Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Օժանդակութիւնը Կենդանութիւն Կ՚ապահովէ Լիբանանի մէջ
Փըրէմըս, Նիւ Ճըրզի – Հակառակ օրէ օր զարգացող դժուարութիւններու եւ ծառացած մարտահրաւէրներու, Լիբանանի Հայ Աւետարանական Ընկերային Ծառայութեան Գրասենեակը կը տեղեկացնէ, թէ Աւետարանչականի օժանդակութեան բաշխումի ծրագիրի առաջին փուլը յաջողութեամբ աւարտած է։ Սնունդի եւ կենցաղային այլ կարիքներու երկու մեծ բեռնատարեր ժամանած են Յունիսի 16-ին Ընկերային Ծառայութեան Թրատ թաղամասի կեդրոնը։ Սննդեղէնները եւ կենցաղային կարիքներու մթերքը պահեստաւորուած են Պէյրութի շրջանի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու երիտասարդական...



















