեղ մանկական խանդավառ մթնոլորտի մէջ անցուցին հաճելի պահեր:

Ծրագիրի պատասխանատու Քրիստին Սարգիսեան մանուկներուն ներկայացուց օրուան խորհուրդը:

Աւարտին տեղի ունեցաւ հաւկթախաղ, եւ մանուկները որպէս նուէր ստացան տուրմէ հաւկիթներ` տրամադրուած «ԺՊԻՏ» բարեսիրական հաստատութեան կիներուն կողմէ: Խմբային նկարով վերջ գտաւ հաւաքը:

Գ.- Երկուշաբթի, 10 ապրիլ 2017-ին հաստատութեան մէջ դպրոցէ զուրկ պատանիներու դասընթացքներուն հետեւող 25 հայ պատանիները եւս ունեցան իրենց Զատկուան տօնակատարութիւնը:

Ծրագրի պատասխանատուներէն Ժանին Դանիէլեան աշակերտներուն ներկայացուց օրուան խորհուրդը:

Աւարտին աշակերտները ունեցան հաւաքական ճաշ եւ հաւկթախաղ: Նուէրներու բաշխումով վերջ գտաւ հաւաքը:

Դ.- Երեքշաբթի, 11 ապրիլ 2017-ին լեզուներու դասընթացքներու հետեւող 26 կիները եւս ունեցան Զատկուան տօնակատարութեան իրենց բաժինը:

Ե.- Չորեքշաբթի, 12 ապրիլ 2017-ին սերտարանի աշակերտները «Սիուֆի»-ի հանրային պարտէզին մէջ ունեցան իրենց Զատկուան տօնակատարութիւնը:

80 հայ աշակերտներ իրենց պատասխանատուներուն ընկերակցութեամբ անցուցին մանկական խաղերու հաճելի պահեր: Աւարտին տեղի ունեցաւ հաւկթամարտ:

Զ.- Այս բոլորէն անկախ, «Գարակէօզեան» հաստատութիւնը 400 հայ ընտանիքներու տրամադրեց զատկուան գաթայ պատրաստելու նիւթերը գնելու կտրօններ, որպէսզի հայ տուներուն մէջ բուրէ ընտանիքի անդամներու միասնական աշխատանքով պատրաստուած Զատկուան հիւրասիրութիւնը, ինչպէս նաեւ` վառ պահելու Զատկուան հայկական տոհմիկ աւանդութիւնը:

«Գարակէօզեան» հաստատութեան հիմնական նպատակն է բժշկական եւ ընկերային սպասարկութիւններու ճամբով հասնիլ հայ ժողովուրդի կարիքներուն եւ մանաւանդ տեսնել հայ մանուկը, որ կը մեծնայ առողջ` իր ընտանեկան հարազատ բոյնին մէջ:

Տեղին է յիշել, որ Դպրոցական առողջապահութեան ծրագիրը աւելի աշխուժ թափով կը գործէ հայ վարժարաններուն մէջ:

Կ՛ուզենք յայտարարել, որ մօտ օրէն «Գարակէօզեան» հաստատութիւնը իր հայ պարագաները պիտի ընդունի նորակառոյց շէնքին մէջ եւ մասնագիտացած եւ վերաորակաւորուած անձնակազմով պիտի մատուցէ իր ծառայութիւնները:

Նախորդը

Դրամ-Աթիկ Թամաշա

Յաջորդը

Թրամփի Յարձակումը Սուրիոյ Վրայ Սխալ Էր Շարք Մը Պատճառներով

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?