Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Աւետարանական Միացեալ Պաշտամունք Վարդանանց Տօնին Առիթով

Փետրուար 25, 2020
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մերձաւոր Արեւելքի հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութիւնը միացեալ պաշտամունքով նշեց Սրբոց Վարդանանց  տօնը, հինգշաբթի, 20 փետրուարին, հայ աւետարանական Էմմանուէլ եկեղեցւոյ մէջ, Նոր Ամանոս: Օրուան պատգամաբերն էր Հայկազեան համալսարանի նախագահ, վերապատուելի դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, նաեւ` ՄԱՀԱԵՄ-ի Կեդրոնական մարմինի նորընտիր ատենապետը: Ներկայ էր նաեւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան:

Պատգամաբերը իր խօսքերը հիմնեց Մատթէոսի Աւետարանին մէջ գտնուող «Լերան քարոզ»-ի Քրիստոսի խօսքերուն վրայ, ուր Ան կոչ կ՛ուղղէ իր հետեւորդներուն` «Երկրի վրայ գանձ մի՛ դիզէք», եւ` «Չէք կրնար ծառայել երկու տիրոջ» (Մատթ. 6.24-34): Դոկտ. Հայտոսթեան հակադրեց ժամանակաւոր շահերը եւ մտահոգութիւններով մղուիլը` մնայուն եւ յաւիտենական արժէքներով մղուելու հետ: Վարդանանք առնելով որպէս օրինակ` ան շեշտը դրաւ անոր իմաստութեան վրայ, զոր ցոյց տուաւ` ընտրելով այն, ինչ որ դժուարին օրերուն մէջ իր արժէքը պիտի փաստէ, եւ նմանցուց Ե. դարու մարտահրաւէրներու բնոյթը այսօրուան քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային մարտահրաւէրներու բնոյթին, Լիբանանի, Հայաստանի, կամ որեւէ տեղ ուր հայ ժողովուրդը կը գտնուի:

Պէյրութի հայ աւետարանական եկեղեցիներու հովիւները պաշտամունքը առաջնորդեցին եւ դաշնամուրի ու սրինգի նուագակցութիւնը  կատարեցին Եսթեր Քիլաղպեանը եւ վեր. Նշան Պագալեանը: Նաեւ մասնակցութիւն բերին` երգով` Նոր Մարաշի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի երգչախումբը եւ ասմունքով` Էշրեֆիէի Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի աշակերտ Կայէլ Ապուսէֆեանը, իսկ տուտուկի նուագով` Րաֆֆի Չիլինկիրեանը:

Միացեալ պաշտամունքին աւարտին վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան` նախագահ ՄԱՀԱԵՄ-ի, իր օրհնութեան աղօթքով արձակեց ներկաները:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (25 Փետրուար 1970)

Յաջորդը

«Ներառական Կրթութեան Ծրագիր»-ի Համար Գործակցութիւն` Հայկազեան Համալսարանի, Լիբանանի Կրթութեան Եւ Բարձրագոյն Ուսման Նախարարութեան Եւ ՄԱԿ-ի Մանուկներու Արտակարգ Իրավիճակի Հիմնադրամին Միջեւ (UNICEF)

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?