Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներ. 25 Նորագիրներ Միացան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Շարքերուն

Փետրուար 6, 2020
| Անդրադարձ, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 25 յունուարին, Էնսինոյի Ազգային Ֆերահեան վարժարանի «Տիգրանեան» սրահին մէջ 24 հայորդիներ միացան ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերուն` ընկերական լայն շրջանակի մը ներկայութեան տալով իրենց երդումը:

Երդման հանդիսաւոր արարողութեան բացումը կատարեց նորագիրներու կուսակցական նախապատրաստական աշխատանքները կազմակերպած յանձնախումբի անդամ Արամ Մանուկեան: Ան ներկայացուց նորագիրները եւ հրաւիրեց կնքահայրը` ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Արթօ Քէօլէեանը որ իր պատգամը ուղղէ եւ երդումը գլխաւորէ` Դաշնակցութեան դրօշին, ծրագիրին, կանոնագիրին եւ մարտունակութեան խորհրդանիշին վրայ:

Նորագիրներուն յղած իր խօսքին մէջ Արթօ Քէօլէեան ըսաւ. «Կեդրոնական կոմիտէին որոշումով դուք հաւաքաբար կը պատկանիք Ռոստոմի սերունդին: Ռոստոմի ամենաամբողջական եւ կատարեալ բնութագիրը Սիմոն Վրացեան կատարած է` գրելով. «Եթէ Քրիստափորը եղաւ ՀՅ Դաշնակցութեան միտքն ու կամքը, եւ Զաւարեանը` նրա սիրտն ու խիղճը, Ռոստոմը ե՛ւ միտքն էր, ե՛ւ կամքն ու խիղճը` Դաշնակցութիւնն ինքը, իր բովանդակ էութեամբ»: Ռոստոմ կը հաւատար կենդանի գործին, իրեն համար չկար գործին մեծն ու պզտիկը, խոնարհն ու շքեղը»: Ան յիշեցուց իր վրայ խոր ազդեցութիւն ձգած Նիկոլ Աղբալեանի այս միտքը. «Դաշնակցութիւնը լաւատես երազողների խմբակցութիւն չէ, այլ` հանրային պայքարի կազմակերպութիւն: Նա ճիգի եւ աշխատանքի կուսակցութիւն է», շեշտելով նորագիրներուն, որ ըլլան «պատրաստակամ` մասնակցելու որեւէ աշխատանքի, որ կը հետապնդէ հաւաքական շահերը, Դաշնակցութեան ծրագիրի եւ գաղափարաբանութեան հաւատամքով»:

Ան աւելցուց. «Կ՛ուզեմ, որ անդրադառնաք դաշնակցականի անկեղծութեան ուժին: Անկեղծութիւնը եւ պարկեշտութիւնը յարգանք կը պարտադրեն. անոնք աշխատանքը աւելի արդիւնաւէտ կը դարձնեն: Դուք այսօր ձեր իսկ կամքով կը դառնաք Դաշնակցութեան անկե՛ղծ զինուորները»:

Երդման արարողութիւնը աւարտեցաւ Դաշնակցութեան քայլերգին խմբերգով: Ապա ներկայ շարքային ընկերները, որոնց մէջ նկատառելի էր իրենց զաւակներուն ստանձնած յանձնառութեամբ հպարտ ծնողներուն թիւը, շնորհաւորեցին նորագիրները:

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ նորագիրներուն պատգամ ուղղեց դոկտ. Ռազմիկ Շիրինեան:

Երդման արարողութենէն ետք, Ֆերահեան Ազգային վարժարանի «Աւետիսեան» սրահին մէջ, առաւել քան 700 մասնակցողներու ներկայութեամբ, տեղի ունեցաւ ՀՅԴ օրուան խրախճանքը, որուն հանդիսավարն էր Միրնա Քասսամանեան: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան օրն է այսօր. 130-ամեայ, սակայն հոգիով միշտ երիտասարդ եւ պանծալի կուսակցութեան մը տարեդարձն է այսօր»: Խօսելէ ետք ժողովուրդին ու հայրենիքին ծառայելու մտայղացումով առաջնորդուող Դաշնակցութեան լայնածաւալ աշխատանքներուն եւ նպատակասլաց ծրագիրներուն մասին, ան աւելցուց. «Միասնաբար շարունակենք Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան անխափան երթը` մնալով Հայ դատի հաւատարիմ ջահակիրները, որոնք կը ծառայեն հայ ազգին եւ Հայաստան աշխարհին ու վճռական են այդ ջահը փոխանցելու գալիք սերունդին` Հայոց եկեղեցւոյ, հայկական դպրոցներու եւ դաշնակցական ակումբներու եւ միութիւններու միջոցով: Թող որ Դաշնակցութեան 130-ամեայ անմար ջահը լուսաւորէ հայ ժողովուրդին միտքերը` մտածելու եւ աշխատելու հայօրէն, ի նպաստ Հայաստանին, Արցախին եւ սփիւռքահայութեան»:

 

Նախորդը

Արցախի Թեմի Առաջնորդարանին Մէջ Մամլոյ Ասուլիս` Պաքուի Ջարդերու 30-րդ Տարելիցին Նուիրուած

Յաջորդը

Գաղութէ-Գաղութ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?