Գեղարուեստաշունչ Երեկոյ` Նուիրուած Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանի 95-ամեակին
Հայ վարժարանի մատուցած ծառայութիւնը անփոխարինելի է ու ցարդ կը մնայ իբրեւ այդպիսին, երբ անոր երդիքին տակ անհայրենիք սերունդներն անգամ կրցեր են պահել իրենց պատկանելիութիւնն ու ազգային արժանապատուութիւնը: Այս առումով` տօնել հայ վարժարանի մը հիմնադրութեան 95-ամեակը կը նշանակէ էապէս ճանչնալ անոր կարեւորութիւնն ու խորապէս գիտակցիլ անզուգական առաքելութեան: Ուրբաթ, 6 մայիս 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ նշուեցաւ Հայ...



















