Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենադարձ Արեւելագէտին Սուրիոյ Տագնապին Մասին Դասախօսութիւնը` Մալեզիոյ Միջազգային Հարթակին Մէջ

Փետրուար 17, 2020
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

23 յունուարին  Մալեզիոյ մայրաքաղաք Քուալա Լամփուրի Իսլամական մասնագիտացած հետազօտութիւններու միջազգային հիմնարկին մէջ (International Institute of Advanced Islamic Studies- IAIS) տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Արեւելագիտութեան հիմնարկի գիտաշխատող Արարատ Կոստանեանի դասախօսութիւնը` «Սուրիոյ տագնապին հիմնական պատճառները» խորագիրով: Դասախօսութիւնը նախատեսուած եղած է հիմնարկի գիտադասախօսական կազմին համար, անոր մասնակցած է նաեւ հիմնարկի նախագահութիւնը` նախագահ, փրոֆեսէօր Մոհամետ Հաշիմ Քամալին, փոխնախագահ Մոհամետ Ազամ Մոհամետ Ատիլը եւ Մալեզիոյ մէջ Սուրիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Թամիմ Մատանին:

Դասախօսութեան մէջ հիմնական շեշտը դրուած էր լուսաբանելու Սուրիոյ տագնապէն առաջ տեղի ունեցած քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային առկայ խնդիրները, ինչպէս նաեւ` «Արաբական գարուն»-ի ազդեցութեան պատճառով շրջանի հզօր պետութիւններու ազդեցութիւնը եւ միջազգային գերհզօր պետութիւնների շրջան վերադարձը: Աւելի՛ն. յստակացում կատարուած է, որ Սուրիոյ պատերազմը առհասարակ եւ շրջանին մէջ առկայ պատերազմները միտուած են պահպանելու Իսրայէլի պետութեան անվտանգութիւնը եւ տագնապներու բացառումը Իսրայէլի մէջ, որքան որ կարելի է: Կարեւոր նկատուած է նաեւ ընդգծել, որ Մալեզիոյ եւ այդ շրջանին նոյնպէս կրնայ սպառնալ իսլամական ծայրայեղականութիւնը, եթէ առաջքը չառնուի օտար երկիրներու նիւթական եւ ընկերային ազդեցիկ թափանցումը:

Հիմնարկի նախագահ Հաշիմ Քամալին շնորհակալութիւն յայտնեց Սուրիոյ խնդիրը համապարփակ ներկայացնելու համար եւ դասախօսութիւնը գնահատեց իբրեւ իւրայատուկ եւ տարբերուող` միջազգային արեւմտեան լրատուամիջոցներուն ներկայացուցածէն:

Հանդիպում տեղի ունեցած է աշխարհահռչակ գիտնական հասարական-քաղաքական գործիչ, դոկտ. Չանտրա Մուզաֆարի հետ. տեղի ունեցած է դասախօսութեան վերաբերեալ միտքերու փոխանակում` անոր գրասենեակին մէջ:

Միջազգայնագէտ-արեւելագէտ Արարատ Կոստանեան այս ժամանակահատուածին հրաւիրուած է աշխարհահռչակ գիտնական, արաբ-պաղեստինեան խնդիրի մասնագէտ Իլան Փեփէի «Պաղեստինի կարեւորութիւնը» խորագիրով դասախօսութեան, որ կազմակերպուած է «Միջազգային շարժում արդար աշխարհի համար» միջազգային կազմակերպութեան կողմէ: Դասախօսութեան հարցուպատասխանի ընթացքին միջազգայնագէտ-արեւելագէտ Արարատ Կոստանեան հարց բարձրացուցած է, որ պէտք է հակասեմականութիւնը տարանջատել սիոնականութենէն, որովհետեւ սիոնական գաղափարախօսութեան դէմ հանդէս եկողները յաճախ կը պիտակաւորուին իբրեւ հակասեմականներ: Ի պատասխան` Իլան Փեփէ արդարացի նկատած է այդ մտահոգութիւնը եւ յայտնած, որ աշխարհը արդէն կը բարձրաձայնէ Իսրայէլի իշխանութեան անարդարութիւններուն մասին` Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու գիտական-մտաւորական շրջանակներուն մէջ:

Նախորդը

«Հայ Դպրոցը` Հոգեւոր, Բարոյական Ու Ազգային Արժէքներու Աղբիւր»

Յաջորդը

«Տեառնընդառաջը Միայն Շարականներ Չէ, Միայն Կրակ Վառել Չէ, Այլ Հոգիով Եւ Սրտով Տիրոջ Առջեւ Երթալ Է», Անանիա Ծ. Վրդ. Գուճանեան

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?