Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայ Դպրոցը` Հոգեւոր, Բարոյական Ու Ազգային Արժէքներու Աղբիւր»

February 17, 2020
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հինգշաբթի, 13 փետրուար 2020-ին իւրայատուկ մթնոլորտ կը տիրէր Ազգային Միացեալ վարժարանին մէջ: Դուրսի ցուրտին կու գար հակադրուելու աշակերտներուն կայտառութիւնն ու բարձր տրամադրութիւնը, Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ յատուկ, Տեառնընդառաջի աւանդական տօնը նշելու վառ պատրաստակամութիւնը:

Այսպէս, վերջին դասապահուն, հայկական աւանդութեան հաւատարիմ, դպրոցի աշակերտութիւնը, ինչպէս նաեւ խնամակալութիւնը, ուսուցչական կազմը եւ ծնողներ հաւաքուեցան դպրոցի շրջափակին մէջ` նշելու Տեառնընդառաջը եւ վառելու աւանդական խարոյկը:

Օրուան հիւրն էր Լիբանանի հայոց թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան, որ մատչելի ձեւով բացատրեց Տեառնընդառաջի իմաստը` անդրադառնալով քառասնօրեայ Յիսուսի տաճար ընծայման դրուագին, ընդգծելով, որ քրիստոնէական հասկացողութեամբ, Տեառնընդառաջի տօնը ճիշդ այս դրուագին մարմնաւորումն է: Օրուան խորհուրդն ու պատգամը տալէ ետք Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան մաղթեց, որ գիտութեան լոյսը պարուրէ աշակերտութեան միտքն ու հոգին, եւ Տեառնընդառաջը այն առիթը ըլլայ, որուն միջոցով լուսաւորուի մեր կեանքը, յոյս եւ շնորհ բերէ հայ ժողովուրդի տուներուն եւ իր օրհնութիւնը առատօրէն բաշխէ մեր հաւաքականութեան վրայ:

Օրուան պատգամէն ետք Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի հանդիսապետութեամբ եւ վարժարանիս խնամակալութեան եւ տնօրէնութեան օժանդակութեամբ, կատարուեցաւ հրավառութիւնը:

Պատկերը իսկապէս խորհրդաւոր ու գօտեպնդիչ էր, երբ մանկապարտէզի մանուկները իրենց անմեղունակ հոգիներով, լապտերներով ու մոմերով խարոյկին շուրջ բոլորուեցան, իսկ նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտները հոգեւոր ու ազգային երգերով խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծեցին, որուն յաջորդեց աշակերտութեան` խարոյկին շուրջ շուրջպարը:

Աշակերտական տօնախմբութեան աւարտին, վարժարանիս խնամակալութեան ատենապետ երեսփոխան Յակոբ Թերզեան իր սրտի խօսքը ուղղեց Ազգային Միացեալ վարժարանի ընտանիքին:

Յակոբ Թերզեան շնորհաւորեց բոլորին Տեառնընդառաջի տօնը, ապա ըսաւ, որ աշակերտներ իրենց մանկութենէն կը դաստիարակուին ազգային արժէքներով, հայկական վարժարանի մէջ կը ստանան կրթութիւն եւ կը սորվին իրենց ազգային արժէքները պահպանել: Ան անդրադարձաւ նշեալ տօնի խորհուրդին, հայկական ջերմիկ մթնոլորտով Տեառնընդառաջի տօնին նշումին, աշակերտութեան խանդավառութեան, միասնաբար շուրջպար բռնելուն, յուսալով, որ այս տօնին նշումն ու պատգամը միասնականութեան քաջալերելի օրինակ հանդիսանան անոնց:  Թերզեան աշակերտութեան ուշադրութեան յանձնեց նաեւ, որ խնամակալութիւնը նախանձախնդիր է անոնց լաւ պայմաններ ապահովելու եւ կը մաղթէ, որ լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգեն ու բարձրանան իրենց ուսման մէջ:

Տեառնընդառաջի խարոյկը Քրիստոսի լոյսով ջերմացուց բոլոր ներկաները, որոնք աւանդական խարոյկէն վառեցին իրենց մոմերը եւ իբրեւ օրհնութիւն` տարին իրենց տուները:

Հայ մանուկը, հայ պատանին, հայ երիտասարդը վառեցին նաեւ հայ դպրոցի մոմը` քաջ գիտակցելով, որ ուսուցման գործընթացին մէջ անբաժան կը մնայ հայ դպրոցին անփոխարինելի դերը` հայրենասիրութեան ու քրիստոնէական հաւատքի սերմանումը եւ հայկական աւանդութիւնները ամէն գնով պահելու նախանձախնդրութիւնը:

Նախորդը

Մեսրոպեանի Աշակերտները Կատարեցին Մկրտութեան Խորհուրդի Վերահաստատման Խոստում

Յաջորդը

Հայրենադարձ Արեւելագէտին Սուրիոյ Տագնապին Մասին Դասախօսութիւնը` Մալեզիոյ Միջազգային Հարթակին Մէջ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.