26 փետրուարին խումբ մը հայ մտաւորականներ այցելեցին Հայաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպանատուն, հանդիպում ունեցան դեսպանին հետ եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին անոր` Սուրիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար:
Հանդիպման կազմակերպիչն է «Հայաստանի ժողովրդական շարժում» հասարակական կազմակերպութեան համակարգող Վազգէն Պետրոսեան, մասնակիցներուն կարգին էին` Արցախի հերոս Արկադի Տէր Թադեւոսեան, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէն Ռուբէն Սաֆրաստեան, Ե. Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի տնօրէն Կարօ Վարդանեան եւ այլք:
Հայաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Մոհամետ Հաժ Իպրահիմ ընդգծեց, որ իրեն համար մեծ պատիւ է նման պատմական պահու Հայաստան գտնուիլը: Ան դիտել տուաւ, որ Սուրիան Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած է այն պահէն, երբ իր դռները բացաւ ճողոպրածներուն դիմաց, սակայն այս մէկը քաղաքական ճանաչում էր: Դեսպանը դրուատեց հայութիւնը` Հայաստանի մէջ թէ սփիւռքի եւ հաստատեց, որ անոնք միշտ ալ դրական արձագանգ ձգած են իրենց գտնուած վայրերուն մէջ:
Ռուբէն Սաֆրաստեան շնորհակալութիւն յայտնեց եւ դիտել տուաւ, որ Սուրիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ընդունումը կարեւոր է, քանի որ Սուրիա իսլամական երկիր է, իսկ այս ճանաչումով ճամբայ կը բացուի իսլամական աշխարհին կողմէ նման ոճիրի դատապարտման: