Իրան
Հազարաւոր Թեհրանահայեր Համախմբուեցան Թուրքիոյ Դեսպանատան Դիմաց
Հազարաւոր թեհրանահայեր այս տարի եւս Հայոց ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցին իրենց խուռներամ շարքերով ապրիլ 24-ին մասնակցեցին բողոքի լուռ երթին:
Ապրիլ 24-ի առաւօտեան Թեհրանի Ս. Սարգիս մայր եկեղեցւոյ մէջ, ձեռամբ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգսեանի, մատուցուեցաւ եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Ս. պատարագ եւ բարեխօսական աղօթք:
Ս. պատարագէն եւ բարեխօսական աղօթքէն ետք թափօրը հայ սկաուտներուն կազմած խրոխտ շարքերով ուղղուեցաւ դէպի եկեղեցւոյ շրջափակը գտնուող սուրբ նահատակներուն յուշարձանին մօտ, ուր կրօնական արարողութենէն ետք թեմակալ առաջնորդը իր խօսքը ուղղելով համախմբուած հայորդիներուն` կոչ ուղղեց հաստատակամ քայլերով ընթանալու դէպի Թուրքիոյ դեսպանատուն:
Ապա սկսաւ ժողովուրդին լուռ եւ կարգապահ երթը դէպի Թուրքիոյ դեսպանատուն: Մէկժամեայ երթէն ետք, կէսօրուան ժամը մէկին, ժողովուրդը հաւաքուեցաւ Թուրքիոյ դեսպանատան դիմաց եւ ժողովուրդին լուռ երթը վերածուեցաւ բողոքի ցոյցի` կարգախօսներ վանկարկելով: Համախմբուած հազարաւոր հայորդիներ բռունցքները վեր եւ դէպի դեսպանատուն հայերէնով ու պարսկերէնով կը վանկարկէին` «Մա՛հ Թուրքիոյ ֆաշիստական կառավարութեան», «Արդարութի՛ւն, արդարութիւնը մեր իրաւացի կանչն է»:
Համահաւաքին ընթացքին խօսք արտասանեց Իրանի խորհրդարանին մէջ Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան երեսփոխան դոկտ. Կարէն Խանլարեան:
Անկէ ետք առաջնորդը յղեց իր պատգամը:
Ապա կարդացուեցաւ օրուան 10 կէտերէ բաղկացած բանաձեւը: Աւարտին ժողովուրդը վերամբարձ բռունցքներով երգեց «Սարդարապատ» երգը:
Իրաք
Հայոց Ցեղասպանութեան 102-ամեակի Ոգեկոչում Պաղտատի Ազգային Տարրական Վարժարանին Մէջ
1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցի առիթով Պաղտատի Ազգային տարրական երկսեռ վարժարանի «Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ 29 ապրիլ 2017-ին տեղի ունեցաւ Եղեռնի ոգեկոչում` գրական-գեղարուեստական յատուկ յայտագիրով:
Հանդիսութեան ներկայ եղան` հոգեւորականաց դասը, Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամներ, Ուսումնական խորհուրդի անդամներ, վարժարանի ուսուցիչները եւ ծնողներ:
Աշակերտները ելոյթ ունեցան քանի մը ազգագրական երգերով, արտասանութիւններով, Զապէլ Եսայեանի «Աւերակներուն մէջ» գիրքէն հատուածի մը ընթերցանութեամբ, Յ. Շիրազի «Ամենայն սրտով» բողոքի եւ մեր իրաւունքներն ետ բերելու համար մինչեւ մահ պայքարելու եռանդ ներշնչող բանաստեղծութեան կատարումով:
Ուսուցչական կազմի անդամներ օրուան պատշաճ խօսքերով ելոյթ ունեցան, իսկ փակման խօսքը կատարեց Կեդրոնական վարչութեան ատենադպիր Ս. Գոթունեան:
Հարկ է նշել, որ ոգեկոչման հանդիսութեան աւարտին քաջալերական յուշանուէրներ բաժնուեցան լաւագոյն աշակերտներուն, որոնք վերջերս մասնակցած էին վարժարանին կազմակերպած գեղագրութեան մրցոյթին:
Շուէտ
Քայլարշաւ Դէպի Թրքական Դեսպանատուն
23 ապրիլ 2017-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին շուէտահայութիւնը աւելի քան 600 հոգիներով երթ մը կատարեց դէպի թրքական դեսպանութիւն` առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին եւ արի-արենուշներուն, որոնց ազգագրական եւ յեղափոխական երգերով շքերթը ուղղուեցաւ դէպի թրքական դեսպանատուն` լոզունգներով դատապարտելով թրքական իշխանութիւնները իրենց ժխտողական քաղաքականութեան համար: Կ՛արժէ յիշել, որ հակառակ կիրակի ըլլալուն` օտարներ ու տեղացիներ հետաքրքրուեցան, թէ ինչո՛ւ ցուցարարները տարբեր երկիրներու դրօշներ բարձրացուցած էին: Անոնց բացատրուեցաւ, որ դրօշակներն են այն երկիրներուն, որոնք ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Ժամը 14.30-ին ժողովուրդը ինքնաշարժերով ուղղուեցաւ դէպի շուէտական եկեղեցի, ուր տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն եւ խօսքեր արտասանուեցան շուէտացի քաղաքագէտներու կողմէ:
Միութիւնները համադրող մարմինին կողմէ կազմակերպուած այս նախաձեռնութեան ընթացքին խօսքեր արտասանեցին Շուէտի Հայ համադրող մարմինի քարտուղար Արամ Եանըքեան, Շուէտի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Եղիշէ վրդ. Աւետիսեան, Շուէտի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր ներկայացուցիչ Յովսէփ վրդ. Պահէ, խորհրդարանական Ազատական կուսակցութեան ներկայացուցիչ Ֆրետերիք Մազմ: Վերջինը իր խօսքին մէջ ներկայացուց հայ ժողովուրդին կրած տառապանքները եւ հաստատեց, որ ազատ Արցախի ժողովուրդին արդար իրաւունքն է ապրիլ ազատ կամ միանալ Հայաստանին: Խօսք առին նաեւ խորհրդարանական Ձախակողմեան կուսակցութենէն Ենս Հոլմ, խորհրդարանական Սոցիալ-դեմոկրատ կուսակցութենէն Անտըրշ Ոստեր Պերի, Ասորիներու համադրող կեդրոնի ներկայացուցիչ Նուհատրա Հայտօ, Հայ դատի գրասենեակի ատենապետ Արշակ Քաֆաֆեան:
Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ ժամը 5:00-ին:
Հսկումի Երեկոյ
22 ապրիլ 2017-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, աւելի քան 300 հոգիի ներկայութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Շուէտի Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան երիտասարդական միութեան, Սոտերթելիօ «Ժազիրէ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հսկումի երեկոյ` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցին:
Ձեռնարկը ընթացք առաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ` յարգելու համար անմեռ յիշատակը բիւրաւոր նահատակներուն, ապա հնչեց «Մեր հայրենիք»-ը:
Օրուան հանդիսավարը` Ծիլա Մարգեան բեմ հրաւիրեց Սասուն Կարապետեանը, որ իր բացման խօսքին մէջ անդրադարձաւ 1915-ին օսմանեան պետութեան ձեռքով ծրագրուած ջարդերուն, դէպի Տէր Զօր, Ռաքքայի եւ Ռաս Ուլ Այնի անապատները տեղահանութիւններուն, ճամբուն վրայ հայութեան կրած բազում չարչարանքներուն: Ան հաստատեց, որ հայ ժողովուրդի գողգոթան երկար էր եւ դժուար, իսկ
խաչը բաւական ծանր էր, իսկ հայ ժողովուրդին յաղթանակը գերագոյնն էր բոլոր յաղթանակներուն: Ապա ասմունքով հանդէս եկան Անի Գէորգեանը եւ Սէրլի Մարգեանը` մեկնաբանելով Սիամանթոյի «Պարը», իսկ Լիւսի Թաշճեան սրինգով նուագեց «Թող հնչեն շեփորք» երգը, Եւա Կարապետեանը անգլերէն լեզուով արտասանեց «Արմինիըն ճենոսայտ»-ը, իսկ Արսէն Սարգիսեանը մեներգեց «Ատանայի ողբ»-ը, Փաթիլ եւ Գոհար Յակոբեանները եւս ելոյթ ունեցան:
Շուէտի մէջ Հայաստանի դեսպանորդ Արշակ Մանուկեան իր խօսքին մէջ ներկայացուց թուրք օսմանցիներուն բարբարոսութիւններէն, երբ մէկուկէս միլիոն անմեղ հայեր արմատախիլ եղան իրենց հարազատ օրրանէն եւ քշուեցան դէպի Սուրիոյ տաք անապատները, ուրկէ փրկուածները անօթի եւ ծարաւ հասան օտար ափեր, բայց հայը կրկին յարութիւն առաւ, կրկին ծաղկեցաւ ճիշդ այնպէս, երբ անձրեւէն ետք տաք արեւը կը թարմացնէ ցորենի հասկերը:
Անդրադառնալով Թուրքիոյ արդի քաղաքականութեան` դեսպանը դիտել տուաւ, որ թուրքը նոյն թուրքն է, ինչպէս` ազերին, նոյն ժողովուրդներն են, անցեալին թուրքը ֆես կը գործածէր, իսկ ներկայիս` ամերիկեան գլխարկ. ըստ անոր, քաղաքակիրթ թուրքը աւելի վտանգաւոր է եւ վայրենի, փաստը ապրիլեան քառօրեայ պատերազմն է, երբ հայ
զինուորներուն դիերը խոշտանգուեցան: Ան հաստատեց, որ այսօր մեր պարտքն է տէր կանգնիլ հայրենի պետականութեան` բարոյապէս եւ նիւթապէս օժանդակելով հայկական բանակին:
Փաթիլ Յակոբեանը մեներգեց «Կռո՛ւնկ, ուստի կու գաս» երգը, որմէ ետք Սթոքհոլմի ընկերուհիները ներկայացուցին «Զարթօնք» խորագիրով խմբային պարը: Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ, երբ ներկաները երիտասարդներուն հետ միասին երգեցին «Կիլիկիա» երգը, որմէ ետք երիտասարդները հանրութեան ներկայացուցին յեղափոխական երգերու փունջ մը:
Մոնթեվիտէօ
Արդարութեան Եւ Պահանջատիրութեան Երթ
Ապրիլ 21-ին, կազմակերպութեամբ Ուրուկուէյի հայ երիտասարդութեան, երեկոյեան ժամը 7:00-ին մայրաքաղաքի Անկախութեան հրապարակէն հարիւրաւոր հայրենակիցներ, բարձրախօսի, բազմաթիւ պաստառներու, ջահերու, մոմերու եւ դրօշներու ընկերակցութեամբ, սկսան քալել Մոնթեվիտէոյի գլխաւոր պողոտայէն:
Մէկուկէս ժամ տեւած արդարութեան եւ պահանջատիրութեան երթը կանգ առաւ Մոնթեվիտէոյի քաղաքապետարանի մուտքի բակը, ուր տեղի ունեցաւ յատուկ արարողութիւն մը: Համալսարանի աստիճաններու վրայ զետեղուեցան մոմերն ու ջահերը, մինչ ՀՅԴ երիտասարդական միութեան պատասխանատուներէն Միքայէլ Տեմիրճեանը բոլոր երիտասարդներուն անունով ուղերձ մը արտասանեց` դատապարտելով թուրք իշխանութիւններուն ժխտողական քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ մեր պահանջատիրութիւնն ու արդար Դատին համար մղուող պայքարը շարունակելու պարտաւորութիւնը` մինչեւ վերջնական ճանաչում եւ հատուցում թուրք իշխանութիւններու կողմէ:
Վերջաւորութեան բազմաթիւ փուչիկներ մեր պետական դրօշի գոյներով բաց ձգուեցան դէպի երկինք:
Յիշատակի Յատուկ Արարողութիւն Ս. Ներսես Շնորհալի Եկեղեցւոյ Շրջափակին Մէջ
Կիրակի, 23 ապրիլի Ս. պատարագին ընթացքին, հանդիսապետութեամբ Ուրուկուէյի Հայոց առաջնորդ Յակոբ արք. Գլընճեանի, յիշատակուեցան մեր մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակները, իսկ խնդրանքովը ՀՅԴ «Վռամեան» կոմիտէին` անցեալ տարուան ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին զոհուած հայոց բանակի հերոս զինուորներու հոգւոյն հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ:
Հոգեպարար այս արարողութիւններէն ետք եկեղեցւոյ շրջափակը գտնուող Մեծ եղեռնի զոհերուն նուիրուած յուշարձանին մօտ տեղի ունեցաւ յարգանքի ձեռնարկ մը, ուր ՀԲԸՄ-ի «Երեւան 50» եւ ՀՄԸՄ-ի «Կամք» սկաուտներու խումբերը ծաղիկներ զետեղեցին, անոնց հետեւեցաւ ներկայ հոծ բազմութիւնը: Այս առթիւ սկաուտական զոյգ խումբերուն անունով ելոյթ ունեցաւ ՀՄԸՄ-ԿԱՄՔ-ի պատասխանատուներէն Ռոմինա Գոյումճեանը:
Գահիրէ
Գահիրէի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 102-րդ Տարելիցի Նշումները
Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակին առիթով 23 ապրիլին Գահիրէի ՀՄԸՄ «Արարատ»-ի սկաուտական կազմը կազմակերպեց հաւաք, Հելիոպոլսոյ «Յուսաբեր» ակումբի շրջափակին մէջ: Առաջին հերթին կ.ե. ժամը 4:00-7:00 տեղի ունեցաւ արիւնատուութեան արշաւ:
Ինչպէս տասնամեակներ առաջ եգիպտական Կարմիր մահիկը ակումբ հրաւիրուած էր Հայոց ցեղասպանութենէն մազապուրծ նախնեաց տասնեակներով երախտապարտ ժառանգորդներու արեան նուիրատուութիւնն ընդունելու, այս անգամ ալ` երիտասարդ թէ միջին տարիքի երկսեռ հայեր` սկաուտներ ու իրենց պատասխանատուները, պարզապէս հայ մարդիկ, թեմի առաջնորդ Աշոտ սրբազան հօր հետ մասնակցեցան խորհրդանշական այս արշաւին, որուն լայնօրէն արձագանգեց եգիպտական ելեկտրոնային թէ տպագիր մամուլն ու պատկերասփռուած լրատուամիջոցները, Ցեղասպանութեան սրտակեղեք` սովամահ հայ կանանց եւ երախաներու նկարներու կողքին ցուցադրելով 102 տարի ետք հայոց նոր սերունդներու սեփական արիւնը կարիքաւորներու նուիրողներու խօսուն նկարները, հրապարակեցին տարիքային տարբեր խումբերէ մասնակիցներու արտայայտութիւններ:
Կազմակերպիչները կոչով դիմած էին նաեւ տարիքային տարբեր խումբերուն, այս առիթէն օգտուելով իրենց արեան ընտանիքը իմանալու` «որպէս հայ գաղութ իրար օգնութեան հասնինք արտակարգ եւ շտապ պարագաներու»:
Յաջորդեց` ակումբի մարզադաշտին վրայ Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին մոմավառութեան եւ ծաղիկներու զետեղման արարողութիւնը, այս առթիւ յարդարուած տարածութեան մէջ, կեդրոնն ունենալով սկաուտական խարոյկը, շուրջը մոմերու յատկացուած աւազով լեցուն գաւաթներով, գլխին ալ մոմերով կազմուած 102 տարելիցի նշումը, կեդրոնին` ծաղիկներու յատկացուած միջոցը:
Խարոյկի ու մոմերու լոյսի տակ խորհրդաւոր մթնոլորտի մէջ` Աշոտ եպս. Մնացականեան եւ Յակոբ քհնյ. Յակոբեան, ներկաներուն հետ կատարեցին Տէրունական աղօթքը, Հայաստանի եւ ՀՄԸՄ-ի օրհներգները, ապա ազգային- հայրենասիրական եւ հոգեւոր ոգեշնչող երգեր:
Այնուհետեւ` սկաուտական հաւաքը շարունակուեցաւ «Մէօթէմէտեան» սրահին մէջ այս առթիւ ընտրուած տեսերիզի ցուցադրութեամբ, որ նուիրուած էր հայոց հողի ու պետական վերածնունդին:
Ս. Պատարագ Եւ Բարեխօսական Կարգ
Համայնքի յաջորդ ոգեկոչական ժամադրավայրը Գահիրէի առաջնորդանիստ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին էր, ուր ապրիլի 24-ի կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին մատուցուեցաւ Ս. պատարագ, այնուհետեւ` բիւրաւոր սուրբ մարտիրոսներու բարեխօսութիւնը հայցելու արարողութիւն, նախագահութեամբ Եգիպտոսի Հայոց թեմի առաջնորդ Աշոտ եպս. Մնացականեանի: Պատարագեց Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի միաբան Մկրտիչ աբեղայ Կարապետեան: Նախքան բարեխօսական կարգը, առաջնորդ սրբազան հայրը ոգեշունչ քարոզով մը համայնքի անդամները հրաւիրեց նահատակներու կտակը գործով պահելու, մասնակցութենէ եւ պատասխանատուութենէ չխուսափիլ, Քրիստոսի օրինակով` «դառն բաժակը» կամաւոր ընդունելու եւ սեփական ջանքով նպաստելու հաւաքական կեանքի ամրապնդումին, ազգի յառաջընթացին եւ հայրենիքի հզօրացման:
Այնուհետեւ ներկաները հետեւեցան հոգեւորականներու թափօրին դէպի Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակի խաչքար, ուր զետեղուեցաւ ծաղկեպսակ, իսկ ժողովուրդը ծաղիկներ խոնարհեց, կարճատեւ արարողութենէն ետք:
Փիպըտիի Մէջ 102-ամեակի Նշում
Ապրիլ 20-ին դրօշակի արարողութիւն կատարուեցաւ նշելու համար Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակը` մասնակցութեամբ ներկայացուցիչ Թամ Ուոշի:
Նորթ Էնտովըրի Սուրբ Գրիգոր եւ Չելմսֆորտի Սուրբ Վարդանանց եկեղեցիներու հովիւներ` Ստեփան Պալճեան եւ Խաչատուր Քեսապլեան պատարագեցին:
Օրուան հաւաքին բացումը կատարեց Ճեքի Թորիկեան (նախկին քաղաքապետ Փիթըր Թորիկեանի այրին), որ անդրադարձաւ «Խոստումը» ժապաւէնին եւ բեմ հրաւիրեց օրուան բանախօսը` Անն Կուլքասեան-Օ՛Տանըլ, որ տայ իր պատգամը: «Հաւաքուած ենք ի յիշատակ Ցեղասպանութեան զոհերուն եւ անոնց յաջորդող սերունդին: 25 տարի շարունակ քաղաքապետի իր պաշտօնը ամենայն բծախնդրութեամբ կատարած Փիթըր Թորիկեանն ալ կը պատկանէր այդ ահաւոր Ցեղասպանութեան յաջորդող սերունդին», ըսաւ Կուլքասեան-Օ՛Տանըլ, որ պատմեց իր գերդաստանին մասին: Ան ըսաւ, որ ցեղասպանութենէն ճողոպրած ու վերապրած հայորդիները, կարճ ժամանակի մէջ թօթափելով իրենց ուսերէն գաղթականի ցնցոտիները, լծուած են վերականգնումի եւ ինքնահաստատման աշխատանքի:
«Այսօրուան ներկայացուցած մեր պատկերը արդիւնքն է այդ աշխատանքին: Հայ ժողովուրդի դարաւոր փորձառութիւնն ու ստեղծագործական անկրկնելի նուաճումները յստակ են, եւ անշուշտ միաժամանակ կ՛ապահովեն հայ ժողովուրդին տոկուն, աննկուն, ստեղծագործ, ժիր ու շինարար ըլլալու յատկութիւնները», եզրակացուց Կուլքասեան-Օ՛Տանըլ:
Ներկայացուցիչ Թամ Ուոշ խօսք առնելով` յայտնեց, թէ հայը թափանցած եւ ինքզինք պարտադրած է ընդհանրապէս միջազգային ընկերութենէն ներս: «Հայը իր լիարժէք տիրապետութիւնը կը տարածէ եւ կը հաստատէ», եզրակացուց Ուոշ:
Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: