Գաղութային

Լուրեր Կաթողիկոսարանէն

Լուրեր Կաթողիկոսարանէն

- Երկուշաբթի, 17 յունիս 2019-ին Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքի վեհարանին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց գրագէտ Պօղոս Շահմելիքեանը: Լիբանանի հայութեան մշակութային կեանքին մաս կազմած եւ այժմ ընտանիքով Լոս Անճելըս հաստատուած Պօղոս Շահմելիքեան, Եփրեմ արք. Թապագեանին եւ իր ընտանիքին հետ միասին, այցելեց վեհափառին` իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնելու վերջերս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ լոյս ընծայուած «Ճամբորդութիւն յիշողութեան մէջ» գիրքին համար: Հանդիպումը...

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

Ուրբաթ, 14 յունիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Նորսիկեան մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը` ներկայութեամբ Ճեմարանի անձնակազմին, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան, Ճեմարանի խնամակալութեան, ծնողներու, բարեկամներու եւ շրջանաւարտներու: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ մանկապարտիզպանուհի Թալին Եահնիյեանը, որ ողջունեց ներկաները եւ ըսաւ, որ շատ արագ անցան մանկապարտէզի երեք տարիները, որոնց ընթացքին փոքրիկները զարգացուցին...

Լեւոն Զաքի. «Թուրքիա Եւ Իսրայէլ Սուրիայէն Եւ Արեւելքէն Քրիստոնեաներու Գաղթէն Միակ Օգտուողներն Են»

Լեւոն Զաքի. «Թուրքիա Եւ Իսրայէլ Սուրիայէն Եւ Արեւելքէն Քրիստոնեաներու Գաղթէն Միակ Օգտուողներն Են»

«ԹԱՀԹ ԱԼ ՄԻՃՀԱՐ» Պէյրութի մէջ տեղի ունեցաւ «Արեւելքի քրիստոնէութիւնը իր գունեղ ներկայութեամբ» նիւթով դասախօսական երեկոյ մը, որուն ընթացքին խօսք առին` մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը, Լիբանանի խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆրզլին եւ Սուրիական-հայաստանեան գործարար խորհուրդի նախագահ Լեւոն Զաքի Ետալեանը: Ելոյթներուն մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ Արեւելքի մէջ քրիստոնէական ներկայութեան եւ դերակատարութեան, ժամանակի թաւալումով, պայմաններու բերումով քրիստոնեաներու պատկերին կրած որոշ փոփոխութիւններուն` շեշտելով...

Մեսրոպեան Մանկապարտէզը Աւարտական Վկայական Շնորհեց 51 Ծաղիկներու

Մեսրոպեան Մանկապարտէզը Աւարտական Վկայական Շնորհեց 51 Ծաղիկներու

Ուրբաթ, 14 Յունիս 2019-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի 51 ծաղիկներ տօնական հանդէսով մը նշեցին մանկապարտէզի շրջանի աւարտը, որ միեւնոյն ժամանակ կը նշէր անոնց մուտքը` նախակրթարան: Հանդէսը արտացոլացումը եղաւ կրթական այն ծրագիրին, զոր ծաղիկները իւրացուցած էին նախորդ տարիներուն: Այնտեղ կարելի էր յստակօրէն տեսնել այն կարեւորութիւնը, որ մանկապարտէզին մէջ կը շնորհուի մանուկներու բազմակողմանի զարգացման` լեզուներու իմացութեան, ֆիզիքական դաստիարակութեան եւ հայեցի կրթութեան:...

Մեսրոպեանի Բողբոջներն Ու Կոկոնները Տօնական Հանդէսով Փակեցին Տարեշրջանը

Մեսրոպեանի Բողբոջներն Ու Կոկոնները Տօնական Հանդէսով Փակեցին Տարեշրջանը

8 յունիս 2019-ին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի Բողբոջ եւ Կոկոն դասարաններու աշակերտները վարժարանի շրջափակին մէջ կայացած տօնական հանդէսով մը փակեցին ընթացիկ կրթական տարեշրջանը: Հանդէսը արտացոլացուց մանկապարտէզին  մէջ անցած տարի սկսած կրթական շարք մը բարեփոխումներ եւ առիթ եղաւ պատկերացում մը տալու այն ծրագրին մասին, որուն հետեւցան բողբողջներն ու կոկոնները` ըստ նորացուած մանկավարժական մօտեցումներուն: Հանդէսի բացումին կոկոնները կատարեցին Լիբանանի, Հայաստանի եւ...

Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ – Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

Շաբաթ, 15 յունիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին տեղի ունեցաւ Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը, Զալքայի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Պետողլեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ վարժարանի տնօրէնութեան, քոյր վարժարաններու տնօրէնութեան եւ ներկայացուցիչներու, ընկերային բարեսիրական եւ լրատուական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու, պատուարժան հիւրերու, ինչպէս նաեւ վարժարանիս անձնակազմի անդամներու, ծնողներու, հարազատներու եւ բարեկամներու: Հանդէսը սկիզբ առաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանի քայլերգներով, որոնցմէ ետք...

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ.  Մայիսեան Յաղթանակի Ձեռնարկներ

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Մայիսեան Յաղթանակի Ձեռնարկներ

Հայաստանի Ա. անկախութեան տօնը նշող ու անոր յաղթանակները փառաբանող աշակերտական ձեռնարկներ տեղի ունեցան 27 մայիսէն 7 յունիսի միջեւ: Վարժարանի իւրաքանչիւր բաժանում յատուկ ձեռնարկ մը պատրաստեց` նշելու համար 28 մայիսի պանծալի յաղթանակը: Քոլեճի մանկապարտէզի փոքրիկները դասարան առ դասարան պատրաստեցին խմբային ձեռային աշխատանքներ` կազմելով եռագոյն դրօշակը ու ծանօթանալով անոր գոյներուն: Ապա անոնք այդ դրօշակներով տողանցեցին բակին մէջ: Ա.-էն Գ. դասարաններու  փոքրիկ աշակերտները...

«Հոգեգալուստը Մեր Ժողովուրդի Կեանքին Մէջ Մնաց Մնայուն Վերանորոգութեան Աղբիւր», Ըսաւ Սրբազան Հայրը

«Հոգեգալուստը Մեր Ժողովուրդի Կեանքին Մէջ Մնաց Մնայուն Վերանորոգութեան Աղբիւր», Ըսաւ Սրբազան Հայրը

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսի, կիրակի, 9 յունիսին Թրիփոլիի Ս. Հոգեգալուստ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով մատուցուեցաւ Ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ մատաղօրհնէք: Պատարագը մատուցեց սրբազան հայրը, որ իր քարոզին մէջ յայտնեց, թէ հոգեգալուստը եկեղեցւոյ պատմութեան եւ կեանքին մէջ այն դարձակէտը եղաւ, երբ յուսահատած եւ տկարացած առաքեալներ ու հաւատացեալներ անգամ մը եւս Սուրբ Հոգիով լեցուեցան եւ գիտակից դարձան, որ աստուածային...

Կարօ Տէրունեանի Ընտանեկան Աստուածաշունչի Եւ Աղօթագիրքերու Մասնակցութիւնը Պուտափէշտի Միջազգային Ցուցահանդէսին

Կարօ Տէրունեանի Ընտանեկան Աստուածաշունչի Եւ Աղօթագիրքերու Մասնակցութիւնը Պուտափէշտի Միջազգային Ցուցահանդէսին

Հունգարիոյ Սեչենի անուան ազգային գրադարանին մէջ մարտ 25-էն մայիս 20-ը կայացաւ «Միութիւն եւ բազմազանութիւն. հայկական Աստուածաշունչը եւ կրօնական աւանդութիւնը» խորագիրով ցուցահանդէսը` Փազմանի Փիթըր կաթոլիկ համալսարանի, «Կիւլպէնկեան» հիմնադրամի, Պերլինի պետական գրադարանի եւ Լայփցիկի Լայփնիցի անուան արեւելեան երկիրներու մշակոյթներու եւ պատմական հետազօտութիւններու հիմնարկին աջակցութեամբ, նաեւ` գործակցաբար «Յուշամատեան» կայքէջի եւ աջակցութեամբ պատմաբան դոկտ. Վահէ Թաշճեանի: Ցուցահանդէսը ունէր զանազան բաժանմունքներ: Կարօ Տէրունեանի ընտանեկան հաւաքածոյէն...

Լիբանանահայ Նկարիչ Ժան Պօղոսեանին Գործերը Ներկայացուեցան Ժընեւի ՄԱԿ-ի Կեդրոնին Մէջ

Լիբանանահայ Նկարիչ Ժան Պօղոսեանին Գործերը Ներկայացուեցան Ժընեւի ՄԱԿ-ի Կեդրոնին Մէջ

Ժընեւի ՄԱԿ-ի կեդրոնին մէջ ներկայացուեցան լիբանանահայ նկարիչ եւ քանդակագործ Ժան Պօղոսեանին գործերը: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ֆորպզ»-ը: «Կանգնեցուր կրակը» խորագիրով ցուցահանդէսը մեծ ուշադրութիւն կը գրաւէ` պատկերելու բարդութեամբ եւ, ընդհանրապէս, իր գոյութեամբ, որովհետեւ նկարիչը իր ուրոյն կտաւները կը ստեղծէ յատուկ գործիքի` զօդիչի օգնութեամբ»: Ըստ «Ֆորպզ»-ի,  Պօղոսեանը ոգեշնչած են ՄԱԿ-ի 17 նպատակները. մեր աշխարհի վերափոխման համար` տնտեսական աճի խթանում, կրթութեան, առողջապահութեան, ընկերային...

ԼՕԽ-ականներ Կ՛այցելեն Պէյրութի Ազգային Թանգարան

ԼՕԽ-ականներ Կ՛այցելեն Պէյրութի Ազգային Թանգարան

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբը խորապէս կը գիտակցի իր կազմակերպած  ձեռնարկներու նիւթերու ընտրութեան ու կարեւորութեան` օգտակարը, շահեկանը եւ հաճելին միացնելու միտումով: Յանձնախումբը այս տարուան եզրափակիչ ձեռնարկը  կազմակերպեց. այցելութիւն մը` Պէյրութի ազգային թանգարան: Չորեքշաբթի, 29 մայիս 2019-ի առաւօտուն մեծ թիւով ԼՕԽ-ականներ երեք փոխադրակառքերով ուղղուեցան Պէյրութի ազգային թանգարան` ընկերակցութեամբ Շրջանային վարչութեան երեք ընկերուհիներու: Թանգարանին գետնայարկը, մուտքին դաստիարակչական յանձնախումբի անդամ Ազնիւ Միքայէլեան ներկայացուց...

Երեւան-Վան` Ուղիղ Թռիչք

«ԺԱՄԱՆԱԿ» «Սփութնիք Արմէնիա»-ն հաղորդեց, որ երէկ (երկուշաբթի, 10 յունիս-խմբ.) Երեւանի եւ Վանի միջեւ տեղի ունեցաւ մասնաւոր թռիչք մը: Անիկա թէեւ չարթըր թռիչք մը եղած է, սակայն կը համարուի շատ յատկանշական: Ինչպէս ծանօթ է, քանի մը տարի առաջ խնդրոյ առարկայ դարձած էր Երեւանի եւ Վանի միջեւ ուղիղ թռիչքներու կազմակերպումը, սակայն աւելի ուշ, վերջին պահուն, այդ ծրագիրը ձախողած էր: Ներկայիս, բացառութեան կարգով,...

Քաղցկեղի Կանխարգիլման Դասախօսութիւններու Շարք Թիւ 4

Քաղցկեղի Կանխարգիլման Դասախօսութիւններու Շարք Թիւ 4

Տոքթ. Համբիկ Քուրիէ Եւ Սննդագէտ Նարէ Պուրսալեան Դասախօսեցին «Սննդականոն Եւ Քաղցկեղ» Նիւթը Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսի, կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանի ընկերային յանձնախումբին եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին, քաղցկեղի կանխարգիլման նիւթով դասախօսութիւններու շարքին չորրորդը` «Սննդականոն եւ քաղցկեղ» նիւթը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 13 յունիսին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ: Դասախօսութիւնը ներկայացուցին քաղցկեղի մասնագէտ տոքթ....

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Հայագիտական Կեդրոնը Տուաւ Իր Երկրորդ Հունձքը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Հայագիտական Կեդրոնը Տուաւ Իր Երկրորդ Հունձքը

Երկուշաբթի, 3 յունիս 2019-ի երեկոյեան Անթիլիասի մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Կրթական-հայագիտական բաժանմունքին Հայագիտական կեդրոնին երկրորդ հունձքին վկայականաց բաշխումը: Ձեռնարկին նախագահեց Արամ Ա. կաթողիկոս: Հանդէսին բացման խօսքը կատարեց Հայագիտական կեդրոնի վարիչ Ժիրայր Դանիէլեան: Ան ըսաւ, որ վեհափառ հայրապետին նախաձեռնութեամբ, քաջալերանքով եւ օժանդակութեամբ, 2012-2013 տարեշրջանին ծնունդ առած արեւմտահայերէնի խտացեալ դասընթացքները 2015-2016 տարեշրջանին ստացան եռամեայ ծրագիրի կերպար:...

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ.  Սիրան Մանուկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Սիրան Մանուկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

Ազգային Ե. Մանուկեան քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» մանկապարտէզի 2018-2019 տարեշրջանի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 7 յունիսի երեկոյեան, վարժարանի սրահէն ներս, ներկայութեամբ` վարժարանի տնօրէն խորհուրդին, խնամակալութեան, ուսուցչական կազմին, ծնողներու եւ մեծ թիւով ներկաներու: Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք մանր ու ամչկոտ քայլերով բեմ բարձրացան մանկամսուրի փոքրիկները, որոնք իրենց յատուկ մեկնաբանութեամբ ներկայացուցին «Հու հա» պարը` խանդավառելով ներկաներն ու յատկապէս իրենց...

«Մայիս` Մայրերու Ամիս»

«Մայիս` Մայրերու Ամիս»

Ազգային «Յառաջ- Գ. Կիւլպէնկեան» մանկապարտէզի կազմակերպած Մայրերու օրուան տօնախմբութիւնը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 18 մայիս 2019-ին, Այնճարի «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ: Քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք վարժարանի մանկապարտիզպանուհի Լենա Սթամպուլեանը ողջունեց ներկաները, որոնց շարքին` հոգեւոր հայրերը, քաղաքապետը, պատկան մարմիններու ու միութիւններու ներկայացուցիչները, Ազգային երեսփոխանը, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը, վարժարանի տնօրէնութիւնն ու խնամակալութիւնը, օրուան պատգամախօսը, ինչպէս` նաեւ մայրերն ու մեծ մայրերը: Ան յայտնեց, որ...

«Արմիս» Երգչախումբին Ելոյթը

«Արմիս» Երգչախումբին Ելոյթը

«Արմիս» երգչախումբը, որ կը վայելէ Մերձաւոր Արեւելքի հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան եւ իր նախագահին` վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզեանին հովանաւորութիւնը, չորս տարուան դադարէ մը ետք բեմ բարձրացաւ իր առանձին համերգին համար: Հոծ բազմութեան մը ներկայութեամբ, «Արմիս» երգչախումբին համերգը տեղի ունեցաւ կիրակի, 2 յունիս 2019-ին, Պէյրութի Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցիին մէջ, խմբավարութեամբ վերապատուելի Նշան Պագալեանի եւ դաշնամուրի նուագակցութեամբ Հենրի Իշխանեանի: Մէկ ժամ տեւողութեամբ...

Մխիթարեան Վարժարանի Աշակերտները Կը Նշեն Մայրերու Տօնը

Մխիթարեան Վարժարանի Աշակերտները Կը Նշեն Մայրերու Տօնը

Հինգշաբթի, 30 մայիս 2019-ին Մխիթարեան վարժարանին մէջ նշուեցաւ Մայրերու տօնը: Յայտագիրը սկսաւ տեսերիզի ցուցադրութեամբ, որով աշակերտները իրենց զգացումները իւրայատուկ կերպով արտայայտեցին իրենց մայրերուն` արցունք խլելով անոնց աչքերէն: Ապա բացման խօսքով տնօրէն Ռիթա Պոյաճեանը բարի գալուստ մաղթեց բոլոր մայրերուն եւ յայտնեց, որ այս հաւաքոյթով կը նշուի երեք տօն միաժամանակ` Մայրերու տօնը, Համբարձման տօնը եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան տօնը: Ան շեշտը դնելով...

«Խաչիկ Պապիկեան» Հիմնադրամի Միջ Միջդպրոցական Մրցանքներու Մրցանակաբաշխութիւն Անթիլիասի Մէջ

«Խաչիկ Պապիկեան» Հիմնադրամի Միջ Միջդպրոցական Մրցանքներու Մրցանակաբաշխութիւն Անթիլիասի Մէջ

Հայ լեզուի եւ գրականութեան ջատագով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանաւորութիւնը վայելող «Խաչիկ Պապիկեան» հիմնադրամի եւ կրթական-հայագիտական բաժանմունքին կազմակերպած միջդպրոցական մրցաշարքը բոլորեց իր 10-րդ տարին: Հիմնադրամին մրցումները կ՛ընդգրկեն հայ լեզուի ու գրականութեան, հայկական տպագրութեան եւ մամուլի, հայոց պատմութեան, հայ մշակոյթի ու կրօնագիտական նիւթերու եւ ասմունքի բաժիններ: Կիրակի, 2 յունիս 2019-ի առաւօտուն, սուրբ եւ անմահ պատարագէն ետք, վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ...

Հռիփսիմեանցի Ամավերջի Հանդէսը` Ուրախութեան Եւ Հպարտութեան Առիթ Մը

Հռիփսիմեանցի Ամավերջի Հանդէսը` Ուրախութեան Եւ Հպարտութեան Առիթ Մը

Ս. Ն. Հոգելոյս նախկին տնօրէն մայր Արմինէ Մակարոսեանի յիշատակը յարգելէ ետք յոտնկայս եւ շրջանաւարտներէն տաղանդաւոր Ալեք Տոներեանին ջութակի վրայ յուզումնալից ապրումով հնչեցուցած «Տըլէ եաման»-ով, Անարատ յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան Հռիփսիմեանց վարժարանի կրթական տարեվերջի հանդէսին ներկաները` պաշտօնական հիւրերը եւ մանաւանդ ծնողները հաւանաբար արդար ուրախութեան եւ հպարտութեան զգացումներով դուրս եկան սրահէն, միանալու համար 13 շրջանաւարտներու աւանդական ցնծութեան` կարկանդակի հատումին, ընդունելութեան, հրավառութեան եւ...

Page 7 of 68 1 6 7 8 68

Արխիւներ

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?