Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեսրոպեան Վարժարանը Նշեց Վարդանանց Տօնը

Փետրուար 28, 2020
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտութիւնը արժանաւորապէս նշեց Սրբոց Վարդանանց տօնը` վերանորոգելով իր ուխտը հաւատարիմ մնալու հայրենիքի եւ հաւատքի պաշտպանութեան անոնց կտակին:

19 փետրուարին Մեսրոպեանի նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտները առանձին հանդիսութիւններով ոգեկոչեցին Աւարայրի հերոսներուն յիշատակը` անոնց նուիրուած գեղարուեստական ելոյթներով, մինչ բանախօսները հանդէս եկան պատգամներով, յատկապէս շեշտելով տօնին այժմէական նշանակութիւնը` նոր սերունդին համար:

Նախակրթարանի աշակերտութեան ուղղուած իր խօսքին մէջ` հիւր բանախօս, լրագրող Շիրազ Ճերեճեան Վարդանանց խորհուրդին մօտեցաւ աշակերտներու առօրեային ընդմէջէն, բացատրելով քաջութեան եւ հաւատարմութեան գաղափարները այն փորձառութիւններով, որոնք յատուկ են անոնց տարիքին: Ան ըսաւ, որ քաջութիւն է, օրինակ, հետեւիլ առողջ ապրելակերպի, կամ հաւատարմութիւնը այն է, որ աշակերտներ պէտք է զգան իրենց ընկերային շրջանակին կամ դպրոցին նկատմամբ: Իսկ անդրադառնալով Վասակ Սիւնիի կերպարին` բանախօսը ըսաւ, որ երբեք ընդունելի չէ, որ անձ մը անձնասիրաբար կամ այլ նկատառումներով լքէ խումբ մը, որ, օրինակ, կը պատրաստուի մարզական մրցում մը կատարել:

Միջնակարգի աշակերտներուն իր պատգամը յղեց  Սեպուհ վրդ. Կարապետեան: Ան ըսաւ, որ Վարդանանք երկու շատ կարեւոր ապրումներու մարմնաւորումն էին. քաջութեան եւ սրբութեան: Ան կոչ ուղղեց աշակերտներուն` քաջութեամբ դիմագրաւելու իրենց դէմ ծառացած մեծ թէ փոքր խնդիրները եւ ձգտիլ սրբութեան` աղօթքով եւ հաւատքով:

Երկրորդական բաժնի տօնակատարութեան բանախօս, լրագրող եւ վերլուծաբան Վարուժ Թէնպէլեան շեշտեց շարունակական պայքարի եւ աշխատանքի կարեւորութիւնը` յիշեցնելով, որ Վարդանանց ճակատամարտը ունեցաւ իր շարունակութիւնը` ի դէմս Վահանեան շարժումին, որ ի վերջոյ կրցաւ օրինականօրէն ապահովել հայոց ինքնավարութիւնն ու կրօնի ազատութիւնը: Բանախօսը ըսաւ, որ սփիւռքի մէջ ալ խնդիրներու լուծումը պէտք է հետապնդուի նոյն հետեւողականութեամբ` հասնելու համար յաջողութիւններու:

Տօնակատարութիւններուն գեղարուեստական բաժինները հարուստ եղան  երգերու, ասմունքներու, երաժշտութեան եւ թատերական պատկերներու աշակերտական կատարումներով: Աշակերտները մեծ հետաքրքրութեամբ դիտեցին տեսերիզ մը, որ կը պատմէր Հայաստանի Ակնաղբիւր գիւղին մէջ Վարդան Մամիկոնեանի ձեռքով տնկուած ծառին մասին: Ծառը կանգուն մնացած է մօտ 1500 տարի: Այժմ անոր տապալած բունին կողքին կառուցուած է մատուռ մը, ուր աղօթք կը կատարեն բանակ զօրակոչուող հայաստանցի երիտասարդները, ինչպէս անոր ուխտի գացած են արցախեան պատերազմի մասնակիցներ:

Եզրափակիչ խօսքերով հանդէս եկաւ Մեսրոպեանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ, որ դիտել տուաւ, թէ մօտաւորապէս 16 դար ետք ալ հայերը հպարտութեամբ կը տօնակատարեն Վարդանանց ճակատամարտը եւ, հակառակ անոր որ այդ պատերազմին Քաջն Վարդան եւ իր 1066 զինակիցներ զոհուեցան, հայերը կը փառաբանեն այդ զոհողութիւնը` հաւատալով,  նահատակուածներուն պէս, որ` «Մահ իմացեալ անմահութիւն է»:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (28 Փետրուար 1970)

Յաջորդը

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումը Հրամայական Է» Արամ Ա. Կաթողիկոս

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?