Երեքշաբթի, 18 փետրուար 2020-ին Ս. Ղեւոնդեանց քահանայից տօնը յատուկ հանդիսաւորութեամբ տօնուեցաւ Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ: Առաւօտեան ժամերգութեան ընթացքին «Քրիստոս Աստուած մեր» մաղթանքին ընդմէջէն յիշուեցան Աւարայրի ճակատամարտին նահատակուած բոլոր հոգեւորականներուն անունները:
Երեկոյեան, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին ներկայութեամբ, տեղի ունեցաւ միաբանական հաւաքական ընթրիք, որուն աւարտին միաբաններէն մէկը կարդաց Ս. Ղեւոնդ Երէց քահանային քարոզը` ուղղուած հայոց բանակին: Ապա կաթողիկոսը նախ ողջունեց Ղեւոնդ անունը կրող մեր ժողովուրդի զաւակները եւ ըսաւ. «Ղեւոնդ Երէցի վկայութիւնը ու կոչը այսօր եւս ուղղուած է իւրաքանչիւր հոգեւորականին` վերանորոգելու մեր հաւատքը ու մանաւանդ ծառայութիւնը` ազգին ու հայրենիքին»: