Քանատայի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանին ի նպաստ` «Առաջնորդի ընթրիք»-ը տեղի ունեցաւ 26 յունուար 2020-ին, թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանի հովանաւորութեամբ ու տէր եւ տիկին Ղուկաս եւ Գարէն Տէր Ղուկասեան ամոլին նախագահութեամբ: Յանուն Ազգային վարչութեան ողջոյնի խօսք արտասանեց ատենապետ Համբիկ Գարայեանը, որ նշեց, թէ առաջնորդ սրբազանին 35-ամեակին առթիւ Ազգային առաջնորդարաին մէջ հիմք կը դրուի «Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան» բարեսիրական հիմնադրամին:
Գեղարդ ծ. վրդ. Քիւսպէկեան կարդաց Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան եւ Արեւելեան թեմերու առաջնորդներ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ Անուշաւան արք. Դանիէլեանի շնորհաւորական նամակները` առաջնորդ սրբազանին 35-ամեակին առթիւ:
Ապա ցուցադրուեցաւ Հայաստանի մէջ Ազգային առաջնորդարանիս մարդասիրական ծրագիրները ներկայացնող` Գեղարքունիք մարզի Մաքենիս եւ Գեղամաւան գիւղերու համակարգչային դասասրահի եւ համայնքի կեդրոն-հաւաքավայրի բացման հանդիսաւոր արարողութեանց տեսերիզը:
Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Քանատայի մէջ Հայաստանի դեսպան Անահիտ Յարութիւնեանը եւ յայտնեց, որ դեսպանատունը կը մնայ սերտ բարեկամը ողջ հայութեան, յատկապէս` Ազգային առաջնորդարանին եւ տրամադիր է իր ծառայութիւնները մատուցելու բոլորին: Ան գնահատեց Ազգային առաջնորդարանին կատարած հայրենանպաստ աշխատանքները եւ ընդգծեց, որ հայրենիքին մատուցուած ծառայութիւնները անհրաժեշտ յենարաններ են հայրենիքի վերելքին:
Այնուհետեւ, առաջնորդ սրբազան հայրը բեմ հրաւիրուեցաւ` կատարելու համար պարգեւատրումներ:
Ան առաջին հերթին ներկայացուց «Արդեան» ընկերութեան` Վազգէն Բրուտեանի «ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻ» արուեստի գործերը, եւ առաջին օրինակը նուիրեց բարերարներուն` Լեւոն եւ Աննա Աֆէեան ամոլին: Ապա յայտարարեց, որ, համաձայն իր խնդրանքին` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը «Կիլիկեան ասպետ»-ի շքանշանով կը պարգեւատրէ տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանը, որ տարիներէ ի վեր վաստակ կերտած է իր նուիրաբերումով, ազգօգուտ ծառայութիւններով ու աշխատանքի պատրաստակամութեամբ: Առաջնորդ սրբազանը կարդաց վեհափառ հօր կոնդակը եւ «Կիլիկեան ասպետ»-ի շքանշանով զարդարեց տոքթ. Հարպոյանին կուրծքը:
Առաջնորդ սրբազանը նոյնպէս առաջնորդարանի «Ս. Յովհան Մանդակունի» շքանշանով պարգեւատրեց Անի Պասմաճեանը` եկեղեցւոյ իր բազմամեայ ծառայութեանց համար: Այնուհետեւ, «Անանիա Շիրակացի» ազգային, կրթական, մշակութային ու մասնագիտական իրագործումներու շքանշանով պարգեւատրուեցան Նորա Կէօնճեանն ու Զաւէն Կէօնճեանը:
Պարգեւատրումներէն ետք պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ առաջնորդին եւ Ազգային առաջնորդարանի անցնող մէկ տարուան գործունէութիւնը լուսարձակի տակ առնող տեսերիզ մը:
Փակման եւ օրհնութեան խօսքին մէջ առաջնորդ սրբազանը առաջին հերթին փառք տուաւ Աստուծոյ` այս օրուան համար, ապա երախտագիտութեան խօսք ուղղեց վեհափառ հայրապետին, գնահատանքով արտայայտուեցաւ կանանց խորհուրդին ու այս երեկոյթին յաջողութեան անփոխարինելի նպաստ բերող բոլոր նուիրատուներուն, որոնք եկած էն զօրավիգ ու քաջալեր հանդիսանալու Ազգային առաջնորդարանին ու անոր ազգօգուտ ծրագիրներուն:
Ան վեր առաւ Ազգ. առաջնորդարանի յարկին տակ տարուող աշխատանքներուն կարեւորութիւնը` նշելով, որ առաջնորդարանը ապագայատեսիլ ձգտումով կը ծառայէ եկեղեցւոյ ու ազգին, եւ այդ բոլորը տեղի կ՛ունենան համայնական աշխատանքով ու ջանքերով, ուստի հաւաքական յանձնառութեամբ պէտք է շարունակել աշխատանքները` փարատելու համար բոլոր տեսակի դժուարութիւններն ու խոչընդոտները: Առաջնորդ սրբազանը կարեւորութեամբ կանգ առաւ նոր սերունդի դաստիարակութեան եւ ծխական շրջաններու վերակենսաւորման աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ հրատարակչական իրագործումներուն վրայ: Այնուհետեւ ներկայացուց Ազգային առաջնորդարանի յառաջիկայ ծրագիրները եւ նշեց, որ բոլորը աշխատանքները կրնանք իրագործել, եթէ կը վստահինք մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսին:
«Առաջնորդի Ընթրիք»-ին Նշուեցաւ Բաբգէն Արք. Չարեանի Քահանայական Ձեռնադրութեան Եւ Օծման 35-ամեակը
Հովանաւորութեամբ ու ներկայութեամբ թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանի եւ կազմակերպութեամբ «Առաջնորդի ընթրիք»-ի յանձնախումբին, 1 փետրուարին, Թորոնթոյի Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Քանատայի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանին ի նպաստ` «Առաջնորդի ընթրիք»-ը:
Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց օրուան հանդիսավար Նազիկ Հանէշեան, որմէ ետք պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ սրբազան հօր քահանայութեան ու ծառայական կեանքի 35 տարիներուն նուիրուած տեսերիզ մը, որ ցոլացումն էր անոր վաստակաշատ կեանքին` հաւատարիմ միաբանի, աշխատասէր եկեղեցականի, անխոնջ հոգեւորականի ու կորովի առաջնորդի յատկութիւններուն:
Այնուհետեւ Ազգային վարչութեան ատենապետ Համբիկ Գարայեան շնորհաւորեց սրբազանին քահանայութեան 35-ամեակը` բարձր գնահատելով անոր ծառայութիւնները: Ան նաեւ գնահատանքի խօսք ուղղեց Ազգային առաջնորդարանի առաքելութեան բոլոր աջակիցներուն: Իր խօսքի աւարտին, Գարայեան յայտնեց, որ սրբազանին 35-ամեակին առիթով Ազգային առաջնորդարանին մէջ հիմը կը դրուի «Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն արքեպիսկոպոս Չարեան» ֆոնտին:
Ապա ցուցադրուեցաւ Հայաստանի մէջ Ազգային առաջնորդարանի մարդասիրական ծրագիրները ներկայացնող` Գեղարքունիք մարզի Մաքենիս եւ Գեղամաւան գիւղերու համակարգչային դասասրահի եւ համայնքի կեդրոն-հաւաքավայրի բացման հանդիսաւոր արարողութեանց տեսերիզը: Յայտնենք, որ սոյն ծրագիրներու բարերարութիւնը ստանձնած էին Վարուժան եւ Սիլվա Լափոյեան ամոլը:
Այնուհետեւ, ազգային, կրթական, մշակութային մասնագիտական իրագործումներու «Անանիա Շիրակացի» շքանշանով պարգեւատրուեցաւ փրոֆ. Րաֆֆի Չարշաֆեանը: Ազգային առաջնորդարանին իրենց մատուցած նուիրեալ ու անխոնջ ծառայութեանց համար օրհնութեան գիրերու արժանացան` Մայք եւ Քանի Թիթիզեան, Կրեկ եւ Մանուշ Պզպզեան ու Սիմոն եւ Սիլվա Փոլատեան ամոլները:
Առաջնորդը իր օրհնութեան խօսքին մէջ շնորհակալութեան ու երախտագիտութեան խօսք ուղղեց Ազգային առաջնորդարանի բարերարներուն ու բարեկամներուն, ապա ընդհանուր գիծերու մէջ անդրադարձաւ անցեալ տարուան ընթացքին իրագործուած ծրագիրներուն ու անոնց անմիջական շարունակութիւնը հանդիսացող յառաջիկայի քայլերուն` շեշտելով, որ առաջնորդարանը իր լայնածաւալ ծրագիրներով կը գործէ ի խնդիր համայնքներու հզօրացման եւ առ հասարակ մեր ժողովուրդի բարօրութեան համար եւ աւելի ամրապնդելով այդ գիտակցութիւնը` կը շարունակէ ընթանալ ընդհանրական շահերու իրագործման հեռանկարով: Այնուհետեւ, ան ներկայացուց Ազգային առաջնորդարանի յառաջիկայ ծրագիրները եւ մաղթեց, որ 2020 տարին ըլլայ բոլորին անհատական ու մեր ազգային հաւաքական կեանքերուն մէջ նոր նուաճումներու տարի մը:
Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: Ցուցադրուեցաւ նաեւ սրբազան հօր եւ Ազգային առաջնորդարանի անցնող մէկ տարուան գործունէութիւնը լուսարձակի տակ առնող տեսերիզ մը: